ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԶԵԿՈՅՑ. ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԴԺԲԱԽՏ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ

Այն պահուն, երբ մարդիկ համաճարակներու, պատերազմներու եւ տնտեսական ծանր տագնապներով մթնոլորտին մէջ երջանկութիւն կ՚երազեն, հրապարակուեցաւ երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցը, ուր երիտասարդութեան կեանքին մասին ահազանգ կայ: Բրիտանական «Կարտիըն» եւ «Պի. Պի. Սի.» կայքերը անդրադարձած են այս երեւոյթին:

*

Երեսուն տարեկանէն վար մարդիկ աշխարհի որոշ շրջաններու մէջ միջին տարիքի յատուկ տագնապներ կ՚ապրին, բացայայտած է նոր զեկոյց մը:

Երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցը կը ներկայացնէ տրամադրութեան տարեկան վարկանիշ մը ամբողջ աշխարհի մէջ եւ առաջին անգամ կը բաժնէ տուեալները՝ ըստ տարիքային խումբերու:

Երիտասարդներու միջին երջանկութիւնը Արեւմուտքի մէջ անկում կ՚ապրի, պարզած է զեկոյցը:

Այս փոփոխութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դուրս մղեց ընդհանրապէս ամենէն երջանիկ 20 երկիրներու ցուցակէն, առաջին անգամ՝ ուսումնասիրութիւններու մեկնարկէն ի վեր:

Երիտասարդներու համար առաջին տեղը կը գրաւէ Լիթուանիան՝ իր մինչեւ 30 տարեկան բնակչութեամբ: Անոնց երջանկութիւնը կը գնահատուի 10-ի վրայ միջինը 7.6:

Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Իսրայէլը եւ Սերպիան:

Եօթ տարի անընդմէջ Ֆինլանտիան կը գլխաւորէր երջանկութեան վարկանիշը: Բայց իր երիտասարդներուն միայն նայելով՝ այժմ ան կը գտնուի եօթներորդ դիրքի վրայ, Բրիտանիա՝ 32-րդ, ԱՄՆ՝ 62-րդ:

Մինչեւ 30 տարեկաններու համար ամենէն երջանիկ վայրերը

Դասակարգուած է հարցուածներու կեանքի գնահատումով

Լիթուանիա 7.759, Իսրայէլ 7.667, Սերպիա 7.658, Իզլանտա 7.598, Դանիա 7.329, Լիւքսենպուրկ 7.301, Ֆինլանտիա 7.300, Ռումանիա 7.284, Նետրլանտներ 7.248, Չեխիա 7.198։

Դիտելով ընդհանուր վարկանիշային աղիւսակը՝ առաջին 10 երկիրները կը մնան նոյնը, ուր որ էին «Քորոնա»ի ատեն:

Առաջին տասնեակին մէջ կը մնան Ֆինլանտիան եւ Դանիան: Տասնեակին մէջ կը մնան նաեւ հինգ հիւսիսային երկիրները:

Յաջորդ տասնեակին մէջ աւելի շատ տեղաշարժ կայ: Արեւելեան Եւրոպայի որոշ երկիրներ, ինչպիսիք են՝ Չեխիան, Լիթուանիան եւ Սլովենիան, կ՚աճին երջանկութեան մէջ:

Լաւագոյն տասնեակը կ՚եզրափակէ Բրիտանիան, որ կը զիջի ԱՄՆ-ին 23-րդ դիրքը, ութ կէտով նուազ, քան՝ անցեալ տարի:

Հետազօտողները ԱՄՆ-ի վարկանիշի անկումը կը պայմանաւորեն մինչեւ 30 տարեկան ամերիկացիներու բարեկեցութեան անկումով:

Համեմատելով սերունդները՝ զեկոյցը պարզած է, որ մինչեւ 1965 թուականը ծնածները աւելի երջանիկ են, քան՝ 1980 թուականէն ետք ծնածները, եւ այդ տարբերութիւնը կ՚աւելնայ, երբ անոնք կը մեծնան:

Զեկոյցը ցոյց տուած է, որ 21-րդ դարուն մէջ ծնածներու երջանկութեան վարկանիշը կը նուազի իւրաքանչիւր տարուան հետ, մինչ նախորդ դարու վերջին տասնամեակներուն ծնածներուն գոհունակութիւնը կը մեծնայ տարիքի հետ:

Օքսֆորտ համալսարանի Բարեկեցութեան հետազօտական կեդրոնի տնօրէն եւ Երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցի խմբագիր փրոֆ. Եան-Էմմանուէլ Տէ Նեւ կ՚ըսէ, որ հետազօտութիւնը պէտք է ահազանգ ըլլայ քաղաքականութիւն մշակողներու համար:

«Մենք արձանագրած ենք մտահոգիչ անկումներ յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Նկատի առնելով, որ աշխարհի որոշ մասերուն մէջ երեխաները արդէն կ՚ապրին միջին տարիքի ճգնաժամի համարժէքը, անհրաժեշտ են քաղաքական անյապաղ գործողութիւններ», ըսաւ ան:

Միքա Մաքիտալօ՝ «HappyOrNot» ֆիննական ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնը, որ կ՚օգնէ չափելու յաճախորդներու բաւարարուածութիւնը, ըսած է. «Ֆինլանտիայի յաջողութիւնը պայմանաւորուած է հասարակութեան վստահութեան զգացումով եւ առողջ աշխատանքային կեանքի հաւասարակշռութեամբ: Աշխատանքը կը սահմանափակուի աշխատանքային ժամերով եւ անոնք կը սիրեն իրենց ազատ ժամանակը՝ նկատի ունենալով իրենց նախասիրած զբաղումները, ինչ որ կ՚ընեն երեկոյեան, եւ տարեկան արձակուրդները՝ չորսէն վեց շաբաթ. այնպէս որ, մարդիկ կրնան ժամանակ անցընել բնութեան գիրկը՝ ընելով այն, որ անոնք կը սիրեն»:

Տարեց բնակչութեան համար Դանիան կը գլխաւորէ երջանկութեան վարկանիշը 60 եւ բարձր տարիքի մարդոց համար: Դանիոյ կը յաջորդեն անոր սկանտինաւեան դրացիները:

ԱՄՆ 10-րդ, Բրիտանիան 20-րդ դիրքերուն վրայ են:

Աշխարհի ամենէն երջանիկ երկիրները 60 տարեկանէն վեր ապրելու

Դասակարգուած է հարցուածներու կեանքի գնահատումով

Դանիա, Ֆինլանտիա, Նորվեկիա, Շուէտ, Իզլանտա, Նիւ Զելանտա, Նետրլանտներ, Գանատա, Աւստրալիա, ԱՄՆ։

Աշխարհի ամենաբնակեցուած երկրին՝ Հնդկաստանի մէջ, հետազօտողները պարզած են, թէ որքա՛ն տարեց է մարդը, այնքան աւելի գոհ է կեանքէն:

Աղիւսակին միւս ծայրը ամենէն դժբախտ բնակչութիւն ունեցող երկիրներն էին Աֆղանիստան եւ Լիբանան՝ ըստ տարիքային խումբերու:

Զեկոյցին մէջ նաեւ պարզուած է, որ աշխարհի մէջ երիտասարդ կիները ամենէն երջանիկ խումբն էին, թէեւ այդ՝ շատ փոքր տարբերութեամբ մը: Բացը ամենէն մեծն էր Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, ուր երիտասարդ կիներ կը նշէին երջանկութեան ամենէն բարձր մակարդակը:

Տարեցները Չինաստանի ամենէն երջանիկ խումբն էին:

ԶԵԿՈՅՑԸ Կ՚ԱՀԱԶԱՆԳԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Բրիտանիոյ, Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի եւ Աւստրալիոյ մէջ 15-24 տարեկան երիտասարդները երջանիկ չեն:

Երջանկութեան համաշխարհային վերջին զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ թէեւ ոչ բոլոր դեռահասներն ու երիտասարդ չափահասները կը տառապին, սակայն մեծ ու աճող թիւով մարդիկ չեն կարենար յաղթահարել տնտեսական ծովուն մէջ մնալը, եւ այդ ամէն տարի աւելի փորձութեան կ՚ենթարկուի:

Կ՚ենթադրուի, թէ հասարակական ցանցերը դեր կը խաղան ինքնագնահատականը նուազեցնելու եւ երիտասարդներու բարեկեցութիւնը խլելու գործին մէջ: Սակայն կրթութեան, հմտութիւններու ուսուցման եւ մատչելի բնակարաններու պակասն է, որ հիմք կը հանդիսանայ այն դրական հեռանկարի անկման, որ աւանդաբար կը դրսեւորուի «G gen Z» տարիքային խումբի հարցախոյզերուն մէջ:

Զեկոյցին մէջ պարզուած է, որ երիտասարդները աւելի շատ կը նմանին իրենց հալածուած ծնողներուն, որոնք միշտ իրենց ըսած են, որ ծանրաբեռնուած եւ յոգնած են կեանքի հոգերէն, այլ ոչ թէ՝ տարեց մարդոց, որոնք երջանկութեան աստիճանաւորումին, աղիւսակին մէջ տակաւին բարձր դիրքի վրայ են:

Համալսարանը աւելի քիչ երաշխիք է տնտեսական եւ հոգեբանական բարեկեցութեան համար եւ անոնք, որոնք բարձրագոյն ուսում չեն ստացած, դիմած են աշակերտական սահմանափակ դասընթացքներու, որոնց միջոցով կը փորձեն բարձրացնել իրենց ընկերային դիրքը, եկամուտը եւ ինքնավստահութիւնը:

«Intergenerational» բարեգործական հիմնադրամը ի պատասխան զեկոյցին՝ ըսաւ. «Երիտասարդ չափահասները բոլոր կողմերէն կը տուժեն՝ պետութեան քաղաքականութեան թունաւոր միախառնումէն, բնակարաններու մատչելիութեան ճգնաժամէն, աշխատավարձերու լճացումէն եւ ապրուստի սղաճէն:

«Զարմանալի չէ, որ անոնց սերունդը կը զգայ հոգեկան վատառողջութեան աննախընթաց մակարդակ, որովհետեւ անոնց ապագան շատ մռայլ կը թուի»:

Մինչ երիտասարդները աւելի ու աւելի կը նշեն իրենց դժբախտութեան մասին՝ փակելով երիտասարդներու եւ միջին տարիքի անջրպետները, աւագ սերունդները կեանքէն բաւարարուածութեան ամենէն բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին: Եւ զարմանալի չէ, երբ շուկաները եւ անշարժ գոյքի համաշխարհային ծաղկումը 55-ը անց անհատներու տուած են մարդկութեան պատմութեան մէջ անյայտ հարստութեան մակարդակ:

Հարստութիւնը իրեն հետ կը բերէ բարեկեցութեան զգացում, ինչպէս նաեւ՝ աւելի բարձր եկամուտներ, որոնք նոյնպէս բարելաւուած են հանգստեան կոչուող կամ արդէն իրենց կենսաթոշակը ստացող մարդոց մեծ մասին համար: Պետութեան հովանաւորած կենսաթոշակային ծրագրերը հիմնականին մէջ պաշտպանուած են սղաճի վնասներէն եւ այս կը նշանակէ, որ աղքատութեան միջին մակարդակը նուազած է 65-էն բարձր տարիք ունեցող անձերու շրջանակին մէջ:

Բրիտանիոյ մէջ նկատելի է, որ պետական կենսաթոշակը խուսափած է միջոցներու փորձարկումէն, որ դարձած է աշխատանքային նպաստներու գործիք՝ աղքատութեան շեմէն անմիջապէս բարձր եկամուտ ունեցող բազմաթիւ երիտասարդներ զրկելով պետական աջակցութեան փրկութեան օղակէն:

Այնտեղ, ուր երիտասարդներն ու տարեցները նախապէս դրական հայեացքներ ունէին, իսկ միջին տարիքինները՝ աւելի նուազ, այդ ժամանակի ընթացքին կը հարթուի: Իրավիճակը աւելի ուռճացած է Բրիտանիոյ մէջ, որ այժմ ամենէն երջանիկ երկիրներու ցանկին մէջ 19-րդ դիրքէն իջած է 20-րդի, բայց 30-րդ դիրքի վրայ է, երբ նկատի կ՚առնուին միայն մինչեւ 30 տարեկաններու տեսակէտները:

Լոնտոնի տնտեսագիտութեան դպրոցի դասախօս եւ զեկոյցի հեղինակներէն մէկը՝ Ռիչըրտ Լայարտ, ըսաւ. «Բացայայտումները ցոյց կու տան, որ աւելի շատ ջանքեր անհրաժեշտ են երիտասարդներու կրթութեան, վերապատրաստման եւ հոգեկան առողջութեան պահպանման համար: Նոյնիսկ եթէ երիտասարդները կը համարուին միայն որպէս արտադրութեան տնտեսական միաւորներ, ապացոյցները ցոյց կու տան, որ ամբողջ տնտեսութիւնը անոնցմէ օգուտներ կը քաղէ բարեկեցութեան աւելի լաւ զգացումով»:

Բրիտանիա միակ երկիրն է Տնտեսական գործակցութեան եւ բարգաւաճման կազմակերպութեան 38 անդամներէն, ուր 16-24 տարեկաններու գրագիտութիւնն ու թիւը աւելի բարձր չէ 55-65 տարեկան անձերէն: Բրիտանիոյ մէջ 18 տարեկան պատանիներուն գրեթէ մէկ երրորդը չ՚ուսանիր կամ չի վերապատրաստուիր եւ այս Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ արձանագրուած միջինին կրկնապատիկն է:

Զեկոյցը ցոյց տուաւ, որ շատ բան չէ փոխուած 2007 թուականէն ի վեր, երբ ԻՒՆԻՍԷՖ հրապարակեց տնտեսապէս բարգաւաճած 21 երկիրներու աղիւսակը՝ համեմատելով 40 ցուցանիշներ, ներառեալ՝ աղքատութիւնը, ընտանեկան յարաբերութիւնները, առողջութիւնը, անվտանգութիւնը, կրթութիւնը եւ երեխաներու երջանկութեան զգացումը, որոնք կրնան ազդել երեխաներու բարեկեցութեան վրայ:

ԻՒՆԻՍԷՖ-ի հետազօտութեան վերջը, 21-րդ դիրքը, Բրիտանիան էր՝ ԱՄՆ-էն քիչ մը ցած: Ինչպէս Համաշխարհային երջանկութեան զեկոյցի պարագային, առաջին տեղերը զբաղեցուցած են սկանտինաւեան երկիրները:

ԻՒՆԻՍԷՖ-ը եզրակացուց, որ Բրիտանիոյ մէջ մեծցող երեխաները ամենէն դժբախտներն են ճարտարարուեստի աշխարհին մէջ, ու մեղադրեց այլ երեխաներու եւ ծնողներու հետ գործակցութեան բացակայութիւնը դպրոցներուն մէջ, որոնք քիչ ժամանակ կու տային անոնց հետ ուղղակի խօսելու: Այդ 17 տարի առաջ էր:

Համաշխարհային երջանկութեան վերջին զեկոյցը նախազգուշական նշան է այն կառավարութիւններուն, որոնք տարեցներու բարեկեցութիւնը վեր կը դասեն երիտասարդ սերունդներու բարեկեցութենէն: Եթէ երիտասարդները չկարենան հաստատուիլ աշխատավայրին մէջ՝ ունենալով արժանապատիւ տուն եւ ժամանակ ու գումար՝ ընկերներուն եւ ընտանիքին այցելելու համար, ապա հետեւանքները պումերանկով կը յայտնուին հին մարդոց վրայ: Կ՚ըլլայ աւելի դանդաղ տնտեսական աճ եւ աւելի քիչ միջոցներ՝ թոշակառուներուն աջակցելու համար:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024