ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱԿԱՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ. «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՃԱԿԱՏԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ»

«Արեւմտեան ճակատին նորութիւն չկայ» (All Quiet on the Western Front) բեմադրիչ Լիուիս Մայլսթոնի կողմէ 1930-ականներուն նկարահանուած, Էրիխ Մարիա Ռեմարքի նոյնանուն վէպէն ներշնչուած շարժանկարն է, որու գլխաւոր դերակատարներն են Լիու Այրէս, Լուիզ Ուոլհէիմ, Սլիմ Սամըրվիլ, Ճոն Ուրայ եւ Ռէյմընտ Կրիֆին։ Շարժանկարը արժանացած է երկու Օսքար մրցանակի (լաւագոյն ժապաւէն, լաւագոյն բեմադրիչ)։ 

Սա ձայնաւոր շարժանկարի դարաշրջանի իսկապէս առաջին դասական եւ հակապատերազմական ժապաւէնն է։ Էրիխ Մարիա Ռեմարքի վէպին հիման վրայ նկարահանուած ժապաւէնը Առաջին աշխարհամարտին գերմանացի երիտասարդ կամաւորներու խումբի մասին է։ Հայրենասէր, լաւատես երիտասարդները դէմ յանդիման կու գան խրամատերու մէջ կեանքի այլանդակութիւններու եւ կը սկսին հասկնալ պատերազմի հետեւանքով կատարուած անիմաստ աւերուածութիւններու չափը։ Երիտասարդներու երազանքները կը քանդուին, իսկ անոնց գաղափարապաշտութիւնը կը «հանգի»։ Վերջին դրուագը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս զինուոր մը սպաննուելէ առաջ ձեռք կը մեկնէ թիթեռնիկին, տակաւին շարժանկարի պատմութեան ամենավառ ու յիշարժան տեսարաններէն մին է։ 

Պատերազմի ընթացքին շատ մը երկիրներու մէջ արգիլուած այս ժապաւէնի ամենաուժեղ կողմերէն մին այն է, թէ դիտողները կը սպասեն երջանիկ աւարտի։ Բայց եւ այնպէս, պատերազմի մէջ երջանիկ արդիւնք չկայ։ Հոլիվուտի համար իսկապէս համարձակութիւն կը համարուի նման նիւթով ժապաւէն մը նկարահանել այն ժամանակ։

Երբ ձայնաւոր ժապաւէնները նոր սկսած էին, երբ սարքաւորումները պարզունակ էին, բեմադրիչ Լիուիս Մայլսթոն առաջին անգամ օգտագործեց «Crane» մեթոտը՝ արիւնով ողողուած խրամատերու համայնապատկերը նկարելու համար։ Արդիւնքին խրամատային պատերազմի չափազանց իրատեսական դրուագներ ստացուած են։ Նոյն իրատեսական դրուագներ ձեռք բերուած են Սթենլի Քուպրիքի 1957 թուականին նկարահանուած «Փառքի արահետներ» ժապաւէնով։ 

«Արեւմտեան ճակատին նորութիւն չկայ»ին ակնյայտ աստղը Լիու Այրէսն է, որ այդ ժամանակ ան քսանմէկ տարեկան էր։ Անոր յաջող արհեստավարժ ասպարէզը վերջ գտաւ, երբ ան Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ յայտարարեց, որ բարեխղճօրէն ու արդարամտութեամբ դէմ է պատերազմին։ 

Պատերազմի սկիզբին երիտասարդներուն կը թուէր, որ անոնք պիտի ունենան թեթեւ շրջագայութիւն, սակայն, արդէն վարժանքի ճամբարին անոնք կը հասկնան, թէ իրականութեան մէջ ինչ պիտի ապրին յետագային։ Գլխաւոր հերոս Փոլ Պոյմեր պատերազմի դաշտ մեկնած տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներէն մին է։ Նախ ան իր «ճակատագրակից»ներու նման կը ցուցադրուէր որպէս հայրենասէր ու մարդասէր զինուոր։ Սակայն ժապաւէնի վերջաւորութեան Փոլի խաղաղապաշտութիւնը կը «սպառի» պատերազմի արեան ճապաղիքներուն ու անասելի ցաւերուն մէջ։ Ի սկզբանէ ան դէմ էր ռազմի մեկնելու եւ կոչ կ՚ուղղէր բոլորին՝ չերթալ ռազմաճակատ, չզոհել սեփական կեանքն ու չկորսնցնել բարի հոգին, որու համար զինք կը համարէին վախկոտ ու դաւաճան։ 

Պատերազմներու մասին խօսքեր երբեք չեն վերջանար։ Պատերազմի մասին միշտ ըսելիք կայ, քանի որ անոնք մարդկութեան ամենամեծ յանցագործութիւնն է եւ որեւէ պատերազմ լաւ հետքեր չի թողուր։ Պատերազմը, թերեւս, կեանքի ամենաթէժ մասն է։ Աշխարհի վրայ չկայ աւելի կործանարար ազդեցութիւն, քան երբ մարդիկ կը փորձեն զիրար ոչնչացնել միայն իշխանութիւններու «քմահաճոյքներու» պատճառով։ Մարդոց սեփական ձեռքերով ստեղծած պատերազմները միշտ կը վերադառնան ցաւալի յիշողութիւնիերով։ Նոյնիսկ եթէ արդիւնքը յաղթանակ ըլլայ, մեծ կորուստ մըն է պատերազմը։

Մարդը ընդունակ է կասեցնելու բոլոր պատերազմները։ Սակայն այս բանին հասնելու համար մարդը նախ պէտք է վերջ տայ իր ներաշխարհին տեղի ունեցող պատերազմներուն, իր փառամոլութեան եւ «ուժ» դառնալու փափաքին։ Միայն այս կերպով կարելի է դադրեցնել պատերազմները։ 

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ՝ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԱՍԻՆ

- Հակառակ այդ ժամանակ Գերմանիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ չէին, Նազիներ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կանխելու համար շարժանկարի սրահները լեցուցին մուկերով։ 

- Լիու Այրէս այս ժապաւէնի մէջ նկարահանուելէն յետոյ դարձած է աշխոյժ հակապատերազմական մը։ Այս վերաբերմունքը մեծ արձագանգ ստեղծեց, իսկ Այրէսի ժապաւէնները յաճախ չէին ցուցադրուեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 

- Բեմադրիչ Լիուիս Մայլսթոն դիմեց Լոս Անճելոսի մէջ բնակող գերմանացի նախկին զինուորներուն՝ պարզելու համար, թէ արդեօք իրենց օգտագործած ռազմական պաշարները իրականին կը նմանէի՞ն։ Այնքան շատ զինուոր եկաւ նկարահանման հրապարակ, որ Մայլսթոն անոնցմէ շատերը ներառեց դերակատարներու շարքին։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2021