ԼՈՒՍԱՇՈՂ ՄԵԾ ՀԱՅՐՍ

Մեծ հօրս աչքերը ծերացած ծով էր, 
Արեւի շող էր ու կեանքի տող էր…

Զաւէն պապիիս հետ կապուած յիշատակներս հատիկ-հատիկ փաթեթաւորած եմ ու կը պահեմ ապահով տեղ մը։ Ժամանակ առ ժամանակ կը թարմացնեմ, ոչ թէ անոր համար, որ չմոռնամ, այլ որովհետեւ յաճախ կը զգամ անոր՝ ինծի համար անթերի, ազնուաբարոյ մարդու կարիքը, որու հետ շատ կապուած էի ու որմէ շատ բան ունիմ սորված։ Զաւէն պապս կը նմանէր իր ճիւղաւորուած արմատները մայր հողին մէջ խոր մխրճած դարաւոր կաղնիի մը։ Մեծ հայրս ծառերու այդ թագաւորի պէս պինդ, անկոտրուն ու անսասան էր. քչախօս էր, միայն անհրաժեշտութեան պարագային կը խօսէր, ոչ մէկ աւելորդ բառ կ՚արտաբերէր։ Ան իմ ճանչցած ամենէն բարի, հաւասարակշռուած, համեստ ու արդար, կեանքի իմաստութիւնը կրող անձ մըն էր։ Թերթատած էր մեծ մօրս գրադարանի բոլոր գիրքերը։

Պզտիկութենէ ի վեր շատ կապուած էի մեծ հօրս հետ։ Զաւէն տետոս այնքան շատ կը սիրէի, որ միշտ անոր յատուկ գաւաթովը ջուր կամ թէյ կը խմէի, անոր մեծ մուճակները կը հագնէի։ Ամէն անգամ աշխատանքէն վերադարձին եթէ մուճակները տեղը չգտնէր՝ ինծի կը ձայնէր.

-Արեւիկ ո՞ւր են մուճակներս, շուտ բե՛ր։ 

Անոր գործածած բառերէն ամենէն շատ «մատաղ ինիմ»ը կը յիշեմ։ Ինծի միշտ «Արեւիկ մատաղ ինիմ» կը դիմէր։ Յաճախ զիս իր քովը կը կանչէր, ծոցագրպանէն գումար կու տար ու կ՚ըսէր.

-Մատաղ ինիմ (մատաղ ըլլամ), խանութէն տուփ մը ծխախոտ ա՛ռ, եկուր, մանրուքով ալ ինքզինքիդ շաքար կամ ծամոն կ՚առնես։

Ամէն անգամ, երբ մայրս մեր վրայ բարկանար, ան միշտ մեզ կը պաշտպանէր։

-Անահիտ, քովս տղոցը չբարկանաս, առաւել եւս չհամարձակիս անոնց վրայ ձեռք բարձրացնելու, հակառակ պարագային ես ալ քեզի պիտի խփեմ։ Ես տունը չեղած ատեն, ինչ ուզես ըրէ, բայց քովս թոռնիկներուս վրայ չըլլայ թէ ձայնդ կամ ձեռքդ բարձրացնես։

Մայրս ալ գանգատելով կը պատասխանէր.

-Ասոնց շատ երես մի՛ տուր, վաղը միւս օր, երբ որ մեծնան, գլուխիս վրայ պիտի նստին։

Ես ու եղբայրս ալ խորամանկ աղուէսի պէս, մեծ հօրս բացակայութեան բարի կը կենայինք, երբ ան տուն վերադառնար յանկարծ կը փոթորկէինք։ Չէ՞ որ մեծ հօրս ներկայութեամբ մայրս մեզի ոչինչ կրնար ընել։ 

Անհամբեր կը սպասէինք Զաւէն պապիիս վերադարձին։ Գրեթէ ամէն օր, ան մեզի շաքար, ծամոն, տեսակ-տեսակ տուրմեր կը բերէր։ Իսկ եթէ օր մը ձեռքերը պարապ գար, անպայման 25 դրամ կու տար ու կ՚ըսէր.

-Գացէ՛ք, ռուսի Նինայէն մէկ բաժակ կուտ առէ՛ք։ 

Մենք ալ հինգ-վեց տարեկան տղաք, տակաւին թիւերը չէինք ճանչնար, միայն գիտէինք, որ թուղթէ 25 դրամնոցը՝ որու վրայ կենդանի մը կայ պատկերուած, համարժէք է բաժակ մը  կուտի։ 

Կարծեմ, մեծ հայրս չէր գիտեր հայհոյելը ինչ է։ Անոր բառամթերքի ամենէն կոպիտ բառերն էին՝ ապուշ, յիմար, անդաստիարակ ու նեմեց (գերմանացի)։ Երբեմն մեծ մօրս հետ կը վիճաբանէին, տատիկիս կ՚ըսէր.

-Ա՜ կարողայ տու նեմե՞ցս (չըլլա՞յ թէ դուն գերմանացի ես)։

Իզապելլա մեծ մայրս մինչեւ հոգւոյն խորքը կը վշտանար։ Իրարու նեղացած մեծ հայրս կ՚երթար կը պառկէր։ Կը նայէր վերեւ՝ մտքերով կը թափառէր երիտասարդութեան տարիներուն մէջ, մէյ մըն ալ կը տեսնես՝ ակամայ կը ժպտար, ո՞վ գիտէ, ի՞նչ յիշած էր։ 

Ամէն հրաժեշտ իւրովի մեծ հետք կը ձգէ։ Ամէն անգամ առանձնայատուկ ձեւով մը կը զգաս հեռաւորութեան մէջ կարօտի ազդեցութիւնը, որ աւելի ուշ պիտի շեշտուի։ Ան ինքզինք կրնայ զգացնել քանի մը ժամով, կամ վայրկեանով եւ կամ աւելի վատ՝ հրաժեշտի պահուն՝ գիրկիդ մէջ ամուր պահած։

Այլեւս իններորդ մե՜ծ շրջանն է, որ նախապէս ուսման, այնուհետեւ օտար երկրի մը մէջ ընտանիք կազմելու պատճառաւ տունէ-տեղէ հեռու կը գտնուիմ։ Միտքս երբեւէ համաքայլ չէ, ա՜խ երանի թէկո՛ւզ պայուսակիս մէջ կարենայի պահել։ Ոչ, այն Արցախի մեր տունին մէջ է՝ երջանկայիշատակ պապիկիս ու տատիկիս հետ։ Ահաւասիկ, մեծ հայրս ու մեծ մայրս ակամայ ստիպեցին, որ զգամ անվերադարձ կարօտի դառնութիւնն ու քարկոծել հրաժեշտը, որ ընդհանրապէս գոյութիւն ունի։ 

Այսօր դժուար է ապրիլ կեանքը առանց հրեշտակ դարձած մեծ հօրս։ Ամէն բան այնքա՜ն կը քաղցրանար, երբ անոր հետ կը զրուցէի, երբ իր կնճռոտ ճակատէն քրտինքը սրբելով՝ պատմութիւն կամ հէքեաթ մը կը պատմէր ինծի։ Գիտէ՜ի, գիտէի, որ անոր իւրաքանչիւր կնճիռը պատմութիւն մը, հոգ մը տեսած էր, պարզապէս ան միշտ բարին կը դաջէր սրտիս մէջ։ Ուսանողական տարիներուս, ամէն անգամ, երբ Արցախ կը դառնայի ու հեռուէն կը նշմարէի մեծ հօրս կարօտաթաթախ ու հիացական հայեացքը, ես ալ կը յուզուէի ու ա՛լ աւելի պարտաւորուած կը զգայի անոր սպասումները արդարացնելու։ Իսկ երբ կը սուզուէի անոր գիրկին մէջ, մանկութեան անհոգ օրերը զիս կը պարուրէին։ Ակամայ կը դառնայի թռչնակ, որ բոլոր տեսակի խենթութեան ու ծամածռութեան պատրաստ կ՚ըլլար, որպէսզի ցամքեցնէր պապիիս արցունքներու անխնայ հոսքը, սակայն մեծ հայրս գրկելով արցունքներու հունը աւելի կը վարարեցնէի։ Իւրաքանչիւր բառ արտաբերած ատեն, կաթիլ մը արցունք կը պոկուէր ու կ՚իյնար ակօսուած դէմքին։ Այլեւս ծերացած էր եւ արցունքները ակամայ շիթ առ շիթ կը հոսէին…  Ծոցագրպանէն հինգ հազար դրամ հանելով ամօթխած կ՚ըսէր.

-Արեւիկ մատաղ ինիմ, այս փողը վերցուր, մէկ կարիքդ կը հոգաս։ Ներողամիտ գտնուէ, աւելին չեմ կրնար տալ, գիտես հանգստաթոշակս ծայրը ծայրին կը բաւէ։

Միշտ կ՚ըսէր, թէ յոյսս դուն ես, լաւ սորվէ, որպէսզի բանի մը կրնաս հասնիլ… Ա՜խ տետօ, երանի թէ տեսնէիր, որ քու բոլոր սպասումները գրեթէ յաջողեցայ արդարացնելու… Երանի՜ թէ ծանօթանայիր, գի՛րկդ առնէիր քու անունը պատուով կրող մէկուկէսամեայ Զաւէնիկ ծոռնիկդ, որու երկար ու գեղեցիկ մատները քու մատներուդ կը նմանին, որ քու բարի ու ազնիւ բնաւորութիւնը ժառանգած է… 

Այսօր՝ ապրիլի 5-ին, դուն 88 տարեկան պիտի դառնայիր։ Հինգերորդ տարին է, որ առանց քեզի տարեդարձդ կը նշենք։ Աւա՜ղ ուշ մնացի, քեզի ու տատիկի հետ կապուած երազներս անկատար մնացին։ Ինքզինքիս խոստացած էի, որ ձեր ամէն մէկ օրը տօն պիտի դարձնեմ, սակայն…  Այսօր առանց քու ֆիզիքական ներկայութեան ես իմ փոքրիկ ընտանիքով կը նշեմ տարեդարձդ։ Ապրիլի 5-ը, որպէս յատուկ օր, մեր փոքրիկ թագաւորութեան մէջ կարմիր ներկած ենք։ Օրը կ՚անցնի քեզ յիշելով, մեծարելով, երեկոյեան մեր ճաշասեղանի զարդը պիտի հանդիսանայ, քու ամենէն սիրելի «Վինեկրետ» աղցանը։

Տետօ, դուն հսկայ մըն ես՝ առ յաւէտ տեղաւորուած իմ պզտիկ սրտին մէջ… Իմ յաւերժի ճամբորդ, միայն Աստուծոյ յայտնի է, թէ որքան թանկ ես դուն ինծի համար։ Յաւերժ իմ սրտի, մտքի ու հոգիի մէջ ապրող մանկական թագաւորութեանս՝ միակ իրական թագաւո՛ր,

Աստուած հոգի՛դ լուսաւորէ, լոյսերու մէջ պառկի՛ս տատիկիս հետ միասին…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019