ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՄԻԱԿ ԽՈՇՈՐ ՆՊԱՍՏԸ

Հայ իրականութեան մէջ արեւմտահայերէն մշակոյթի զարգացման միակ խոշոր նպաստի ծրագիրը այս տարի նոյնպէս յայտարարեց իր նպաստառուները: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի «արդ եւս» խորագրեալ դրամաշնորհի ծրագիրը չորրորդ տարին ըլլալով օժանդակութիւններ կը տրամադրէ յաջողակ գաղափարներուն, որոնք միտուած են արեւմտահայերէնով յառաջադէմ կիրարկութեան համար:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս յաղթող նախագիծերուն մէջ Պոլսին նուիրուած հետաքրքրական ու նորարարական առաջարկներ կան: Յաղթող ճանչցուած է տասը նախագիծ, բայց, ինչպէս յայտարարած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը, ստացած են 76 դիմումներ, որոնցմէ տասը հատը զատելը դըժուար եղած է յանձնախումբին համար, քանի կային մեծ թիւով որակաւոր նախագիծեր, որոնց մէջ յստակօրէն ներկայ էին մշակոյթն ու մտաւոր ստեղծագործութիւնը՝ որպէս զարգացումի եւ յառաջընթացի ուղիներ։

Հիմնարկը միաժամանակ ողջունած է մեծ հետաքրքրութիւնը այս ծրագրին հանդէպ, որ դրսեւորուած է աշխարհի բոլոր ծագերէն, նաեւ ուրախութիւն յայտնած է, որ նոր տաղանդներ եւ մտածողներ կը ստեղծագործեն արեւմտահայերէնով, իսկ կայացած ստեղծագործողներ կը շարունակեն հարստացնել մշակութային միջավայրը՝ քայլ պահելու աշխարհին հետ: Ընտրուած 10 նախագիծերը հետեւեալներն են։

1- Արմանդ Երուանդ Թիւֆէնքեան եւ Թամեր Հասան (ԱՄՆ). «Կապ կար»

Ֆիլմ-կահոնք, որ բաղկացած է մէկ սենեակի մէջ ներկայացուող կարճ շարժապատկերներէ եւ ուրիշ սենեակի մը մէջ՝ քանի մը կարճ անձայն 16 մմ. ժապաւէններէ: Գորգագործ արհեստաւոր Հայկօ Օլթաճիի հետ արեւմտահայերէն զրոյցները կը տատանուին անոր անձնական պատմութենէն՝ Պոլիս մեծցած հայ, մինչեւ գորգերու վերանորոգումի արհեստագիտական գործընթացները եւ անոնց կրած խորհրդանիշներուն եւ զարդանախշներուն նշանակութիւնները: Խանութին մէջ վերանորոգուող գորգերուն հետ երկխօսութեան միջոցով՝ նախագիծը հաւաքական մշակոյթի գոյատեւումի վկայութիւն մըն է. մշակոյթ մը, որ անյապաղ կը պահպանուի լեզուի գործածութեան միջոցով: Ան հանդիսատեսը կը կապէ ընդհանուր պատմութեան հետ՝ ներգրաւելով սեփական մշակութային յիշողութիւնը:

2- Աւետիս Գաբրիալեան (Գերմանիա). «Ըլլալ նամակ մը»

Շարժապատկերի նախագիծ, որ կը ներառէ թատերական տեսարաններ, կատարողական արուեստ, վաւերագրական, գեղարուեստական եւ արխիւային նիւթեր, ներկայացնելով Ռուբէն Սեւակի եւ իր կնոջ՝ Եաննի Ափելի եւ մերօրեայ հայ-գերմանացի զոյգի մը սիրոյ պատմութիւնը եւ կեանքի զուգահեռները. երկու խորհրդանշական ճամբորդութիւններու միջոցով, իրական մը՝ դէպի Հայաստան եւ երեւութական մը՝ դէպի պատմական Հայաստան։ Միահիւսուած ողբերգութեան, կորուստի, սիրոյ, պատերազմի, քաղաքական ներգրաւուածութեան, ինքնութեան ճգնաժամի եւ դաժան ու փոխուող իրողութիւններու հետ հաշտուելու մարտահրաւէրով, ֆիլմը ստեղծագործական ճամբորդութիւն մըն է անցեալի եւ ներկայի միջով՝ վերլուծելով սփիւռքի ինքնութիւնները եւ լեզուն գործածելով որպէս ինքնաճանաչումի բնական գործիք։

3- Կարէն Տարաքճեան եւ Սուրէն Խըտշեան (Լիբանան). «Լիբանանահայ թատրոնը»

Վաւերագրական ֆիլմ լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան մասին՝ արխիւային նիւթերու եւ հարցազրոյցներու վրայ հիմնուած։ Անցաեալ տասնամեակներու Լիբանանի հայկական թատրոնի պատմութիւնը հիւսելով, վաւերագրական այս ֆիլմը կ՚անդրադառնայ նաեւ այսօրուայ մարտահրաւէրներուն՝ արծարծելով լայն նիւթեր. ինչպէս՝ արուեստի եւ յատկապէս թատրոնի դերը հայ երիտասարդները համախմբելու մէջ: Անցեալի հանդէպ յուզականութիւնը միախառնուած է թատրոնին ունեցած ներուժին՝ լեզուն կենսունակ պահելու եւ ընդհանուր արժէքներն ու պատմութիւնը ընդգծելու: Թատրոնը կը դիտարկուի որպէս դիմակայութեան մէտարկ՝ համայնքի մը համար, որ դիմագրաւած է պատերազմ եւ յաղթահարած անասելի դժուարութիւններ:

4-Գոհար Մարտիրոսեան (Հայաստան). «Ա. լեռ»

Հրատարակութիւն եւ իրացուցական եւ երեւութական իրականութեան (virtual reality) ֆիլմ, որ պիտի ստեղծուի փոխներգործուն եռաչափ ծրագիրի կիրարկութեամբ. յառաջապահ շարժաբանական ձեռնարկութիւն մը, որ կը կրկնէ տարածական եւ շրջակայ միջավայրի փորձառութիւնները՝ հանդիսատեսին առաջարկելով ամբողջական/ընկղմուող ոդիսական մը: Շարժապատկերին առանցքը Արարատ լեռն է՝ ստանձնելով անձնաւորուած դեր եւ գործելով որպէս խորհրդաւոր կերպար՝ հանդիսատեսին հետ արեւմտահայերէնով առընչուելով եւ գիտելիքի բացայայտումի մէտարկ դառնալով։ Շարժապատկերին պատմութիւնը ներշնչուած է Ռընէ Տաումալի «Mount Analogue» գիրքէն, գործ մը՝ արուեստի եւ փիլիսոփայութեան խաչմերուկին, որ պիտի թարգմանուի արեւմտահայերէնի:

5- Յասմիկ Ղազարեան եւ Քրիստիան Բատիկեան (Հայաստան/Ֆրանսա). «Պարտէզը որ քեզ երազեց»

Վաւերագրական ֆիլմ՝ ժամանակակից գրող Գրիգոր Պըլտեանի մասին։

Գրողին կեանքին եւ ստեղծագործութեան այս համադրուած աշխատանքը պիտի ներկայացուի երեք փուլով.

«Փարիզը», որ մեծ նշանակութիւն ունի հեղինակին, անոր գրական ստեղծագործութիւններուն եւ հայ նշանաւոր այլ գրողներու համար:

«Գրողին ծննդավայրը», գրողին ծագումի երկիրը եւ վաղ պատումները, որոնք խորապէս ներշնչուած են Պէյրութէն:

«Շարունակական կեանքը»՝ երրորդ փուլը, որ կեդրոնացած է գրողին կեանքին եւ զանազան իրադարձութիւններուն վրայ:

Աշխատանքին նպատակն է նաեւ անդրադառնալ արխիւային տեսանիւթերու կամ ժապաւէններու բացակայութեան հարցին, յատկապէս անոնք որոնք կը փաստարկեն յետեղեռնեան գրողներու առաջին եւ երկրորդ սերունդներու ձայները:

6- Լուսինէ Գալստեան եւ Էլիզա Բաղդիեան (Հայաստան/Շուէտ). «Լեռները կը կանչեն. արեւմտահայ(երէն) ճամբորդութիւն մը»

Համերգաշար եւ ինքնատիպ երաժշտական ստեղծագործութիւններ. «Տիեզերք» երաժշտական խումբը պիտի անդրադառնայ արեւմտահայ բանաստեղծութեան հարստութեան ու ժամանակակից հայ երաժշտութեան իւրայատկութիւններուն։ Ներշնչուած Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան» բանաստեղծութենէն՝ նախատեսուած են չորս համերգային համագործակցութիւններ աշխարհի զանազան մասերը արտացոլող երաժշտական չորս տարբեր ոճերով, ներառեալ՝ Indie Folk երաժշտութիւնը, ելեկտրոնային երաժշտութիւնը, Folk Rock-ը եւ երգչախումբ ու դասական քառեակը: Պիտի ստեղծուին նոր երգեր՝ համագործակցութեամբ զանազան երաժիշտներու, արուեստագէտներու եւ ստեղծագործողներու։

7- Մարալ Դաւիթեան (ԱՄՆ). «Մնացողները»

Բազմագիտակարգային նախագիծ՝ պոլսահայութեան պատմութեան ու ժամանակակից կեանքին մասին. համայնք մը, որ կերտած է իր լեզուն եւ մշակոյթը երկրի մը մէջ, ուր կը փորձեն անցեալը թաղել: Նախագիծը պիտի արտադրէ պատմողական ոչ-գեղարուեստական յօդուած մը եւ կարճ ֆիլմ, որ կը լուսաբանէ բոլոր մարտահրաւէրներով հանդերձ գոյատեւող այս համայնքը, միեւնոյն ժամանակ ուսումնասիրելով աւելի լայն նիւթեր. ինչպէս՝ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հարցը եւ աշխարհին քիչ յայտնի խումբերու մշակութային կիրարկումները, առաջարկելով գոյատեւումի եւ կերտումի հետաքրքրական պատմութիւն մը, ի հակադրութիւն այսօրուան աշխարհին մէջ առկայ ահռելի աւերներուն եւ ցնցումներուն:

8- «Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն» (ՆՓԱԿ) (Հայաստան). «ԱրեւմտաՀայ տարրալուծարան»

Արուեստի տարրալուծարան մը, որ կը ներառէ հետազօտութիւններ, քննարկումներ, դասախօսութիւններ եւ արուեստի գործերու ստեղծում: Նախագիծը կոչուած է արեւմտահայ մշակոյթը ժամանակակից արուեստի տեսանկիւնէն հետազօտելու եւ ցուցադրելու, ներառելով բազմագիտակարգային միջոցներ՝ տեսողական արուեստ, տեսանիւթերու արուեստ, ներկայացումներ եւ բանաստեղծութիւն. պիտի կազմակերպուին հանրային միջոցառումներ, կլոր սեղաններ եւ զանազան ընթերցումներ՝ համայնքը ներգրաւուելու համար: Նախագիծը պիտի ստեղծէ շարք մը նորօրինակ աշխատանքներ եւ քննարկումներու արխիւ մը՝ տեսաձայնագրութիւններու տեսքով, որ հասանելի պիտի ըլլան ՆՓԱԿ-ի կայքէջին փոխներգործուն արխիւի բաժինին մէջ: Արուեստի կեդրոնին մէջ պիտի ստեղծուի նաեւ գեղարուեստական ուսումնասիրութեան տարածք մը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ համակողմանի զրոյցներ ունենալ հաւաքական մշակոյթի լեզուի եւ մնայունութեան մասին:

9- Օլիվիա Մելքոնեան (Մեծն Բրիտանիա). «Յարութիւն»

Ժողովրդական երգերը ելեկտրոնային պարային երաժշտութեան մէջ ներառող երաժշտական շարք. ձուլում՝ աւանդական գործիքներու նմոյշներով եւ արեւմտահայ ձայնային կենդանի ձայնագրութիւններով, ներառելով բնիկ հայկական երգարուեստ եւ ձայնեղանակներ: Երաժշտական պահպանումէն եւ Կոմիտասէն ներշնչուած՝ արեւմտահայ երգերը կը հանդիսանան այս նախագծին հիմքը։ Նախագիծը գեղարուեստական մարտահրաւէր է մշակութային երեւակայութեան, յարգելով անցեալը՝ միաժամանակ ուսումնասիրելով, թէ ինչպէ՛ս ժառանգուած գիտելիքներն ու հմտութիւնները կրնան կայուն կերպով փոխանցուիլ, ներգրաւուածութեան միջոցով:

10- Շողակ Յովհաննէսեան, Վարագ Գարագաշեան, Սերժ Մանուկեան, Արազ Քոճայեան (Լիբանան). «Վազրիկ Լուցկի»

Արեւմտահայերէն գիտաերեւակայական շարժանկար-վէպ՝ յառաջապահ ոճով, որ կ՚անդրադառնայ Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող շարք մը անհեթեթ իրադարձութիւններու՝ գլխաւոր հերոսին փորձառութիւններուն միջոցով: Վէպը, որ հիմնուած է Պէյրութ ապրող հայ համայնքին վրայ, ամբողջութեամբ ձեռքով նկարազարդուած է։ Պատմուածքը կ՚անդրադառնայ այն հիմնական երեւոյթներուն, որոնք կը ձեւաւորեն քաղաքի մը ըմբռնումը՝ թէ՛ մարդիկ ինչպէ՛ս կը վերաբերին անոր եւ թէ ինչպէ՛ս կը յիշեն զայն: Նախագիծը առընչելի պատմութիւն հիւսելու վարժանք մըն է գործածելով կենսամիջավայրը՝ տեղական համայնքի մշակութային եւ լեզուական սովորութիւններուն առընթեր:

ՆՈՐ ՅԱՅՏԸ՝ ԲԱՑՈՒԱԾ

Միաժամանակ «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկնի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը օրերս յայտարարեց յառաջիկայ տարուան «արդ եւս» ծրագրի չորրորդ շրջանի մասին: Յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի, որ առաջատար այս ծրագիրին միջոցով Հայկական բաժանմունքը պիտի շարունակէ աջակցիլ հայերէնով ժամանակակից մշակոյթ եւ մտածողութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւններուն: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«արդ եւս»ի նպատակն է ոգեշնչել, նպաստել եւ աջակցիլ մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտներու նորարարութեան եւ ժամանակակցութեան՝ ապահովելու արեւմտահայ լեզուին ու մշակոյթին կենսունակութիւնը, որ սերտօրէն կապուած է նաեւ յաջորդ սերունդներու կենսունակութեան:

Որպէս ընկերային վերափոխումի գործիք, մշակոյթը կ՚առնէ կեդրոնական դիրք մը։ Այս առումով, «արդ եւս»ը կ՚աջակցի նաեւ մշակութային մեր իրականութեան մէջ իսկական փոփոխութիւն բերող ազդու գործիչներու եւ կը կը ձգտի ներշնչելու մարդիկ եւ համայնքներ, որպէսզի անոնք փորձընկալեն, վերաիմաստաւորեն եւ տարածեն մշակոյթ մը՝ թարմ գաղափարներու մշակումով եւ կիրարկումով: Գաղափարներ, որոնք կը մղեն պատկերացնելու արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակ ապագան։

Հիմնարկը պիտի հովանաւորէ տարեկան մինչեւ տասը ծրագիր՝ իւրաքանչիւրին համար առաւելագոյնը 10 հազար եւրօ նպաստով։

«արդ եւս»ի ծրագիրին առաջնահերթութիւններն են.

- Արժեւորել արեւմտահայերէնով ստեղծագործելը։

- Զօրացնել լեզուի ու մշակոյթի միջեւ հարազատ կապը, ապահովելու երկուքին զարգացումը։

- Շեշտել մշակոյթի յարակցական ուժն ու կարողականութիւնը։

- Խթանել մշակութային գործունէութիւնը եւ մասնակցութիւնը, որպէս հզօրացումի եւ մշակութային հնարաւորութիւններու գործածութեան կարեւոր միջոց եւ որպէս զարգացումի աղբիւրներու փոխանցումի, ստեղծումի եւ բարեշրջումի կարեւոր գործօն:

- Շեշտել մշակոյթի հսկայական կարողականութիւնը եւ ուժը՝ հասարակութիւնը փոխակերպելու եւ անոր վրայ ազդելու։

- Մշակութային հնարաւորութիւններու կայուն եւ յարատեւ ստեղծումին եւ անոնց գործածութեան միջոցով խթանել զարգացումի ուղղութիւններ, անոնց նորացումը եւ փոխանցումը ապագայ սերունդներուն:

- Քաջալերել ժամանակի ընթացքին զարգացող եւ երկարաժամկէտ կիրարկութիւններ, որոնք պիտի երաշխաւորեն արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակութիւնը։

- Զարգացնել նորարար մշակութային կիրարկութիւններու ցանց մը՝ ապահովելու անոնց տեսանելիութիւնը հայկական աշխարհին մէջ։

- Զօրաշարժել մշակոյթը եւ հայկական ձայներու բազմազանութիւնը՝ ապահովելու աւելի՛ զգալի ներկայութիւն:

- Ստեղծել բաց միջավայր, ուր բոլորը կրնան մշակոյթ ստեղծելու եւ պահպանելու գործընթացին մասնակցիլ եւ անոր պատասխանատուութիւնը կրել՝ խրախուսելով ստեղծագործութիւնը եւ նորարարութիւնը։

- Անդրադառնալ համամարդկային հիմնահարցերու եւ կապեր հաստատել այլ մշակոյթներու հետ՝ արեւմտահայերէնի միջոցով։

- Ապահովել տարբեր սեռերու մասնակցութեան հաւասարութիւնը։

- Ապահովել երիտասարդներու մասնակցութիւնը հասարակաց մշակութային շրջարկին եւ ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։

- Ապահովել հայկական տարբեր համայնքներու կենսունակութիւնը մշակոյթի միջոցով։

- Գործածել մշակոյթին ուժը լեզուն եւ նոյնինքն մշակոյթը թարմացնելու համար՝ օգտագործելով մշակոյթը որպէս զարգացումի եւ առաջընթացի շարժիչ ուժ, որպէս իմաստի եւ կենսունակութեան աղբիւր, որպէս ստեղծագործութեան եւ նորարարութեան աղբիւր եւ որպէս տեղական եւ միջազգային մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու եւ լուծումներ գտնելու աղբիւր։

ԴԻՄԵԼՈՒ ՉԱՓԱՆԻՆՇԵՐ

Այս նպաստի դիմումնագիրը բաց է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով մշակութային նիւթեր արտադրել՝ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն։

Դիմումները կրնան կատարուիլ անհատական կամ խմբային, ինչպէս նաեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու կողմէ։ Տասնութ տարեկանէն վեր բոլորը կրնան դիմել, բացի շահոյթ հետապնդող կազմակերպութիւններէ։ Պարտադիր չէ, որ դիմողները ըլլան կայացած կամ փորձառու արուեստագէտներ։

Ծրագիրները կրնան ըլլալ բազմա-միջգիտակարգային. օրինակ՝

- Արուեստի տարբեր բնագաւառներ, ժառանգութիւն (որպէս ներշնչումի աղբիւր) եւ մարդաբանական գիտութիւններ։

- Գաղափարներ, փորձառութիւններ եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական դրսեւորումներ, որոնք կրնան ներառել հետեւեալ ձեւաչափերը, բայց չեն սահմանափակուիր անոնցմով՝

- Տեսողական արուեստներ։

- Գրականութիւն, գրաքննադատութիւն, վերլուծական յօդուածներ, թարգմանութիւններ (գիրք, ձայնագիրք, թերթ, ամսագիր, կայքէջ, առցանց հրատարակութիւններ, շարանկար...)։

- Բազմա-միջգիտակարգային բնագաւառներ, որոնք գոյացած են արդի հաղորդակցութեան ձեւերու շնորհիւ։

- Նոր երաժշտութիւն։

- Թատրոն, կատարողական արուեստներ։

- Տեսանիւթեր եւ այլ արտայայտչամիջոցներ՝ կահոնքներ (installations), animations, blogs, vlogs, YouTube-ի կայաններ, ձայնային ծրագիրներ (podcasts), յաւելուածներ եւ այլն։

- Ձայնասփիւռի յայտագիրներ եւ այլ ստեղծագործ եւ առցանց հեռարձակումներ։

ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԻ ՉԱՓԱՆԻՆՇԵՐ

«արդ եւս»ի նպաստի դիմումները պիտի գնահատուին հետեւեալ չափանիշներու հիման վրայ՝

- Ստեղծագործ եւ նորարար տարրերու եւ մտքերու առկայութիւն։

- Նիւթերու առընչելիութիւն։

- Մշակութային բազմազանութիւն, ժամանակակից եւ աշխարհին հետ առնչուող նիւթերու անդրադարձ։

- Նորարարութիւն արեւմտահայերէնի գործածութեան մէջ։

- Աշխատանքի եւ բովանդակութեան որակ։

- Յառաջադէմ մօտեցումներու որդեգրում։

- Մշակութային արտադրութիւն, որ ձեւաւորուած ըլլայ տարբեր արտայայտչամիջոցներով եւ աւանդութիւններով, որոնք պարունակեն նոր գիտելիքներ եւ կիրարկութիւններ։

- Ժամանակակից արտայայտչամիջոցներու գործածութիւն։

- Լեզուի գործածութիւն որպէս արտայայտութեան հիմնական միջոց։

Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի ծրագիրներու, որոնք՝

- Դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ։

- Դիմեն յստակ լսարանի կամ թիրախի մը, ներառեալ աննկատ մնացած շրջանակները։

- Ներգրաւեն կիներն ու երիտասարդները։

- Շարունակեն ունենալ իրենց դրական ազդեցութիւնը ծրագիրի աւարտէն ետք։

- Անդրադառնան բնապահպանական եւ կենսոլորտի հարցերու՝ եթէ հնարաւոր է։

Յանձնարարելի է, որ դիմողները օգտուին այժմու միջազգային յաջող մշակութային գործունէութիւններէն, եւ փորձեն այդ օրինակները համարկել մեր հայկական իրականութիւններուն մէջ։

- Դիմումներու վերջնաժամկէտն է 28 փետրուար 2025-ը (Լիզպոնի ժամով 23:59-ին), դիմելու մանրամասները՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութի կայքէջին մէջ:

- Արդիւնքները պիտի յայտարարուին 14 ապրիլ 2025 թուականին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024