«ՄԻՏՔ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ. 1976-1987 ԳՐԱԿԱՆ ՈՒ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ԷՋԵՐ»

Ընդամէնը ամիսներ առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսած այս հատորը կը նուիրուի 2015 թուականին կեանքէն հեռացած ֆրանսահայ գրող, մամուլի նուիրեալ Արփիկ Միսաքեանին, որ դուստրն է «Յառաջ»ի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի եւ հօր մահէն յետոյ ստանձնած է թերթի խմբագրի պաշտօնը, մինչեւ «Յառաջ»ի փակուիլը՝ 2009 թուականը: Ֆրանսայի մէջ 1925-2009 թուականներու միջեւ լոյս տեսած «Յառաջ» թերթը սփիւռքի կարեւորագոյն թերթերէն մին էր, որու թիւերը այսօր պատմական նշանակութիւն ունին հայ մամուլն ու սփիւռքը ուսումնասիրողներուն համար: «Յառաջ»ը այսօր պատմական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ այն առումով, որ Եւրոպայի հայերէն առաջին օրաթերթն էր, իսկ ատկէ առաջ ազգային-քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեան թերթը քանի մը համարով տպած է Երեւանի մէջ:

1976 թուականէն սկսեալ «Յառաջ»ի մէջ հրատարակուած է «Միտք ու արուեստ» միամսեայ յաւելուածը, որ մինչեւ 2009 թուականի ապրիլը լոյս տեսած է, բացի օգոստոս ամիսներէն ու հազուադէպ պարագաներէ: Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին կիրակին տպուելով եւ ընդհանուր 351 թիւ ունենալով իր արժանի տեղը գրաւած է հայ գրական մամուլի շարքին:

Ահաւասիկ, Երեւանի մէջ լոյս տեսած հատորը «Միտք եւ արուեստ. 1976-1987 Գրական ու վերլուծական էջեր» խորագիրը կը կրէ եւ յաւելուածին մինչեւ 1987 թուականի ժամանակահատուածը տպագրուած յօդուածներու ծաղկաքաղ մըն է: Հատորին յառաջաբանին մէջ նախկին պոլսահայ ֆրանսաբնակ գրող Արփի Թոթոյեան կը տեղեկացնէ, թէ նախատեսուած է երկրորդ հատորով մը ծաղկաքաղը շարունակել մինչեւ 2009 թուականի ապրիլի թիւը: Յատկանշական է տեսնել, որ «Միտք եւ արուեստ»ը լոյս տեսած տարիներուն Արփիկ Միսաքեանի խմբագրած օրաթերթին շուրջ համախմբուած են սփիւռքի կարգ մը մտաւորականներ, որոնք այս կամ այն նիւթով իրենց արժէքաւոր գրութիւնները յանձնած են այդ գրական էջին: Այդ յօդուածները նուիրուած են հայ ու օտար գրականութեան, տեսական ու քննադատական հարցերուն, գեղարուեստներուն, երաժշտութեան:

Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Միտք եւ արուեստ» հատորին մէջ ամփոփուած են միայն գրականութեան ու ժամանակակից գրական հարցերուն վերաբերող նիւթեր, որոնք իրենց առաջին հրատարակութենէն ասդին երբեք լոյս տեսած չեն երկրորդ անգամ: Գիրքին երեք համատեղ հրատարակիչները՝ «Սարգիս Խաչենց», «Փրինթինֆօ» ու «Անտարես» հրատարակչութիւնները, երկտողով մը վստահութիւն յայտնած են, որ սփիւռքահայ ծանօթ ու քիչ ծանօթ գրողներու կողմէ ստորագրուած այս էջերը տակաւին չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը: Ուստի այս վերատպութիւնը միայն սփիւռքի գրականութեան ու մտքի անցեալ մէկ փուլը չէ, որ կը փորձէ փրկել մոռացումէն, այլեւ յօդուածներու արդիականութիւնն է, որ կը ջանայ փոխանցել այսօրուան ընթերցողին:

«Միտք եւ արուեստ. 1976-1987 Գրական ու վերլուծական էջեր» հատորին մէջ կայ շուրջ հարիւրի մօտ յօդուած, որոնք կը պատկանին երկու տասնեակ հեղինակներու: Սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութեան մէջ ծանօթ այդ անուններէն ոմանք հեռացած են կեանքէն, սակայն անցեալ դարուն գրած անոնց յօդուածները այսօր ալ թարմ օրաթերթի էջերէն շնչող բոյրը ունին ընթերցանութեան սիրահարներուն համար:

Վահէ Օշական, Զուլալ Գազանճեան, Զարեհ Մ. Որբունի, Վահրամ Մավեան, Ուիլիըմ Սարոյեան, Վարուժան Գազանճեան, Հրաչ Զարդարեան, Գրիգոր Շահինեան, Նորվան Եպսկ. Զաքարեան, Գրիգոր Պըլտեան, Արփիկ Միսաքեան, Խաչիկ Թէօլէօլեան, Մարկ Նշանեան, Յարութ Կոստանդեան, Հ. Լեւոն Զեքիեան, Արփի Թոթոյեան, Անահիտ Կարմիրեան, Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, Զարեհ Խրախունի, Յակոբ Փափազեան, Ժիրայր Միրիճեան եւ այլք… ահա հեղինակներ, որոնց անունները առաջին անգամ միասին տեղ գտած են մէկ գիրքի մէջ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տան այն ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին իրենց լաւագոյն ստեղծագործական տարիները ապրած են անոնք՝ ըլլալով իրարու ժամանակակից, իրարու՝ գրչակից:

Հատորի կազմութեան մէջ մեծ աւանդ ունի «Յառաջ»ի խմբագիրներէն Արփի Թոթոյեան, որ իր գրած յառաջաբանին մէջ կը տեղեկացնէ, թէ ներկայ հատորը երեսուն տարուան հեռաւորութենէն կը շարունակէ Արփիկ Միսաքեանի հրատարակած «Յառաջ 50» (1976) եւ «Յառաջ 60»ով (1987) սկսած շարքը: «Կը հետապնդէ նոյն նպատակը. «Յառաջ»ի թիւերէն ծաղկաքաղով մը հետաքրքիր ընթերցողին աւելի դիւրաւ մատչելի դարձնել էջեր, որոնք ժամանակին տոկալու ամէն յատկանիշ ունին, բայց դատապարտուած էին թերթի մը վիճակուած անխուսափելի ցրւումի վիճակին մէջ մնալու: Արդ, ընթերցողին դժուար հասանելի պիտի մնային անոնք, նոյնիսկ ամփոփուած ըլլալով հաւաքածոներու մէջ եւ նոյնիսկ եթէ այդ հաւաքածոները գտնուէին յարգելի գրադարաններու մէջ: Թուայնացման արդի ժամանակը պիտի կրնա՞ր բոլորովին բառնալ այդ դժուարութիւնը», կը գրէ Արփի Թոթոյեան: Ան նաեւ կը տեղեկացնէ, որ յաւելուածին համար սկիզբէն որոշուած էին կարգ մը կանոններ: «Հոն տեղ կը տրուէր մեծ մասով ստեղծագործական անտիպ էջերու՝ արձակ, քերթուած, գրադատութիւն, յուշագրութիւն, եւ այլն, հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով: Կ՚ըլլային հարցազրոյցներ, թարգմանական էջեր, մշակութային ու սփիւռքեան հարցերու վերլուծումներ, կարեւոր նախաձեռնութիւններու արձագանգներ, արուեստի նիւթով ու արուեստագէտներու մասին գրութիւններ... Այս թիւերուն մէջ տակաւին ներկայութեան իրաւունք տրուած էր լուսանկարին. բան մը որ շատ բացառիկ երեւոյթ էր «Յառաջ»ի առօրեայ թիւերուն համար», յաւելուածին մասին կը յիշեցնէ Թոթոյեան: Սփիւռքի զանազան քաղաքներէն, նաեւ՝ Երեւանէն, Մոսկուայէն, Պոլիսէն գրողներ հանդէս եկած են «Միտք եւ արուեստ»ի էջերուն մէջ՝ 33 տարուան ընթացքին շուրջ 1500 գրութիւն լոյս տեսած է…

Հատորին խմբագիրը լիբանանահայ մտաւորական, գրող, փիլիսոփայ, փարիզաբնակ Գրիգոր Պըլտեանն է, իսկ գիրքը Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հովանաւորութեամբ:

Ներկայացուող գրութիւնը մէկն է «Միտք եւ արուեստ» հատորի մօտ ինը տասնեակ գրութիւններէն: Ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքը արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչիկ Թէօլէօլեան, «Միտք եւ արուեստ»ին մէջ լոյս տեսած է 1979 թուականին: Ինք՝ Սարոյեան, զայն գրած է նոյն թուականին: (Խորագիրը «Յառաջ»ինն է)

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ ԱՆՑԵԱԼԻ ՄՇՈՒՇԷՆ

Օր մը աշխարհի մեծ հայերէն մէկը անցաւ Ֆրեզնոյի փողոցներէն. վայելչօրէն հագուած մարդ մը, որուն տեղացի չըլլալը ակնթարթի մը մէջ յայտնի էր: Գուցէ 34 տարեկան էր. ես ինը կամ տասը տարու էի: հայ էր, այդ մասին կարելի չէր սխալիլ, սակայն միաժամանակ յայտնօրէն մեր շրջապատի հայ չէր. ըսեմ՝ մեր ամբոխի տեսակէն հայ չէր. -անձ մըն էր, որ իր դիմագիծն ու անհատականութիւնը չէր կրնար կորսնցնել որեւէ խմբակի, ընտանիքի, ազգի, հասարակութեան, մշակոյթի կամ կրօնքի մէջ: Ինք, ի՛նք էր միայն ու այնպիսի հով մը ունէր, որ զինք տեսնողը կը ստիպուէր կամ հաճոյք զգալ եւ կամ բարկանալ: Արագաշարժ էր, գրեթէ գոռոզի տպաւորութիւն ձգող: Կակուղ մոխրագոյն ֆէտօրա գլխարկ մը գլխուն, քղամիդի նմանող սեւ բուրդէ վերարկու մը ուսերուն, ադամանդեայ զարդասեղ մը փողկապին վրայ, տաբատը գծաւոր, կօշիկները բարձրորակ կաշիէ շինուած, օփերայի մուճակներու ոճով, կը ճեմէր փողոցները, իր գեղեցիկ գաւազանը շքաւոր ձեւերով օրօրելով:

Օր մը, 1919-ին էր, եկաւ ինծի, երբ թերթ կը ծախէի Ռիփապլիքըն շէնքին անկիւնը, փօսթ-օֆիսի առաքման շէնքին դիմաց փողոցը, ու այս խօսքերը ըսաւ. «Վաղը առաւօտ ժամը ութին «0» փողոցի թիւ 848 տունը գնա՛. հոն 100 օրինակ «Ցախաւել» պիտի ստանաս: Ա՛ռ, քաղաք բեր եւ կէս ժամէն ծախէ, հատը հինգ սէնթի»:

Եւ հեռացաւ:

Բայց պողոտային միւս կողմը կեցաւ նորէն, Էտտի Էմէրեանին հետ խօսելու համար, ու ճիշդ այդ վայրկեանին Ռօուըլ շէնքին անկիւնէն Հափ Ֆարմանեանը վազելով ինծի մօտեցաւ:

«Ո՞վ է այդ մարդը» հարցուց:

Մարդը նոյն րոպէին սկսաւ քալել նորէն, իր գաւազանը շարժելով, կարծես Եւրոպան ի՛նքն էր, որ կը ճեմէր Վան Նէս փողոցն ի վեր, իր լիօրէն ծաղկած իմաստութեամբ եւ նշանակութեամբ. կարծես թէ 1919 թուականի այդ ապրիլին հին Եւրոպան յուսահատական պայքար մը չէր մղեր, ինքզինքը վերագտնելու համար, Համաշխարհային պատերազմէն ետք. պատերազմ մը, որ մարդկային ցեղին այդչափ հարստութիւն եւ կեանք արժած էր:

Ով ըլլալը չէինք գիտեր ուրեմն. սակայն որոշեցինք, որ կ՚արժէր 484 «0» փողոց երթալ ու ճանչնալ զինք: Բայց երբ մենք՝ երեք տղեկներս, յաջորդ օրուան առաւօտեան ժամը ութին հասանք տրուած հասցէին, մարդը հոն չէր: Ծերուկ ֆրեզնոցի կին մը մեզի մեր ստանալիք թերթերը տուաւ. կին մը, որ կը հաւատար, որ անանուն մարդը թէ՛ «Ցախաւել»ին խմբագիրն էր, թէ՛ աշխարհի մեծ մարդոցմէն մէկը:

Ես ալ պատճառ չունէի այս արժեւորումին հետ վիճելու, թէեւ միաժամանակ տարտամ ձեւով կը հասկնայի, որ անընդունելի բան մը կար մարդուն վրայ. շատ հպարտ էր, շատ ինքնավստահ, նոյնիսկ Պուքրէշէն, Սօֆիայէն, Հռոմէն, Վիեննայէն, Փարիզէն, Պերլինէն, Լոնտոնէն եկողի մը համար. եւ կամ ո՛վ գիտէ, Աթէնքէն, Պոլսէն, Տրապիզոնէն կամ Էրզրումէն եկողի մը համար: Անկասկած, ուղն ու ծուծով հայ էր մարդը, բայց եւ այնպէս, ամէն մէկ վայրկեանի ընթացքին, երբ տեսայ զինք, Պուքրէշ բառը եկած էր միտքս: Ա՛յդ տեսակի հայ մըն էր: Հեռաւոր, անծանօթ քաղաքի հայ:

«Ձեր թերթերը ծախեցէ՛ք», ըսաւ ծերուկ կինը, «եւ վերադարձէ՛ք ուրիշ օրինակներ ստանալու համար»:

Երեք ժամ ետք, ժամը 11-ին, հայ թերթ ծախողներէն ոչ մէկը կրցած էր նոյնիսկ մէկ օրինակ վաճառել, հակառակ անոր որ անանուն մարդը մեզմէ եօթը կամ ութը տղեկ զօրաշարժի ենթարկած էր:

Կէսօրին, երբ թերթերը վերադարձուցի կնոջ «0» փողոցի 484 թիւ տան մէջ, ըսի, «Այմ սորի, կը ցաւիմ, բայց բոլոր սրճարանները գացի, «Արարատ», «Հայրենիք», «Մասիս», ոչ ոք ուզեց հինգ սէնթ ծախսել: Ո՞վ է այդ մարդը, խնդրեմ ըսէ՛ք»:

«Մեծ մարդ մըն է» ըսաւ կինը: Ուրիշ ոչ մէկ խօսք:

Իսկ ես պատասխանեցի. «Պիտի ուզէի այս թերթէն օրինակ մը տուն տանիլ, մօրս համար, ընթերցող է, կը սիրէ թերթ կարդալ»:

«Հատը հինգ սէնթ է», ըսաւ ծեր կինը:

«Ես դրամ չունիմ», ըսի ու վարանեցայ աւելցնելու որ չորս ժամ անվճար աշխատած էի: Այդ տեսակի խօսքեր չէինք ըսեր այդ օրերուն: Կամ կ՚ընէինք մեր ստանձնածը, կամ ոչ:

«Շատ լաւ», ըսաւ կինը, «ա՛ռ օրինակ մը: Երբ հինգ սէնթ ունենաս, կը վճարես»:

Թերթը առի, տարի տուն: Երբ մայրս վերադարձաւ Ցուկընհայմէն, ուր թուզերը տուփերու մէջ տեղաւորելու գործը կ՚ընէր, առաւ թերթը, նայեցաւ ծալլուած, սպիտակ էջերուն եւ աչք մը նետեց ծաղրանկարներուն վրայ: Յաջորդ օրը համարձակեցայ հարցնել իրեն. «Ի՞նչ է այդ թերթը, «Ցախաւել» բառը ի՞նչ կը նշանակէ»:

Մայրս բացատրեց, որ երգիծաթերթ մըն էր թերթը, եւ անոր բառը անգլերէնով կարելի չէր ճշգրիտ թարգմանել. Րոնկ Պրում, «սխալ աւել»ի պէս բան մըն էր «ցախաւել»ը ըստ իրեն: Հարցուցի թէ թերթը որակ ունէ՞ր, պարունակութիւնը լա՞ւ էր:

«Օ, այո», ըսաւ մայրս: «Շատ լաւ է, շատ սրամիտ»: Ու այդպէս փակուեցաւ նիւթը:

Երեւի թէ «Ցախաւել»ի գնորդներու պակասը հայ մեծ մարդուն թելադրած էր որ 1919-ի Ֆրեզնոն տնտնալիք տեղ մը չէր իրեն համար: Ի վերջոյ մէջտեղ ելաւ որ մէկ տղեկ յաջողած էր մէկ օրինակ ծախել. Բայց որո՞ւն. Ամերիկացիի մը: «Գինո՞վ էր գնորդը», հարցուցի այդ տղեկին, քանի որ ամէն լակոտ որ թերթ ծախած է, գիտէ որ գինետունը լաւ յաճախորդ կը հայթայթէ իրեն. խմած մարդը յաճախ ծախսող մարդ է:

«Ոչ», ըսաւ ան (Հափ Ֆարմանեանն էր): «Գինով չէր, իմ կարծիքով՝ համալսարանի փրոֆէսէօրներէն էր: Վճարեց, թերթը բացաւ, ծաղրանկարներուն նայեցաւ յետոյ նորէ՛ն զննեց էջերը, ծալլեց ու գրպանը դրաւ խնամքով. կարծես թէ գիտէր որ կ՚արժէ պահել»:

Հիմա ես հարցում մը ունիմ ընթերցողներուն: Արդեօք կա՞յ մէկը որ գիտէ թէ ո՛վ վաթսուն տարի առաջ Ֆրեզնոյի մէջ «Ցախաւել» անունով թերթ մը հրատարակեց: Պիտի ուզէի գիտնալ:

Յաւելեալ, 1919-ի այս վաթսունամեակին պիտի ուզէի գիտնալ որ արդեօք կա՞ն ընթերցողներ, որոնք Խոսրով Բագրատունի կոչուող անձի մը մասին տեղեկութիւն ունին. անձ մը, որ 1919-ի մօտ Ֆիլատելֆիոյ մէջ ձայնապնակ մը պատրաստած է, որուն վրայ արձանագրուած էին «Բարձր սարեր» եւ «Սեւ կաքավիկ» երգերը: Անցեալին, այս երկուքը մեծ մարդ թուեցան ինծի, ու տակաւին այդպէս կը թուին:

Մանրամասնութիւններ կ՚ուզեմ:

ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Արփիկ Միսաքեան ծնած է 1 փետրուար 1926-ին, Փարիզ։ Միայն ֆրանսական վարժարանի ուսումնառութենէ ետք, հօրը թելադրութեամբ սկսած է աշխատակցիլ «Յառաջ»ին։

Հօրը անակնկալ մահով (1957 թուականի յունուարը) ինքզինք կը գտնէ թերթը գլխաւորելու պաշտօնին վրայ։ Ան կ՚ըլլայ անոր թէ՛ տնօրէնուհին, թէ՛ խմբագիրը, ամբողջ 52 տարի, մինչեւ փակումը՝ 31 մայիս 2009 թուականը։

1957 թուականի սեպտեմբերէն սկսեալ, իր ջանքերով, «Յառաջ»ը ունեցած է իր տպարանը, ուրկէ օրաթերթին առընթեր լոյս տեսած են «Յառաջ» մատենաշարի շուրջ երեսուն հատորներ. Շահնուր, Նարդունի, Զուլալ Գազանճեան, Թէօլէօլեան, Պըլտեան, եւ այլն։ 1973 թուականի մայիսին, շնորհիւ խումբ մը բարեկամներու, «Յառաջ» ունեցած է սեփական խմբագրատուն։

1976 թուականի դեկտեմբերին սկսած են լոյս տեսնել «Միտք եւ արուեստ»ի ամսական թիւերը, բոլորովին ստեղծագործական գրութիւններով, որոնք ստորագրուած են սփիւռքի գրող-մտաւորականներու ընտրանիի մը կողմէ։

Արփիկ Միսաքեանի վերջին գործը եղաւ հօրը՝ Շաւարշ Միսաքեանի բանտի տարիներու (1916-1918) օրագրութեան՝ «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը։ Հայերէն եւ ֆրանսերէն անջատ հատորներով գործը լոյս տեսաւ 2015-ի գարնան, «Փարանթէզ» հրատարակչատունէն, որպէս արդիւնքը հօր ու աղջկայ վերջին գործակցութեան։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019