ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ՝ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԾԱՂՐԱՆԿԱՐԻՉ ՌԸՆԷ ՀՈՎԻՒԵԱՆԻ ԹՈՂԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը վերաբերի ֆրանսահայ անմոռանալի ու մեծանուն ծաղրանկարիչ Ռընէ Հովիւեանի (Հովիւ) թողած մեծ ժառանգութեան։ Հովիւը սփիւռքահայ եզակի արուեստագէտներէն մին էր եւ իր դիտարկումները այնպէս մը կը նկարէր, որ ժամանակի ընթացքին անոնք մաս կազմած են հայոց հաւաքական յիշողութեան։ Երեւանի ցուցահանդէսը կազմակերպուած է յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ան իսկապէս խորաթափանց ուսումնասիրութեան մը հիման վրայ, նաեւ Հովիւեան ընտանիքի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ կեանքի կոչած է այս կարեւոր ծրագիրը։ Ցուցահանդէսը զուտ գեղարուեստական նշանակութիւնով չի սահմանափակուիր եւ ունի յիշողութեան վերաբերեալ կարեւոր ծալքեր։ Մինչ այդ, Հովիւի երէկուան ցուցահանդէսի բացումը յաւելեալ առիթ մը եղաւ նորոգ վախճանեալ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նկատմամբ յարգանք մատուցելու առումով։ Արդարեւ, Հովիւ եւ Ազնաւուր եղած էին ո՛չ միայն ժամանակակիցներ, այլեւ՝ մօտիկ բարեկամներ։ Ուստի, Հովիւի վրձինով պատկերուած Ազնաւուրները երէկուան ձեռնարկին ընթացքին ստացան բացառիկ նշանակութիւն։

Վերջերս իր երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուր։ Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ, իր մահէն երկու օր յետոյ, բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ ծրագրուած էր տակաւին շատ կանուխ եւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները բնաւ չէին մտածեր, թէ Շարլ Ազնաւուր, որու նկարները եւս պիտի ցուցադրուին այդ ցուցահանդէսին, կը մահանայ երկու օր առաջ, խոր սուգի մատնելով ամբողջ հայութիւնը, իսկ այս ցուցահանդէսի մթնոլորտը դարձնելով զգացական: Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր աշխատանքները այլ նշանաւոր ֆրանսահայու մը՝ ծաղրանկարիչ Ռընէ Հովիւի՝ (Ռընէ Խորէն-Հովիւեան), որ եղած էր Շարլի մտերիմներէն: Իբրեւ ֆրանսահայ արուեստագէտ՝ Ռընէ Հովիւ ձեւաւորած է Շարլ Ազնաւուրի համերգներէն շատերու ցուցապաստառները, նկարած է Շարլը՝ երգելու պահուն եւ անոնց մտերմութիւնը, որ եղած է երկու հայու մտերմութիւն, միաժամանակ, երկու ֆրանսացի տաղանդաւոր մարդու մտերմութիւնն էր:

Ռընէ Հովիւ կեանքէն հեռացած է 2005 թուականին եւ ինչպէս ցուցահանդէսի կազմակերպիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան կ՚ըսէ՝ այդպէս ալ անյայտ մնալով Հայաստանի հանրութեան:

Երեւանի Նորարար փորձարական կեդրոնին մէջ բացուած այս ցուցահանդէսը փորձ մըն է՝ անոր անունին եւ գործին ծանօթացնելու Հայաստանի բարձրաճաշակ արուեստասէրը: Ցուցահանդէսին առթիւ յատկապէս Ֆրանսայէն ժամանած էին Ռընէ Հովիւի ֆրանսացի կինը՝ Եոլանտ Հովիւեան, դուստրը՝ Կայիլ Հովիւեան եւ երկու որդիները՝ Ուորըն եւ Քեւըն Հովիւեանները: Անոնք յուզուած էին իրենց հօր երեւանեան ցուցահանդէսով, հակառակ որ հայերէն չէին խօսիր, բայց անոնց ֆրանսերէնը սրտառուչ էր եւ կը պատմէր իրենց զգացումներուն մասին: Ռընէ Հովիւ շատ ցուցահանդէսներ ունեցած է Ֆրանսայի մէջ, բայց անոր Երեւանի առաջին ցուցահանդէսը հարազատներն ու ձեռնարկին աջակցողները կարեւոր կը նկատեն: Ցուցադրուած հարիւրաւոր աշխատանքները զանազան նիւթերով եւ ժանրերով էին: Ռընէ Հովիւ ստեղծագործած էր ինչպէս Ֆրանսայի մէջ, այնպէս ալ աքսորի տարիներուն, երբ իր ընտանիքը Ֆրանսայէն ներգաղթած էր Խորհրդային Հայաստան, ուրկէ ալ աքսորուած՝ Սիպիրիա: Հոն, կատարելով անտառահատի ծանր գործը՝ ֆրանսահայ նուրբ հոգիի տէր այս արուեստագէտը երբեք չէ մոռցած արուեստի մասին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ նաեւ Ռընէ Հովիւի հօր՝ Վահան Հովիւեանի գիրքը, որ կը պատմէ Սեբաստիայէն Լիբանան, ուրկէ ալ Ֆրանսա, յետոյ Հայաստանէն ու Սիպիրիայէն անցած անոր ոդիսականը: Ներկաները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին նաեւ գիրքին հանդէպ, ուր թերեւս առաջին անգամ ամենայն մանրամասնութեամբ կը ներկայացուի հայրենադարձի մը խոհերը, աքսորի դաժանութիւնը, հայրենիքի երազներով Հայաստան եկածի եւ աքսորուածի մեծ վիշտը:

Ռընէ Հովիւի ցուցահանդէսը կը կրէ «Վերադարձ դէպի Արարատ» խորագիրը եւ Երեւանի մէջ կը շարունակուի եւս տասը օր, այնուհետեւ անոր նկարները կը վերադառնան Ֆրանսա:

*

ՀՈՎԻՒԸ՝ ՄԵԾ ԾԱՂՐԱՆԿԱՐԻՉԸ

Ֆրանսիայի մէջ մեծ ճանաչում ունեցած երգիծանկարիչ Հովիւը՝ Ռընէ Հովիւը (Ռընէ-Խորէն Հովիւեան) 1960-ականներէն մինչեւ իր մահը՝ 2005 թուականը, համագործակցած է ֆրանսական հեղինակաւոր կարգ մը թերթերու եւ ամսագրերու հետ: Իր ծաղրանկարները տպագրուած են նաեւ գերմանական, ամերիկեան ամսագրերու էջերուն մէջ. հրատարակած է աւելի քան տասնեակ մը ալպոմներ եւ ծաղրաշարերու գիրքեր։ Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ յայտնի այս հայ ծաղրանկարիչին Հայաստանի արուեստասէր հանրութիւնը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի այլ համայնքներ, դժբախտաբար ծանօթ չեն եւ անոր անունն ու գործը հայրենիքի մէջ ներկայացնելու շնորհակալ աշխատանքին ձեռնարկած է վաւերագրող, հրապարակագիր Տիգրան Պասկեւիչեան: Իր ստեղծագործական խումբին հետ հայրենադարձութեան մասին շարժանկարի նկարահանումներու ընթացքին, Տիգրան Պասկեւիչեան տեղեկացած է Ռընէ Հովիւի մասին եւ յայտնաբերած՝ որ ան մեծ գործունէութիւն մը ունեցած է եւ կ՚արժէ, որ անոր մասին նոյնպէս տեղեկանայ Հայաստանի արուեստասէր հասարակութիւնը:

Երէկ Երեւանի մէջ բացուած «Վերադարձ դէպի Արարատ» ցուցահանդէսը, որու նպատակն էր ներկայացնել Ռընէ Հովիւ արուեստագէտը: Ցուցահանդէսին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ Ռընէ Հովիւի հօր՝ Վահան Հովիւեանի յետմահու եւ օրերս տպուած գիրքի շնորհանդէսը: Նախաձեռնութեան հեղինակ Տիգրան Պասկեւիչեան ինքնատիպ այս ընտանիքին եւ անոնց կեանքին մասին մանրամասնութիւններ պատմեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

*

-Պարոն Պասկեւիչեան, փաստօրէն, շատ-շատերու համար Ռընէ Հովիւ ծաղրանկարիչին անունը ծանօթ չէր, ինչպէ՞ս գտաք զայն:

-Հայրենադարձութեան մասին Ֆրանսայի մէջ մեր նկարահանումներու ժամանակ տեսանք գիրքը ֆրանսացի հեղինակի մը, որ հայերու ներգաղթին, արտագաղթին մասին գրած է, եւ այդ գիրքին մէջ առաջին անգամ տեսանք Ռընէ Հովիւին անունը: Ան արդէն հեռացած էր կեանքէն, եւ մենք գացինք եւ Ֆրանսայի մէջ գտանք անոր եղբայրը՝ Էտմոն Պերժէն (Էտմոն-Զօհրապ Հովիւեան): Յետոյ առիթ ունեցանք հանդիպելու Ռընէի դստեր՝ Կայիլ Հովիւեանի հետ: Այլ մարդոց հետ նոյնպէս հանդիպեցանք եւ բացուեցաւ պատմութիւնը ո՛չ միայն Ռընէ Հովիւեանի, այլեւ անոր հօր՝ Վահան Հովիւեանի, որ ձեռագիր պատմութիւն մը ձգած էր իր մահէն ետք: Այս ցուցահանդէսին նաեւ ներկայացուեցաւ Վահան Հովիւեանի գիրքը, որ կը կոչուի «Տէր-Զօրէն մինչեւ Սիպիրիա կամ կեանքի ելեւէջներ»:

Մինչ Ռընէ Հովիւի մասին խօսիլը՝ ըսեմ, որ իր հայրը՝ Վահան Հովիւեան 1904 թուականին ծնած է Սեբաստիոյ Կեմերէկ գաւառակին մէջ, 1915-էն ետք Հովիւեաններու մեծ գերդաստանին միակ վերապրողը եղած է։ Ան յայտնուած է Պէյրութի ամերիկեան որբանոցին մէջ, ուրկէ ալ տեղափոխուած է Ֆրանսա։ 1947-ին Վահան Հովիւեան ընտանիքով ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ Երկու տարի վերջ, շինծու ամբաստանութեամբ, անոնք աքսորուած են Սիպիրիա՝ Ալթայի երկրամաս, ցմահ բնակութեան։ Եւ խորհրդային երկրի ղեկավար Ստալինի մահէն ետք՝ 1957-ին է, որ Հովիւեաններու ընտանիքը հնարաւորութիւն ունեցած է վերադառնալու Հայաստան։ Եօթ տարի վերջ Հովիւեանները կրկին տեղափոխուած են Ֆրանսա եւ Վահան Հովիւեան, ինչ որ յիշած է իր կեանքէն, 1908 թուականէն մինչեւ 1964՝ Հայաստանէն տեղափոխումը, շարադրած է:

1947 թուականին, երբ Վահան Հովիւեան կնոջ, քրոջ եւ երկու որդիներուն հետ Ֆրանսայէն հայրենադարձած է Երեւան, անոնք մէկ-մէկուկէս տարի ապրած են այստեղ. զանոնք մեղադրած են իբրեւ դաշնակցականներ: Սակայն Վահան Հովիւեան իր գիրքին մէջ կը գրէ, որ 1924 թուականէն յետոյ ոչ մէկ կապ ունեցած է ՀՅԴ-ի հետ: Այդ մեղադրանքով ալ Սիպիրիա աքսորուած է եւ աքսորէն յետոյ Երեւան գալէն ետք, Վահան Հովիւեանի երկու որդիները՝ Էտմոնն ու Ռընէն գացած են Մոսկուա, ուր Էտմոն դպրոցի մը մէջ ուսանած է, իսկ Ռընէն աշխատած է զանազան ռուսական թերթերու, ամսագրերու մէջ՝ իբրեւ ծաղրանկարիչ եւ միաժամանակ մասնակցած է քանի մը մանկական շարժուն ժապաւէններու ստեղծման: 1964-ին, պատահական դիպուածով մը, այս ընտանիքը կրկին վերադարձած է Ֆրանսա, ուր Ռընէն մեծ թափով սկսած է իր ստեղծագործական աշխատանքին։ Ան աշխատած է հռչակաւոր թերթերու մէջ. ինչպէս՝ «Փարի Մաչ», «Լը Քոթիտիէն տը Փարի», «Ֆրանս-Արմէնի» եւ այլն: Անշուշտ, իր ֆրանսական շրջանի նկարները կը տարբերին խորհրդային երկրի մէջ կատարած նկարներէն. ֆրանսական շրջանի նկարներուն մէջ վերացած էին կաշկանդումը, գաղափարախօսութիւնը, խմբագիրներու թելադրանքը եւ այլն: Մօտաւորապէս տասն ալպոմներ հրատարակած է, ցուցահանդէսներ ունեցած է, Ֆրանսայի մէջ շատ յայտնի անուն մը եղած է… Տակաւին իր կենդանութեան օրօք հրատարակուած է գիրք մը, ուր ութ յայտնի գծանկարիչներու հանրայայտ կտաւներու հիման վրայ գծանկարներ նկարուած են: Եւ այդ ութ նկարիչներէն մէկը Ռընէ Հովիւն է, որ նոյնպէս գծանկարներ կատարած է ծանօթ գեղանկարիչներու՝ Վան Կոկի, Թուլուզ Լոթրէքի, Փոլ Կոկէնի եւ այլոց գործերուն հիման վրայ: Այդ գծանկարներէն օրինակներ ալ ցուցադրած ենք Երեւանի մէջ:

-Իր ապրած տարիներուն ան առաւելաբար իբրեւ հա՞յ, թէ ֆրանսացի արուեստագէտ մը կը ներկայանար:

-Ռընէ Հովիւ ծանօթ եղած է առաւելաբար իբրեւ ֆրանսացի ծաղրանկարիչ եւ իր ապրած միջավայրին մէջ հայութիւնը շեշտելու հարց չէ եղած: Իր հրատարակած ալպոմներէն մէկ-երկուքը միայն հայկական նիւթերու կը վերաբերին: Ան անխնայ ծաղրած է հայկական միջավայրը, համայնքներու միջեւ յարաբերութիւնները, Հայաստանի հետ կապերը եւ այլն: Արհեստավարժ արուեստագէտ մը եղած է եւ արդէն Հայաստան գալէն՝ 1947-էն առաջ, Ռընէ Հովիւ, որ 18 տարեկան էր այդ ժամանակ, Լիոնի Գեղարուեստի քոլէճը աւարտելու վրայ եղած է: Կարծեմ մէկ տարի մնացած էր աւարտելուն, նոյնիսկ պզտիկ գրքոյկ մը հրատարակած էր եւ այդպէս ընտանիքով Հայաստան եկած են: Հետաքրքրական դրուագ մը կայ անոր կեանքին մէջ. երբ Սիպիրիա աքսորուած են եւ հոն անտառահատի գործ կ՚ընէր, այդ ընթացքին նամակ կը գրէ Մոսկուա եւ կ՚ըսէ՝ ես արհեստավարժ նկարիչ եմ, զիս, այո՛, բերած էք այս հեռաւոր վայրը, չեմ ալ գիտեր ինչու, բայց ձգեցէք հոսկէ երթամ մօտակայ քաղաքը՝ Պառնաուլ, հոն թերթերուն, ամսագրերուն աւելի օգտակար կ՚ըլլամ մասնագիտութեամբս:

-Ցուցահանդէսին խորագիրը՝ «Վերադարձ դէպի Արարատ», կապ մը ունի՞ Ռընէ Հովիւի աշխատանքներուն հետ:

-Անոր նկարներուն մէջ շատ կ՚երեւի Արարատը: Կան նկարներ, ուր կ՚երեւի, թէ ինչպէս օդանաւը կու գայ Արարատին քովէն, սփիւռքահայը Հայաստան կու գայ, ծաղրանկարիչը կը մակագրէ, որ հանեցէք թաշկինակները, հիմա պիտի արտասուիք. այդպիսի շատ նկարներ նկարած է՝ Արարատը, Հայաստանը, սփիւռքահայը: Ունի գծանկար մը, ուր իբրեւ թէ սփիւռքահայը ոտք կը կոխէ Հայաստան եւ կը մեռնի, ասով ան կը յիշեցնէ սփիւռքի մէջ տարածուած այն միտքը՝ գամ հայրենիք, Արարատը տեսնեմ ու մեռնիմ: «Վերադարձ դէպի Արարատ»ը՝ թէ՛ իր նկարները նկատի ունէինք, եւ թէ այն հանգամանքը, որ իր հոս ապրելէն, հոսկէ երթալէն եւ հոն մահանելէն յետոյ առաջին անգամն է, որ Հայաստանի մէջ անոր վերաբերեալ ձեռնարկ մը կը կատարուի:

-Ան միայն ծաղրանկարնե՞ր ըրած է, թէ պարզապէս՝ գծանկարներ:

-Բազմաժանր նկարիչ մը եղած է, ատով հանդերձ՝ նաեւ շատ բազմանիւթ: Մօտաւորապէս 25 բնօրինակ նկարներ բերած ենք եւ կատարած ենք շուրջ 100 վերատպութիւն, զորս պիտի ցուցադրենք եւ պիտի վերադարձնենք:

-Իսկ անոր հօր ձեռագիրը հրատարակելու միտքը ինչպէ՞ս ծագեցաւ:

-Մինչեւ մեր կողմէ գիրքին հրատարակութիւնը՝ ձեռագրին նայած է ֆրանսահայ պատմաբան Յարութիւն Ռայմոն Գէորգեան եւ ըսած է, որ հետաքրքրական է, կ՚արժէ տպել: Հայկ Տէր-Յարութիւնեանն ալ փորձած է գիրքը թարգմանել ֆրանսերէնի, արդէն սկսած է այդ գործին: Մենք ալ ուզեցինք, որ անիկա լոյս տեսնէ այնպէս, ինչպէս գրած է հեղինակը, ամբողջութեամբ հաւատարիմ մնացած ենք բնագրին: Հեղինակը ապրած ըլլալով թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, իր գիրքը գրած է երկու հայերէններով, մենք այդ մէկը պահած ենք, բայց ուղղագրութիւնը ամբողջութեամբ դասականի վերածած ենք, ծանօթագրութիւններ կատարած ենք, իր թոռնուհիին եւ Ռայմոն Գէորգեանին խօսքերը նաեւ ֆրանսերէն տարբերակներով դրած ենք գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ գիրքին մէջ կան հրապարակուած ընտանեկան եւ այլ բնոյթի լուսանկարներ, որոնք նոյնպէս պատկերացում կու տան այս ընտանիքին անցած ճանապարհին մասին: Իր որբանոցի տարիներէն լուսանկար մը ունի՝ Միսաք Մանուշեանի հետ նկարուած, այդ ալ տպած ենք գիրքին մէջ:

Գիրքը աննախընթաց է իր նիւթով եւ Ռայմոն Գէորգեանը յառաջաբանին մէջ գրած է, որ կրնայ այս գիրքը դասագիրք դառնալ, որովհետեւ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ դէպքերը՝ 1915 թուականէն սկսեալ, իրենց աքսորը, աքսորի ճանապարհին եղած ոճրագործութիւնները եւ այլն, մինչեւ Լիբանան հասնիլը, հոն Թռչնոց բոյն որբանոցին մէջ ապրիլը… Շատ հետաքրքրական են Վահան Հովիւեանի խորհրդածութիւնները՝ գա՞լ Հայաստան, թէ ոչ. երկմտանքի առջեւ եղած է, ընտանիքն ալ առանձնապէս ոգեւորուած չէ եղած Հայաստան գալու գաղափարով, բայց ի վերջոյ, այնպէս մը պատահած է, որ եկած են: Հայաստանի մէջ աշխատած է, հանրակառք վարած է, Խորհրդային Միութեան կեանքը շատ հետաքրքրական կերպով կը նկարագրէ, անօրինութիւնները տեսած եւ իր ինքնատիպ գրիչով նկարագրած է:

-Այս գիրքը եւ ցուցահանդէսը մաս կը կազմե՞ն այն մեծ ծրագրին, զոր Դուք տարիներէ ի վեր կ՚իրականացնէք՝ հայրենադարձութեան, ներգաղթի, արտագաղթի հարցերուն շուրջ:

-Այո՛, եւ կրնայ ըլլալ, որ այս ձեւով մենք այդ ծրագրին եզրափակումը ընենք: Մեր այս նախաձեռնութիւնը ունի դրական կողմ մը, որով մենք կրցանք քաջալերել եւ ոգեւորել Ռընէ Հովիւի ընտանիքին անդամները եւ անոնք, առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստան այցելեցին եւ այս ձեռնարկին ներկայ եղան, հակառակ անոր որ հայերէն չեն խօսիր: Սկիզբը շատ դժուար էր կապի մէջ մտնել անոնց հետ, բայց յետոյ ոգեւորուեցան մեր ըրած աշխատանքով, սկսան իրենք ալ գիրեր գրել իրենց հօր կամ մեծ հօր մասին, հետքեր փնտռել եւ գտնել…

-Ցուցահանդէսը մինչեւ հոկտեմբերի 12-ը բաց պիտի մնայ եւ Ձեր կարծիքով, ի՞նչ կու տայ ան Հայաստանի հանրութեան:

-Նախ հանրութիւնը կը ծանօթանայ Ռընէ Հովիւի անունին եւ գործին: Ես կը կարծեմ, թէ շատ ափսոս է, որ մինչեւ հիմա մենք չենք գիտցած իր մասին: Անոր ժառանգութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան մենք ներկայացուցած ենք։ Լաւ կ՚ըլլար՝ ժամանակի եւ հնարաւորութեան պարագային ուսումնասիրել նաեւ անոր խորհրդային շրջանի գործունէութիւնը: Օրինակ, մենք գտած ենք ռուսերէնով յօդուած մը, որու խորագիրն էր՝ «Ալթայացի ֆրանսացին»: Ի վերջոյ, երբ ան նամակ գրած էր, որ տեղափոխուի Սիպիրիոյ Պառնաուլ քաղաքը, տեղափոխուած է, աշխատած է, շուրջ եօթ մանկական գիրք ձեւաւորած է։ Նման շատ բաներ կարելի է գտնել՝ փնտռելու պարագային: Ասիկա առաջին քայլն է, տակաւին ուսումնասիրելու նիւթ կայ: Այս ցուցահանդէսին նաեւ Մշակոյթի նախարարութիւնը փոքր աջակցութիւն մը բերած է, բայց ընդհանրապէս, մեր միջոցներով կատարած ենք ամէն բան: Որոշած էինք անպայման, ինչ որ ալ ըլլայ, ընել այս երկուքը՝ ցուցահանդէսն ու գիրքին հրատարակութիւնը եւ ըրինք:

ՎԱՀԱՆ ՀՈՎԻՒԵԱՆԻ ԹՈՌՆՈՒՀԻԻՆ՝ ԿԱՅԻԼ ՀՈՎԻՒԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ ԳԻՐՔԻ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հայրս՝ Ռընէ-Խորէն Հովիւեան երգիծանկարիչը, 2005-ին այս աշխարհէն հեռանալէ առաջ, ինծի տուաւ իր հօր՝ իմ մեծ հօրս՝ Վահանի, մօտ 330 էջնոց ձեռագիր յուշերը։ Ես երկար տարիներ «մասունքի» պէս խնամքով պահեցի զանոնք։ Բայց ափսոս ո՛չ ես, ոչ՛ ալ Ֆրանսա ծնած ընտանիքս հայերէն կը խօսինք եւ կը կարդանք։ Հայրենիքէն եկած ծնողքս, հակառակ որ քիչ թէ շատ կը գործածէր մայրենին, բայց մեզի չսորվեցուց։

Յետոյ, հետաքրքրասիրութիւնս զիս ստիպեց իմանալ հօրս երիտասարդութեան կեանքը եւ, իմ ծնունդէն առաջ մահացած մեծ հօրս պատմութիւնը։ Մինչ այդ գիտէի միայն, որ ցեղասպանութենէն փրկուած էր։ Ուրեմն ննջող այս էջերուն արթնացման յոյսը փայփայելով՝ փորձեցի ձեռնարկել վերծանումին ու թարգմանութեան։ Եւ այսպէս՝ մէկ տասնամեակ ձեռագիրը կ՚անցնէր հանգրուանէ հանգրուան, ձեռքէ ձեռք՝ մօտեցնելով հրատարակութեան բաղձալի պահուն։

Նախ պէտք է երախտագիտութիւնս յայտնեմ Ռէյմոն-Յարութիւն Գէորգեանին, որ 2009-ին եղաւ իմ առաջին խօսակիցս եւ այս բնագրի ընթացքին հաւատարիմ ու հաստատուն խորհրդատուն։

Յետոյ մէկը, որուն անունը ինծի անյայտ մնաց, որ 20 հոկտեմբեր 2011-ին Փարիզի Գիրքի ազգային կեդրոնին կազմակերպած «Յիշողութիւն եւ պատմութիւն։ Վկայութիւն եւ վէպ» համաժողովին Փիթըր Պալաքեանի թարգմանիչն էր, մատնացոյց ըրաւ այն մարդը, որ մասնակիցներուն անընդհատ հարցեր տուող եզակիներէն էր։

Այդ մարդը Հայկ Տէր-Յարութիւնեանն էր, որ անմիջապէս ձեռագրին նուիրեալ բարեկամը դարձաւ եւ, խորամուխ ըլլալով անասելի բծախնդրութեամբ ձեռնարկեց զայն ֆրանսերէնի թարգմանելու գործին։ Յատկապէս իրեն շնորհիւ ես առաջին անգամ ծանօթացայ մեծ հօրս պատմութեան եւ գիտցայ, թէ ան ալ փափաքած է, որ օր մը ձեռագիրը հրատարակուի ու թարգմանուի։

2013-ին Հայկը գացած էր Կեմերէկ եւ նկարներ բերած էր, որոնցմով առընչուեցայ իմ ընտանիքիս բնօրրանին, եւ Հայկը ինծի յորդորեց հոն երթալ։

Քանի մը ամիս յետոյ ճամբայ ինկայ, կարելի է ըսել՝ «կուրօրէն», առանձին, մինակ, հետաքրքրութենէն դրդուած՝ տեսնելու, թէ ի՞նչ է Կեմերէկ կոչուած այդ գիւղակը։

Կապադովկիոյ շրջանէն, երեք հանրակառք փոխելով, մօտ 170 մղոն ճամբորդեցի՝ պայուսակիս մէջ ունենալով գիրքին առաջին մօտ տասնհինգ էջի թարգմանութիւնը, ուր գիւղին կեանքն ու կենցաղն է նկարագրուած։ Այնտեղ նստայ ու կարդացի, ապա քննախոյզ թափառեցայ գիւղի փողոցներուն մէջ՝ ակնկալելով հրաշալի յայտնագործում մը:

Բայց՝ ոչ։

Վերադարձին տետրակիս մէջ գրեցի. «Շատ ժամանակ անցած է։ Վահանին բառերուն հնչեղութիւնը անէացած է։ Թշուառ գիւղ։ Չափէն աւելի փոխուած է։ Արիւնը ցամքած է հողին մէջ, սալաքարերուն տակ»։

Գիւղին բնանկարէն զատ՝ ոչինչի հանդիպեցայ:

Գիւղանկարը գծագրեցի, նկարագրեցի, լուսանկարեցի։ Երեւակայեցի, որ բնութեան տեսարանը, ի տարբերութիւն գիւղին, 100 տարուան ընթացքին, գրեթէ չէ փոխուած։ Մեծ հօրս մանուկ աչքերով դիտեցի տեսարանը։ Կ՚ապրէի շրջանի մը մէջ, որ ինծի անապատ կը թուէր, սակայն շատ հիւրընկալ թուրք ընտանիք մը զիս իր տունը հրաւիրեց՝ կարծելով, որ մոլորուած եմ պարտէզներուն մէջ։ Ընդունեց, կերակրեց, փորձեց հաղորդակցիլ։ Ընտանիքիս նկարները ցոյց տուի, ձեռքի շարժումներով եւ համր հայեացքներով մեր միտքերը փոխանակել ջանացինք։

Կէսօրը անց ջերմ շնորհակալութիւններս յայտնելով հրաժեշտ տուի։ Շարունակեցի քալել։ Բլուրի մը վրայ բարձրացայ, որուն գագաթին հօրս աճիւնէն քիչ մը փոշի լեցուցի՝ բաշխելով զայն քամիին։

Տետրակիս մէջ գրեցի. «Շրջակայքին թափառող շուները կը հաջէին եւ անոնց կը ձայնակցէին տնային շուները։ Կկոցած աչքիդ առջեւ՝ տեսարանի լոյսն ու գիծերը կը սփռուէին այնպէս, ինչպէս միայն Ինք կարող էր տեսնել»։

Եկած ճամբովս կրկին վերադարձայ:

2016-ի մարտին, դարձեալ Հայկ Տէր-Յարութիւնեանի ձեռամբ բնագիրը հասաւ Տիգրան Պասկեւիչեանին եւ Սաթենիկ Ֆարամազեանին։ Ծանօթացանք, երբ անոնք Փարիզ եկած էին՝ ներկայացնելու իրենց «Դարձ ի շրջանս իւր» վաւերագրական գեղեցիկ ժապաւէնը, որ կը պատմէր ներգաղթի, Խորհրդային Հայաստանի, Սիպիրիոյ աքսորին մասին։ Բան մը, որ երեխայ ժամանակ հէքեաթի պէս հայրս ալ կը պատմէր՝ մինչ քունս կու գար: «Սառած լիճեր, ձկնորսութիւն, անտառահատութիւն…»։

Խանդավառ ու վճռակամ՝ անոնք դարձան ձեռագրի հրատարակութեան նախաձեռնողները, որուն համար իմ սրտալի ու ջերմ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ։

Այս էջերը կը պարունակեն մեծ հօրս՝ Վահանին եւ իր գերդաստանին յուշերը, որ նաեւ պատմութիւնն են դժոխային ժամանակներուն այդ ճամբաներով անցած հազարաւոր անձերու։

Ես յոյսով եմ, որ այս հրատարակութիւնը կը բացայայտէ մեծ հօրս ջանքերը՝ մօրս, եղբայրներուս, Զօհրապ հօրեղբօրս, Ալիս հօրաքրոջս, զարմիկներուս, ինչպէս նաեւ շատերուս համար, որոնք կը փորձեն իրենց կեանքին արձագանգները գտնել մարդկային այս համապարփակ պատմութեան մէջ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018