ԼՈՒՍԻՆԷՆ ԴԷՊԻ ՀՐԱՏ

Երեւանի մէջ օրերս մեծարեցին հայ ականաւոր գիտնական, գիւտարար, աշխարհի մէջ առաջին լուսնագնաց եւ մարսագնաց սարքերու ստեղծող՝ անուանի ճարտարագէտ Ալեքսանդր Քէմուրճեանը: Քէմուրճեանի ստեղծած լուսնագնացներն ու մոլորակագնացները Երկիր մոլորակին եւ դրացի մոլորակներուն մակերեւոյթը կտրած, անցած են հարիւրաւոր քիլօմեթրեր՝ մարդկութեան փոխանցելով առաջին անգնահատելի տեղեկութիւնները՝ անծանօթ տիեզերքին մասին:

Անշուշտ, ամերիկացիները միշտ կը հպարտանան, որ առաջինը իրենք հասած են Լուսին՝ կատարելով առաջին միջմոլորակային թռիչքը, իսկ ռուսերը միշտ կ՚ըսեն, թէ ամերիկացիները Լուսնի վրայ առաջին ոտնահետքը ձգած են, իսկ ռուսերը՝ առաջին անուահետքը, որուն համար խորհրդային գիտութիւնը պարտական է հայ գիտնականին:

Քէմուրճեանի 100-ամեակին նուիրուած համաժողովին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բարձր հովանիին ներքոյ, նախագահական նստավայրին մէջ, ի թիւս այլ հիւրերու ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ Ալեքսանդր Քէմուրճեանի որդին՝ Վլատիմիր Քէմուրճեան:

Այս համաաժողովը սկիզբն է 2022 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք՝ Գիտութեան եւ արուեստի միջազգային «STARMUS» 6-րդ փառատօնին եւ ազդարարուեցաւ իբրեւ այդ փառատօնի մեկնարկային ձեռնարկ: Այս Միջազգային փառատօնը 2022 թուականին պիտի իրականացուի Հայաստանի մէջ եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Հրատ մոլորակին:

ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ

Ալեքսանդր Քէմուրճեան խորհրդային մոլորակագնացութեան ճարտարագիտական դպրոցի հիմնադիրն է: Ան հիմնադրած է ճարտարագիտական նոր ուղղութիւն՝ տիեզերական երթեւեկութեան փոխադրամիջոցներու ճարտարագիտութիւնը:

1963-1973 թուականներուն Քէմուրճեանի ղեկավարած ճարտարագէտներու խումբը աշխատած է լուսնագնացներու եւ փոքր մարսագնացներու ինքնաշարժ կառավարուող սարքերու նախագծման եւ ստեղծման ուղղութիւններով։ Որպէս արդիւնք, ճարտարագէտին ղեկավարած խումբը ստեղծած է աշխարհի մէջ առաջին տիեզերական նշանակութեան մարդ-մեքենայ հանդիսացող լուսնագնացները եւ մարսագնացները։

1970-1973 թուականներուն Քէմուրճեանի ղեկավարած 150 ճարտարագէտներէ կազմուած գիտական խումբը կը նախագծէ եւ կը ստեղծէ «Լուսնագնաց 1» եւ «Լուսնագնաց 2» փոխադրամիջոցները:

«Լուսնագնաց 1» մոլորակագնացը 10 նոյեմբեր 1970 թուականին Երկիր մոլորակէն մեկնարկելով իր առաքելութիւնը, նոյեմբեր 17-ին վայրէջք կը կատարէ Լուսնի մակերեսին: 756 քիլօկրամ կշռող լուսնագնացը իր մէջ կը կրէր տեսախցիկներ եւ ձայնասփիւռային հաղորդիչներ։ Անիկա Լուսնի վրայ ճանապարհորդած է մօտաւորապէս տասն ամիս, անցած է 11 քիլօմեթր ճանապարհ, միաժամանակ դէպի Երկրի կայաններ ուղարկելով շուրջ 20 հազար լուսանկար, 200 համայնապատկեր, ինչպէս նաեւ կատարած է լուսնային մակերեւոյթի շուրջ 500 փորձարկումներ։

«ՄԱՐՍ 3» ՄՈԼՈՐԱԿԱԳՆԱՑԸ

2 դեկտեմբեր 1971 թուականին Քէմուրճեանի գիտական խումբին ստեղծած «Մարս 3» մոլորակագնացը առաջինն էր, որ փափուկ վայրէջք կատարած է Մարս մոլորակին վրայ՝ իր մէջ տանելով «PROP-M» անունով չորսուկէս քիլօ կշռող պզտիկ մարդա-մեքենայ մոլորակագնացը: Սակայն վայրէջքէն 14.5 վայրկեան անց, Հրատ մոլորակին վրայ սկսած ուժգին հողմամրրիկին պատճառով, կապը կայանին հետ կտրուած է եւ յետագային չէ վերականգնուած:

«STR-1» ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐԸ

1986 թուականի մայիսին Չերնոպիլ հիւլէական կայանի աղէտին ժամանակ Քէմուրճեան անձամբ ներգրաւուած է փրկարարական աշխատանքներուն։ Ամենակարճ ժամանակամիջոցին, հանճարեղ ճարտարագէտին ղեկավարութեամբ, նախագծուած եւ արտադրուած են «STR-1» մարդամեքենաները: Այս ինքնավար մարդամեքենաները աղէտի բարձր ճառագայթման պայմաններուն տակ աշխատած են աւելի քան 200 ժամ եւ աղէտի գօտիէն հեռացուցած են մօտաւորապէս 90 թոն վնասակար ճառագայթող թափօններ։

Փրկարարական աշխատանքներուն մէջ յատուկ մարդամեքենաներու ներգրաւումը թէ՛ արագացուցած է թափօններու հաւաքման աշխատանքները եւ թէ՛ բացառած է այդ վտանգաւոր տարածքին վրայ շուրջ հազար փրկարար զինուորական ծառայողներու ուղղակի ներկայութիւնը:

Իր նախագծած մարդամեքենաներուն աշխատանքը անձամբ ղեկավարած է ինք՝ Ալեքսանդր Քէմուրճեան, որ վնաս կրած է մարդասիրական այդ առաքելութեան ընթացքին՝ իր մարմնին վրայ ճառագայթման բարձր չափաբաժին ստանալով, բայց յետոյ բուժուած է Մոսկուայի ուռուցքաբանական հիւանդանոցին մէջ:

ԵՐԵՄԻԱ ՔԷՕՄԻՒՐՃԵԱՆ ԵՒ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՔԷՄՈՒՐՃԵԱՆ

Մեծ գիտնականին նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին, նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ Քէմուրճեանի մասին խօսելու առիթ մըն ալ շաբաթներ առաջ ունեցած է, երբ Իտալիա էր, Պոլոնիա համալսարանը: Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս ըսած է.

«Այդ համալսարանը հսկայական պատմութիւն ունի, գիրքի ու գիտելիքի մեծ տաճար է: Համալսարանի գրադարանին մէջ սեղանին դրուած էր մօտաւորապէս 4 մեթր երկարութիւն ունեցող քարտէս մը, որ ստեղծուած էր 1691 թուականին: Անիկա պատմական Հայաստանի մէջ (այն ժամանակուայ Օսմանեան կայսրութեան տարածքէն, պատմական Կիլիկիայէն, Վասպուրականէն մինչեւ Արեւելեան Հայաստան, ընդհուպ մինչեւ Արցախ) գտնուող հայկական պատմական ու պատմամշակութային, հոգեւոր արժէքներու քարտէսն էր՝ ձեռքով նկարուած, աներեւակայելի գեղեցկութիւն եւ պատմական հսկայական արժէք ունեցող: Եւ հետաքրքրական էր այդ քարտէսին հեղինակին անունը՝ Երեմիա Քէօմիւրճեան:

«Ես խնդրած եմ իմ գործընկերներէս, որ գտնեն Քէմուրճեաններուն կապը: Կը կարծեմ՝ իրականութեան մէջ ատիկա մէկ ընտանիք է՝ սկսած Երեմիա Քէօմիւրճեանէն: Ան Կոստանդնուպոլիսէն այդ հսկայական աշխատանքը կազմակերպած ու ղեկավարած է, հոյակապ տաղանդ ունեցած է, եւ թերեւս այդ տաղանդը ծիներով փոխանցուած է մինչեւ Ալեքսանդր Քէմուրճեանի եւ նաեւ իր որդւոյն: Այնպէս որ, ուրախ կ՚ըլլամ, որ միասին ընենք այդ փոքր յայտնագործութիւնը՝ կապել Երեմիա Քէօմիւրճեանը Ալեքսանդր Քէմուրճեանին հետ»:

Խօսքը անշուշտ նշանաւոր գործիչ Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի մասին է, որ եղած է 17-րդ դարու արեւմտահայ մշակոյթի ակնառու դէմքերէն, հասարակական-քաղաքական գործիչ, պատմագիտական նշանակութիւն ունեցող արձակ գրական երկերու ու նամակներու հեղինակ, ժամանակի ամենահետաքրքրական բանաստեղծներէն մէկը, ծնած Կոստանդնուպոլիս, 1637-ին: Անոր պատմական բովանդակութիւն ունեցող երկերէն է չափածոյ գրուած նշանաւոր «Ստամպօլոյ պատմութիւն»ը՝ Պոլսոյ գեղարուեստական նկարագրութիւնը 17-րդ դարուն:

ՄՈԼՈՐԱԿԱԳՆԱՑՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Ալեքսանդր Քէմուրճեանի 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին խօսուեցաւ անոր կատարած աշխատանքին, յայտնագործութիւններուն եւ համաշխարհային գիտութեան մէջ ներդրումին մասին եւ այն մասին, որ այսօր եկած է մոլորակագնացներու ժամանակը: Անցնող դարուն սկիզբը եւ առհասարակ հին դարերուն, այդ մէկը անհաւանական բան մը կը թուէր: Գիտնականները, գրողները, սովորական մարդիկ իրենց հայեացքները կը յառէին երկինքի հեռաւոր կապոյտները՝ փորձելով գուշակել, թէ ինչ կայ անոր անհուն խորութեան մէջ:

Տիեզերքը բոլոր դարերուն խորհրդաւոր եղած է եւ այսօր ալ, հակառակ որ մարդը անջրպետ հասած է, բայց կը շարունակէ գաղտնի ու առեղծուածային մնալ անոր կառուցուածքը: Գիտութեան եւ սարքաշինութեան զարգացումը օր մը պիտի յանգեցնէ անոր, որ մարդը, ինչպէս օդանաւ կը նստի եւ կը ճամբորդէ, այնպէս ալ փոխադրամիջով մը տիեզերք պիտի հասնի:

Եւ մարդկութիւնը անշուշտ պիտի յիշէ, որ մոլորակ հասած առաջին փոխադրամիջոցին հեղինակը հայ է՝ Ալեքսանդր Քէմուրճեան, որ նոյնպէս տարուած է անջրպետի շուրջ իր երազներով եւ յօրինած՝ հոն հասնելու միջոցները: Մինչեւ իր կեանքին վերջը ան հետաքրքրուած էր տիեզերքի փոխադրամիջոցներով եւ միշտ կատարելագործուած կը փափաքէր տեսնել զանոնք:

ՔԷՄՈՒՐՃԵԱՆ-100

«Քէմուրճեան-100» համաժողովին ընթացքին, տեսակապի միջոցով համաժողովի մասնակիցները իրենց ողջոյնի խօսքերը յղեցին, ՆԱՍԱ-էն կարեւոր պաշտօնեաներ, «The Planetary Society»ի նախագահը, «Ափոլօ 16»ի տիեզերագանաց Չարլզ Տիւք եւ ուրիշներ միացան Երեւան, ուր կը մեծարուէր ժամանակի մեծագոյն գիտնականներէն մին:

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է Ալեքսանդր Քէմուրճեանի 100-ամեակին նուիրուած դրոշմանիշի կնքում։

Համաշխարհային գիտութիւնը նոյնպէս իր տուրքը մատուցած է Քէմուրճեանին: 1998 թուականին բրիտանական հեղինակաւոր «Melrose Books» հրատարակչական ընկերութիւնը Ալեքսանդր Քէմուրճեանի անունը ներգրաւած է 20-րդ դարու նշանաւոր մարդոց ցանկին մէջ, 1997-ին Միջազգային աստղագիտական կոմիտէն թիւ 5933 աստղակերպը անուանակոչած է Քէմուրճեանի անունով, իսկ Ռուսաստանի տիեզերագնացութեան ընկերակցութիւնը 2010 թուականին թողարկած է «Քէմուրճեան» շքանշանը, որով կը պարգեւատրէ տիեզերագնացութեան ասպարէզին մէջ կատարուած գիտական յայտնագործութիւնները: Ինք՝ Քէմուրճեան պարգեւատրուած է բազմաթիւ խորհրդային եւ միջազգային շքանշաններով, այդ կարգին՝ Խիզախութեան շքանշանով, Փառքի շքանշանով եւ այլն:

ԳԱՂՏՆԻ ՊԱՀՈՒԱԾ Է ԱՆՈՒՆԸ

Ալեքսանդր Քէմուրճեան ծնած է 4 հոկտեմբեր 1921-ին, Ռուսաստանի Վլատիքաւքաս քաղաքը: Անոր հայրը Տրապիզոնէն գացած հայ ընտանիքէ մը կը սերէր: Ապագայ գիտնական Ալեքսանդր Քէմուրճեանը իր մանուկ եւ երիտասարդ տարիները անցուցած է Պաքու:

1941 թուականին Մոսկուայի մէջ համալսարան ընդունուած է: Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին ուսանողները կը տարհանուէին եւ համալսարանական դասընթացքները կը կազմակերպուէին Իժեւսք քաղաքին մէջ։ Այստեղ Ալեքսանդր Քէմուրճեան որպէս ուսանող կը ներգրաւուի հրասայլերու վերանորոգման ճարտարագիտական խումբին մէջ։

1942-ին, որպէս Խորհրդային բանակի կամաւորական, Քէմուրճեան կը մեկնի Արեւելեան ռազմաճակատ եւ հերոսական մարտական ուղի մը կ՚ունենայ: 1942-1945 թուականներու պատերազմին ընթացքին կատարած սխրանքներուն համար յետագային ան պարգեւատրուծ է «Արիութեան», «Կարմիր աստղի», «Հայրենական պատերազմի», «Պատուոյ նշանի» շքանշաններով եւ «Մարտական վաստակի համար» մետայլներով։ Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, ուսման վերադառնալով, Քէմուրճեան 1951-ին գերազանցութեամբ աւարտած է համալսարանը, ապա աշխատանքի անցած՝ Սեն Փեթերսպուրկի փոխադրամիջոցներու մեքենաշինութեան գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ: Ան 1969-1991 թուականներուն նոյն հիմնարկին փոխ-տնօրէնն էր եւ գլխաւոր սարքաշինարարը, իսկ 1991 թուականին նշանակուած է այդ հիմնարկին գլխաւոր խորհրդականը։

20-րդ դարու երկրորդ կէսին, ականաւոր գիտնականը աշխատելով Խորհրդային Միութեան յառաջատար գիտական հաստատութիւններէն ներս, իր աննախադէպ գործունէութեան ընթացքին, հեղինակած է աւելի քան 200 գիտական հրապարակում եւ արտօնագրած յիսուն գիւտ։ Երկար տարիներ Ալեքսանդր Քէմուրճեանի եւ անոր գործունէութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերը գաղտնի պահուած են, իսկ Քէմուրճեանի աշխատութիւնները հրապարակուած են Ալեքսանդրով, Լէոնովիչ, Ուկլեւ կեղծանուններով։

Մահացած է 2003 թուականին՝ Սեն Փեթերսպուրկ: Յուղարկաւորուած է այնտեղի հայկական գերեզմանատան մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021