«ՎԵՐԹԵՐ»ՆԵՐՈՒ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐԸ

Այնպիսի ժամանակներու մէջ կը գտնուինք, որ գրեթէ իւրաքանչիւր անձ, ընկերային ցանցերու վրայ ուրախ հոգեվիճակ մը ցոլացնելով հանդերձ իր հետեւորդներուն, կ՚ապրի տառապալից, տխուր ու տագնապներով լի կեանք մը՝ մանաւանդ անպատասխան սիրոյ պատճառով։ Թէեւ ոչ մեծամասնութեամբ, սակայն ոմանք կը դիմեն ինքնասպանութեան, ինչ որ ներկայիս երիտասարդ սերունդի մօտ եւս աճ կ՚արձանագրէ՝ անկախ նիւթական վիճակէն, բնակավայրէն կամ կրթութեան որակէն ու մակարդակէն։

1974 թուականին Տէյվիտ Ֆիլիփս իր կատարած հետազօտութեան հիման վրայ յառաջ քշեց այն վարկածը, թէ ինքնասպանութիւնը փոխանցիկ է։ Ըստ իրեն, երբ թերթերու մէջ կը հրատարակուի ինքնասպանութեան մասին լուրեր, այդ դէպքերու մակարդակը աճ կ՚արձանագրէ 12 տոկոսով։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նպատակադրած էր ինքնասպանութեան թիւերը նուազեցնել՝ պատրաստելով այդ դէպքերու մասին լուրերու մատուցման վերաբերեալ տեղեկագիր մը, ըստ որու դէպքերը պէտք չէ մանրամասնուին, կարեկցանք, հետաքրքրութիւն կամ յուզմունք յառաջացնեն։ Այսինքն՝ պէտք չէ ըլլան հրատարակութիւններ, որոնք կը խրախուսեն ինքնասպանութիւնը։ Այնուամենայնիւ, գիտենք նաեւ, որ մարդիկ ինքնասպան չեն ըլլար միայն այն պատճառով, որ անոնք կարդացած են ինքնասպանութեան մասին գիրք կամ որեւէ գրառում։ Ընկերային զանազան պայմաններու բերումով անձկութենէ տառապող մարդիկ եթէ կարդան սոյն նիւթի մասին գրառում մը, կրնայ իրենց համար խրախուսական ըլլալ՝ նման ձեւով վերջ տալու համար իրենց կեանքին։

Անհնար եւ անպատասխան սէրէ տառապած երիտասարդ Վերթերն ալ խորհած է, թէ իր ցաւերէն փրկուելու միակ ելքը ինքնասպանութիւն գործելն է։ Տխուր, մելամաղձոտ տողերով գերմանացի յայտնի գրող Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէ ընթերցողները ներքաշած է այդ տանջանքներու մէջ։ Մարդիկ իրենց տառապանքները, նեղութիւնները տեսած են Վերթերի ցաւերուն մէջ եւ հաւատացած, որ սիրոյ զգացումը պէտք է ըլլայ այնպէս, ինչպէս Վերթեր զգացած է։ Գիրքի հրատարակութենէն յետոյ բազում երիտասարդներ սկսան ինքնասպանութիւն գործել՝ ինչպէս Վերթերը։ Այդ ժամանակ նորաձեւութիւն եղաւ ո՛չ միայն Վերթերի նման հագնիլը, այլեւ՝ ինքնասպան ըլլալու միտումը։

Մենք կ՚ապրինք «սպառողական» ժամանակաշրջանին, երբ անհատ մը սկսած է արժեւորուիլ հասարակութեան մէջ իր դիրքի, հարստութեան եւ ձեռք բերած համբաւին միջոցաւ։ Ներկայիս շատերու կողմէ կ՚ընկալուի, թէ յաջող անհատն է հարստութեան տիրացողը։ Այնուամենայնիւ, կեանքի իրողութիւններու եւ ընկերային պարտադրանքներու ու պատասխանատուութիւններու միջեւ անջրպետ մը կայ։ Այսօր, իւրաքանչիւր չորս երիտասարդէ գրեթէ մէկը գործազուրկ է։ Անոնք, որոնք կ՚աշխատին, ո՛չ բարձր դիրք, ո՛չ ալ նիւթական բարւոք վիճակ ունին՝ «սպառողական հասարակութեան» պահանջները բաւարարելու համար։ Բաց աստի, աշխարհի նոր տնտեսական կարգավիճակին ներքեւ երիտասարդները յուսահատութեան կը մատնուին՝ տեսնելով, որ անոնք չեն կրնար հասնիլ այնպիսի յաջողութիւններու՝ ինչպէս տուն հիմնել, կանոնաւոր աշխատանք ունենալ, որոնց նախորդ սերունդը հասած էր իր 30-ական տարիքին։ Երիտասարդներ, որոնք կը փորձեն օրինականօրէն հասնիլ իրենց նպատակներուն, բայց չեն կրնար յաջողիլ, կը զգան անյագութիւն եւ չեն կրնար քայլ յարմարցնել իրենց ապրած ընկերային միջավայրին։ Անոնք զիրենք առհասարակ կը զգան միայնակ, անյաջող եւ «լքուած»։ Այս պարագան ալ կը յարուցէ ինքնասպանութեան միտում կամ ուղղակի՝ գործողութիւն։ Մենք այլեւս չենք կրնար ծրագրել կամ կանխատեսել ապագան եւ հասած ենք այն կէտին, ուր այլեւս չենք կրնար նոյնիսկ երազել։ Սա կրնայ յուսահատութեան եւ հիասթափութեան տանիլ բոլորս։

Եթէ ճիշդ օգտագործենք կրակը, կը տաքցնէ մեզ եւ կը լուսաւորէ մեր ճանապարհը։ Համացանցն ալ կը նմանի կրակի. սխալ օգտագործման պարագային կրնայ ամէն ինչ այրել՝ ներառեալ մեզ։ Միլիոնաւոր երիտասարդներ «յառած են» համացանցի։ Անոնք պատրաստ են ընդօրինակել ոեւէ մէկը եւ նմանիլ անոր։ Հետեւաբար, ինքնասպան եղած մարդոց թողած նամակները բաժնել, թէկուզ բարեխղճօրէն, քաջալերական, խրախուսական են։ Յատկապէս ընկերային ցանցերու մէջ երիտասարդներ ականատես կ՚ըլլան, որ իրենց տարեկիցները կամ բարեկամական շրջանակը աներեւակայելիօրէն պայծառ ու երջանիկ կեանք կը վարեն, անդորր են, ունին ուժ եւ լաւ արտաքին տեսք… Սակայն սա պատրանք է։ Երիտասարդ մը, որ չի կրնար զանազանել իրողութիւնն ու պատրանքը, կ՚իյնայ անձկութեան, ընկճումի ծոցին, չի կրնար անդրադառնալ իր սեփական արժանիքին ու կը կորսնցնէ ինքնավստահութիւնը։

Երբեմն ծնողներ մեծ ակնկալիքներ ունին՝ իրենց զաւակը լաւագոյն դպրոց մը ուղարկելու կամ շահաբեր գործ մը գտնելու մասին եւ այս բանը սովորաբար կ՚ընեն՝ իրենց զաւակները բաղդատելով դրացիներու կամ դպրոցի ընկերներու հետ։ Սա երեխայի մօտ կը յառաջացնէ վախ՝ չկարենալ բաւարարելու մտահոգութեամբ այս սպասումը։ Ծնողներ անձկութիւնը կրնան շփոթել «պատանեկութեան» կամ դիւրայուզութեան հետ, այս պատճառով ալ չեն կրնար արհեստական օգնութիւն ստանալ իրենց հարցերը լուծելու համար։

Ինչ կը վերաբերի ինքնասպան եղած անձերու ետին թողած նամակներուն՝ մարդիկ առաջին հերթին կը նային դէպքի պատճառին։ Այդ գրառումները կը պարունակեն բազմաթիւ «պատճառաբանութիւն»ներ, իբր այդ ալ պէտք չէ կարդալ եւ տարածել զանոնք ձեռքէ ձեռք։ Անոնք կրնան խթանել ծանր հոգեկան անհանգստութիւն ունեցող մարդիկը, որոնք հակուած են ինքնասպանութեան գաղափարին։ Պէտք է առաւել ազդու միջոցներու ձեռնարկուին ամրապնդելու համար ընկերային՝ մանաւանդ ընտանեկան յարաբերութիւնները, կապերը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2024