ՀԱՅԵՐԷՆ ՁԵՌԱԳՐԵՐՈՒ ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱՆԽՈՆՋ ՆՈՒԻՐԵԱԼԸ ԳԷՈՐԳ ՏԷՐ-ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Մարտի 29-ին կեանքէն հեռացաւ մեր լաւագոյն հայագէտներէն մէկը՝ անուանի ձեռագրագէտ, պատմաբան ու մանկավարժ Գէորգ Տէր-Վարդանեան:

Ինչպէս իր որդին՝ մշակոյթի նախկին փոխ-նախարար Ներսէս Տէր-Վարդանեան յայտնած է՝ իր հայրը լքած է երկրային կեանքը՝ 80 օր ապրելու համար մաքառելէ ետք:

Գէորգ Տէր-Վարդանեանի մասին այս օրերուն շատ գրուեցաւ, խօսուեցաւ: Ափսոսանքի եւ յիշատակի գիրեր յայտնուեցան լրատուամիջոցներու մէջ, ընկերային ցանցերու վրայ, անգամ մը եւս արժեւորուեցաւ ձեռագրագէտը, աւանդապահը, պատմաբանը, մանկավարժը: Գործընկերները պատմեցին դրուագներ անոր անձաձիր աշխատանքի, անտրտունջ նուիրումի մասին:

Գէորգ Տէր-Վարդանեանի ներկայ եւ նախկին ուսանողներ երախտիքի խօսքեր հնչեցուցին իրենց ուսուցիչի մասին, երիտասարդ ձեռագրագէտներ իրենց պարտքը համարեցին նշելու, որ Գէորգ Տէր-Վարդանեան ձեռագրագէտի դպրոցէն անցած եւ դարձած են մասնագէտներ: Յիշատակի խօսքերը յուզումնալից էին մանաւանդ Մաշտոցեան Մատենադարանի յարկին տակ, ուր գիտական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը: Գիտնականի մահուան կապակցութեամբ Մատենադարանի տնօրէնութիւնը ցաւակցական նամակներ ստացած է աշխարհի կարգ մը գիտական կեդրոններէ, անհատ գիտնականներէ: Լուսահոգի մտաւորականը ձեռագրերու լաւագոյն գիտակներէն էր եւ զայն կը ճանչնային բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուստի աշխարհի զանազան վայրերէ սգակցութիւնը չէր ուշացած...

Տէր-Վարդանեան աշխատած է Մատենադարանի բոլոր տնօրէններուն հետ, ինչպէս նաեւ Մատենադարանի ամենաերկարամեայ աւանդապահն էր:

Շուրջ 45 տարի անոր մասնագիտական ու հայրական անբասիր խնամքի ներքոյ եղած է հայոց ձեռագրերու ամենամեծ պահոցը: Վերջին հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին բոլոր ելոյթ ունեցողները մտաւորականի ձգած աւանդին մէջ անխտիր կը նշէին մանաւանդ անոր բացառիկ դերը՝ հայոց ձեռագրերու Մայր ցուցակը կազմելու գործին մէջ:

Ուսումնասիրողներուն մէջ «Մայր ցուցակ» կարճ անունով յայտնի այդ աշխատութիւնը իրականութեան մէջ բազմահատորեակ մըն է՝ տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքին կազմուած եւ «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մաշտոցեան Մատենադարանի» խորագրով հրատարակուած: Գէորգ Տէր-Վարդանեան խմբագրած է Մայր ցուցակի հատորներէն վեցը եւ երկու հատոր ալ իր խմբագրութեամբ արդէն պատրաստ էին հրատարակուելու, սակայն վրայ հասած է անողոք մահը: Այդ հատորներու հրատարակութեան մեծապէս կ՚օժանդակեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը, անհատ բարերարներ եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ:

ՁԵՌԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Գէորգ Տէր-Վարդանեան Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ կը ղեկավարէր շուրջ երեսուն աշխատակիցներէ կազմուած բաժին մը, որ ինք ստեղծած էր եւ ուր կը պահէին, կը պահպանէին եւ նոր սերունդներուն կը փոխանցէին մեր ձեռագրագիտական հարուստ աւանդոյթները: Ձեռագրագիտութեան բաժինն էր այդ մէկը՝ Մատենադարանի հաւանօրէն ամենակարեւոր բաժինը, որովհետեւ հին ձեռագրերու մատենադարան ըսելով մենք առաջինը ձեռագրատուն կը հասկնանք: Հայաստանի մէջ որեւէ ուսումնական հաստատութիւն ձեռագրագէտներ չի պատրաստեր եւ Մատենադարանի՝ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի ստեղծած ու ղեկավարած այդ բաժնին մէջ ըստ էութեան կը ձեւաւորուէին արդի ձեռագրագէտները:

Մատենադարանի ձեռագրատունէն ներս կը պահուին մօտաւորապէս 23 հազար ձեռագրեր, ամբողջական գիրքէն մեզի հասած կտորներ (որ պատառիկներ կը կոչուին) եւ հմայիլներ: Հմայիլները նոյնպէս անցեալէն մեզի հասած հարստութեան մէկ մասն են. ատոնք աղօթքներու, աղերսներու, մաղթանքներու հնամենի նշանագրեր են, որ ունին պահպանիչ-բուժիչ նշանակութիւն, եւ ըստ աւանդութեան, զայն կրողները պաշտպանուած կ՚ըլլան փորձանքներէ:

Ձեռագրատան մէջ հայերէն հիմնական ձեռագրերուն, պատառիկներուն եւ հմայիլներուն քով կան նաեւ հայերէն նորագոյն ձեռագրերու, արաբատառ ձեռագրերու, արաբատառ պատառիկներու, արաբատառ հմայիլներու, այլալեզու ձեռագրերու, այլալեզու պատառիկներու հաւաքածոներ:

Ձեռագրերը ունին մայր քարտեր: Ստեղծուած են պատմագրութեան, փիլիսոփայութեան, քերականագիտութեան, աշխարհագրութեան, տիեզերագիտութեան, բժշկութեան, ալքիմիայի (ոսկեփոխութեան), գեղարուեստական գրականութեան (քերթուածներ եւ արձակ) հեղինակային այբբենական ցուցակներ: Ստեղծուած են նաեւ Ճառընտիրներու ու Գանձարաններու մէջ ընդգրկուած նիւթերու ցանկեր, ինչպէս նաեւ ծիսամատեաններու ցուցակ (Յայսմաւուրք, Մաշտոց եւ այլն): Ձեռագրատունէն ներս կը գտնուին եւ կը պահուին Մատենադարանի եւ այլ վայրերու ձեռագրերու մանրաժապաւէններ, լուսապատճէններու, սահիկներու, անտիպ ձեռագրացուցակներու օժանդակ հաւաքածոներ եւ այլն:

Ձեռագրապահոցը Մատենադարանի գիտական մասնաշէնքի երկրորդ յարկը կը գտնուի: Անոր ներսը կը գործէ ներքին ընթերցասրահ, ուր յատուկ արտօնութեամբ ընթերցողներուն կը տրամադրուին ձեռագրերուն բնօրինակները: Գէորգ Տէր-Վարդանեանի գործընկերները կը նշեն, որ ան շատ բծախնդիր էր այդ հարցին մէջ. նոյնիսկ երբեմն դժուարութեամբ կու տար ձեռագրերը թերթելու արտօնութիւնը, իսկ ձեռագրերը թուային մեքենաներով նկարելու ժամանակ դժկամութիւն կը յայտնէր, ըսելով, թէ ձեռագրերը «կը տանջուին »…

Պէտք է նշել նաեւ, որ Մատենադարանին մէջ լաւագոյն պայմանները ապահովուած են հայկական ձեռագրերուն համար. ձեռագրատունին մէջ ներդրուած են ջերմակայունացման եւ հրդեհավտանգ ժամանակակից համակարգեր՝ ձեռագրերը համապատասխան ջերմաստիճանի եւ լուսաւորութեան տակ մշտապէս պահելու համար:

ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿԻ ԿԱԶՄՈՒՄ

Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագրերու վերծանութիւնը միշտ կարեւոր եղած է բոլոր ուսումնասիրողներուն համար: Գիտնականները կ՚ուսումնասիրեն ձեռագրերու բովանդակութիւնը, կը տեսնեն, թէ ի՛նչ գանձեր գրուած են մեր մատեաններուն մէջ եւ ատոնք մատչելի լեզուով կը փոխանցեն հանրութեան: Սակայն միայն ուսումնասիրութիւնը բաւական չէ այս ասպարէզին մէջ. պէտք է կարողանալ հազարաւոր մատեաններու հարիւր հազարաւոր էջերու մէջ գտնել անհրաժեշտ տեղեկութիւնը:

Եւ այդպէս Մատենադարանին մէջ շուրջ կէս դար առաջ սկիզբ դրուեցաւ մատենագիտական ամենամեծ գրացուցակը կազմելու գործին, եւ այդ ցուցակը կոչուեցաւ Մայր ցուցակ: Մայր, այսինքն, հիմնական, գլխաւոր, մանրամասն, բայց նաեւ՝ սնուցող, պահող, փայփայող եւ ուղղութիւն ցոյց տուող: Ասիկա Մատենադարանի գլխաւոր ցուցակն է, որմէ կը սկսին արդէն մնացած բոլոր աշխատանքները: Մայր ցուցակը իրականութեան մէջ բանալի մըն է, որ գիտնականներուն առջեւ կը բանայ մատեաններուն դռները եւ անոնք խորհրդաւոր այդ աշխարհ մուտք կը գործեն՝ Մայր ցուցակէն առնուած կարեւոր տեղեկութիւնները իրենց ձեռքին պատրաստ պահած: Մայր ցուցակի շնորհիւ է, որ ձեռագրերու պարունակած պատմամշակութային բոլոր տեսակի արժէքները եւ արժանիքները կը դրուին գիտական շրջանառութեան մէջ:

Աշխարհի բոլոր ձեռագրատուներն ալ ունին իրենց այդպիսի ցուցակները, որոնց մէջ կը թուարկուին ձեռագրերուն վերնագրերը կամ մանրամասն տեղեկութիւններ կը տրուին անոնցմէ իւրաքանչիւրի հեղինակի, խորագրի, գրութեան ժամանակի, վայրի, ընդօրինակողի, ծաղկող-նկարազարդողի, բովանդակութեան, յիշատակարանի, թուղթի կամ մագաղաթի վրայ գրուած ըլլալուն մասին, նաեւ՝ ամէն մէկ ձեռագրի մէջ գործածուած գիրերու տեսակներուն, էջերու քանակին, վիճակի մասին եւ այլն։ Գրի եւ գրչութեան սկզբնաւորումէն ի վեր զանազան լեզուներով ձեռագրացուցակներ սկսած են կազմուիլ, սակայն ատոնց կազմումը նոր իմաստ ու բովանդակութիւն ստացած է տպագրութեան գիւտէն յետոյ, երբ ձեռագրերը սկսած են դիտուիլ իբրեւ պատմական ժառանգութիւն, անցեալի մտաւոր կեանքի յուշարձան, եւ ատոնք տպագիր գիրքերէն զատ ներկայացնելու կարիք զգացուած է։ Հայկական ձեռագրացուցակներ սկսած են կազմուիլ տակաւին 5-6-րդ դարերուն։ Սկզբնական շրջանին ատոնք եկեղեցւոյ կողմէ ընդունելի եւ մերժելի գիրքերու կամ որեւէ նիւթի նուիրուած ոչ-մեծ ցանկեր էին: Առաւել ծաւալուն ցուցակներ կազմուած են յետագային։ Մեզի հասած այդպիսի ձեռագրացուցակներէն են 11-12-րդ դարերու մտածող Յովհաննէս Սարկաւագի «Կարգադրութիւնք գրոց սրբոց»ը, 13-րդ դարու գործիչ Գրիգոր Որդի Աբասայի «Գիրք պատճառաց»ը, Սաղմոսավանքի՝ 15-րդ դարու անյայտ հեղինակի ձեռագրացուցակը, 17-րդ դարու մատենագէտ Վարդան Բաղիշեցիի՝ Ամրդոլու վանքի ձեռագրացուցակը եւ այլն: 18-րդ դարու սկիզբը Եւրոպայի, ապա նաեւ Ռուսաստանի մէջ արեւելագիտութեան զարգացման շնորհիւ հայագիտութիւնը նկատուած է համաշխարհային մշակոյթի բաղկացուցիչ մաս, եւ հայերէն ձեռագրացուցակներ կազմած են նաեւ եւրոպացի հայագէտները։

Մաշտոցեան Մատենադարանի կայքէջին մէջ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել այն մասին, թէ ինչպէս սկիզբ առած է ներկայ Մայր ցուցակին պատրաստումը:

Այսպէս. 20-րդ դարու 60-ական թուականներուն, գիտական բուռն քննարկումներէն յետոյ, ձեռագրերուն պարունակած նիւթերը արագ ճանաչելի-մատչելի դարձնելու նպատակով, որոշուեցաւ պատրաստել նախ համառօտ ձեռագրացուցակ, որուն առաջին հատորը լոյս տեսաւ 1965 թուականին, երկրորդը՝ 1970-ին։ Այդ հատորները կազմած են Օննիկ Եգանեան, Անդրանիկ Զէյթունեան եւ Փայլակ Այնթաբեան, խմբագրած են Լեւոն Խաչիկեան եւ Ասատուր Մնացականեան։ Այդ երկու հատորով եւ 2007 թուականին տպագրուած յաւելուածային եւս մէկ հատորեակի լրացումով, հայագիտական հանրութեան մատչելի դարձաւ Մատենադարանի շուրջ 11 հազար 100 ձեռագրի համառօտ նկարագրութիւն: Այս ցուցակի հիմնական արժանիքը փոքր ծաւալի մէջ Մատենադարանի խոշորագոյն հաւաքածոյի պարունակութիւնը պատկերել կարենալն էր, որ իրագործուեցաւ մեծագոյն յաջողութեամբ:

Համառօտ երկհատորեակի տպագրութենէն անմիջապէս յետոյ գիտնականներու նոյն խումբը սկսած է ձեռագրերու մանրամասն նկարագրութեան աշխատանքները: 1984 թուականի աշնան լոյս տեսած է անոնց տքնաջան գործի առաջնեկը՝ Մայր ցուցակի Ա. հատորը: Այժմ արդէն մասնագէտներու սեղանին կայ Մայր ցուցակի ստուարածաւալ մօտաւորապէս տասը հատոր: Այս հատորներուն թուային տարբերակները տեղադրուած են Մատենադարանի համացանցային կայքէջին մէջ եւ հասանելի են ուսումնասիրողներուն: Մատենադարանը ծրագիր ունի՝ ամէն մէկ հրատարակուող հատոր անմիջապէս տեղադրել համացանցին վրայ եւ Մայր ցուցակը ամբողջովին հասանելի դարձնել:

Մայր ցուցակին մէջ ձեռագրերը կը նկարագրուին Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի ճիւղի գիտնական-միաբաններու քննարկումներու արդիւնքին տակաւին 1890-ականներուն Յակովբոս Վարդապետ Տաշեանի մշակած՝ 30 կէտ ունեցող հարցակարգով, որ մեր Մատենադարանին մէջ վերամշակուած, վերախմբաւորուած փոքր ինչ լրացուած է, իսկ հարցումներն ու անոնց պատասխանները դասաւորուած են կարեւորագոյն տեղեկութիւնները անմիջապէս տեսանելի դարձնելու սկզբունքով: Հայագիտութեան մէջ ցուցակագրման Տաշեանի եղանակը անուանուած է «տաշեանական ոճ»:

Մեր լաւագոյն ձեռագրագէտներէն եղած է Յակովբոս (Փրանկիսկոս) Տաշեան, որուն կեանքին մէկ մասը կապուած է Պոլսոյ հետ: Իր նախնական կրթութիւնը Տաշեան ստացած է Կարինի ծխական դպրոցին մէջ, 1880-ի ամրան յաճախած է Կ.Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը, աշակերտած է Յովսէփ Գաթըրճեանին, ապա ուսանած Վիեննայի Մխիթարեաններու ընծայարանին մէջ։ 1883-ին ստացած է Յակովբոս անունը, 1885-ին անդամագրուած է Մխիթարեան միաբանութեան։ 1889-ին ձեռնադրուած է քահանայ։ Ուսումը աւարտելէ ետք (1889) Մխիթարեան կրթարանին մէջ դասաւանդած է փիլիսոփայութիւն, հայոց լեզու։ 1893-1912-ին եղած է Վենետիկի, Պերլինի (այստեղ ուսումնասիրած եւ նկարագրած է Արքունի մատենադարանի հայերէն ձեռագրերը), Կ.Պոլսոյ, Զմիւռնիայի, Կարնոյ, Տայոց աշխարհին մէջ։ 1909-ին Կ.Պոլսոյ Մխիթարեան վանատան մեծաւոր նշանակուած է։ Ահա անոր մշակած սկզբունքն ալ այսօր հիմք կը ծառայէ Մայր ցուցակի մէջ ձեռագրերու նկարագրութեան համար: Ձեռագրի մը նկարագրութիւնը ունի երեք հիմնական մաս. արտաքին յատկանիշներու, բովանդակութեան եւ գրչութեան ժամանակի ու յետագայ յիշատակարաններու նկարագրութիւն: Այս եղանակով ձեռագրերը ընթերցողին ներկայացուած են թէ՛ որպէս նիւթական մշակոյթի եւ թէ՛ առաւել եւս՝ հոգեւոր մշակոյթի յուշարձաններ։

2007 թուականէն ի վեր Գէորգ Տէր-Վարդանեանի գլխաւորութեամբ այս կարեւորագոյն աշխատանքի մէջ ընդգրկուած են շուրջ 30 երիտասարդ մասնագէտներ։

Սկզբնական նկարագրութեան փուլին կը յաջորդէ նոյն նկարագրութեան ստուգում-սրբագրումը, ապա՝ խմբագրումը:

Մայր ցուցակի բոլոր հատորներուն մէջ կան հետեւեալ ցանկերը՝

Ա. Գրչութեան ժամանակագրական ցանկ.

Բ. Նախագաղափար եւ յետագայ յիշատակարաններու ցանկ.

Գ. Նիւթերու ցանկ.

Դ. Տեղանուններու ընդհանուր ցանկ.

Ե. Անձնանուններու ընդհանուր ցանկ.

Զ. Գրչութեան վայրերու ցանկ.

Է. Գրիչներու ցանկ.

Ը. Ծաղկողներու ցանկ.

Թ. Կազմողներու ցանկ.

Ժ. Պատուիրատու-ստացողներու ցանկ.

ԺԱ. Մանրանկարներու ցանկ.

ԺԲ. Կնքադրոշմներու ցանկ.

ԺԳ. Գաղտնագրութիւն ունեցող ձեռագրերու ցանկ.

ԺԴ. Տուփի մէջ կամ տուփի ձեւով պահուող ձեռագրերու ցանկ.

ԺԵ. Մետաղէ կրկնակազմեր, խաչեր եւ այլ զարդեր ունեցող ձեռագրերու ցանկ.

ԺԶ. Ձեռագրերու ընդհանուր աղիւսակ.

ԺԷ. Պատառիկ պահպանակներու ընդհանուր աղիւսակ։

Մայր ցուցակի նախատեսելի ծաւալը շուրջ 40 հատոր է. այսինքն տակաւին տասնեակ տարիներու աշխատանք պէտք է կատարուի Գէորգ Տէր-Վարդանեանէն ետք: Բարեբախտութիւն է տեսնել, որ ան, իբրեւ հայրենասէր մտաւորական, ամուր դրած է հայոց ձեռագրերու Մայր ցուցակի ամբողջացման բոլոր հիմքերը եւ պատրաստած արժանի շարունակողներ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2023