ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Մոսկուայի Արեւելքի պետական թանգարանին մէջ բացուած է եւ կը գործէ յատկանշանական ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած իսթանպուլահայ տաղանդաւոր նկարիչ Ժագ Իհմալեանի 100-ամեակին, որ լրացաւ 30 յունիսին: Ցուցահանդէսը հայկական մամուլին մէջ չլուսաբանուեցաւ եւ ոչ ալ նկարչի 100-ամեակին անդրադարձ եղաւ հայկական շրջանակներէն ներս, յուսանք տակաւին մամուլը կ՚անդրադառնայ ժամանակին փառք վայելած այս արուեստագէտին:

Փոխարէն ռուսական մամուլին մէջ լայնօրէն լուսաբանուեցաւ այս ցուցահանդէսը, եւ այս առիթով հարկ է նշել, որ ռուսական արուեստագիտական շրջանակները զանազան առիթներով միշտ ալ անդրադարձած են Ժագ Իհմալեանի արուեստին։ Իհմալեան իր կեանքի յատկանշական շրջան մը ապրած եւ ստեղծագործած է Մոսկուա, ուր ալ մահացած է 1978 թուականին։ Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ էին Ռուսաստանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմէտ Սամսար, Ժագ Իհմալեանի որդին՝ Վաչէ Իհմալեան, Մոսկուայի «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ ստեղծագործական կաճառի նախագահ Ալի Կալիփ Սաւաշըր, արուեստաբաններ եւ արուեստասէրներ։ Ցուցահանդէսը խորագրուած էր «Ջնջել ժանգը աչքերէն» եւ կը ներկայացնէր շուրջ 200 նկարներ Ժագ Իհմալեանէն։ Նկարները հիմնականը նկարիչի ընտանիքին պատկանող, նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ տեղ գտած արուեստի գործեր են, որոնց մէկ մասը կը ցուցադրուի առաջին անգամ։ Մոսկուայի Արեւելքի պետական թանգարանին հետ ցուցահանդէսի կազմակերպման մասնակցած է նաեւ «Oready» պատկերասրահը, իսկ իբրեւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչներ կը նշուին Սվետլաննա Խրոմչենքոյի եւ Լիլիա Սլաւինսքայայի անունները:

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Իհմալեանի ծննդեան եւ մահուան օրերուն զանազան տարիներու անդրադարձած է անոր կեանքին ու արուեստին եւ իր 100-ամեակի ցուցահանդէսի առթիւ կու տանք անոր մասին պատրաատած մեր նիւթերէն հաւաքանի մը․

Իհմալեանի անունը ներառուած է համաշխարհային հռչակ վայելող հայ նկարիչներու ցանկին մէջ՝ Արշիլ Կորքիի, Մինաս Աւետիսեանի, Յովհաննէս Այվազովսքիի եւ այլոց անուններուն քով: Իհմալեանի հայրը՝ Կարպիսը, Գոնիայէն եղած է, մայրը՝ Կեսարիայէն, ինք Պոլիս ծնած է 1922 թուականին: Ռուսական մամուլին մէջ Իհմալեան կը ներկայացուի որպէս խորհրդահայ նկարիչ մը, որ մեծ աւանդ ունեցած է խորհրդային նկարչութեան զարգացման մէջ: Խորհրդային նկարիչ բնորոշումը Իհմալեանին տրուած է անոր շրջան մը Մոսկուա ապրելուն եւ հոն ստեղծագործելուն, դասախօսելուն կենսագրական դրուագին համար: Բայց Մոսկուան միակ վայրը չէ, ուր ապրած է այս շատ ինքնատիպ արուեստագէտը: Թուրքիայէն հեռանալէ ետք անոր հետագիծը անցած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն՝ Սուրիա, Լիբանան: Իբրեւ թերթերու եւ ամսագիրներու նկարիչ-լրագրող աշխատած է Չինաստան, Լեհաստան. անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է զանազան երկիրներու մէջ, վերջիններէն մէկը՝ Լիթվանիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիլնիուսն էր, 1974 թուականին: Սակայն, ուր որ ապրած եւ ստեղծագործած է Իհմալեան, երբեք չէ խզած հոգեւոր կապը իր ծննդավայրին հետ: Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ մշտապէս նկատելի է Անատոլուի շունչը, իր արուեստէն անբաժան եղած են իր բնաշխարհի տարրերն ու պատկերները, որոնք նկարիչը հարստացուցած է հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան արուեստի աւանդոյթներով:

Իհմալեանի գեղանկարչութեան վրայ ազդեցութիւն ձգած են նաեւ ֆրանսական տպաւորապաշտական արուեստն ու Ֆրանսայի մէջ սկիզբ առած ուրիշ արուեստի ուղղութիւններ: Նկարչութեան հանդէպ սէր ունեցած է նաեւ Ժագ Իհմալեանին հայրը՝ Կարպիս Իհմալեան, որ սերտ կապեր ունէր թուրք անուանի նկարիչ Ապիտին Տինոյին հետ եւ իր որդին ղրկած է նկարչութիւն ուսանելու անոր քով: Ժագ Իհմալեան 1936 թուականին Պոլսոյ մէջ աւարտած է մասնաւոր կաթոլիկ միջնակարգ դպրոցը, այնուհետեւ յաճախած է ֆրանսական աւագ դպրոցը եւ վերջապէս աւարտած է թրքական աւագ դպրոցը:

1939 թուականին ապագայ անուանի նկարիչը կը տարուի քաղաքական գաղափարներով, կը դառնայ թրքական Համայնավարական կուսակցութեան անդամ, բայց չի ձգեր նկարելը: 1942 թուականին կ՚ընդունուի Իսթանպուլի Գեղարուեստական ակադեմիոյ կերպարուեստի բաժինը եւ չորս տարուան համար նախատեսուած այդ դասընթացքը կ՚աւարտէ երկու տարուան ընթացքին։ Իր համայնավարական հայեացքներուն, քաղաքական գործունէութեան համար Իհմալեան կը հալածուի, 1944 թուականին կը բանտարակուի եւ ազատ արձակուելէ ետք կրկին կը բանտարկուի 1946 թուականին, այսպէսով երկու անգամը միասին բանտին մէջ չորս տարի անցընելով: Թուրքիա ապրող հայերու գոյատեւման հարցը նկարիչը եւ իր գաղափարակից որոշ հայեր կը տեսնէին ընկերվարութեան պատուհանէն նշմարուող լոյսերուն մէջ։ Հալածանքներու ենթարկուած է նաեւ իր եղբայրը՝ Վարդան Իհմալեան:

1948 թուականին, բանտարկութեան աւարտէն ետք Ժագ Իհմալեան կը սկսի բանաստեղծութիւններ գրել նկարելուն զուգահեռ: Իր 100-ամեակին նուիրուած Մոսկուայի ցուցահանդէսի խորագիրն ալ առնուած է իր մէկ բանաստեղծութենէն:

Մամուլի համար կատարուած իր առաջին նկարազարդումները երեւցած են 1946 թուականին, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսին մէջ: 1946-1950 եւ 1958-1962 թուականներուն լոյս տեսած «Պարտէզ»ը, որ կը տպագրէր պատմուածքներ, դասական գրողներու գործերէն հատուածներ, պատանիներու համար ուսուցողական յօդուածներ, խաչբառներ եւ այլն, առաւելապէս կ՚առանձնանար իր վառ պատկերազարդ կողքով եւ առաջին թիւերու կողքերը մանաւանդ Իհմալեան կը նկարազարդէր:

Ահա կը թերթենք անցեալ դարու կէսերուն լոյս տեսած այդ ամսագիրը: Ամսագիրը կը տպագրէ 24-ամեայ նկարիչ Ժագ Իհմալեանի ստեղծած զանազան նիւթերով պատկերաշարներ, որոնցմէ մէկը Պօպի շնիկին մասին շարքն էր՝ «Պօպիին արկածները» խորագրով: «Պարտէզ»ին մէջ Իհմալեանի ստեղծած ծաղրաշար-պատկերաշարի հերոսներէն էին նաեւ Տորք Հսկան, Լոլիկ-Եղիան ու Մժեղ-Արան («Լոլիկ Եղիա եւ Մժեղ Արա» կը ճամբորդեն խորագրով), Առիւծ Մհերը: Յատկանշական է, որ Իհմալեանի նկարաշարերը լոյս կը տեսնէին «Պարտէզ»ի առաջին թիւերու կողքին վրայ եւ կը շարունակուէին ներսի էջերուն մէջ: Նոյն տարիներուն աշխատակցած է նաեւ Արամ Փէհլիվանեանի «Նոր Օր»ին, որուն աշխատակցած են նաեւ ձախակողմեան հայեացքներով ուրիշ մտաւորականներ. յետագային տարագրութեան ճամբան բռնելով, թերթն ալ արդէն փակուած է քաղաքական պատճառներով:

ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆ

1949 թուականին Ժագ Իհմալեան կ՚ամուսնանայ Մարի Ապասիկի հետ եւ նոյն թուականին, քաղաքական հայեացքներուն պատճառով, շատերուն հետ կը հեռանայ երկրէն, նախ Սուրիա, ապա՝ Լիբանան կը փոխադրուի: Պէյրութի իր շրջանը նոյնպէս հարուստ եւ յատկանշական եղած է. այդ տարիներուն կրկին քաղաքական հայեացքներու համար Պէյրութ փոխադրուած էին Գեղամ Լ. Սեւան, Զաւէն Պիպէռեան, տքթ. Աչըքկէօզեան, Արամ Փէհլիվանեան, Երուանդ Կոպէլեան, Պերճ Ֆազլեան եւ ուրիշներ, բոլորն ալ Լիբանանի մէջ հարազատ միջավայր գտած եւ նշանակալի գործունէութիւն ունեցած մտաւորականներ էին, որոնք իրենց հետքը ձգած են հայ իրականութեան մէջ, նպաստելով նաեւ լիբանանեան արուեստի զարգացման: Պերճ Ֆազլեանը, օրինակ, հիմնադիրը կը նկատուի լիբանանեան ժամանակակից թատրոնին:

Իհմալեան Պէյրութի մէջ գծանկարչութեան ուսուցիչ եղած է «Յովակիմեան-Մանուկեան» եւ «Մխիթարեան» վարժարաններուն մէջ. նկարազարդած է գիրքեր, որոնցմէ են օրինակ՝ «Սեւան» տպարան-հրատարակչատունէն Հրաչ Տասնապետեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսած «Իրագիտութիւն» եւ «Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը, որուն առաջին տպագրութեան թուականն է 1955: Դասագիրքերու այս շարքը բաղկացած է վեց գիրքերէ՝ առաջինէն մինչեւ եօթներորդ դասարանի աշակերտութեան համար նախատեսուած: Այս գիրքերու նկարազարդումները Իհմալեան կատարած է լիբանանահայ նշանաւոր նկարիչ Փօլ Կիրակոսեանին հետ: Առաջին գիրքին մէջ, «Քանի մը խօսք ուսուցիչներուն» բաժնին մէջ, Հրաչ Տասնապետեան հետեւեալը գրած է. «Հակառակ նիւթական եւ թեքնիք դժուարութեանց, մենք ուզեցինք որ մեր նկարներու բաժինը ըլլայ ճոխ, բոլորովին ինքնատիպ եւ օժտուած ոճի անհրաժեշտ միութեամբ: Այս դիտումով՝ պատկերազարդման գործը վստահեցանք երկու երիտասարդ, այլ շնորհալի նկարիչներու՝ Պ. Պ. Պօղոս Կիրակոսեանի եւ Յակոբ Իհմալեանի»: Նկատելի է, որ Փօլ Կիրակոսեան եւ Ժագ Իհմալեան այդ օրերուն Պօղոս եւ Յակոբ կը կոչուէին:

Պէյրութի մէջ ծանօթ է նաեւ Իհմալեանի եւ ֆրանսացի նկարիչ Սիմոն Փալտոքսոյի մէկ աշխատանքը՝ Պէյրութի օդակայանի մեծ դահլիճի որմնանկարը՝ «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» բնաբանով:

ԼԵՀԱՍՏԱՆ, ՉԻՆԱՍՏԱՆ, ՄՈՍԿՈՒԱ

Իհմալեան Պէյրութէն ընտանիքով կը հեռանայ Լեհաստան 1956 թուականին, ուր կ՚աշխատի շարժապատկերի արուեստանոցի մէջ, մասնաւորապէս Լեհաստանի Համայնավար կուսակցութեան նախատեսած նիւթերուն շուրջ պատկերաշարներ կը ստեղծէ: Իր փոխադրումը Լեհաստան, կ՚ըլլայ երկրի համայնավարական կուսակցութեան միջոցով:

Ուշադրութեան արժանի է թուրք բանաստեղծ, թրքական յեղափոխական քերթողութեան հիմնադիր Նազըմ Հիքմէթի եւ Ժագ Իհմալեանի մտերմութիւնը: Իհմալեան պաստառներ պատրաստած է Նազըմ Հիքմէթի բանաստեղծութիւններուն համար եւ անոր թրքերէն գիրքերէն ոմանք նկարազարդած է:

Իհմալեանն է հեղինակը նշանաւոր գրող Միխայիլ Պուլկաքովի «Վարպետը եւ Մարգարիտան» վէպի նկարազարդումներուն, Լեհաստանի մէջ նկարազարդած է լեհերէնով հրատարակուած «Արեւելեան հեքիաթներ» ժողովածոն:

Կատարած է դիմանկարներ, որոնցմէ ծանօթ են ռուս գրող Նիքոլայ Կոկոլի, ֆրանսացի գրող Վիքթոր Հիւկոյի, հունգար բանաստեղծ Պետեֆիի, թուրք գրող Հիքմէթի Իհմալեանի վրձինով կատարուած դիմանկարները:

1959 թուականին Ժագ Իհմալեան Չինաստան փոխադրուած է, կրկին համայնավարներու օժանդակութեամբ, ուր Փեքինի մէջ լրագրութեամբ եւ նկարչութեամբ զբաղած է, իր կինը նոյնպէս հաղորդավար եղած է ձայնասփիւռի մէջ:

Աշխարհագրական այսպիսի խիստ տարբեր հետագիծ ունեցած նկարիչը 1961 թուականին կը յայտնուի Մոսկուայի մէջ. այդ տարիներուն Խորհրդային Միութեան մէջ արուեստի, նոր շունչի զարթօնք կ՚ապրուէր եւ Մոսկուայի մէջ սիրով կ՚ընդունին Պոլիս ծնած, արեւելեան փիլիսոփայութիւն կրող եւ լայն աշխարհ տեսած արուեստագէտը: Նախ Մոսկուայի ձայնասփիւռի թրքերէն բաժնին մէջ խմբագիր կ՚աշխատի, ապա թրքերէն կը դասաւանդէ Մոսկուայի Արեւելեան լեզուներու կաճառին մէջ՝ զուգահեռաբար նկարելով: Մոսկուայի իր արհեստանոցը տեղակայուած էր Արպատ փողոցին մէջ, որ հնագոյն փողոցներէն է եւ ուր արուեստի շունչը կը տիրէ մինչեւ այսօր: Իհմալեան զբաղած է նաեւ կահոյքի գեղանկարչութեամբ, ձեւաւորած է մանկական սենեակներ։

Իր նկարներէն այսօր կը գտնուին Մոսկուայի պատկերասրահներուն եւ անհատական հաւաքածոներուն մէջ: Այդ պատկերասրահներէն են Տրետեաքովեան պետական պատկերասրահը, Փուշքինի անուան Կերպարուեստի պետական եւ Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի թանգարանները, Հայաստանի մէջ՝ Ազգային պատկերասրահը, իսկ աշխարհի մէջ նկարիչին գործերը ցրուած են Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան, Լեհաստան, Պուլկարիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Իսրայէլ, Դանիա, Շուէտ, Իրան եւ այլ վայրեր:

Ինչպէս Մոսկուայի մէջ Իհմալեանը կ՚ընդունին որպէս խորհրդային նկարիչ, նոյնպէս Թուրքիոյ մէջ զայն կ՚ընդունին որպէս Թուրքիոյ արդի նկարչութեան յառաջատար դէմքերէն մին: Թուրքիոյ մէջ տարիներ առաջ անոր մասին լոյս տեսած գիրքը ատոր վառ ապացոյցն է, իսկ այդ գիրքին մէջ կան նաեւ Ժագ Իհմալեանի լուսանկարները, որոնց հեղինակը Արա Կիւլէրն է: Կիւլէր Մոսկուա այցելած եւ հոն արուեստանոցին մէջ նկարած է Իհմալեանը: 1974 թուականին պոլսահայ Իհմալեան Խորհրդային Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ էր, իր ցուցահանդէսներէն կարեւորները ան ունեցած է Մոսկուայի մէջ: Հայաստանի մէջ Իհմալեանի ցուցահանդէս կազմակերպուելուն մասին մէկ տեղեկութիւն միայն գտանք, այդ մէկը իր յետմահու ցուցահանդէսն էր 1980 թուականին, Երեւանի նկարիչի տան մէջ, ուր իրմէ շուրջ 80 աշխատանք ցուցադրուած է: Տեղեկութիւն գտանք նաեւ այն մասին, որ Իհմալեան ունեցած է Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ Երեւանի մէջ յուղարկաւորուած է իր հօր շիրիմին մօտ, բայց թէ ինչպէս իր հայրը Պոլիսէն Երեւան փոխադրուած է, չկայ ոչ մէկ տեղեկութիւն: Լուսանկար մըն ալ գտանք, որ իր կինը՝ Մարի Իհմալեան Երեւանի մէջ նկարուած է՝ 1980 թուականին:

Թուրքիոյ մէջ մերթ ընդ մերթ կը բացուին ցուցահանդէսներ, ուր նաեւ Իհմալեանի գործերը կը ցուցադրուին: Վերջինը այս տարուան յունուարին էր՝ «Քանվաս» գեղարուեստական ցուցասրահին մէջ, ուր խմբային ցուցահանդէսի մը մէջ նաեւ Իհմալեանի անունը կար: Անցեալ տարի անհատական ցուցահանդէսը բացուած էր Թուրքիոյ «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ:

Ահա թէ ինչ գրած է ռուս նշանաւոր արուեստաբան Կէորկի Անիսիմով՝ Ժագ Իհմալեանի մասին.

«Ժագ Իհմալեանը ինզինք հայ նկարիչ կը սեպէր: Ո՛չ միայն այն բանին համար, որ ծնունդով հայ էր եւ հօր գերեզմանն ալ կը գտնուի Երեւան, այլ ամենէն առաջ՝ մտածելակերպով, աշխարհի ու կեանքի նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքով, բնաւորութեամբ, այն յատուկ սիրահարուածութեամբ, որով ան կ՚ընկալէ հողը, ծովը, ծառն ու ծաղիկը, դեղնաւուն սարերն ու անոնց վերեւ տարածուած կապոյտ-կապոյտ երկինքը։ Ազգայինը կը զգացուի անոր երփնագրին, կերպարային համակարգին, գեղանկարչական զուգորդումներուն մէջ։

«…Ան այնպէս կ՚աշխատէր, ինչպէս որ կ՚ապրէր, կը մտածէր, կը զգար, կը հասկնար՝ յամառօրէն, ամրան եռուն եւ անդադար ճառագող կենսուժով բռնկած։ Ինչ որ կը ծնէր անոր մտապատկերին մէջ, խմորուելով կը վերածուէր իրականութեան, ապա կը վերափոխուէր երեւակայական վառ ու տպաւորիչ իրադարձութեան»:

Իր միտքին մէջ միշտ ունեցած ըլլալով ծննդավայրն ու անոր քաղցրիկ յիշտակները՝ Իհմալեան այդ ամէնը տարած է իրեն հետ աշխարհի բոլոր երկիրները. «Հայրս Մոսկուա ապրելով միշտ Պոլիսը նկարեց», ըսած է Իհմալեանի որդին՝ Վաչէ Իհմալեան, որ նուիրուած է իր հօր արուեստի հռչակման գործին եւ 100-ամեակի ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակիցներէն էր:

Մոսկուայի Արեւելքի պետական թանգարանին մէջ Ժագ Իհմալեանի ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ յուլիսի 31-ը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022