ՎԻՔԹՈՐ ՄԱՂԱՔԵԱՆ ԵՒ Բ. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Զանազան հանգամանքներու բերումով ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած հայերը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1939-1945), աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու հետ մարտնչած եւ մեծ ներդրում ունեցած են ֆաշականութեան դէմ պայքարին մէջ: Այս առումով առանձնայատուկ ձեւով կը յիշուի ամերիկահայերուն մասնակցութիւնը պատերազմին: Ինչպէս կը նշուի «Մեր տղաները. Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ամերիկահայ վեթերանները» գիրքին մէջ, ուր գրուած է. «Այնտեղ, ուր կռուած են ամերիկացիները, այնտեղ եղած են նաեւ մեր տղաքը՝ ամերիկահայերը, որոնք անձնուրացաբար զոհաբերած են իրենց կեանքը՝ յանուն որդեգրած հայրենիքին ազատութեան ու համընդհանուր յաղթանակին»:

Ամերիկահայերուն մէջ ամենաշատ յիշատակուած անուններէն է ծովակալ Վիքթոր Մաղաքեանը, որ ծնած է 1915-ին՝ Շիքակօ, Իլինոյ: Եղած է չորս եղբայրներէն եւ երեք քոյրերէն աւագը:

Ընտանիքին մեծ հայրը՝ Առաքել Մաղաքեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եղած է քարաւանապետ, աչքի ինկած է իր ռազմական քաջութեամբ, ինչպէս նաեւ կան տեղեկութիւններ, թէ ան Արաբոյի զինակիցներէն էր: Վիքթորին հայրը՝ Սարգիսը, աշխատած է պողպատի գործարանին մէջ. ճարտարագէտ էր եւ նոյնպէս զինուորական կենսագրութիւն ունեցած է: Ընտանիքը Մուշէն տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Վիքթոր Մաղաքեանի հօր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են դարասկիզբի դէպքերը: Ան իր քոյրերն ու աւագ եղբայրը կորսնցուցած է ճանապարհին եւ երբ 1916 թուականին ԱՄՆ հասած է։ Սարգիս ԱՄՆ ապրող հայերուն հետ անդամագրուած է Ֆրանսայի բանակին մէջ ձեւաւորուած Հայկական ստորաբաժանումէն ներս, բազմաթիւ անգամներ վիրաւորուելէ եւ ծանր ցնցումներ ստանալէ ետք վերադարձած է ընտանիքին մօտ։ Անոր որդիին՝ Վիքթոր Մաղաքեանին վրայ ազդեցութիւն ձգած են թէ՛ մեծ հօր եւ թէ՛ հօր անցած զինուորական ճանապարհները: Յետագային Վիքթոր Մաղաքեան գրած է.

«Ընտանիքս ծագումով Մուշէն է, մեծ հայրս զինուորական էր, իսկ մայրիկիս հօրեղբայրը Անդրանիկի ջոկատին մէջ սպայ եղած է: Իմ հայրս յաճախ կը խօսէր այդ մասին, բայց չէր սիրեր ըսել, թէ ինք մասնակցած է Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ ռազմական գործողութիւններուն: Ինծի համար ան իսկական հերոս էր, անոր պատմութիւնները զօրաւոր ազդեցութիւն ձգած են կեանքիս վրայ, ես կ՚երազէի օր մը դառնալ զինուորական, որպէսզի շարունակեմ մեր ընտանիքին աւանդոյթը»:

Վիքթորին մայրը երաժշտութեան դասեր տուած է ամերիկեան իրենց բնակավայրի երաժշտանոցին մէջ: Վիքթորը իր վրայ վերցուցած է իրմէ պզտիկ քոյրերուն եւ եղբայրներուն խնամքի եւ դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը: Յետագային, պատմելով ամերիկեան բանակի զինուոր իր եղբօր մասին, քոյրերէն մէկը Վիքթոր Մաղաքեանի մասին ըսած է. «Ան լռակեաց եւ նուիրուած մարդ էր, միշտ հանդարտ էր, բացառութեամբ՝ պատերազմի ժամանակահատուածին»:

1930 թուականին Մաղաքեան ընտանիքը փոխադրած է Սան Տիեկօ՝ Գալիֆորնիա, ուր կը փափաքէր ծառայութեան անցնիլ ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերուն մէջ: Սակայն, դիտելով «Ծովային հետեւակի հպարտութիւնը» (1936) շարժանկարը Չարլզ Պիքֆորտի մասնակցութեամբ, ոգեշնչուած եւ ծառայութեան անցած է ԱՄՆ ծովային հետեւակի ստորաբաժանումին մէջ: Ինն տարի ապրելով Սան Տիեկոյի մէջ, Մաղաքեան ընտանիքը այնուհետեւ կը փոխադրուի Ֆրեզնօ, ուր կը բնակին գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի հարեւանութեամբ՝ Էմ Սթրիթ եւ Աւենիու Մոնթերէյ փողոցներուն վրայ գտնուող հին հայկական քաղաքին մէջ:

Ծովային հետեւակին մէջ ծառայութեան անցնելէ ետք Վիքթոր Մաղաքեան 1936 թուականին մեկնած է Ասիա: Չորս տարի բնակած է Փիլիպեաններ եւ Չինաստան: Ճաբոնաչինական պատերազմին ընթացքին (1937-1945) ան եղած է Շանկհայի արշաւախումբի անդամ:

Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու արտասահմանեան զինուորական խարիսխներուն մէջ ըլլալէ ետք «Թրանսփորեթ» ծածկանունը ստացած է: Ուրիշ աղբիւրներ կը վկայեն, որ զայն այդպէս կոչած են, քանի որ շատ լաւ ինքնաշարժ կը վարէր:

1939 թուականին Մաղաքեան տուն վերադարձած է, քանի մը գործ ստանձնած է ԱՄՆ-ի մէջ, սակայն լսելով Փէօրլ Հարպորի վրայ յարձակումին լուրը՝ 1942 թուականին, ծովային հետեւակին մէջ ծառայութեան անցած է: Այս հետեւակը նշանաւոր էր իր խստութեամբ, հոն կ՚ընդունուէին միայն լաւագոյնները՝ 15 հազար թեկնածուներէն միայն 9 հարիւրը, Վիքթորը ատոնցմէ մէկն էր: Գումարտակին մէջ կ՚իրականացուէին դաժան վարժութիւններ՝ լեռնագնացութիւններ, լող, մարտարուեստ եւ օրական 30-էն 50 քիլօմեթր  քալել:

ԿՌԻՒ՝ ՄԱԿԻՆ ԿՂԶԻԻՆ ՀԱՄԱՐ

Գումարտակին առաջին հարցը ճաբոնցիները խաբելն էր, որպէսզի անոնք ենթադրեն, թէ ամերիկեան զօրքին մեծ մասը կ՚ուզէ ներխուժել Մակին կղզի: Այս իրադարձութիւնը յետագային պատմութեան անցաւ «Կռիւ Մակին կղզիին համար» անունով: Գումարտակի 900 զինուորներէն Վիքթորը ընտրուած է այն 222 զինուորականներուն մէջ, որոնք մասնակցած են այդ գործողութեան: Կռուի ընթացքին գործադրած ջանքերուն համար Վիքթոր Մաղաքեան պարգեւատրուած է ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերու ռազմածովային խաչով, որ իր նշանակութեամբ երկրորդն էր կռուի ժամանակ ցուցաբերուած հերոսութեան եւ քաջութեան համար շքանը-շաններուն մէջ:

Ծովային ստուգայցերուն 2-րդ եւ 4-րդ գունդերուն մէջ ծառայելու ընթացքին Վիքթոր Մաղաքեան մասնակցած է եօթ մեծ կռիւներու եւ երեք անգամ վիրաւորուած է:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին մասնակցելու հետեւանքով Մաղաքեան 60 տոկոս անդամալուծութիւն ունեցած է: Ան բուժուած է Վիրճինիա նահանգի Քուանթիկօ ռազմածովային հիւանդանոցին մէջ՝ 1945 թուականի հոկտեմբերին: Յետագայ իր բուժումը անցած է Ֆիլատելֆիոյ ռազմածովային հիւանդանոցին մէջ: 1946 թուականին ան հեռացուած է զինեալ ուժերէն եւ այդ ժամանակ արդէն ունեցած է ծովակալի կոչում: Վերադարձած է Ֆրեզնօ, այնուհետեւ մեկնած է Լաս Վեկաս, ուր 1954-1974 թուականներու միջեւ ան իր կնոջ՝ Վերա Մաղաքեանին հետ Լաս Վեկասի մէջ տնօրինած է պանդոկ մը եւ խաղատուն մը: Իսկ իր կնոջ՝ Վերա Քարաօղլանեանին հետ ան ծանօթացած է զինուորական հիւանդանոցին մէջ բուժման ընթացքին:

Եղած է նաեւ Նեւատայի խաղերու վերահսկողութեան խորհուրդի անդամ:

Անոր եղբայրները՝ Կարին եւ Մայքըլը նոյնպէս ծառայած են զինեալ ուժերուն մէջ:

ԱՄՆ լոյս տեսնող «Հայրենիք» հայկական թերթին տուած իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին Վիքթոր Մաղաքեան յայտնած է. «Ես չկրցայ իրականացնել իմ երազանքը՝ տեսնել իմ մեծ հայրերուս հայրենիքը: Իմ եղբայրս ու քոյրս գացած եւ այցելած են Հայաստան, ես առողջութեանս բերումով չեմ կրնար: Բայց հոգիով մենք երբեք մեր արմատներէն չենք կտրուած, մեզ այդպէս դաստիարակած են, այդպէս փափաքած է մեր հայրը: Ես կը կարծեմ, որ մենք արդարացուցած ենք անոր յոյսերը: Ես վստահ եմ, որ իմ ժողովուրդս մեծ ապագայ ունի: Գլխաւորը՝ պէտք է երբեք չհեռանան իրենց արմատներէն»:

1974 թուականին Վիքթոր Մաղաքեան վերադարձած է Ֆրեզնօ, ուր մահացած է 17 օգոստոս 1977 թուականին, 61 տարեկանին: Յուղարկաւորուած է Ֆրեզնոյի հայկական Արարատ գերեզմանատան մէջ:

Իր կեանքի ընթացքին մեր հայրենակիցը պարգեւատրուած է Արծաթեայ աստղերով, Ռազմածովային խաչով, ԱՄՆ-ի նախագահի շնորհաւորագրերով, Ծիրանագոյն աստղով եւ աստղերով, եւ այլ պարգեւ մըն ալ ստացած է շարժանկարի ապագայ աստղ Լի Մարվինին կեանքը փրկելուն համար:

Ամերիկահայ զինուոր Վիքթոր Մաղաքեանին կերպարը արտացոլուած է «Կանկ Հօ!» շարժանկարին մէջ:

Վիքթոր Մաղաքեանի պատուին 1981 թուականին Ֆրեզնոյի մէջ Վեթերաններու դարմանատուն մը կոչուած է: Դարմանատունի բացումին հոլիվուտեան դերասան Լի Մարվին ելոյթ ունենալով ըսած է. «Մեզմէ շատեր ողջ մնացած են՝ անոր բարձր պատրաստուածութեան շնորհիւ: Ան եղած է իսկական սերժանտ, որ հոգ կը տանէր իր ժողովուրդին»:

Ամերիկահայերուն անմնացորդ նուիրուածութեան բոլոր օրինակները արժանացած են ԱՄՆ-ի բարձաստիճան պաշտօնեաներու գնահատանքին: Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետերէն՝ Ն. Ֆորտ, ըսած է. «Այս արդիւնքը, որ մենք ունինք, մեր հայկական ծագումով ամերիկացի քաղաքացիներուն հաւատարմութեան ու նուիրուածութեան կոթողային վկայութիւնն է. այս մէկը նուաճում է, որով անոնք կարող են պարզապէս հպարտանալ»:

Այսպէսով, Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 75-ամեակի առթիւ կրկին կը յիշուին այդ աւարտի մէջ մեծ դեր ունեցած սփիւռքահայերը:

ՃՈՐՃ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ

Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աւագեան Բ. Աշխարհամարտին ամերիկահայերու մասնակցութեան մասին իր մէկ աշխատութեան մէջ կը գրէ, որ ամերիկահայերուն անդուլ ջանքերուն շնորհիւ կարելի դարձած էր օգնել նաեւ ֆաշական ճամբարներուն մէջ բռնադատուած բազմահազար հայորդիներուն, նախ անոնց օգնելով նիւթապէս ու բարոյապէս, ապա՝ փոխադրելով ու վերաբնակեցնելով զանոնք ԱՄՆ, ինչպէս նաեւ Գանատա, Հարաւային Ամերիկա եւ Աւստրալիա:

Արդէն ծանօթ է, որ այդ դժուար պարտականութիւնը՝ բնակեցումը, իր վրայ վերցուցած էր Սան Ֆրանսիսքոյի «Օմար Խայեամ» ճաշարանի տնօրէն Ճորճ Մարտիկեանը: Մարտիկեան ծնած է 1903 թուականին, արեւմտեան Հայաստան, 1922 թուականէն սկսեալ բնակած է ԱՄՆ: 1930 թուականին ան հիմնած է Սան Ֆրանսիսքոյի «Օմար Խայեամ» ճաշարանը, որ նշանաւոր եղած է: Մարտիկեան աշխատակցած է «Սթարզ էնտ սթրայփզ», «Րիտըրզ տայճեսթ», «Տիս ուիք» եւ այլ պարբերականներու: Եղած է Լաս Վեկասի ելեկտրոնային ընկերութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ հեղինակած է «Ճաշ Օմար Խայեամի մօտ» եւ «Ես գտայ երջանիկ երկիր մը» գիրքերը: Անոր «Ամերիկացիներուն երգը» գրքոյկը նկատուած է 1956 թուականի ամենաշատ սպառած հրատարակութիւնը, որ թարգմանուած է ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, իտալերէնի, ճաբոներէնի, նորվեկերէնի, դանիերէնի, քորերէնի, շուէտերէնի եւ հայերէնի:

Մարտիկեան եղած է հայկական կազմակերպութիւններու նախագահ եւ անդամ: Արժանացած է աւելի քան երեսուն պատուաստիճաններու եւ մրցանակներու:

Պետական բոլոր առաջադրանքները բարձր մակարդակով իրականացնելու համար ան արժանացած է համընդհանուր ճանաչման: Ստանալով Ուաշինկթընի վստահութիւնը, 1946 թուականին Ճորճ Մարտիկեան կառավարութեան կողմէ կը ղրկուի ստուգելու Եւրոպայի մէջ գտնուող ամերիկեան զինուորականութեան սնունդին որակը: Պատահաբար իմանալով Շթութկարտի հայկական ճամբարին մասին, դեկտեմբերին, կ՚այցելէ ճամբարը եւ կը ծանօթանայ տարագիրներու պայմաններուն, կը խոստանայ ԱՄՆ վերադառնալուն պէս զբաղիլ անոնց օգնութեան եւ տեղափոխման հարցերով:

28 փետրուար 1947 թուականին Մարտիկեան Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կը հիմնադրէ «Հայրենազուրկ հայերու օգնութեան ամերիկեան ազգային կոմիտէ»ն (ԱՆՉԱ)՝ ստանձնելով նախագահի պարտականութիւնը, իսկ փոխ-նախագահն էր փաստաբան Սուրէն Սապոյեանը: Կամաւոր հիմունքներով գործող այդ կազմակերպութիւնը ԱՄՆ-ի զանազան նահանգներուն մէջ տարածուած իր մասնաճիւղերուն՝ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) եւ ազգային այլ կազմակերպութիւններու տրամադրած նիւթական միջոցներով ամերիկեան բեռնատար «Նեվի» ռազմանաւերով եւ «Տուկլաս» օդանաւերով, ընդհուպ մինչեւ 1952 թուականը, իրականացուցած է պատերազմի տարիներուն Գերմանիա, Աւստրիա, Իտալիա յայտնուած աւելի քան 4.500 հայրենազուրկ ու տարագիր հայերու փոխադրումն ու բնակեցումը ամերիկեան հողին վրայ: Այդ մէկը եղած է դէպի ԱՄՆ հայերու գաղթին նոր ալիքը, որ, փաստօրէն, ուղղակի կապ ունէր Բ. Աշխարհամարտին հետ:

Ճորճ Մարտիկեան մահացած է 1977-ին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020