ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Լրագրութեան եւ լրագրողի մասին գրի առնուած են բազում, երկար թէ համառօտ յօդուածներ, արտայայտուած են զանազան տեսակէտներ։ Կ՚ուզեմ ես ալ պատկերացնել յիշողութեանս մէջ ձեւաւորուած «լաւ լրագրող»ի մը կերպարը։ Թէեւ լրագրութեան ասպարէզի մէջ մասնագիտացած չեմ, լրագրողական հմտութիւն ալ չունիմ, սակայն կը գիտակցիմ այդ սրբազան առաքելութեան իմաստին, դժուարութեան ու կարեւորութեան։ 

Լրագրութիւնը մարդակեդրոն է, մարդու մասին է եւ կը գործադրուի մարդու համար։ Եթէ լրագրողը անտարբեր մնայ այս հանգամանքին եւ չգիտակցի իր առաքելութեան ազդեցութիւններն ու արժէքը, ապա պարտադրուած՝ կը դառնայ պարզ «արտադրող» մը եւ հետզհետէ կը ձանձրանայ իր այդ միօրինակ գործառոյթէն։ Կը սկսի վազել խարդաւանքներու, խաբէութիւններու ետեւէն, իսկ աւելի վերջ, կը սկսի ինք ստեղծել զանոնք։ Լրագրութիւնը պէտք չէ ըլլայ պարտադրուած, այլ՝ պէտք է իրագործուի հաճոյքով, պատրաստակամութեամբ ու եռանդով, որովհետեւ չսիրուած գործով զբաղիլ հաւասար է նաեւ լիարժէք չապրելու։ 

Գրագէտ, մտածող, միշտ հետաքննող, նաեւ բարեխիղճ եւ բարոյասէր է լաւ լրագրողը, որ չի կաշառուիր, չի զրպարտեր, չի սադրեր, անկողմնակալ ու յարգալից է։ Բարոյագիտութիւնը, կարելի է ըսել, հիմնուած է խղճի վրայ։ Զիջելով խիղճը՝ լրագրողը ո՛չ միայն կը հեռանայ մարդկութենէ, այլեւ՝ կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը, արժանապատուութիւնը… Լրագրութեան բարոյագիտութիւնը կը խախտուի այն պարագային, երբ լրագրողը ծառայէ ո՛չ թէ մարդոց, այլ՝ պետութիւններու կամ որեւէ հաստատութեան շահին։ Արդարեւ, կան «լրագրողներ», որոնք ուշադրութեան առարկայ կը դառնան իրենց անբարոյ, անխոհեմ կեցուածքով, արտայայտած անհաւասարակշռեալ տեսակէտներով եւ անհանդուրժողութիւն կը ցուցաբերեն այլ հայեացքներու դէմ։ Այնուհետեւ լրագրական բարոյականութիւնը պէտք է դիտարկել որպէս հասարակական գիտակցութեան ձեւ եւ անձի ներիմացական, ենթակայական կարգավիճակ։

Լաւ լրագրողը պէտք է գիտնայ իր եւ իր ընթերցողի արժէքը: Ան նախ պէտք է յարգէ իր կատարած աշխատանքը, որպէսզի կարենայ յարգել իր ընթերցողը, յետոյ՝ իր ասպարէզը։ Լաւ լրագրողը յարգանքով կը վերաբերի մարդու անձնական կեանքին։ Դատական գործերը լուսաբանելու ժամանակ լրագրողը պէտք է զերծ մնայ պիտակաւորումէ կամ մեղադրելէ, մանաւանդ երբ դատական գործընթացը չէ աւարտած։

Բազմաթիւ են մարդիկ, որոնք կը գերադասեն «երես դառնալ» մարդկային, հասարակաց խնդիրներու, բայց լաւ լրագրողը չի կրնար ընել զայն։ Ան կը բարձրաձայնէ այն ինչ, որ մտահոգութեան եւ անհանգստութեան պատճառ դառնայ։ Չի կրնար անտեսել զանոնք եւ ահազանգ կը հնչեցնէ անոնց արդիւնաւէտ լուծման յոյսով։ 

Լաւ լրագրողը գիտէ, թէ ինչպէս պէտք է ուսումնասիրել գրի առնուելիք նիւթերը, համադրել փաստերն ու հանրութեան դատին յանձնել իր «ստեղծագործութիւն»ը։ Ան իր ուսերուն կը զգայ այդ մեծ պատասխանատուութեան բեռը։ Լրագրողը եռանդուն է ու միշտ պատրաստ՝ ծառայելու այդ վտանգաւոր, մերթ դժնդակ, սակայն միեւնոյն ժամանակ գնահատանքի արժանի, հետաքրքրական ու արկածներով լի գործին։ Շատ յաճախ լրագրողներ պարտաւորուած, սակայն կամաւոր, կը վտանգեն իրենց սեփական կեանքը՝ տեղեկութիւն քաղելու եւ հասարակութիւնը իրազեկելու նպատակով։

Այսօր, դժբախտաբար կարելի է ըսել, որ պատերազմներն ու ահաբեկչութիւնները մեր առօրեայի անբաժան մէկ մասը կը կազմեն։ Գրեթէ ամէն օր ականատես կ՚ըլլանք, լրագրողներու ռմբակոծութիւններու, ռազմական լարուած իրավիճակներու մէջէն անցնիլը, որպէսզի վերահասու դարձնեն մեզ իրենց աչքերուն ցոլացած իրողութիւնը, կացութիւնը, իրադարձութիւններու ընթացքը…

Անկասկած, ազատ արտայայտուելու եւ խօսելու իրաւունքը լրագրութեան արդիւնաւէտ գործադրման անբաժան մասն է, սակայն նոյնիսկ աշխարհի ամենաբարգաւաճ երկիրներու մէջ այսօր կան սահմանափակումներ լրատուութեան ոլորտէն ներս՝ խախտելով թէ՛ լրագրողի եւ թէ զանգուածներու իրաւունքները։

Ժողովուրդի ձայնը, հայելին է լրագրողը, որ պէտք է միշտ ըլլայ առարկայական, անկողմնակալ եւ թափանցիկ… Այսպէս է իմ յիշողութեանս մէջ ձեւաւորուած լրագրողի կերպարը, բայց, ցաւօք սրտի, տարբեր առումներով, այժմ շատ հազուադէպ է հանդիպիլ նմաններու… Ափսո՜ս…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2020