«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀՊԱՐՏ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Հայրենիքի սահմաններէն հազարաւոր քիլօմեթր հեռաւորութեամբ՝ հարեւան երկրի մը մէջ ջերմ ու տաքուկ անկիւն՝ ուրկէ Հայաստան կը բուրէ։ Պոլսոյ նախկին հայահոծ Գումգաբու թաղամասին կը վերաբերի խօսքը, ուր այժմ կը բնակին Հայաստանէն Թուրքիա ժամանակաւորապէս հաստատուած մեր հայրենակիցներու ստուար հատուածներ։

Օտարութիւն բառը ինքը՝ այլեւս կը յուշէ, թէ ոտքդ հանես հայրենիքէ՛դ, ակամայ պիտի կանգնիս ձուլումի, ազգային գիտակցութեան խարխլումի, մայրենիդ ու մշակոյթդ կորսնցնելու վտանգին առջեւ։ Ինչպէս ժամանակին նկատած էր մեծն Խաչատուր Աբովեան.

Ա՜խ լե­զուն, լե­զուն. լե­զուն որ չըլ­նի,
մարդ ին­չի նման կ­­՚ըլ­նի։
Մէկ ազ­գի պա­հո­ղը, ի­րար միաց­նո­ղը
լե­զուն ա ու հա­ւա­տը։
Լե­զուդ փո­խի՛ր, հա­ւատդ ու­րա­ցի՛ր, էլ
ըն­չո՞վ կա­րես ա­սիլ, թէ ո՞ր ազ­գիցն ես…

Պէտք է խոստովանիլ, որ թէպէտ օտարութեան մէջ ապրիլը լի է բազում դժուարութիւններով ու անյարմարութիւններով, այնուամենայնիւ այն իր մէջ կը կրէ տարատեսակ գայթակղութիւններ։ Այդ գայթակղութիւններու դրդմամբ մարդիկ երբեմն իրենց իսկ յօժար կամքով կը հրաժարին ազգային պատկանելիութենէն, ուրանալով ազգ ու հաւատք՝ կը գերադասեն դառնալ աշխարհի քաղաքացի։ Յուրախու-թիւն մեզի, պէտք է նշել, որ Պոլիս հաստատուած հայաստանցիները մեծ մասամբ զերծ կը մնան նմանատիպ վտանգներէ։

Օտար ամայի ճամբերքին, տուեալ պարագային Թուրքիոյ մէջ հայ մնալու, հայութիւնը պահպանելու համար արիաբար յաղթահարելով իր առջեւ գոյացած բազմաթիւ խնդիրներ, հսկայածաւալ աշխատանք կը տանի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Ինչպէս ծանօթ է, «Հրանդ Տինք» կրթական համալիրը կը գործէ Հայաստանի դպրոցներու կրթական ծրագրերուն համաձայն։ Միակ դպրոցը, որու սաները բացարձակապէս հայերէն կը խօսին։ Այդ սաներն ու իրենց ընտանիքներն են, որ օտարութեան մէջ ամուր կառչած մնալով հայերէնին, կը շարունակեն փառապանծ պահել մեր ոսկեղնիկ լեզուն ու մշակոյթը։ «Հրանդ Տինք» վարժարանի ուսուցչական կազմը, արհեստավարժ կերպով կը հասնի իւրաքանչիւր աշակերտի հոգւոյ նրբագոյն լարերուն, անոնց մէջ առթելով, սերմանելով՝ բարութիւն, մարդասիրութիւն, հայրենասիրութիւն ու նմանօրինակ վեհ զգացումներ։ Ամէն տարի վարժարանի սաները հոգեպէս կոփուած, կազմ ու պատրաստ՝ դիմակայելու, յաղթահարելու կեանքի դժուարութիւններն ու անարդարութիւնները, հրաժեշտ կու տան հարազատ կրթօճախին։ Երկու ոտքի վրայ ամուր կեցած կը գոցեն իրենց անհոգ կեանքի անդրանիկ էջը։ Ժպտադէմ ողջագուրուելով կեանքի նոր փուլին, յառաջ կ՚ընթանան, երբեւէ չմոռանալով, չխզելով կապը մայր վարժարանին հետ։

Օրերս՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր խմբագրատան երդիքին տակ ջերմօրէն հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները։ Հինգ աշակերտէ բաղկացեալ միջնակարգի աւարտական իններորդ դասարանէն, յարգելի պատճառաբանութեամբ բացակայ մը ունէինք՝ Մերի Կարապետեանը։

Մեր հաճելի ու տպաւորիչ զրոյցի ընթացքին, «Հրանդ Տինք» վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները սիրով բացատրութիւններ տուին իրենց դպրոցական առօրեային, նախասիրութիւններուն ու ապագայի հետ առընչուող ծրագրերուն վերաբերեալ։ Հեզ ու խոնարհ, ամօթխած հայեացքնին դէպի ինծի սեւեռած դեռատի պատանիները իրենց ուղղեալ իւրաքանչիւր հարցումին ամբողջական ու բովանդակալից պատասխանեցին։

Աշխատանք գտնելու նպատակաւ անոնց ընտանիքները հաստատուեցան Պոլիս։

Տղաքը՝ ի բացառութիւն Գարիկի, թէպէտ դպրոցի մէջ առարկայ ըլլալով թրքերէն չեն սերտեր՝ կը տիրապետեն տեղական լեզուին։ Վարժարանին մէջ երկու օտար լեզու կը սորվին՝ ռուսերէն եւ անգլերէն։

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը նպատակադրած է մօտալուտ ապագային վերադառնալ հայրենիք եւ այնտեղ դասաւորել իր կեանքի ուղին։ Զրոյցի ընթացքին բոլոր մտքերը ու ճանապարհները Հայաստան կը տանէին։ Զոր օրինակ՝ ինչպիսի՞ ֆիլմեր կը սիրէք հարցումին՝ տղաքը պատասխանեցին հայկական։

Ո՞րն է ձեր սիրելի գրողը հարցումին միաձայն հնչեց Յովհաննէս Թումանեան պատասխանը։ Հեզահամբոյր Ռուզաննան շատ կը սիրէ Թումանեանի հէքեաթները, մասնաւորապէս՝ «Անբան Հուռի»ն, իսկ Գարիկը կը նախընտրէ Թումանեանի «Շունն ու կատուն» յայտնի ու սիրուած հէքեաթը։ Լիպարիտը մինչեւ այսօր տպաւորուած է եւ գոց կրնայ արտասանել Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը։ Անդրանիկը կը գերադասէ ազատ ժամերուն մարմնամարզութեամբ զբաղիլ ու վէպեր կարդալ. Րաֆֆիի «Սամուէլ», Շիրվանզատէի «Քաոս» վէպերը կարդացած է։

Աշակերտներէն Ռուզաննա Պապայեան մեծ խանդավառութեամբ պատմեց, թէ ինչպէս կ՚անցնի իրենց դպրոցի առօրեան. «Մեր վարժարանը հնգօրեայ է։ Դասերը առտու կանուխ՝ ժամը իննին կը սկսին։ Ի տարբերութիւն Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն՝ մենք ազատ հագուստով դպրոց կ՚երթանք, ամէնօրեայ դպրոցական տարազ չունինք, միայն յատուկ օրերուն, իւրաքանչիւր դասարան կը հագնի իր յատուկ տարազը։ Բաց աստի, մեր վարժարանը փոխադրամիջոց ալ չունի։ Սովորաբար դպրոցի յարակից թաղամասերուն մէջ բնակող աշակերտները քայլելով կու գան, իսկ հեռու ապրողները՝ հանրաշարժով։ Ամէն օր վեց դասաժամ կ՚ունենանք, իւրաքանչիւր դասաժամ քառասուն վայրկեան կը տեւէ։ Դասաժամերուն միջեւ զբօսանքի տեւողութիւնը 5 վայրկեան է։ 35 վայրկեան տեւողութեամբ ունինք նախաճաշի ժամ, որու ընթացքին կիսաանօթի փորով կ՚ըմբոշխնենք մեր մայրիկներուն պատրաստած համեղ սակառը. ան կը սկսի երկրորդ դասաժամէն ետք։ Այնուհետեւ, ժամը երկուքին կարգով՝ պզտիկէն մեծ, դասարան-դասարան ճաշի կ՚երթանք։ Կէսօրուան ճաշը դպրոցը կ՚ապահովէ։ Մենք՝ միջնակարգի աւարտական դասարան ըլլալու պատճառաւ վերջինը կը ճաշենք։ Ճաշէն ետք, մինչեւ ժամը երեքուկէս ազատ ժամ կ՚ունենանք, այնուհետեւ՝ մինչեւ ժամը չորս, այսինքն կէս ժամ դասապատրաստում կ՚ըլլայ։ Ժամը չորսէն վերջ տղաքը կը սկսին արձակուիլ։ Կան ծնողներ, որոնց աշխատանքային ժամը ուշ կը լմննայ, անոնց համար դպրոցին մէջ սահմանուած մասնաւոր հերթապահութիւն ունինք։ Ուսուցչուհիները հերթապահութեամբ մինչեւ ժամը եօթ ուշ գացող տղոց հետ միասին ծնողքին կը սպասեն։

«Մեր դասաժամերը շատ յագեցած ու հետաքրքրական կ՚անցնին։ Քանզի դասարանին մէջ ընդամէնը հինգ աշակերտ ենք, մեզմէ իւրաքանչիւը ամէն օր դասի կ՚ելլէ։ Կարծես մասնաւոր դաս կ՚առնենք։ Կրթութեան որակէն ու մակարդակէն գոհ ենք։

«Ուսուցիչներու հետ մեր յարաբերութիւնները շատ ջերմ ու անմիջական են։ Մեր յարգարժան ուսուցիչները մեզմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ծնողի պէս առանձնայատուկ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն, անոնք մեր երէց ընկերներն են, մեր խորհրդատուները։ Ուսուցիչներէն զատ մտերմիկ ու անկեղծ յարաբերութիւններ հաստատած ենք տնօրէնութեան, մասնաւորապէս մեր վարժարանի կամաւոր հոգաբարձուներ՝ սիրելի Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին հետ։ Պարզապէս կը հիանանք մեր յարգարժան ատենապետներու անսահման ուշադրութեամբ ու բարեացակամութեամբ։ Որու կապակցութեամբ ալ անգամ մը եւս կը փափաքինք մեր անկեղծ երախտիքը յայտնել Տիկին Դալարին ու Պարոն Արթոյին»։

Նոյն հարցումին Գարիկն ալ աւելցուց, որ իւրաքանչիւր հինգշաբթի օր վարժարանի մանչերը՝ մինչեւ ութերորդ դասարան ոտնագնդակի կը յաճախեն Թաքսիմ մարզակումբին մէջ, իսկ աղջիկները նոյն ակումբին մէջ ամէն ուրբաթ վոլէյպոլի կը յաճախեն։ Իրարմէ խօսք առնելով Լիպարիտը յաւելեց, որ «Հրանդ Տինք» վարժարանը իրենց երկրորդ տունն է։

«Վարժարանը մեզ ո՛չ միայն կրթեց, այլեւ՝ սորվեցուց բարի ըլլալ, յարգել մեծերը, մարդոց նկատմամբ ազնիւ ու արդար ըլլալ։ Սիրել աշխարհը, բնութիւնը եւ մարդիկը։ «Հրանդ Տինք» վարժարանը մեզի համար հասարակ դպրոց մը չէ, մեր սրտերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ։ Կը հպարտանանք մեր դպրոցով. երջանիկ ենք, որ այս վարժարանի սանն ենք։ Ինչպէս դասընկերուհիս՝ Ռուզաննան նշեց, դպրոցը մեզ բարձրակարգ կրթութեամբ օժտեց։ Ամենէն կարեւորը մեր ներքին լաւ մարդը արթնցուց, կոփեց ու դաստիարակեց։ Մեծագոյն փափաքս է, որ օր մը, մեր դպրոցը մարմնամարզի դասերը յագեցած իրականացնելու համար համապատասխան մարզարան մը ունենայ։ Մոռցանք պտոյտներու մասին պատմել։ Յաճախ թանգարաններ, տեսարժան վայրեր կ՚այցելենք։ Դաշտապտոյտներու կ՚երթանք։ Տեղւոյն հայկական վարժարաններու աշակերտութեան հետ զիրար փոխադարձաբար կը հիւրընկալենք։ Նոյնիսկ այս ուսումնական տարեշրջանին Երեւանի Մխիթար Սեբաստացի դպրոցի աշակերտները մեզի հիւր եկան», կը պատմէ Լիպարիտ։

Լիպարիտ նշեց նաեւ, որ փետրուարի 23-ին տեղի ունեցած է իրենց աւարտական երեկոն՝ վերջին զանգը։ «Օրուան համահունչ կոկիկ հագած բեմ բարձրացանք։ Թատերական ելոյթ ունեցանք։ Սրահին մէջ մեծ խանդաղատանք կը տիրէր։ Այնուհետեւ, երեկոյեան ծնողներու, ուսուցիչներու եւ հոգաբարձուներու հետ միասին գացինք գեղեցիկ սրճարան մը, ուր մինչեւ ուշ ժամեր շարունակեցինք մեր խրախճանքը։ Այդ օր դարձաւ իմ կեանքի ամենէն գեղեցիկ ու յիշարժան օրերէն մին», ուրախութեամբ շեշտեց Լիպարիտ։

Հուսկ, Անդրանիկը պատմեց, որ քանի մը օր ետք պիտի վերադառնան Հայաստան, ուր դպրոց մը պիտի արձանագրուին ու երեք ամիս շարունակ դասի պիտի երթան։ Յունիս ամսուան մէջ քննութեան պիտի մտնեն, բարեյաջող յանձնելու պարագային վկայական պիտի ստանան ու այլեւս պիտի կարողանան աւագ դպրոց՝ լիսէ ընդունուիլ։

«Հրանդ Տինք» վարժարանի խելացի եւ ուշիմ սաները ապագայի հետ կապուած մեծ ակնկալիքներ ու սպասումներ ունին։ Զոր օրինակ՝ Ռուզաննա Պապայեան, որ կը սիրէ խորասուզուիլ թիւերու աշխարհին մէջ, բաց աստի, դպրոցին մէջ նախընտրելի առարկան ալ թուաբանութիւնն է, այլեւս կողմնորոշուած է բարձրագոյն կրթութեան հարցին շուրջ, ան ընտրած է ծրագրաւորողի ասպարէզը։

Բարձրահասակ ու կապուտաչուեայ Լիպարիտ Պաղտասարեան շատ կը սիրէ լեզուներ սորվիլ՝ մասնաւորապէս ռուսերէնը։ Վերջինս ասպարէզ ըլլալով ընտրած է Անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն բաժինը։

Կարծես թէ այս դասարանի բոլոր տղաքը լեզուներու սիրահար են։ Գարիկ Մուրատեանի նախընտրելի առարկան եւս ռուսերէնն է։

Անդրանիկ Ետիկարեան նոյնպէս շեշտեց, թէ լեզուներ սորվիլը շատ կը սիրէ, սակայն վերջինիս նախընտրելի առարկան է՝ կենսագիտութիւնը։ Անդրանիկ շատ կը սիրէ մարմնամարզով զբաղիլ, ասպարէզին մէջ ալ այլեւս կողմնորոշուած է՝ մարմնամարզութեան ուսուցիչ պիտի դառնայ։ Մեծագոյն երազն է, օր մը Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնամարզի նախարարը դառնալ։

Իրարու հրաժեշտ տալէ առաջ տղաքը մեծագոյն սիրով պատասխանեցին իմ կողմէ պատրաստուած, ոչ հասարակ հինգ հետաքրքրական հարցումներուն։

Առաջինը հարցումներուն պատասխանեց Ռուզաննա Պապայեան։

*

-Այսօր ամենէն շատ ո՞վ կը կարօտնաք։

-Հայրիկս կը կարօտնամ։

-Ռուզաննա, եթէ ժամանակի ճամբորդ ըլլայիք, ո՞ր դարա-շըրջանը կը փափաքէիք այցելել կամ նոյնիսկ ապրիլ։

-Եթէ ժամանակի ճամբորդ ըլլայի, քարէ դար կ՚ուզէի այցելել։

-Դուք կախարդական փայտիկ ունիք եւ երեք հրաշք կամ երազ ի կատար ածելու հնարաւորութիւն։ Որո՞նք կ՚ըլլային անոնք։

-Առաջինը՝ ընտանիքս, հայրս ու մայրս կը վերամիաւորէի։ Երկրորդը՝ աշխարհի երեսին արդարութիւնը կը վերականգնէի։ Երրորդը՝ մահը կը վերացնէի։

-Ձեզի տրուած է հնարաւորութիւն աշխարհի, երկրի առաջնորդի մը հետ հանդիպել. ո՞վ կը նախընտրէիք։

-Նման ցանկութիւն չունիմ։

-Ռուզաննա կրնա՞ք հակիրճ նկարագրել ձեր ապագան քսան տարի վերջ։

-Սիրելի աշխատանքս կատարեմ։

*

-Լիպարիտ, ըսէք խնդրեմ, այսօր ամենէն շատ ո՞վ կը կարօտնաք։

-Հայրենիքս եւ այնտեղ բնակող ազգականներս կը կարօտնամ։

-Ինչպիսի՞ աշխարհ մը կը ցանկայիք մարդկութեան համար։

-Սիրով, բարութեամբ ու համերաշխութեամբ լեցուն։

-Եթէ ժամանակի ճամբորդ ըլլայիք, ո՞ր դարաշրջանը կը փափաքէիք այցելել կամ նոյնիսկ ապրիլ։

-450-ական թուականներուն՝ Աւարայրի ճակատամարտի ժամանակաշրջանին կ՚ուզէի ապրել։

-Լիպարիտ, ձեզի տրուած է հնարաւորութիւն աշխարհի, երկրի առաջնորդի մը հետ հանդիպել. ո՞վ կը նախընտրէիք։

-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կը փափաքիմ տեսակցիլ։ Տեսակցութեան ընթացքին կը խնդրէի հայ ուսանողներուն կրթաթոշակ տրամադրել, որպէսզի կարողանանք ԱՄՆ-ի որեւէ համալսարանի մէջ ուսանիլ։

-Կրնա՞ք հակիրճ նկարագրել ձեր ապագան քսան տարի վերջ։

-Գործարար ըլլալ, բարեկեցիկ կեանքով ապրիլ Հայաստանի մէջ ու տեւական ճամբորդել։

*

-Գարիկ, այսօր ամենէն շատ ո՞վ կը կարօտնաք։

-Հայաստանը, ընկերներս ու բարեկամներս կը կարօտնամ։

-Մարդկութեան համար ինչպիսի՞ աշխարհ կը ցանկայիք։

-Համերաշխ ու այնպիսի աշխարհ մը, ուր օրէնքի դիմաց բոլոր մարդիկ հաւասար ըլլային։

-Եթէ ժամանակի ճամբորդ ըլլայիք, ո՞ր դարաշրջանը կը փափաքէիք այցելել կամ նոյնիսկ ապրիլ։

-Նման ցանկութիւն չունիմ։

-Դուք կախարդական փայտիկ ունիք եւ երեք հրաշք կամ երազ ի կատար ածելու հնարաւորութիւն։ Որո՞նք կ՚ըլլային անոնք։

-Առաջին՝ մարդիկը կը բարիացնէի։ Երկրորդ՝ «Հրանդ Տինք» վարժարանի շէնքը կը բարեկարգէի։ Երրորդ՝ աւելի խելացի կ՚ուզէի ըլլալ։

-Գարիկ, ձեզի տրուած է հնարաւորութիւն աշխարհի, երկրի առաջնորդի մը հետ հանդիպիլ. ո՞վ կը նախընտրէիք։

-Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ կը փափաքէի հանդիպիլ։

*

-Անդրանիկ, կրնա՞ք ըսել, թէ «Հրանդ Տինք» վարժարանը ձեզի ի՞նչ տուաւ։

-Ի շնորհիւ «Հրանդ Տինք» վարժարանի՝ ազգասէր մեծցայ։ Լեզուս պահպանեցի, չկորսնցուցի զայն օտարութեան մէջ։ Հպարտ եմ, որ «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտներէն մին եղած եմ։

-Մարդկութեան համար ինչպիսի՞ աշխարհ կը ցանկայիք։

-Ազնիւ ու արդար աշխարհ կը կամենամ համայն մարդկութեան։

-Անդրանիկ, եթէ օր մը անտեսանելի ըլլայիք, ի՞նչ կ՚ընէիք։

-Նախարարներու եւ նախագահներու տուներ, աշխատասենեակներ կ՚այցելէի։

-Եթէ ժամանակի ճամբորդ ըլլայիք, ո՞ր դարաշրջանը կը փափաքէիք այցելել կամ նոյնիսկ ապրիլ։

-Տիգրան Մեծի ժամանակաշրջանը կ՚այցելէի ու հայոց մեծ արքայի առջեւ կը փռէի ապագայի բոլոր խաղաքարտերը։

-Դուք կախարդական փայտիկ ունիք եւ երեք հրաշք կամ երազ ի կատար ածելու հնարաւորութիւն։ Որո՞նք կ՚ըլլային անոնք։

-Առաջին՝ աշխարհի բոլոր մանկատուները կը վերացնէի։ Երկրորդ՝ ծերանոցները կը վերացնէի։ Իսկ երրորդ՝ ինքզինքիս համար ճոխ կեանք, մեծ հարստութիւն կը ստեղծէի։

-Անդրանիկ, կրնա՞ք հակիրճ նկարագրել ձեր ապագան քսան տարի վերջ։

-Լաւ հայրիկ։

Սիրուն տղաք, բարին ընդ ձե՛զ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019