«ԱՐԵՒԱՆԱ՜Լ, ԵՐԿԻՆՔՈՏՈՒԵ՜Լ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ գրող Ժուլէթ Պետրոսեան Երեւանի մէջ վերջերս հրատարակած է արձակ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մը։ «Արեւանա՜լ, երկինքոտուե՜լ» խորագրեալ այս ժողովածոն վերջին ամիսներուն արժանացած է գրասէրներու հետաքրքրութեան։ Երեւանի կեդրոնի գլխաւոր գրախանութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի եւ Իսթանպուլի մէջ գրասէրները կրնան ապահովել այս գիրքը։

Ժուլէթ Պետրոսեան վերջին տարիներուն բնակչութիւն հաստատած է Իսթանպուլի մէջ, ուր նաեւ կը կատարէ իր արտադրութիւնը։ Գողտրիկ ժողովածոն կ՚ընդգրկէ հեղինակի մտորումները, յոյզերը, որոնք անշուշտ կը կազմեն ամբողջ մը։ Ան հանդէս եկած է դիպուկ բնորոշումներով, խորքային համեմատութիւններով եւ փիլիսոփայական եզրայանգումներով՝ իր իւրաքանչիւր տողին, իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան մէջ։ Այդ բոլորը արձագանգ կը գտնեն ընթերցողի հոգիին մէջ եւ այդ կէտէն սկսեալ կը սկսի հեղինակի եւ ընթերցողի բուն հանդիպումը։ «Բանաստեղծութիւնը հոգիի հասցէն է» համոզուած է հեղինակը։

Ժուլէթ Պետրոսեան կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին լոյս ընծայել նաեւ այլ գիրքեր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2018