Ի՞ՆՉ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄԱՐԴԸ

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդ արարածը մէկ կողմէ իր հպարտութեան հետեւանքով, իսկ միւս կողմէ իր ցինիկութեան պատճառով սկսած է անգիտանալ իր էութեան սկզբնաղբիւրը, աւելին սկսած է ուրանալ իր գոյութեան Պատճառը, որով վերածուած է եսակեդրոն եւ եսապաշտ արարածի մը, որ բացի ինքն իր անձէն ո՛չ մէկ արժէք եւ ո՛չ մէկ գոյութիւն կը ճանչնայ, կը յարգէ ու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ անոր հետ բնական ու ընկերային յարաբերութիւն մշակելու եւ ունենալու:

Այսօրուան մարդը ամէն ինչ ինքն իր անձին շուրջ կեդրոնացնելով, սկսած է անտեսել ու հաշիւի չնստիլ մարդկային պատմութեան խորերէն եկող այն իրողութեան հետ, թէ՝ «մարդը մարդով է մարդ»:

Խորապէս չեմ անդրադառնար հոգեւոր երեսին: Մէկ մատնանշում ընել կ՚ուզեմ, սակայն: Աստուածաշունչի առաջին տողերուն մէջ արձանագրուած կը գտնենք մարդ արարածին նկարագրային էական յատկութեան մասին, որով Ծննդոցի առաջին գլուխին 26-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Մեր պատկերին ու նմանութեան պէս մարդ ընենք»: Կարճ նախադասութիւն մը, ուր սակայն ամփոփուած է իւրաքանչիւր մարդու «ճանապարհային քարտէս»ը: Արդարեւ, Արարիչ Աստուծոյ ամենէն կարեւոր ստորոգելիներէն մէկը մարդասիրութիւնն է, եւ երբ ընդունինք եւ գիտակցինք, թէ մենք՝ մարդիկս, Աստուծոյ «պատկերով ու նմանութեամբ» ստեղծուած ենք, արդարեւ ընդունած կ՚ըլլանք նաեւ, որ մեր նկարագիրը կազմող հիմնասիւնը Աստուածասիրութենէն ետք՝ մարդասիրութիւնն է, որով եւ մերժած կ՚ըլլանք վերը նշած եսակեդրոն ու եսապաշտ երեւոյթները:

Այս եւ վերը յիշատակուած երեւոյթները ուշադրութեամբ ուսումնասիրելով, կու գանք այն եզրակացութեան, որ մարդ արարածին ներկայիս իրավիճակը՝ ներմարդկային, հետեւանքն է Աստուծմէ հեռացումին եւ առանց Աստուծոյ կեանքը ապրելուն, ուրկէ կը ծագի նաեւ հետեւեալ հարցումը, թէ՝

- Ի՞նչ կը փնտռէ այսօրուան մարդը:

Եթէ փորձենք այս հարցումին մակերեսային կերպով պատասխանել, կ՚ունենանք հետեւեալ պատասխանները.

Այսօրուան մարդը կը փնտռէ.

- Առանց աշխատանքի՝ ապրուստ:

- Առանց ճակտի քրտինքի՝ հաց ուտել:

- Անձնակեդրոն կեանք:

- Առանց սորվելու՝ բարձր վկայականներ:

- Առանց ձեռքը կեղտոտելու՝ բարձր դիրքերու հասնիլ:

- Առանց փոշոտուելու՝ մէկ անգամէն փայլիլ ու «աստղ» դառնալ:

- Առանց ամուսինի (կամ առանց կնոջ)՝ երեխայ ունենալ:

- Դիւանագիտութիւն:

- Հարստութիւն:

- Հաճոյք:

- Անտարբերութեամբ լեցուն առօրեայ:

- Ճոխութիւն:

- Առանձին կեանք, այլ խօսքով՝ առանձնութիւն, առանց ընտանիքի, առանց կողակիցի, առանց զաւակներու, առանց ծնողներու:

- Անընդհատ ճամբորդել ու նոր վայրեր այցելել:

- Արժէքաւոր հեռախօս, համակարգիչ, ժամացոյց, հագուստ, կօշիկ, եւ այլն ունենալ:

- Ժամանակին հետ «քայլ պահել», այլ խօսքով՝ «այլասերուածութեամբ» լեցնել իր առօրեան ու կեանքը, սակայն կարծելով, թէ այդպիսով ինք ժամանակակից մարդ է:

Այսքանով բաւարարուինք, որովհետեւ ինչքան երկարենք՝ այդքան շարքը կ՚երկարի:

Հիմա փորձենք քիչ մը աւելի խորքային մօտենալ հարցումին ու պատասխան գտնել: Եթէ դարձեալ վերադառնանք մարդ արարածի գոյութեան Պատճառին, եւ ընդունինք, որ Անոր «պատկերով ու նմանութեամբ» ստեղծուած ենք, այդ լոյսին տակ կ՚ունենանք հետեւեալ պատասխանը, թէ մարդ արարածին գերագոյն փնտռտուքի առարկան ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ է, որ իր մէջ կը պարունակէ նաեւ մարդուն միւս կարիքները, որով մարդ կրնայ իր կեանքը խաղաղ ու ապահով ապրիլ, եւ հակառակ աշխարհին յարուցած տաժանալից դժուարութիւններուն ու փոթորիկներուն, սակայն մարդ արարածը խաղաղ ու ապահով կը հասնի նաւահանգիստ:

Գալով ճշմարտութեան, դարձեալ հարցնենք.

- Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը:

Հաւատքի աչքերով ճշմարտութիւնը Աստուած Ի՛նք է, որ անսխալական ու միշտ Ճշմարիտ է, Մի՛ակ Ճշմարիտն է: Գերմանացի բանաստեղծ-փիլիսոփայ Լեսսինկ կ՚ըսէ.

«Եթէ օր մը Աստուած երեւար ինծի եւ ըսէր, թէ՝

-Աջ ձեռքիս մէջ ճշմարտութիւնն է, իսկ ձախին մէջ՝ ճշմարտութեան որոնումը. ո՞ր մէկը կ՚ուզէիր:

Ես կ՚ընտրէի ձախը ու կ՚ըսէի.

-Տէ՛ր, ինծի ճշմարտութեան որոնումը տուր, որովհետեւ ճշմարտութիւնը միայն Քեզի կը պատկանի»։

Մարդկային աչքերով ճշմարտութիւնը այո՛ եւ ո՛չի, ինչպէս նաեւ ճիշդի ու սխալի յարաբերակցութիւնն է: Մարդ ազատութիւն ունի ընտրելու ճշմարտութեան այս յարաբերակցութեան մէջ: Մարդու պարագային, սակայն, նկատի ունենալով, որ ան սխալական է, հետեւաբար շատ յաճախ իր որդեգրած ճշմարտութիւնը, կամ աւելի ճիշդ ճշմարտութեան ընկալումը յարաբերական կը դառնայ, որով ճիշդը՝ սխալի կերպարանք, եւ սխալը՝ ճիշդի կերպարանք կը ստանայ:

Հետեւաբար, որպէս եզրակացութիւն կու գանք այն միտքին, թէ մարդ արարածը խորքին մէջ եւ անգիտակցաբար ճշմարտութեան մնայուն փնտռտուքին մէջ է, սակայն հպարտութեան ու եսակեդրոնութեան տեղ տալով, շեղած է իր ճանապարհէն եւ զբաղած է այլ փնտռտուքներով, որոնք օր օրի կը մերկացնեն զինք իր իսկութենէն, իր բուն էութենէն, զրկելով զինք իր բանականի հագուստէն, ու անոր փոխարէն՝ անբանի հագուստ փորձելով հագցնել անոր:

Վերը յիշատակած պատասխանները՝ հարստութիւն, հաճոյք, ճոխութիւն, եւ այլն, շատ յաճախ մեր սխալ դատողութիւններուն հետեւանքով կը յառաջանան. աւելին, մենք մեր դատողութիւնները որպէս ճշմարտութիւն կ՚ընկալենք, այլ խօսքով մեր դատողութիւնները որպէս ճշմարտութիւն կ՚ընդունինք ու կը յայտարարենք, բայց դատողութիւնը տարբեր բան է, եւ ճշմարտութիւնը՝ ամբողջովին տարբեր: Մեր դատողութիւնը կրնայ նպաստել մեզի հասնելու համար ճշմարտութեան, ըմբռնելու եւ ընկալելու համար ճշմարտութիւնը՝ մանաւանդ երբ այդ դատողութեան ետին առողջ եւ զգօն խիղճն է, որ կը գործէ, սակայն մեր դատողութիւնը բնաւ ճշմարտութիւն չի՛ կրնար ըլլալ: Յակոբ Պարոնեան այս ուղղութեամբ կը գրէ. «Շատ անգամ դատողութիւնը կրնայ ճշմարտութիւն մը գտնելու օգնել, բայց չի կրնար ճշմարտութիւն ըլլալ, ինչքան որ լապտեր մը կրնայ կորսուած ոսկի մը գտնելու օգնել, բայց չի կրնար ոսկի ըլլալ»:

Վերը յիշատակուած մակերեսային պատասխաններուն մէջ նշուած էր նաեւ դիւանագիտութիւն: Իրողութիւն մը, որ այսօրուան եսակեդրոն ու եսապաշտ մարդուն ամենէն գործունեայ եւ զօրաւոր զէնքերէն մէկը դարձած է: Դիւանագիտութիւն խաղալ, եւ «դիւանագիտութեամբ» ճշմարտութիւն ունենալ, կամ ճշմարտութիւն գնտել… Բնականաբար նման մօտեցում մը սխալ է, որովհետեւ դիւանագիտութիւնն ու ճշմարտութիւնը չե՛ն կրնար նոյն առուակով հոսիլ, քանի որ ճշմարտութիւնը կտրուկ եւ կայծակնային վերաբերմունք կը պահանջէ ու կը թելադրէ, իսկ դիւանագիտութիւնը՝ շողոքրթել, քծնիլ, պնակալէզ դառնալ… Այս ուղղութեամբ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Սարգիսեան Կաթողիկոսը կը գրէ. «Դիւանագիտութիւն եւ ճշմարտութիւն առհասարակ եղբայր չեն իրարու։ Լաւ գիտենք այդ։ Բայց գիտենք նաեւ որ ճշմարտութիւնը ի վերջոյ կը յաղթէ։ Դիւանագիտութեան յաղթանակը ժամանակաւոր է, ճշմարտութիւնը՝ յաւիտենական։ Առաջինը՝ յարաբերական է։ Երկրորդը՝ տոկուն եւ տեւական»:

Այսօրուան մարդը, սակայն, անգիտակցաբար եւ շատ յաճախ գիտակցաբար անգիտանալով դիւանագիտութեան «ժամանակաւոր յաղթանակ»ը, կը նախընտրէ ժամանակաւորը, քան՝ յաւիտենականը: Ժամանակաւորի այս ընտրութիւնն ալ արդիւնքն է մարդուն իր Արարիչէն հեռու կեանք մը ապրելուն, որով մարդ քաջութիւն չ՚ունենար ճշմարտութիւնը լսելու, ճշմարտութիւնը իմանալու, այլ՝ միշտ բոլոր իրողութիւնները լղոզելով իրեն հաճելի թուացած «ճշմարտութիւն»ներ կը ստեղծէ ու կը հետեւի անոնց, մոռնալով սակայն, որ ինք՝ որպէս իր Արարիչին «պատկերն ու նմանութիւնը» ունեցող էակ, ժամանակաւոր չէ, այլ՝ իր Արարիչին նման յաւիտենական:

Ահաւասիկ մեզմէ իւրաքանչիւրս փնտռտուքը կանոնաւորելու եւ մեր փնտռտուքին յստակ փարոս մը ունենալու մարտահրաւէր մըն է այս ընտրութիւնը՝ ժամանակաւորին ու յաւիտենականին միջեւ:

Որոշողը դո՛ւն ես, յարգելի ընթերցող: Ղեկը քո՛ւ ձեռքդ է: Ընտրէ՛ փարոսդ եւ օ՛ն յառաջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

9 օգոստոս 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2021