ՍԻԱՄԱՆԹՈՅԻ ՄՕՐ ԶԳԵՍՏԸ՝ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԴԸ

Ցուցասրահին կեդրոնը կար արեւմտահայ բանաստեղծ Սիամանթոյի մօր՝ Նազենի Եարճանեանի հարսանեկան զգեստը, որ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին նուիրած են Սիամանթոյի քրոջ՝ Զապէլ Համբարձումեանի ժառանգները: Ուրիշ զգեստ մը եւս, զոր կրած է Նազենի Եարճանեան, կը ցուցադրուի անոր հարսանեկան զգեստին քով՝ պատկերացում տալով 19-րդ դարու վերջաւորութեան Ակն քաղաքի հայ կիներու հագուկապին մասին: Այս երկու զգեստները ձեւով մը ակնառու են իրենց գոյներով եւ պատմութեամբ եւ իրաւամբ, ցուցահանդէսին զարդը կը նկատուին:

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը հայկական տարազի լաւագոյն նմոյշները թանգարանի հիմնական հաւաքածոյէն հանած եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին շէնքին մէջ շքեղ ցուցահանդէս մը կազմակերպած է՝ «Դրուագներ ինքնութեան. Տարազ» խորագրով:

Ընտրուած տարազային համալիրներուն, զգեստի անջատ մասերուն, արդուզարդի պարագաներուն եւ հնատիպ լուսանկարներուն մէկ մասը առաջին անգամ կը ցուցադրուի հանրութեան:

Երեք ամիսէն աւելի է, որ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կը գործէ այս ցուցահանդէսը եւ ոչ մէկ օր սրահը առանց այցելուի եղած է: Հնագոյն հայկական տարազներու հանդէպ հետաքրքրութիւնը ցուցասրահ կը բերէ նաեւ օտար զբօսաշրջիկները, մայրաքաղաքի հիւրերը:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը, այնուհետեւ տարազները կրկին կը փոխադրուին իրենց պահման հիմնական վայրը: 

Թանգարանէն ներս պահուող ազգագրական հաւաքածոն կազմելու հիմքերը դրած է հայ անուանի գիտնական, թանգարանային գործիչ եւ ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեան 1900-ականներու սկիզբը, երբ այս թանգարանին առաջին տնօրէնն էր:

Հակառակ անոր որ «Դրուագներ ինքնութեան. Տարազ» ցուցահանդէսին ընտրուած են ոչ մեծ թիւով տարազներ, սակայն ընտրուածները ամբողջական պատկերացում կու տան հայկական հանդերձի հարուստ անցեալին մասին: Հաւաքական յիշողութեան ձեռնարկ մըն է, որ այս անգամ գունեղ եւ ձեռագործ տարազի միջոցով կը ներկայանայ: Յայտնի է, որ Հայկական լեռնաշխարհի եւ Կիլիկիոյ բնակավայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական գաղթօճախներէն ներս, ընդհուպ մինչեւ 1930-ական թուականները տարազը ոչ միայն հագուկապ էր, այլեւ իր շլացուցիչ բազմազանութեամբ, պատկերագրական բարդութեամբ եւ բարձրարուեստ կատարմամբ եղած է ազգային ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ մշակութային երեւակայութեան ամենակարեւոր տարրերէն մէկը: Այսօր ալ, հայկական տարազը կը դիտարկուի ոչ միայն որպէս զուտ հանդերձ, այլեւ՝ մշակութային, փիլիսոփայական զատ ասպարէզ մը: 

Ցուցադրուած հագուստները, իրերը եւ լուսանկարերը կը ներկայացնեն Ռուսական եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն միջեւ մասնատուած հայկական բնակավայրերու յարդարուելու սովորոյթներուն համայնապատկերը՝ տարածքային, դասակարգային եւ տիպային բաժանումներու միջոցով: Այս ցուցադրութեամբ նաեւ որոշակի պատկերացում մը կը կազմենք հայկական համայնքներու ներքին յարաբերութիւնները ձեւաւորող արժեհամակարգերուն մասին: Շեշտադրուած են աշխարհագրական զանազան շրջաններու տարազային ընդհանրութիւններն ու օրինաչափութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց հակասութիւններն ու զանազանութիւնը:

Ցուցադրութեան մէջ ակնյայտ է հագուստին կարեւոր դերը որպէս հաղորդակցման միջոց ու հաւաքական եւ անհատական ինքնութեան արտայայտման լեզու: Ատոր մէջ ամփոփուած նշանային համակարգերը կ՚օգնեն այսօրուան մասնագէտներուն՝ վերստին բացայայտելու այժմ անհետացած հայկական համայնքներու տրոհուած մշակութային յիշողութիւնը եւ նորովի գործածելու այդ հարուստ պատումները՝ ժամանակակից հայ ինքնութիւնը ձեւաւորող ընկերամշակութային գործընթացներուն մէջ:

Ցուցադրութեան մէջ կանացի շքեղ տարազներուն կողքին կը տեսնենք նաեւ առօրեայ հանդերձ, տղամարդու տարազ, մանկական հագուստ, բոլորը ձեռագործ՝ պատրաստուած հայ վարպետներու ձեռամբ:

Ցուցադրուած է նաեւ հայ բարձր խաւի կրած հագուստը: Որոշ հագուստներու մէջ կ՚երեւի եւրոպական ազդեցութիւնը, եւ զատ ցուցադրութեան առարկայ է գեղջկական հագուստը, որ պատրաստուած է աւանդական ձեւով:

Այս հրաշալի ցուցահանդէսէն միաժամանակ կարելի է տեղեկանալ, թէ անցեալին հագուստ կարելու համար ինչ նիւթեր գործածած են հայերը. այդ նիւթերը նոյնպէս բազմազան են՝ բամպակ, մետաքս, բուրդ, քաթան, ջանջիլ, թաւիշ, որոնց վրայ աշխատած են արծաթեայ, ոսկեայ եւ մետաքսեայ թելերով: 

Հագուստ ստեղծելու ժամանակ մեր նախնիքը յատուկ աշխատանք տարած են կոճակներուն վրայ, բոլոր կոճակները, ամրակները նոյնպէս ձեռագործ են: Տարազները ունին իրենց կարեւոր մասերը՝ գօտիները, որոնք թէ՛ տարազին վրայ ցուցադրուած են եւ թէ՛ անջատ:

Կօշիկները, գլխազարդերը, կրծքազարդերը, վզնոցները նոյնպէս տարազին անբաժանելի մասն են եւ նոյնքան շքեղ եւ որակեալ են, որքան՝ հագուստը: 

Տարազներէն նկատելի է, որ որքան բազմազան եղած են հայոց երկրի եղանակները եւ ամէն մէկ վայրին մէջ ինչպիսի՛ տարազ կրած են: Հոն, ուր որ պաղ էր, բնականաբար, կը կարէին աւելի խիտ կտորով տարազներ, կը գործածէին բուրդ, թաղիք, իսկ ուր որ եղանակը տաք էր ու մեղմ, բուրդ չէր գործածուեր, աւելի բարակ գործուածքներ կը նախընտրէին: Գոյները բոլոր վայրերուն մէջ ալ եղած են ակնառու: Ցուցադրուող տարազներուն մէջ կը գերիշխեն կարմիրը, կապոյտը, գինեգոյնը, կանաչը, ծիրանագույնն ու դեղինը։

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԽՐԽԱՆ

Ցուցասրահ բերուած է պատմական Կիլիկիոյ տարազներէն խրխան՝ վերնազգեստը:

Զգեստը սրճագոյն մետաքսեայ կտոր ունի, աստառը՝ վարդագոյն: Խրխային եզրերը, օձիքը, թեզանիքները, թեւատակերը եւ քղանցքը ասեղնագործուած են մետաքսեայ գունաւոր թելերով եւ արծաթաթելով: Օձիքին ետեւի կողմը թուականը կայ՝ ՌՆԿԵ 1465: Ասիկա այս ցուցահանդէսին ամենէն հին նմոյշն է: Հիմնական արձանագրութիւնը գրուած է ծաղկազարդ շրջանակներու մէջ եւ նոյնը կը կրկնուի թեզանիքներուն, եզրերուն, կռնակին վրայ: Այդ գրութիւնը խրատական բնոյթ ունի՝ «Յիշեա զվախճան քո եւ յաւիտեան ոչ մեղանչեսցես»:

ԿԱՐԻՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ

«Դրուագներ ինքնութեան. Տարազ» խորագրով ցուցահանդէսէն ուրիշ հետաքրքրական նմոյշ մըն է Կարինի մշակոյթի աւանդոյթներով պատրաստուած հարսանեկան զգեստը, որ գոգնոցով վերնազգեստ է, կարուած 1905 թուականին՝ Ախալցխայի մէջ՝ Հայկանոյշ Նազարէթեանի (1884-1976) հարսանիքին համար: Զգեստը մետաքսեայ է, բոլոր եզրերը ոսկեթելով եւ նարնջագոյն մետաքսաթելով հիւսուած քուղեր կան, աստառը՝ բամպակեայ կտորով կարուած է, իսկ գոգնոցը մահուդէ՝ ոսկեթելով եւ մետաքսաթելով հիւսուած երիզներով, վերադիր ասեղնագործ գիծերով ու բուսանախշերով: Ներքեւի անկիւններէն մէկուն վրայ ասեղնագործուած է «Հ» (Հայկանոյշ), միւսին վրայ`«Ն» (Նազարէթեան) անուանատառերը: Այս մէկն ալ թանգարանի տարազային հաւաքածոյին ամենէն նոր նմոյշն է, որ թանգարանին նուիրած է տարազը կրած կնոջ թոռնուհին, զայն Երեւան բերելով Ախալցխայէն: Առհասարակ, Կարնոյ տարազը կը նկատուի հայկական տարազի ճոխ օրինակներէն:

ԱՌՕՐԵԱՅ ՀԱԳՈՒՍՏ

18-19-րդ դարերու հայկական աւանդական հագուստի պահպանուած նմոյշներուն կարգին իրենց ձեւուածքով եւ գեղագիտական մեկնաբանութեամբ կը զատուին առօրեայ զգեստները: Հագուկապի սովորութիւններու այս փոփոխութիւնները պայմանաւորուած էին քաղաքական կարգերու, մշակութային բարքերու ազդեցութեամբ, ինչպէս նաեւ նոյն ազգի բնակչութեան տեղաշարժերու եւ նոր ոճերու ու նիւթերու ստեղծմամբ:

Օսմանեան կայսրութեան, պարսկական կամ ռուսական տիրապետութեան տակ ապրող հայերը ստիպուած էին իրենց աւանդական զգեստը յարմարեցնել իշխող տէրութիւններուն սահմանած կանոններուն: Միեւնոյն ժամանակ, աւանդական հագուստը կը շարունակուէր մնալ մշակութային տարբերակման եւ ազգային ինքնութեան հզօր նշան եւ խստօրէն կը պահպանուէր հայաբնակ գաւառներէն Վասպուրականի, Կիլիկեան Հայաստանի, Զանգեզուրի եւ Արցախի մէջ: Այս տարածքաշրջաններուն տարազը ամենամօտն էր միջնադարեան աւանդոյթներուն՝ առաջնային գոյներու զուսպ համադրութիւններով, զարդարանքի եւ դիմացկունութեան նպատակային կիրառմամբ:

Նոյն զգեստը սովորաբար կը կրէին ամբողջ օրուան ընթացքին: Կիները կը հագուէին մարմինը ընդգրկող տարազային համալիրներ՝ բաղկացած մետաքսեայ կամ բամպակեայ ներքնազգեստներէ, թեթեւ շապիկներէ, նախշազարդ արտաքին հանդերձանքէ, սրտանոցներէ եւ մետաքսեայ օձիքներէ: Այդ տարազները կազմուած էին նաեւ կարճ բաճկոններէ կամ երկարաթեւ վերարկուներէ, որոնք կը լրացուէին արծաթեայ կամ մետաքսեայ գօտիներով, գլխարկներով, զարդերով, իսկ որոշ վայրերու մէջ, օրինակ՝ Կարինի եւ Թիֆլիզի մէջ, տարազը կը լրացուէր գոգնոցով:

Տղամարդոց հագուստը համեմատաբար պարզ ու միատարր էր՝ պարզ շապիկ մը, որ կը հագուէին անթեւ վերնազգեստին տակէն, տաբատ եւ երկար վերարկու: Լայն գօտիները կամ գօտկատեղի փաթթոցները կարեւոր էին, քանի որ գօտկատեղի այդ փաթթոցներուն տակ զէնք, դրամապանակ-պայուսակ եւ ամէնօրեայ իրեր կը պահէին: 

Իւրաքանչիւր տարածքաշրջան ունէր գոյներու եւ յարդարման ձեւերու առանձնայատկութիւններ, որոնք պայմանաւորուած էին տեղական արտադրութեան գործուածքներու եւ ներկերու առկայութեամբ:

Տարածքաշրջանային հաւատալիքները եւ միջմշակութային շփումները նոյնպէս կարեւոր դեր կը կատարէին անցեալին յարդարանքի եւ գոյնի ընտրութեան մէջ, քանի որ երկուքն ալ ունէին խորհրդանշական իմաստ:

ՎԵՐՆԱԽԱՒԻ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ

Վերին խաւին պատկանող հայ կիները, բոլոր շրջաններուն եւ համայնքներուն մէջ, կ՚ընդգծէին իրենց տարբերութիւնը բնակչութեան մնացեալ խաւերէն՝ հագուկապի մշակուած սովորոյթներով: Հակառակ որ կը պահպանուէին ամէն մէկ շրջանի հագուստի ընդհանուր ոճերն ու ձեւերը, սակայն հագուստը կը կարուէր առաջնակարգ, յաճախ ներմուծուող կտորներով, ինչպիսիք էին չինական մետաքսը, թաւիշը եւ թաֆթան: Ուրիշ տարբերակիչ առանձնայատկութիւն էր զգեստներու համալիրին մէջ ընդգրկուած շերտերուն քանակը. հարուստ կիներու պարագային կ՚ընդգրկէր մինչեւ չորս շապիկ, երկար շապիկ կամ զգեստ: Արտաքին շերտերը յաճախ ճոխ կերպով կ՚ասեղնագործուէին ոսկեթելով եւ կը կրէին թանկարժէք քարեր, արծաթեայ մետաղադրամներ եւ բուստեր (մերճան):

Որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Սիւնիքի, վաճառականներուն կամ ազնուականներուն կիները իրենց զգեստները կը յարդարէին նաեւ նուրբ մորթիներով կամ զրնգուն արծաթեայ կախազարդերու շարքերով: Խաւին կարեւոր ցուցիչը այսպիսի իրերն էին, որոնք վերջնական տեսքի կը բերէին տարազին ընդհանուր կերպարանքը: Ամբողջ կրծքավանդակը ծածկող բազմաշար վզնոցները եւ ոսկեայ մետաղադրամներու շարանով գլխազարդերը կը համադրուէին լայն արծաթեայ գօտիներուն հետ, նրբագեղ ցանցկէն նախշերով եւ թանկարժէք քարերով: Մեծահարուստ ընտանիքներու կիները բնականաբար կը թելադրէին նորաձեւութեան միտումները: Այն կիները, որոնց հասանելի էին ներմուծուած նորաձեւ ապրանքները, կը ստեղծէին նոր ոճեր եւ իրեր, որոնք յետագային կ՚ընդօրինակուէին միջին եւ աշխատաւոր խաւերուն կողմէ:

Հայկական աւանդական հագուստը շատ արագ փոխուելու սկսաւ 19-րդ դարու ընթացքին, երբ ի յայտ եկաւ հայ լուսաւորչական շարժումը, որ կը փորձէր արդիականացնել բնակչութիւնը՝ այդ մէկը ընելով կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ արեւմտեան սովորութիւններու ու փորձի ներդրմամբ: Տեղացիներուն հագուստին նոր ոճեր ներկայացուեցան մամուլի եւ լուսանկարչութեան տարածման միջոցով, ինչպէս նաեւ առեւտրային կապերու աշխուժացման եւ դէպի Եւրոպա ճանապարհորդութիւններու շնորհիւ: Մանաւանդ խոշոր քաղաքային կեդրոններու մէջ արեւմտեան ոճով հագուստը կը ներկայացնէր անհատին ազատ աշխարհայեացքը եւ ընկերային բարձր կարգավիճակը:

Ի դէպ, այս վերափոխումները արտացոլուած են նաեւ լեզուի մէջ: Յատկանշական է, որ տեղական աւանդական հանդերձներ կարողը կը կոչէին պարսկերէն «tarzi» բառով, մինչդեռ հայերէն «դերձակ» բառը կը կիրարկուէր անոնց համար, որոնք կը կարէին արեւմտեան ոճով հագուստներ:

Արեւմտեան ազդեցութեան առաջին տարրերը յայտնուեցան ներմուծուած գործուածքներու, կոճակներու, կրունկներով կօշիկներու, պայուսակներու եւ այլ իրերու միջոցով: 1880-ականներուն «Singer» կարի մեքենայի կիրառմամբ կարելի էր ընդօրինակել եւ աւելի դիւրութեամբ ստանալ արեւմտեան հագուստի ձեւերը. դարավերջին քաղաքաբնակներուն մեծ մասին հանդերձին մէջ ընդգրկուած էր առնուազն եւրոպական հագուստի ոճին բնորոշ գոնէ մէկ տարր:

Այս փոխակերպումները սկսան յայտնուիլ նախ կիներու հագուստին մէջ, ուսերուն մասը աւելի բարձր կը կարուէր, ձեւուածքը աւելի ձիգ էր եւ մարմինը ընդգծող, օձիքները ձեռագործին փոխարէն ժանեակով էին, ընդգծուած կոճակներով երկարաթեւ բաճկոններ սկսան ի յայտ գալ եւ այլն: Աւանդական յարդարանքներուն մէջ այդպէս աստիճանաբար սկսան յայտնուիլ եւրոպական ոճով ծաղկաւոր եւ կենդանական պատկերներով ասեղնագործ նախշեր: Օսմանեան կայսրութեան գաւառական եւ գիւղական հայկական համայնքներուն մէջ տեղական հագուստը սակայն գոյատեւած է նոյնիսկ հագուստին արդիւնաբերական արտադրանքէն յետոյ:

Անցեալ դարասկիզբի դէպքերէն եւ 1921 թուականին Հայաստանի խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք աւանդական հագուստը առօրեայ կեանքէն գրեթէ ի սպառ անհետացած է:

Այսօր հայկական տարազը արժեւորելու, անոր մասերը հայկական նորաձեւութեան մէջ ներմուծելու լայն շարժում մը կայ, եւ այս ցուցահանդէսը տարազը ապրեցնելու այդ շարժման ի նպաստ կատարուած յաջող ձեռնարկ մըն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021