ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՅԱՂԹ ԳԻՒՂԷՆ ԵՒ ՅԱՂԹԵՑԻՆԵՐԷՆ

Ինչպիսի՞ն էր Փոքր Ասիոյ Սեբաստիա համ Սվազ նահագին մէջ գտնուող Յաղթ (Աղտք) հայաբնակ գիւղը, որ այժմ պատմութիւն դարձած բնակավայրն մըն է: Այն մէկն է այն անդառնալի կորսուած հայաւաններէն, որոնց սրբազան եկեղեցիներն ու վանքերը, սառնորակ աղբիւրները եւ անուշահամ պտուղները մնացին միայն անոնց բնակիչներու յիշողութեան մէջ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթած յաղթեցի հայերը անցեալ դարու կէսերուն ԱՄՆ-ի մէջ կազմած էին Յաղթեցիներու հայրենակցական միութիւնը, որն ալ Պոսթընի մէջ 1959 թուականին տպագրած է Տրդատ Տրդատեանի «Յաղթը եւ յաղթեցիները» գիրքը: Այս գիրքը անոնք անուանած են սգապսակ, որ կազմուած է աւերակ, բայց անմոռանալի ծննդավայրին համար: Հակառակ որ գործին ձեռնարկած էին շատ ուշ եւ գրաւոր տեղեկութիւնները պակսելու սկսած էին, յաղթեցիները ցրուած էին զանազան տեղեր, հնարաւորութիւններ չկար յիշողութիւնները համադրելու, բայցեւ, ամէն ջանք գործի դրուած է՝ վերակերտելու Յաղթի գիւղաշխարհը, իբրեւ գրաւոր յուշակոթող, որ այսօր կ՚ընթերցեն թէ՛ յաղթեցիներու սերունդները, թէ՛ այն բոլոր հայ մարդիկ, որոնք կորսուած բնաշխարհի կարօտն ունին:

Այսօր նոյնպէս հայ գիւղը կորսուելու վտանգի առջեւ է՝ Հայաստան եւ Արցախ: Եւ, ընթերցելով յուշամատեան ժանրի գիրքերը, միայն վախ կ՚ապրինք, թէ արդեօք նորէն պիտի գրուի՞ն յուշամատեաններ, որոնց մէջ, յիշատակներէ զատ, նաեւ կսկիծ պիտի ըլլայ… Հայկական գիւղը խեղճացած, դառնացած վիճակ մը ունի այսօր: Մինչդեռ, երբ մենք կորսնցնենք գիւղը, կը կորսնցենք ամէն ինչ… Այդպէս եղած է նաեւ անցեալին…

Տրդատ Տրդատեան «Յաղթը եւ յաղթեցիները» աշխատութեան մէջ կու տայ գիւղին անուան ստուգաբանութիւնը, ըսելով, որ գիւղը երկու անունով ծանօթ էր՝ «Յաղթ» եւ թրքերէն «Տիւզհիսար»:

Երկուքն ալ, կ՚ըսէ, թէ աղաւաղուած ձեւով կը հնչէին, թրքերէնը կը հնչէր «Տուզլասար» կամ «Տուզասար»: Կը նկատէ, որ թրքերէն «Տիւզհիսար» անուանակոչումը կը համապատասխանէ գիւղատեղի բնական դիրքին: «Տիւզ», որ կը նշանակէ «տափարակ», այս մասնիկը առած ըլլալու է ձորաբերանէն սկսած եւ մինչեւ Ալիս գետի եզերքը հասնող հարթութենէն: Իսկ «հիսար» թարգմանաբար «պարիսպ» մասնիկին կը համապատասխանէ՝ գիւղի վերջաւորութիւնը նեղցնող եւ երկու կողմէն բարձրացող պարսպանման ապառաժներու դիրքէն:

Գիւղի անունը կը կոչեն եւ կը գրեն զանազան հնչումներով՝ Աղտ, Աղդ, Յաղդ, Աղթ, Յաղթ եւ Աղտուց ձոր: Տրդատեան կը պարզաբանէ, որ հայերէն անուան շուրջ շփոթը առաջ եկած է գիւղի մօտ գտնուող աղահանքէն, սակայն այդ աղահանքը դժուար թէ կապ ունենած ըլլայ գիւղի անուան հետ, որովհետեւ աղահանքը յայտնաբերուած է 19-րդ դարու կիսուն եւ գործածութեան դրուած նոյն դարու վերջերը:

«Յաղթ» բառը կը կապուի գիւղի արեւելեան կողմի լերան գագաթը գտնուող աւերակներու հետ, որոնք «Դանուշման» կը կոչուէին եւ «Դանուշման» ստուգաբանած են իբրեւ «Անյաղթելի», եւ նորեկ հայեր կրցած են պահել «Յաղթ անունը»՝ աղարտուած հնչումներով:

Հայերու թիւը շատ արագ աճած է այս գիւղին մէջ: Ըստ տեղեկութիւններու, 1850-ական թուականներուն ունէր 1631, իսկ 1914 թուականին՝ 3200 հայ բնակիչ։

Գիւղի շրջակայքը յայտնի եղած է իր քարայրներով, որոնք փորուած էին գորշ ճերմակ կրաքարի ժայռերուն մէջ: Քարայրները 8-10 հատ էին, փորուած վարպետ արհեստաւորներու ձեռքով՝ նուրբ արուեստի շնորհքով օծուն, սակայն, առանց որեւէ յիշատակութեան, թէ ի՛նչ նպատակի համար շինուած էին: Ոմանք վկայած են, թէ հին ատեն իբրեւ ցորենի շտեմարան գործածուած են, իսկ ոմանք ալ կը խորհէին, թէ մարդոց բնակութեան համար շինուած են հին Քարէ դարուն, այդքա՛ն հին էին: Հատուածներ կու տանք «Յաղթը եւ յաղթեցիները» գիրքէն:

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ

Գիւղին ճիշդ մէջտեղը Սուրբ Կարապետ անունով սրբատեղիին վրայ 19-րդ դարու սկիզբը հիմնուած է գիւղի համանուն եկեղեցին: Եկեղեցին կառուցուած է Պոլիս գտնուող յաղթեցի պանդուխտներու, գլխաւորապէս՝ Արթին Դարբինեանի 700 ոսկի նուիրատուութեամբ:

Եկեղեցիի շինութիւնը հայ եւ յոյն ճարտարապետներու գործն է: Շինութիւնը տեւած է եօթ տարի. կառուցուած է կրանիթեայ սրբատաշ քարերով:

Այս հրաշակերտ եկեղեցին, ըստ ճարտարագէտներու կարծիքին, Սեբաստիոյ քաղաքի Մայր Եկեղեցիէն յետոյ իր մեծութեամբ եւ գեղեցկութեամբ նահանգին հայկական եկեղեցիներուն մէջ երկրորդն էր:

Սուրբ Աստուածածին

Գիւղէն դէպի հարաւ կարճ հեռաւորութեան մը վրայ կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին վանք-մատուռը: Փայտաշէն հիւղակով մը ծածկուած էր խաչքարը: Հազուադէպօրէն ուխտաւորներ հոն կ՚երթային:

Սուրբ Աստուածածնայ զօրութեան հաւատքը այնքան մեծ էր հիւանդներու տէրերու քով, որ իրենց սիրելիի բուժման յոյսը կը դնէին Սուրբին վրայ: Անոր խաչքարին առջեւ մատաղ ընել կամ մոմ վառել կը խոստանային: Ժողովուրդը, հակառակ սրբատեղիի հրաշազօրութեան վրայ ունեցած ջերմեռանդ հաւատքին, դարձալ անշուք վիճակի մէջ ձգած էր մատուռը:

Առաքելոց վանք-Աստուածածնայ մատուռին հանդիպակաց լերան վրայ կը գտնուէր Սուրբ Առաքելոց վանքը կամ Սրբատեղին: Շինութիւն չկար, միայն անշուք խաչքար մը: Այս սրբատեղին համբաւաւոր էր մօտակայքը գտնուած գիւղի մը աւերակներով: Բացի յիշեալ սրբատեղիներէն, Յաղթի չորս բոլորտիքը կը գտնուէին շատ խաչքարեր, որոնց առջեւ ժողովուրդը մոմ կը վառէր եւ աւանդական երկիւղածութեամբ կ՚աղօթէր:

Սուրբ Հրեշտակապետ

Սուրբ Հրեշտակապետ վանքը հաստատուած էր գիւղի արեւմտեան լերան կողին: Այս համբաւաւոր վանքը ուխտատեղին էր ամբողջ սեբաստահայութեան: Ուխտագնացութիւնը կ՚ըլլար տարին երկու անգամ՝ Վարդավառին եւ Սուրբ Հրեշտակապետի տօնին: Վանքի հողային կալուածները կը գտնուէին միայն Յաղթ գիւղի սահմաններուն մէջ, բայց վանքի տնտեսութիւնը կը ղեկավարուէր Սեբաստիոյ առաջնորդարանէն: Այս նշանաւոր վանքը դարերով լքուած ու անշուք վիճակէն դուրս բերելու դժուարին գործին ձեռնարկեց Սեբաստիոյ առաջնորդ Տէր Պետրոս Եպիսկոպոսը՝ կարենալով վանքը վերանորոգելու արտօնութիւն ստանալ թուրք վալիէն:

1880-ի վերջերուն Պետրոս Եպիսկոպոս վանքի տնտեսութիւնը վերականգնելու եւ այդ ձեւով առաջնորդարանին տեւական եկամուտ մը ապահովելու մտադրութեամբ այդ ժամանակի յանդուգն «էշխիայ»ի համբաւ ունեցող զառացի Մովսէս Վարդապետը վանահայրի պաշտօնին կը հրաւիրէ: Մովսէս Վարդապետի գործունէութիւնը անբաժան մէկ մասն է Սուրբ Հրեշտակապետի վանքին վերջին լուսաւոր կեանքին:

Մովսէս Վարդապետ տիպար հովիւը եղաւ վանքին՝ կրօնական թէ ազգային մակարդակի վրայ: Թունդ յեղափոխական մը իր ժամանակաշրջանին՝ իր նախընտրած մեթոտով վարեց վանքին գործերը, լիովին արդարացնելով հանդերձ իր մեծաւորին ակնկալութիւնները, եւ շատ շուտով ժողովրդին անձնուէր եւ սիրելի հովիւը դարձաւ:

Բազմաթիւ են իր քաջագործութիւնները, երբ արի վանահայրը, քանիցս հալածած է շրջանի վխտացող այլազգի ելուզակները՝ վանքն ու գիւղացիները փրկելով չարագէտ պատուհասներէ: Ասոր հետ մէկտեղ նուիրուեցաւ տքնաջան աշխատանքի՝ վանքի տնտեսութիւնը վերակենդանացնելու դժուարին գործին:

Պատկառազդու եւ ամէնուն սիրելի վարդապետը, գաւազանը ձեռին, գիւղէ գիւղ պտտելով, վանքին համար հաւաքեց եզ, կով, ոչխար, այծ, ձի, գոմէշ եւ մէկ երկու տարիէն ստեղծեց վանքին տնտեսութիւնը: Յաղթ գիւղի սահմանին մէջ գտնուող երկար ատեն անմշակ մնացած հողերը գիւղացւոց մշակել տուաւ եւ կարճ ժամանակէն՝ վանքը իր ուրոյն մշակները ունենալու վիճակին մէջ դրաւ: Վանքը ունեցաւ իր ոչխարի հօտերը, նախիր եւ բաւական լծկաններ:

Հետզհետէ բարգաւաճող տնտեսութիւնը բացի վանքին եւ առաջնորդարանին կարիքներուն հասնելէ՝ կ՚ունենար նաեւ յաւելեալ խնայողութիւններ:

1912-ի ատենները, առաջնորդ Թորգոմ Եպիսկոպոս, տքթ. Տաղաւարեան եւ Մուրատ, սկսան ծրագիրներ մշակել, որպէսզի վանքին եկամուտով, վանքին մէջ երկրագործական վարժարան մը հիմնեն: Ափսո՜ս, սակայն, որ իրենց այդ գեղեցիկ ծրագիրները, վաղահաս դէպքերու հետեւանքով, անիրագործելի մնացին:

ՋՐԱՂԱՑՆԵՐ

Գիւղի սեփականութիւններէն ամենէն աւելի յիշատակելին ջրաղացներն էին:

Ջրաղացները ոչ թէ միայն նոր սերունդին դաստիարակութեան սատարող եկամուտի տեւական աղբիւր էին, այլեւ գիւղացներու համագործակցութեան փայլուն արգասիքները:

Նախքան գիւղը իր սեփական ջրաղացները ունենալը՝ գիւղին մօտ կը գտնուէր ջրաղաց մը, որուն սեփականատէրն էր թուրք փաշայ մը:

Ջրաղացը շինելու մտքին թեւ տուաւ նորակառոյց դպրոցին տեւական եկամուտ մը ապահովելու հրամայական պահանջքը: Գիւղի ամբողջ ժողովուրդը մասնակցեցաւ կամաւոր նուիրատուութեամբ եւ աշխատելու պատրաստակամութեամբ: Գիւղի հին ղեկավարութիւնը մասնակից էր ծրագրի մշակման եւ գործադրութեան եղանակի որոշման, սակայն գործին մղիչ եւ յառաջատար ուժը երիտասարդութիւնն էր: Անոնցմէ յիշատակելի եռանդ ու գործունէութիւն ցոյց տուին Տիգրան Չորթանեան, Աբգար Մըրեան, Յովհաննէս Մատոյեան, Գրիգոր Պալիկեան, Միհրան Պասմաճեան, Եզեկէլ Ղալանճեան, Պապիկ (Պապըլէ) Մատոյեան, Առաքել Տէրտէրեան եւ շատ ուրիշներ:

Երկու տարի յետոյ, նոյն համագործակցութեան ոգիով՝ գիւղացիք նոր եւ երկրորդ ջրաղացի մը շինութեան ձեռնարկեցին: Երկու ջրաղացներու եկամուտը ամբողջութեամբ կը յատկացուէր գիւղի կրթական պէտքերուն:

ԱՌԵՒՏՈՒՐ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏ

Ալիսի հովիտի հայ գիւղերու մէջ առեւտուրը քիչ էր, կարգ մը գիւղեր քաղաքին մօտ գտնուելով՝ այդ գիւղացւոց առեւտուրը քաղաքին հետ էր: Յաղթ գիւղը համեմատաբար քաղաքէն հեռու ըլլալով՝ այդ պատճառաւ հետամուտ էր առեւտուրի:

Գիւղին մէջ երկու-երեք մնայուն մանրավաճառի խանութներ կային եւ քանի մը շրջուն մանրավաճառներ, որոնք շրջակայ թուրք գիւղերուն կը հայթայթէին կերպասեղէն, թաց ու չոր միրգեր ու զանազան առարկաներ:

Գիւղի ջրարբի եւ պարարտ հողը յարմարութիւն ունէր զանազան բանջարեղէններ հասցնելու: Կային չորս-հինգ պարտիզպաններ, որոնք գիւղին եւ շրջակայ թուրք գիւղացիներու բանջարեղէնները կը հայթայթէին:

Առեւտուրի այս ճիւղը իրեն քաշած էր շրջանի գիւղերու առեւտուրը: Գիւղը դարձած էր տեսակ մը առեւտուրի կեդրոն, մանաւանդ երբ տեղացիները գիւղ կը բերէին իրենց անասունները ծախելու եւ իրենց պիտանի առարկաները զննելու:

Գիւղին մէջ կային հինգ դարբիններ, որոնք կը շինէին ոչ միայն մեր գիւղացիներու, այլեւ թուրք գիւղացիներու երկրագործական գործքիներ՝ խոփ, կացին, գերանդի եւ այլն: Գալով գիւղի քարակոփներուն, հռչակաւոր էին, կային երեք վարպետ քարակոփներ, որոնք կը շինէին ճաշակաւոր գուռեր, սանտեր, գերեզմանաքարեր, որոնք շատ կը գնահատուէին Սեբաստիոյ թէ՛ քաղաքին, թէ՛ նահանգին մէջ:

ՀՈՂԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Գիւղացւոց գլխաւոր զբաղմունքը հողագործութիւնն էր: Արհեստները յայտարարն էին գիւղացւոց ձեռներէցութեան, որոնող մտքի կարողութեան, իսկ պարտիզպանութիւնը՝ գիւղին եւ շրջակայ գիւղերուն կարիքներուն բաւարարութիւն կու տար: Ասոնք մասնակի զբաղմունքներ էին:

Րէնչպէրի գլխաւոր արտադրութիւնն էր ցորենը, գարին ու վիկը:

Ցորենի արտադրութեան եւ բերքառատութեան քանակը շրջանէ շրջան կը տարբերէր: Գարիի արտադրութիւնը որոշ չափով մը կը սահմանափակուէր, տրուած ըլլալով, որ անոր արտերը գիւղի գետակի ջուրերովը կ՚ոռոգուէին:

Վիկը միայն եզներու կերակրման համար կը ցանէին: Չորցած վիկը կ՚աղային, ջուրով կը կակուղցնէին եւ ապա, իբրեւ կեր, կու տային եզներուն:

Հողը շատ բարեբեր էր ցորենի համար, մասնաւորապէս, երաշտ չեղած տարիներուն: Հակառակ պարագային, ոռոգելու կարելիութիւնը չկար: Բացի յիշեալ արմտիքներու բերքէն՝ գիւղացիք ուրիշ եկամուտ չունէին: Ենթակայ էին բնութեան քմահաճոյքին: Եթէ բերքը առատ էր, աղէկ-գէշ կ՚ապրէին, այլապէս՝ ողբալի վիճակի մը կը մատնուէին:

1908-ի Սահմանադրութեան նախորդող տարիներուն, երաշտութեան հետեւանքով, գիւղացիք սովամահութեան դուռը հասած էին:

Երբ արտասահմանի ճամբաները բացուեցան, քիչ մը բարեփոխուեցաւ անոնց դրութիւնը: Գործի ատակ աւելորդ ձեռքեր մեկնեցան արտասահման՝ մնացողներու ապրուստը բարելաւելու յոյսով: Իսկ մնացածները հետզհետէ օժտուելով երկրագործական նոր գործիքներով, թափ տուին իրենց արտադրութեան եւ ազատեցան սովամահ ըլլալու մտահոգութենէն: Արտասահմանի իրենց զաւակներէն հասնող նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ, գիւղացիք սկսան իրենց արօրին, գութանին ձի լծել՝ դանդաղաշարժ եզի ու գոմէշի փոխարէն:

ՄԱՂԹԱՆՔ-ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱԹԻ ՄԷՋ

Աստուած ձեռքէ ոտքէ չի ձգէ մարդս:
Աստուած պակասութիւն չի տեսցնէ:
Աստուած հետդ ըլլայ (ճամբորդութեան թէ գործի մէջ):
Աստուած անփորձ պահէ:
Աստուած իր շուքը մեր վրայէն պակաս չընէ:
Իր պակսեցուցածը Աստուած աւելցնէ:
Կռնակը գետնին չի գայ (երիտասարդներուն):
Զաւկընուդ ցաւը չի քաշես:
Լուս իջնայ մեռելիդ հոգուն:
Քար բռնես, ոսկի դառնայ (տղամարդուն):
Աստուած հօրով մօրով պահէ (երեխային):
Սատանի ականջը խուլ ըլլայ:
Աստուած ողորմի պապուդ հոգուն:
Տէրը փորձանքէ հեռու պահէ:
Լուս վառի պապուդ գերեզմանին:
Մէկ բարձի վրայ ծերանաք (ամուսնացող զոյգին):
Աստուած օրհնէ եւ շէն պահէ սեղաննիդ:
Սատանան ոտքը չի փաթթուի:

ԱՌԱԾՆԵՐ ԵՒ ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Չի հասած գեղիդ ծայրը պառկիր
Գեղ գեղի վրայ կը սեղմուի, տուն տան վրայ չ՚ըլլար:
Շունը սատկեցնողին քաշել կու տան:
Սուտին պոչը կարճ կ՚ըլլայ:
Դրացուն ունեցածին աչ տնկողին աչքը կը կուրնայ:
Անոր ջրին փիլաւ չի ձգուիր (անվստահելի է):
Գետն անցնողը առուն խեղդուեր է:
Մինչեւ չորցած առուն ջուր գայ, գորտին աչքերը դուրս կու գան:
Վախցողին մարը չէ լացեր:
Խենթը խրատը ի՛նչ կ՚ընէ՝ սեւը սապոնն ի՛նչ ընէ:
Մեր տունը փոս, ամէն խենթ հոս:
Աղջիկը ուրիշի պատի ծեփ է:
Ագահին աչքը ճանկ մը հող կը կշտացնէ:
Ակռայ փորելով փոր չի կշտանար:
Զաւակ չունեցողը մէկ հոգ ունի, ունեցողը՝ հազար հոգ:
Աղէկ աղջիկը տեղէ տէղ, գէշը՝ գեղէ գեղ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

•շարունակելի…

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2023