ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ բեմադրուեցաւ «Երկրի հակառակ կողմը» խորագրեալ ներկայացումը։ Սա Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հեղինակուած համանուն վէպի հիման վրայ կատարուած ներկայացումն է։ Այդ վէպին հիմքով բեմագրութիւնը գրած եւ խաղը բեմադրած է «Թատրոնի տանիքին» թատերաբեմի անդամ Մխիթար Դանիէլեան։

Երեկոյթի պատուոյ հիւրերն էին Նիկոլ Փաշինեան եւ իր կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։ Ներկայացումը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ եւ դերակատարները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019