ԱՆԿՈՉ ՀԻՒՐԸ

Օրեր առաջ աշխարհը նշեց նոր տարուան մը սկիզբը: Մարդիկ ուրախութեամբ եւ տօնական տրամադրութեամբ շնորհաւորեցին ու կը շնորհաւորեն զիրար, մաղթելով քաջառողջութիւն, յաջող տարի եւ նման բազմաթիւ դրական մաղթանքներ կը փոխանակեն:

Քրիստոնեայ աշխարհին համար, ի մասնաւորի ուղղափառ քրիստոնեայ աշխարհին համար իսկական տարեսկիզբը յունուարի 6-ն է, Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան Աստուածօրհնեալ օրը: Աստուածօրհնեալ օր ըսինք, որովհետեւ այդ օրը Աստուած Իր ամենէն առատ օրհնութեամբ օրհնեց մարդկութիւնը, անոր շնորհելով Իր Միածին Որդին, որպէս Փրկիչ եւ կեցուցիչ:

Աւելի քան քսան դար քրիստոնեայ աշխարհը կը նշէ Տէր Յիսուսի ծննդեան օրը, կը նշէ եւ Քրիստոսի հետ միասին հոգեպէս կը վերածնի, կը վերաթարմանայ:

Աւելի քան քսան դար Քրիստոսի ծննդեան յիշատակումով մարդիկ կը շարունակեն իրենց ընթացքը աշխարհի այս պանդխտութեան մէջ:

Աւելի քան քսան դար Քրիստոսի ծնունդը կու գայ համայն մարդկութեան յայտարարելու, թէ Քրիստոս կենդանի է եւ կը շարունակէ խնամել իր փոքրիկ հօտը, որ Իրեն կ՚ապաւինի եւ իր կեանքը Իրմով կ՚իմաստաւորէ:

Աւելի քան քսան դար քրիստոնեայ ժողովուրդներ, շնորհիւ Յիսուս Մանուկին պարգեւած խաղաղութեան, հակառակ բազմաթիւ ու բազմապիսի չարչարանքներու ու տառապանքներու, կը շարունակեն ապրիլ իրենց կեանքը կենդանի վկայութիւն ըլլալով Քրիստոսի:

Աւելի քան քսան դար քրիստոնէութիւնը հակառակ իր կրած բազմաթիւ հալածանքներուն եւ կոտորածներուն, կը շարունակէ համայն մարդկութեան կարդալ նոյն աւետիսը՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

Քսան դար առաջ, աշխարհի մէկ անշուք անկիւնին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ մանուկ մը, որ առաջին հերթին զարմանք պատճառեց Իր ծնողներուն, որովհետեւ աշխարհ հեռաւոր վայրերէ մոգեր յայտնուեցան, որոնք իրենց հետ արժէքաւոր նուէրներ բերած էին ծնած մանուկին, եւ անոնք ո՛չ միայն նուէրներ բերած էին, այլեւ հակառակ իրենց ունեցած համբաւին ու մեծութեան, երկրպագեցին նոր ծնած մանուկին:

Մանուկին մայրը, որուն տեսիլքով մը յայտնուած էր, թէ իր ծնելիք մանուկը տարբեր է միւս մանուկներէն, ի տես այս երեւոյթին՝ միտքին մէջ կամաց-կամաց կը սկսէր լուսաւորուիլ այդ սքանչելի խորհուրդին իմաստը: Միւս կողմէ՝ իր կողակիցը, որ երբ իմացած էր իր գերբնական պայմաններով յղութեան մասին, ուզած էր լուռ կերպով չեղեալ համարել իրենց նշանախօսութիւնը, սակայն տեսիլքով մը իրեն եւս բացատրուած էր եղելութիւնը, որով ան խոնարհութեամբ յանձն առած էր մասնակից դառնալ Ամենակալ Աստուծոյ ծրագիրին:

Նոր ծնած Մանուկին ծնողները, յատկապէս մայրը, մանուկին յետագայ կեանքին անցուդարձերուն ականատես դառնալով միշտ պիտի վերյիշէր Գաբրիէլ Հրեշտակին իրեն ըսածները աւետումի ժամանակ. «Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար։ Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած Անոր պիտի տայ Իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ Անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ» (Ղկ 1.30-33):

Արդարեւ Դաւիթի գահ եւ Յակոբի սերունդ կարդալով պէտք է հասկնալ ըսուածին հոգեւոր իմաստը, այլ խօսքով, բոլոր անոնք որոնք իրենց սիրտերուն մէջ գահ կը տրամադրեն Յիսուս Մանուկին եւ Յակոբի սերունդներուն նման հաւատարիմ կը մնան Աստուծոյ խոստումներուն եւ պատուիրաններուն:

Այսօր, դժբախտաբար, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Մանուկին ծնունդը կը նշենք առանց Անոր ներկայութեան: Իր ծննդեան առիթով կը հաւաքուինք, կ՚ուրախանանք, կ՚աւետենք զիրար, բայց իրականութեան մէջ Ինք ներկայ չէ մեր մէջ: Եկեղեցի կ՚երթանք, կը մասնակցինք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, սակայն դարձեալ Յիսուս Մանուկը բացակայ է, որովհետեւ մինչ Պատարագի ենք, կը մտածենք ինչպէս մեր ձեռքերուն մէջ եղող ճրագները վառենք, կամ մեր ձեռքերուն մէջ եղող ամանները օրհնուած ջուրով լեցնենք: Կը մասնակցինք Պատարագի, սակայն մեր մտածումներով Յիսուս Մանուկին հետ չենք, այլ այն հիւրերով, որոնք Պատարագէն ետք պիտի գան մեր տուն, եւ կը մտածենք պակաս բան մը մնացած չըլլայ, եւ եթէ յանկարծ յիշենք, որ բան մը պակաս է, կը ձգենք Պատարագը եւ կ՚աճապարենք, որպէսզի այդ «պակաս»ն ալ լրացնենք: Պատարագէն ետք ալ ժպիտը մեր դէմքերուն կը սկսինք աւետել զիրար ու շնորհաւորել Յիսուս Մանուկին ծննդեան կապակցութեամբ, այն ինչ Յիսուս Մանուկը չկայ եւ չկայ, եւ ցաւալին այն է, որ մենք յամառաբար կ՚անգիտանանք այդ իրողութիւնը: Կը հաւաքուինք եւ կ՚երթանք մեր տուները, տօնական սեղաններու շուրջ կը նստինք, կ՚ուտենք, կը խմենք, կենացներ կ՚ըսենք, բարեմաղթութիւններ կը փոխանակենք, ձեւի համար մէկ կամ երկու անգամ Մանուկ Յիսուսի անունն ալ կու տանք, նոյնիսկ Աստուածաշունչէն տող մը  կամ երկու կը մէջբերենք՝ աւելի հեղինակութիւն տալու մեր խօսքին, բայց դարձեալ Յիսուս Մանուկը բացակայ է: Տօնական ճաշկերոյթէն ետք կը սկսինք տունէ տուն շրջիլ՝ ծանօթներու, բարեկամներու, ընկերներու եւ ազգականներու, աւետելու համար Յիսուս Մանուկին ծնունդը, սակայն դարձեալ առանց Յիսուսի ներկայութեան: Եւ այսպէս ամբողջ տարին անձկութեամբ այս ծնունդին կը սպասենք, բայց երբ այս ծննդեան թուականը հասնի, բոլորը ներկայ կ՚ըլլան, բացի Ծնեալէն…:  Նուէրներ ու բարեմաղթութիւններ կը փոխանակենք, կ՚ուրախանանք, կը զմայլինք, կը հրճուինք, կարծէք մեր ծնունդն է, որ կը նշենք եւ ո՛չ Յիսուս Մանուկին:

Այս ամբողջ թոհուբոհին մէջ յանկարծ մեր դռները կը զարնուին: Իրարու երեսին նայելով, վստահ ըլլալով որ բոլորն ալ ներկայ են, կը զարմանանք, թէ ո՞վ կրնայ այդ պահին մեր դռները թակել: Ապշահար կը մօտենանք դուռը բանալու, կամաց մը կը բանանք, եւ կը տեսնենք անծանօթ մըն է, կտոր մը հաց կը խնդրէ եւ գաւաթ մը ջուր, որպէսզի իր անօթութիւնն ու ծարաւը յագեցնէ միայն. եւ ի՜նչ փոթորիկ, ի՜նչ զայրոյթ, ի՜նչ շանթեր կ՚ելլեն մեր աչքերէն, եւ փոխանակ ընդառաջելու այդ համեստ ու պարզ խնդրանքին, ինչ անէծք ըսես չենք թափեր այդ խեղճին վրայ եւ մեր ամբողջ զօրութեամբ դուռը կը փակենք անոր երեսին, ու կը վերադառնանք… ծնունդը նշելու…:

Ու այսպէս, այդ խեղճ ու թշուառ մարդը դռնէ դուռ կ՚անցնի յուսալով կտոր մը հաց եւ բաժակ մը ջուր գտնել, բայց ապարդիւն, բոլորն ալ զբաղած են ծնունդ նշելով: Ի վերջոյ, երբ այդ Թշուառականը կը յուսահատի եւ կը հասկնայ, որ պիտի չկարենայ ստանալ իր ուզածը, խուլ եւ ցուրտ անկիւն մը կը քաշուի, կը նստի ու կը սկսի Ինքն Իրեն մտածել ու ըսել.

-Լաւ, այսքա՞ն փոխուած եմ, այսքա՞ն անճանաչելի դարձած եմ անոնց համար, որոնք այսօր իրենց տուներէն ներս հաւաքուած ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ տօնական մթնոլորտով Իմ ծննդեանս տօնը կը նշեն: Արդեօք սխալա՞ծ եմ, արդեօք այսօր Իմ ծննդեանս տօնը չէ՞…

Մինչ այդ Թշուառականը այս մտածումներով տարուած, յանկարծ Իրեն կը մօտենայ մէկ այլ թշուառական մը, որուն տարածքին մէջ յայտնուած էր: Հեռուէն երբ թշուառականը կը նկատէ, թէ ինչ-որ մէկը իր տարածք մուտք գործած է, կը լարուի, կը ջղայնանայ, իր ձեռքին մէջ եղած փոքրիկ տոպրակը մէկ կողմ կը դնէ ու քայլերը կ՚արագացնէ դէպի անծանօթը: Այդ անծանօթին չհասած սակայն, մէկ անգամէն երեսին վրայ կը խոնարհի ու մինչեւ գետին կ՚երկրպագէ, ըսելով.

-Ո՜հ, Տէր իմ Յիսուս, այս ի՜նչ պատիւ է, որ այսօր ինծի պատահեցաւ: Տէրս ու Աստուածս, Որուն ծննդեան տօնն է այսօր, պատիւ ըրած է ինծի եւ այցելութեան եկած է այս աներդիք օթեւանս, -ու աւելի մօտենալով Թշուառականին, կը համբուրէ Անոր սուրբ ոտքերը:

Թշուառականը, որ զարմացած էր ականատես դառնալով թշուառականի այս ջերմ վերաբերմունքին, առաւել եւս անոր զԻնք ճանչնալու հանգամանքին, կը կռանայ, կը բարձրացնէ թշուառականը ու կը գրկէ զայն:

Թշուառականը աճապարանքով կը վերադառնայ դէպի իր տոպրակը, կը վերցնէ զայն եւ դարձեալ կը մօտենայ իր անկոչ Հիւրին: Տոպրակի մէջ եղած մի քանի կտոր չոր հացը, մէկ-երկու գլուխ սոխն ու կտոր մը պանիրը կը դնէ գետնին դրուած տոպրակի մը վրայ, կը խնդրէ իր Հիւրէն, որպէսզի օրհնէ եղածը: Անկոչ Հիւրը կ՚օրհնէ եղած ուտելիքը եւ միասին կը սկսին ճաշակել ու զրուցել:

Խեղճ թշուառականը չի՛ ալ իմանար, թէ ինչպէս մինչ կը խօսէր իր Հիւրին հետ, աչքերը փակուած էին ու քնացած: Առաւօտեան երբ աչքերը կը բանայ, իր Հիւրը արդէն այդտեղ չէր, բայց իր ամբոջ էութիւնը արտասովոր ջերմութիւն մը համակած էր, ջերմութիւն մը, որ իրեն համար անծանօթ ջերմութիւն չէր, բայց այս առաւօտ տարբեր ձեւով ջերմացուցած էր զինք: Իր դէմքը կը փայլէր, աչքերը ուրախութենէն կը շողային, սիրտն ու հոգին ջերմացած կը զուարթանային հասկնալով, թէ ի՜նչ պատիւի արժանացած էին զիրենք շաղախողին կողմէ, որով ծունկի գալով ու ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացնելով, բարձրաձայն կը գոչէ.

-Փա՜ռք ծննդեանդ ու այցելութեանդ Տէրս եւ Աստուածս:

Փա՜ռք յայտնութեանդ ու բարերարութեանդ Յիսուս Փրկիչ:

Փա՜ռք Սուրբ ծննդեանդ, ալէլուիա:

Մանուկ Յիսուսի ծննդեան տօնին առիթով երանի՜ թէ բոլորս ալ շնորհը ունենանք ճանչնալու եւ դիմաւորելու զԻնք մեր տուներէն՝ հոգիներէն ու սիրտերէն ներս, ջերմանալու Անով եւ Անկէ ստացած ջերմութեամբ ջերմացնելու մեր շրջանակը: Չնմանինք անոնց, որոնք բարկութեամբ իրենց դռները կը փակեն Տէր Յիսուսի դիմաց, սակայն յետոյ երբ Եկեղեցի երթան, կը սկսին բարձր ձայնով, Տէ՜ր, Տէ՜ր կանչել: Այդ ատեն վստահաբար ականջալուր պիտի ըլլանք Տիրոջ հետեւեալ խիստ խօսքին. «Անիծեալնե՛ր, հեռացէ՛ք Ինձմէ, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ, որ սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է։ Որովհետեւ անօթի էի՝ եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ եւ ջուր չտուիք, օտարական էի՝ եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ եւ չհագցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ՝ եւ սակայն այցի չեկաք Ինծի» (Մտ 25.41-43): Որպէսզի այս խօսքերը չլսենք, ընդհակառակը լսենք՝ «եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է։ Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք Ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք Ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք Ինծի» (Մտ 25.34-36): Իսկ եթէ հարցնենք մենք մեզի, թէ ե՞րբ այդ բոլորը ըրած ենք մեր Փրկիչին, ապա պիտի լսենք հետեւեալը. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ Իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, Ինծի ըրած եղաք» (Մտ 25.40), այսինքն՝ կարօտեալներուն, աղքատներուն, թշուառներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն, զրկեալներուն, եւ այլն:

Երբ մենք մեր կեանքը այս ուղղութեամբ կարգաւորենք եւ մեր կեանքը այսպիսով ապրինք, ապա կրնանք բարձրաձայն, ջերմութեամբ եւ ուրախութեամբ ողջունել զիրար, ըսելով՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ԾՆՈՒՆԴՆ ՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

3 յունուար 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022