ԹՌՈՒՑԻԿՆԵՐՈՎ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ թռուցիկներու փառատօն մը։ Թէ՛ կայանի սաներուն եւ թէ կղզեբնակ մանուկներուն ու պատանիներուն տեսակէտէ շատ խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Կայանի տնօրէնութեան եւ պաշտօնեաներուն հսկողութեան ներքեւ տղաքը նախ համախմբուեցան «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ։ Այստեղ աշխատանոցի մթնոլորտ մը ստեղծուած էր։ Տղաքը արտադրեցին իրենց թռուցիկները՝ հսկիչներու մականին ներքեւ։ Ըստ իրենց ճաշակին, անոնք պատրաստեցին այդ թռուցիկները։ Անոնք գոյնզգոյն պատկեր մը ստեղծեցին իրենց պատրաստած թռուցիկներով։ Ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Ծրագիրը աւելի վերջ շարունակուեցաւ կղզիի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, դաշտահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ։ Բոլորը իրենց պատրաստած թռուցիկներու արդիւնքը քաղեցին ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Անոնց գոյնզգոյն թռուցիկները յայտնուեցան երկինքի վրայ, թէեւ եղանակը այդքան ալ բարենպաստ չէր այդ գործին համար։ Յամենայնդէպս, իր ամբողջին մէջ ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ բոլոր մասնակիցները ունեցան անմոռանալի յուշեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019