ՄԱՀ՝ ՈՒՐԱՐԱԿԻՐ ԴՊԻՐ ԱՐՏԱՇԷՍ ՏԻՒՅՄԷՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր եկեղեցական կեանքի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ ուրարակիր Արտաշէս Տիւյմէճեան կնքած է իր մահկանացուն։ Տասնամեակներէ ի վեր ան իր հետեւողական եւ համեստ սպասարկութիւնը կը մատուցէր մեր եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ուրարակիր Արտաշէս Տիւյմէճեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ ծառայութիւն կը մատուցէր Տիրոջ Սեղանին։ Բաց աստի, ան անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէր մեր այն եկեղեցիները, որոնք կը գտնուին Իսթանպուլի՝ այժմ հայ բնակչութենէ նօսրացած պատմական թաղերուն մէջ։ Իսկական նուիրեալ մը, ուխտեալ մըն էր Արտաշէս Տիւյմէճեան, որու նման եկեղեցասէրները դժբախտաբար կը պակսին մեր իրականութեան մէջ։

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018