ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակին 13-րդ գլուխը ներբողեան մը սիրոյ մասին, ուր առաքեալը մանրամասն կերպով կը թուարկէ մարդուն ունեցած հնարաւորութիւնները, կարելիութիւնները եւ յստակ կերպով կը շեշտէ, թէ հակառակ մարդուն ունեցած այդ բոլոր հնարաւորութիւններուն, կարելիութիւններուն, ընդունակութիւններուն եւ շնորհքներուն, սակայն եթէ մարդուն մէջ սէր չկայ, այդ բոլորը կը շոգիանան, անիմաստ կը դառնան, որովհետեւ մարդուն բոլոր արարքներուն եւ ներգործութիւններուն հիմքը պէտք է սէրը ըլլայ, առանց որուն ամէն ինչ անիմաստ եւ աննպատակ կը դառնայ:

Այս ուղղութեամբ կրնանք որպէս վկայութիւն ունենալ Տէր Յիսուսի խօսքերը, երբ Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտներէն մէկը ուզելով փորձել Տէր Յիսուսին կը հարցնէ Անոր.

«Վարդապե՛տ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը։

Յիսուս ըսաւ անոր.

-«Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքովդ»։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 22.36-40):

Սիրել մեր Տէր Աստուածը ամբողջ սիրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ միտքով, մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանն է, իսկ երկրորդը՝ որ առաջինին նման է, սիրել մեր ընկերը՝ մեր անձին պէս. ահաւասիկ, մարդ արարածին կեանքը ապրելու գերագոյն օրէնքները, որոնցմէ կախում ունի ամէն բան, որ յատուկ է մարդուն եւ իր ապրած կեանքին:

Եւ ահա Պօղոս առաքեալին ներբողեանը սիրոյ մասին. «Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենամ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որոնք կը ղօղանջեն։ Երբ մարգարէութեան պարգեւը ունենամ, կարենամ բոլոր խորհուրդներու խորքը թափանցել եւ հասնիմ ամբողջական գիտութեան, եւ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՚արժեմ։ Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ. եթէ սէր չունիմ՝ ոչինչով կ՚օգտուիմ։

Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ։

Սէրը անվախճան է, մինչդեռ այս կեանքին հետ մարգարէական պատգամները վերջ պիտի գտնեն, հրեշտակներու լեզուներով խօսիլը պիտի դադրի, գիտութիւնն ալ վերջ պիտի գտնէ։ Այժմ մեր գիտցածը անկատար է եւ մեր մարգարէութիւնն ալ՝ մասնակի։ Բայց երբ կատարեալը գայ, այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ» (Ա. Կր 13.1-10): Այնքան պարզ եւ յստակ կերպով ներկայացուցած է Սրբազան Առաքեալը սիրոյ կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ, որ ամենէն կարեւոր գործօններէն մէկն է, որ մարդը այս անկատարութենէն կրնայ կատարեալին հասցնել:

Սուրբ Յովհաննէս առաքեալ սիրոյ մասին այսպէս կը գրէ իր Ընդհանրական Առաջին Նամակին մէջ.

«Սիրելինե՛ր, սիրե՛նք զիրար,
որովհետեւ սէրը Աստուծոյ պարգեւն է.
ուստի ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է
եւ զԱստուած կը ճանչնայ։
Իսկ ով որ չի սիրեր՝ զԱստուած չի ճանչնար,
որովհետեւ Աստուած սէր է:
Աստուծոյ սէրը հետեւեալ ձեւով
մեզի յայտնուեցաւ.-
Աստուած Իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ,
որպէսզի Անով կեանք ունենաք:
Այս է ահա ճշմարիտ սէրը.
ո՛չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած,
այլ Աստուած Ինք սիրեց մեզ
եւ Իր Որդին ղրկեց
մեր մեղքերը քաւող իբրեւ Զոհ:

Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, ապա ուրեմն մե՛նք եւս պէտք է զիրար սիրենք:

Ոեւէ մէկը բնաւ զԱստուած չէ տեսած։ Եթէ զիրար սիրենք՝ կը նշանակէ, թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեր մէջ կատարեալ է եւ Աստուած մեզի միացած կը մնայ։ Ապացոյցը, թէ մենք Աստուծոյ միացած կը մնանք եւ Աստուած՝ մեզի, նոյնինքն իր Հոգին է, որ Աստուած մեզի տուաւ։ Եւ մենք տեսանք ու կը վկայենք, թէ Հայրը Իր Որդին ղրկեց, որպէսզի Անիկա աշխարհի Փրկիչը ըլլայ: Ով որ կը դաւանի, թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է՝ Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ անոր: Եւ մենք հաւատացինք ու ճանչցանք այն սէրը, որ Աստուած ունի մեզի հանդէպ։

Աստուած սէր է։ Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ՝ անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն միացած։

Եթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը այսպէս կատարեալ է մեր մէջ, դատաստանին օրը համարձակ կերպով կը կանգնինք Աստուծոյ դիմաց, որովհետեւ այս աշխարհի մէջ կ՚ապրինք ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս Ինք ապրեցաւ: Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ։ Արդարեւ վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ով որ կը վախնայ՝ սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։

Հետեւաբար մենք սիրենք զԱստուած, որովհետեւ նախ Ինք մեզ սիրեց։ Այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ «ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է։ Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ։ Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա. Յհ 4.7-21):

Նիւթականցած մեր այս օրերուն ի՜նչ քաղցր կը հնչեն Առաքեալին այս տողերը, որոնք Տէր Յիսուսի վերը մէջբերուած՝ տուած մեծագոյն երկու պատուիրաններուն արձագանգն են, ընդլայնուած եւ պարզեցուած ձեւն են: Ի՜նչ քաղցր կը հնչեն Առաքեալին խօսքերը, երբ մեր օրերուն իրարու «եղբայր, եղբայր», «քոյր, քոյր» դիմելով՝ իրարու միս կը յօշոտենք, անգիտանալով կամ մոռնալով, որ այդ եղբայրն ու քոյրը Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնն են, այն Աստուծոյ, որ կը յոխորտանք, թէ կը սիրենք զԻնք, այն ինչ Տիրոջ տուած պատուէրը պարզ ու յստակ է՝ «ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ». կը սիրե՞նք մեր եղբայրն ու քոյրը ինչպէս զԱստուած կը սիրենք. պատասխան տալէն առաջ կարդանք Յովհաննէս առաքեալին այս տողերը կրկին անգամ. «Այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ «ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է։ Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ»:

Ինչպէս տեսանք մարդ արարածին իւրաքանչիւր քայլափոխը կապուած է սիրոյ հետ, առանց սիրոյ մարդուն կեանքը անապատի մը կը նմանի, եւ հակառակ այդ անապատին մէջ գոյութիւն ունեցող ովասիսին, անապատը անապատ ըլլալէ չի՛ դադրիր, այդպէս ալ մարդը, երբ սէրը կը գործածէ որպէս ովասիս, այսինքն՝ երբեմն-երբեմն իր քմահաճոյքներուն բաւարարութիւն տալու համար, ապա իր կեանքը անապատային վիճակէն դուրս չի՛ գար եւ անապատ կը մնայ, հակառակ ովասիսներու շատութեան:

Այժմ ընթերցողներուն սիրոյ մասին Եկեղեցւոյ Հայրերու մտածումներէն փունջ մը պիտի ներկայացնեմ:

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացին կը գրէ.

- Մարդկային բնութիւնը աստուածային սիրոյ գերառատութիւնը չի՛ կրնար արտայայտել։ Այդ իսկ պատճառով (աստուածային սէրը) իրեն համար այնպիսի խորհրդանշան մը կ՚ընտրէ, որ մեր մէջ գործող կիրքերէն ամենէն հզօրն է, նկատի ունիմ՝ սիրոյ կիրքը, որպէսզի այդպիսով սորվինք, որ ով որ իր հայեացքը աստուածային բնութեան գեղեցկութեան վրայ կը սեւեռէ, պէտք է այնպէս սիրահարուած ըլլայ անոր, ինչպէս որ մարմինը կը սիրահարուի այն բանին, ինչ որ իրեն նմանակից է, կիրքը ազատ բերկրանքի փոխակերպելով, այնպէս՝ որ մեր հոգին «էրոսի կերպով» մեր մէջ այրուի մի միայն Հոգիի բոցով:

Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ.

- Երանելի է այն մարդը, որուն մէջ Աստուծոյ սէրը կայ, որովհետեւ ան իր մէջ զԱստուած կը կրէ։ Աստուած սէր է, եւ ան որ սիրոյ մէջ կ՚ապրի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի, եւ Աստուած ալ անոր մէջ կը բնակի (Ա.Յհ 4.16)։

Անոր մէջ որ սէր կայ, ան չի՛ մրցակցիր, չի՛ նախանձիր, ատելի աչքով չի՛ նայիր, ուրիշներուն անկումով չ՚ուրախանար, ինկածը չի՛ զրպարտեր, այլ՝ կը կարեկցի անոր եւ կը հոգայ անոր մասին։ Չ՚արհամարհեր եղբայրը որ զրկանքի մէջ է, այլ՝ կը պաշտպանէ ու պատրաստ կ՚ըլլայ անոր համար մեռնելու անգամ։

Անոր մէջ որ սէր կայ, ան Աստուծոյ կամքն է որ կը կատարէ:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.

- Հաւատքը մեզի կը յայտնէ այն՝ ինչ ճշմարիտ է։ Անկեղծ հաւատքէն սէր կը ծնի, որովհետեւ ան որ իսկապէս Արարիչին կը հաւատայ, երբեք չի՛ համաձայնիր ՍԷՐԷՆ հեռանալ:

Սուրբ Օգոստինոս Երանելին կը գրէ.

- Ի՞նչ բանի նման է սէրը։ Ան ձեռքեր ունի, որպէսզի ուրիշներուն աջակցի։ Ան ոտքեր ունի, որպէզի շտապէ օգնելու աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն։ Ան աչքեր ունի, որպէսզի տեսնէ վիշտը եւ կարիքը։ Ան ականջներ ունի, որպէսզի մարդկային հառաչանքներն ու գանգատները լսէ։ Ահա թէ ինչ բանի նման է սէրը:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.

- Երրորդութեան երեք անձերու միասնական բնութիւնն է Սէրը. «Զի Աստուած Սէր է»: Ահա գաղտնի բանալին Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին: Պարզ ու վճիտ: Ուրիշ խօսք աւելորդ է եւ անհարկի: Որովհետեւ տիեզերքի ստեղծագործութեան ուժը Սէ՛րն է: Մարդու կեանքի երջանկութեան աղբիւրը Սէ՛րն է: Սէրը՝ որ կեանքով ու գործով կ՚արտայայտուի, ծառայութեամբ ու բարիքով կը մարմնանայ եւ, ի հարկին, խաչով կը կնքուի։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

30 նոյեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021