ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԵՐԵՒՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող հինգերորդ կիրակին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Խաչին երեւման տօնը:

Այս կիրակին իրեն նախորդող կիրակիներուն նման գոյն չունի: Շնորհք Պատրիարք, սակայն, կ՚առաջարկէ այս կիրակիին ալ գոյն մը տալ, ըսելով. «Քանի որ գոյն մտած էր մեր տեսած Յինանց վերջին երկու կիրակիներու մէջ, կարելի էր գոյն դնել նաեւ այս կիրակիին մէջ, եւ իր տօնական անուան զուգահեռաբար կոչել զայն ՊԱՅԾԱՌ կիրակի, վասնզի արդարեւ պայծառափայլ ու ակնախտիղ լոյս կայ անոր մէջ» («Գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ», Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, Իսթանպուլ 2016, էջ 63): Երջանկայիշատակ պատրիարքը այսպէս անուանած է այս կիրակին. Լուսապայծառ կիրակի. Խորհուրդ յաղթանակի:

Սուրբ Խաչի երեւումին նուիրուած այս տօնին ակունքները կ՚երթան մինչեւ 4-րդ դար, Երուսաղէմ, ուր պատահած է այդ երեւումը: Այս դէպքի մասին ամենէն վաւերական տեղեկութիւնները կու տայ Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետը, ով պաշտօնական նամակ մը գրած է այդ օրերուն կայսեր՝ Մեծ Կոստանդիոսի որդիին՝ Կոստանդիոսին, ուր բացատրած է անոր եղելութիւնը: Այդ նամակէն հատուածներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն: Հատուածները վերցուցած ենք Շնորհք Պատրիարքի «Գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» գիրքէն:

Սուրբ Հայրապետը կը գրէ.

- Բարեպաշտ եւ Աստուածասէր թագաւորի Օգոստոս Կոստանդիոսի Երուսաղէմի Եպիսկոպոս Կիւրեղ կը մաղթէ Տիրոջմով ուրախութիւն… Աստուած քու թագաւորութիւնդ սիրած ըլլալով քու օրով հրաշալի երեւոյթ մը կերտեց: Քանզի աստուածասէր եւ երջանկայիշատակ քու հօրդ Կոստանդիանոսի ժամանակ փրկական խաչը գտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ շնորհօք, իսկ քու օրովդ, տէր ամենաբարեպաշտ թագաւոր, ոչ թէ երկրի վրայ, այլ երկինքին երեսը տեղի ունեցան զարմանալի գործեր: Որովհետեւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, Աստուծոյ Միածին Որդիին, մահուան դէմ տարած յաղթութեան նշանը, այսինքն՝ երանելի խաչը, լուսաւոր ճառագայթներով երեւցաւ Երուսաղէմի վերեւ:

Արդարեւ, Ս. Պենտեկոստէի օրերուն, Ահեկան ամսուան սկիզբը (որ կը զուգադիպի ապրիլի վերջերը կամ մայիսի սկիզբները) երրորդ ժամուն (այսինքն՝ առաւօտեան ժամը 9-ին) լոյսէ կազմուած ամենայաղթ Խաչը, երկինքին վրայ Ս. Գողգոթային վերեւէն մինչեւ Ձիթենեաց սուրբ լեռը, ցոլանալով կ՚երեւէր: Ոչ թէ հարեւանցի եւ արագ անցնող տեսիլքի պէս, այլ ժամերով ակնյայտնի կերպով երկինքի երեսը տեսանելի էր: Ուր իր բոցաճաճանչ փայլով արեգակի ճառագայթներուն կը յաղթէր: Եւ այն աստիճան ուժգին էր դիտողներուս համար անոր ճառագայթումը, որ առհասարակ քաղաքի բոլոր բազմութիւնը սուրբ եկեղեցիներ փութացին, եւ աստուածային այս տեսիլքէն ուրախութեամբ լեցուած մանուկներ եւ ծերեր, այրեր եւ կիներ եւ ամէն տարիքի մարդիկ, ըլլան բնիկ եւ ըլլան դուրսէն եկած քրիստոնեաներ, միահամուռ եւ միաբերան կ՚օրհնէին եւ կը գովաբանէին մեր Տէրը եւ մեր Աստուծոյ Միածին Որդին: Քանզի փորձով եւ գործնականապէս ապացուցուեցաւ, թէ ամենաբարեպաշտիկ քրիստոնէից կրօնքը, ոչ թէ միայն խօսքի իմաստութեամբ կը հաստատուի, այլ նաեւ Հոգիին յայտնութեամբ եւ Անոր զօրութեամբ: Մարդոցմէ չէ միայն որ կը պատմուի, այլ նաեւ երկինքէն կը վկայուի:

Արդ, մենք որ Երուսաղէմ կը բնակինք եւ այս հրաշքին մեր իսկ աչքերով ականատես եղանք, Ամենաթագաւոր Աստուծոյ եւ Անոր Միածին Որդիին վայել երկրպագութիւն եւ գոհութիւն մատուցինք եւ պիտի մատուցենք: Եւ որովհետեւ պէտք չէր այս երկնաւոր տեսիլքին վրայէն լռութեամբ անցնիլ, այլ պէտք էր աւետել զայն քու աստուածասէր բարեպաշտութեանդ, ուստի ահա փութացի գրել քեզի, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի վրայ քու ունեցած նախկին հաւատքիդ բարի հիման վրայ վերահաստատուիս (Նոյն, էջ 64-65): 

Շնորհք Պատրիարք այսպէս կը գրէ այս կիրակիի մասին. «Ի՜նչ կապակցութիւն կրնանք գտնել այս տօնին եւ Յինանց շրջանի խորհուրդին միջեւ: Խաչին երեւումը կերպով մը անցեալ կիրակիի [Կարմիր կիրակիի] իմաստին շարունակութիւնը եւ լրումն է: Կ՚ըսէին, թէ քրիստոնէական կեանքն ալ պայքար մըն է ազնուական նպատակներ իրագործելու համար, ինքզինքն կերտելու եւ կատարելագործելու համար, պայքար մը՝ ընկերութեան մէջ վխտացող չարիքները չէզոքացնելու համար, պայքար մարդկութեան մէջ սէր, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն հաստատելու համար: Ասոնք դիւրին գործեր չեն. ասոնք հոգեկան ուժ, քաջութիւն եւ զոհողութիւն պահանջող գործեր են, ինչ որ համազօր է ըսելու Աւետարանի ծանօթ բացատրութեամբ՝ «խաչը առնել եւ Քրիստոսի հետեւիլ». այսինքն խաչակիր ըլլալ, բառին ամենէն ազնիւ իմաստով: Սակայն երբ խաչակրութիւնը վերջ կը գտնէ մահուամբ, ինչ որ կեանքի մէջ այնքան դժուարակիր ու ծանր կը թուէր, ի վերջոյ կը վերածուի ամենէն գեղեցիկ, ամենէն ցանկալի երեւոյթի մը: Խաչին ճամբան կը վերածուի յաղթանակի, ու նեղ ճամբան դէպի երկինք առաջնորդող լուսաւոր ճամբուն: Խաչի Երեւման մէջ նշանակալից պարագան այն է, որ լուսեղէն սուրբ նշանը կ՚երեւի Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լերան կատարը: Գողգոթան Յիսուսի Խաչի ճանապարհին գագաթն է, վերջնակէտն է. իսկ Ձիթենեաց սարը այն կատարն է, ուրկէ երկինք համբարձաւ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս, մեծագոյն Խաչակիրը: Համբարձման լեռը, այլաբանօրէն երկինքի մուտքն է: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ Խաչը կ՚առաջնորդէ զմեզ դէպի յաւերժութիւն, դէպի յաւիտենական կեանք: Յինանց օրերուն մեզի աւանդել ուզած դասը՝ մեզի սորվեցնել ուզած ճշմարտութիւնը անմահութեան գաղափարն է արդէն: …

Երեւման տօնը Խաչին յարութիւնն է: Ինչպէս որ Յիսուս Իր իսկական ու յաւերժական ինքնութիւնը վերագտաւ Իր յարութեամբը, ճիշդ նոյն ձեւով Խաչին իսկական էութիւնը եւ իմաստը ի յայտ եկաւ Երեւման լուսապայծառ դէպքին: Խաչը մերկացած է այլեւս իր նիւթական բոլոր հրահանգներէն, եւ զգեցած է լուսեղէն եւ ոգեղէն կերպարանք, կարծես ըսել ուզելով, որ բոլոր խաչակիրներ ի վերջոյ պիտի ստանան նոյն փառաւոր եւ լուսաւորեալ վիճակը» (Նոյն, էջ 65-67):

Այս կիրակի օրուան Ճաշու ընթերցումները հետեւեալներն են.

Գործք Առաքելոցէն 17.1-15:
Յովհաննէս առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակէն 1.1-10:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 7.14-23:

Խորհրդածենք Սուրբ Խաչի մասին:

Պօղոս առաքեալ Սուրբ Խաչի մասին կը գրէ. «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութինն է անիկա» (Ա. Կր 1.18): Եւ. «Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ Անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան» (Ա. Կր 1.21): Եւ. «Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ՚որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային որեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն» (Ա. Կր 1.25):

Մէկ երկու հարցում հարցնենք մենք մեզի.

ա. Խաչին քարոզութիւնը մեզի համար յիմարութի՞ւն կը թուի:

բ. Փրկութեան ճամբուն մէ՞ջ ենք:

գ. Մեր ունեցած իմաստութեա՞մբ կը փորձենք զԱստուած ճանչնալ, թէ՞ Աստուծոյ իսկ շնորհքով:

դ. Խաչը տկարութեա՞ն նշան է, թէ՞ զօրութեան:

ե. Խաչը մեզի համար պարծենկոտութի՞ւն է, թէ՞ կեանք:

Առնենք առանձին-առանձին.

ա. Խաչին քարոզութիւնը մեզի համար յիմարութի՞ւն կը թուի. մինչեւ Տէր Յիսուսի խաչ բարձրանալը խաչը մահուան ամենէն անարգ միջոցն էր, այդ պատճառով քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մարդիկ խաչը յիմարութիւն կը համարէին, որովհետեւ խաչին մահուան ընդհանրապէս ոճրագործներն ու ծանր յանցագործները կը դատապարտուէին, այդ պատճառով ալ երբ առաքեալները խաչի զօրութեան մասին կը քարոզեն, մարդիկ այդ քարոզութիւնը յիմարութիւն կը սեպէին: Յիմարութիւն սեպողները ընդհանրապէս անոնք էին, որոնք չէին ուզեր ընդունիլ Քրիստոսի բերած վարդապետութիւնը, սիրոյ վարդապետութիւնը, որովհետեւ իրենց շահերը կը խաթարուէին…, այդ պատճառով ամէն կերպով կ՚աշխատէին նսեմացնել խաչին մասին կատարուած քարոզութիւնը, սակայն, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, Աստուած՝ յիմարութիւն համարուած խաչի քարոզութեամբ ուզեց փրկել բոլոր անոնք՝ որոնք կը հաւատան:

Այսօրուան ընկերութեան մէջ ալ կան մարդիկ, որոնք խաչին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը համարեն եւ իրենց սեփական իմաստութեամբ կը փորձեն պայքարիլ խաչի քարոզութեան դէմ: Խաչ երբ կ՚ըսենք, բնականաբար խաչը առանց Խաչեալին նկատի չունինք, որովհետեւ խաչը առանց Խաչեալին ո՛չ մէկ զօրութիւն ունի: Այսօր, յատկապէս Հայաստանի մէջ, որոշ իմաստակներ փորձելով անարգել կամ նսեմացը-նել զՔրիստոս, կ՚ըսեն, թէ այդ Հրեային ետեւէն ինչո՞ւ կ՚երթաք, մեզի պէ՞տք է այդ Հրեային քարոզութիւնը, մենք հայ ենք, մեր հայութեամբ ապրինք… Ճիշդ այս մտածողութեան տէր մարդոց համար է, որ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ Անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան» (Ա. Կր 1.21): Այդ մարդիկ, որոնք Տէր Յիսուսին կը մօտենան որպէս հրեայի մը, արդարեւ աշխարհիկ իմաստութեամբ է, որ կը փորձեն ըմբռնել ամէն բան, եւ այդ պատճառով ալ չեն կրնար հասկնալ, ըմբռնել, եւ որպէսզի իրենց տգիտութիւնը չյայտնեն, ապա մէջտեղ նետած են այդ եզրը՝ հրեայ, որով իրենց նման սոփեստներուն ուղեղները կը կերակրեն… Այդպիսիները կը մոռնան, որ աւելի քան 2000 տարիներ իրենց նման շատեր պայքարած են Խաչին ու Խաչեալին դէմ, բայց ո՛չինչի կրցած են հասնիլ. աւելին, այսօր պատմութիւնը անոնց անուններն անգամ չի՛ յիշեր, մինչ Խաչն ու Խաչեալը կը շարունակեն իրենց յաղթական ընթացքը:

բ. Փրկութեան ճամբուն մէ՞ջ ենք. «Փրկուած եմ», «անունս կեանքի գիրքին մէջ գրուած է արդէն», վստահաբար այս արտայայտութիւնները մեզմէ շատերը լսած են, թերեւս ալ մեզմէ ոմանք օգտագործած են կամ կ՚օգտագործեն: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ գիտնալ, կամ զգալ թէ ինք փրկութեան ճամբուն մէջ է. պատասխանը շատ պարզ է. եթէ Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի, ապա վստահ պէտք է ըլլայ, որ ինք փրկութեան ճամբուն մէջ է. զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն, եւ այս նրբութիւնը նկատի ունենալ. Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրելուն որպէս պտուղ մարդուն ձեռք բերած վստահութիւնը, զինք չե՛ն մղեր հպարտանալու եւ յիմարաբար վերը նշուած արտայայտութիւնները ունենալու, այսինքն՝ «փրկուած եմ», կամ «անունս կեանքի գիրքին մէջ գրուած է արդէն», ընդհակառակը այդ վստահութիւնը մարդուն պարզութեան եւ խոնարհութեան ոգի կու տայ, որով տուեալ անձը հետեւելով Տէր Յիսուսի խրատին, կը բացագանչէ. «Անպիտան ծառայ մըն եմ, ինչ որ պարտաւոր էի ընել՝ կատարեցի» (տե՛ս Ղկ 17.10). կամ՝ «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը» (Ղկ 18.13): Մե՛նք չէ, որ պիտի որոշենք մեր փրկուած, կամ մեր անունը կեանքի գիրքին մէջ գրուած ըլլալու հանգամանքը, այլ՝ Աստուած Իր ողորմածութեամբ եւ գթասրտութեամբ: Նման արտայայտութիւններ ունենալը՝ փրկուած ու անունը կեանքի մէջ գրուած չարէն՝ սատանայէն կու գան, որովհետեւ ճշմարիտ հաւատացեալ մարդը ինքզինքին թոյլ չի՛ տար նման կերպ արտայայտուելու, ընդհակառակը, Ղուկասի Աւետարանէն մէջբերուած արտայայտութիւնները կ՚ունենայ յաճախակի կերպով:

գ. Մեր ունեցած իմաստութեա՞մբ կը փորձենք զԱստուած ճանչնալ, թէ՞ Աստուծոյ շնորհքով. այսօրուան մարդը վերածուած է իր սեփական ունակութիւններով ու իմաստութեամբ հպարտացող մարդու մը, ով իրմէ դուրս ոչինչ կը տեսնէ, եւ ամէն ինչ իրեն կը վերագրէ, մոռնալով ընտանիքի անդամներ, դպրոցի ու համալսարանի ուսուցիչներ եւ դասախօսներ, գործընկերներ, հոգեւոր հովիւներ, եւ այլն: Այսօր, մարդուն ԵՍն է, որ կը թագաւորէ եւ այդ թագաւորութեան ամրութիւնն ու հաստատութիւնը կը կայանայ բացի եսէն՝ ամէն ինչ ու ամէն բան մերժել:

Յատուկ կերպով Աստուծոյ անունը չդրի վերը, որովհետեւ այսօրուան մարդը զԱստուած մոռցած է, աւելի ճիշդ ինքնակամ կերպով մոռացութեան տուած է Աստուծոյ գոյութիւնն ու ներկայութիւնը իր կեանքէն ներս, որովհետեւ Աստուծոյ ներկայութեան պարագային, իր ԵՍի թագաւորութիւնը փուլ կու գայ: Առ այդ, այսօրուան մարդը իր ուզած կերպով զԱստուած ճանչնալու փորձեր կը կատարէ, այլ խօսքով՝ զԱստուած յարմարեցնելով իր ծրագիրներուն եւ իր փափաքածներուն: Բնականաբար, նման մօտեցում մը, մարդս կը վերածէ քայլող դիակի մը, որովհետեւ առանց Աստուծոյ մարդը կենդանի դիակի մը կը վերած-ւի... եւ ո՛չ աւելին, ի՛նչ յաջողութեան կամ դիրքի ալ հասած ըլլայ, կամ ինչ հարստութիւն դիզած ըլլայ ան:

Մարդը որպէսզի զԱստուած ճանչնայ, կարիքն ունի Աստուծոյ ներկայութեան: Առանց Աստուծոյ ներկայութեան մարդ չի՛ կրնար զԱստուած ճանչնալ: ԶԱստուած ճանչնալու մարդուն ճամբան կ՚անցնի Աստուծմէ: Այլ խօսքով, եթէ մարդ կ՚ուզէ զԱստուած ճանչնալ, Աստուծոյ շնորհքին պէտք է ապաւինի, որովհետեւ առանց այդ շնորհքին անկարելի է, որ մարդ կարենայ զԱստուած ճանչնալ, իսկ այդ շնորհքը ձեռք բերելու առաջին քայլը կ՚անցնի խաչին քարոզութիւնը ընդունելով ու հաւատալով Խաչի զօրութեան:

դ. Խաչը տկարութեա՞ն նշան է, թէ՞ զօրութեան. շատեր խաչին կը մօտենան որպէս տկարութեան ու թուլութեան նշան, մինչ՝ Խաչը Աստուծոյ զօրութիւնն է, ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ: Խաչը մարդուն ամենէն հզօր զէնքն է, որով մարդ կրնայ այս աշխարհի մարտադաշտէն ապահովութեամբ եւ յաղթանակած անցնիլ դէպի յաւիտենականութիւն: Անոնք որոնք տկարութիւն կամ թուլութիւն կը համարեն խաչը, կ՚ամչնան ու կը վախնան անկէ, մինչ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը թելադրէ, ըսելով. «Եղբայր, մի՛ ամչնար խաչի նշանէն, որովհետեւ ան զօրութեան եւ օրհնութիւններու աղբիւր է, որու մէջ կ՚ապրինք ստեղծուած նոր ստեղծագործութեամբ մը՝ Քրիստոսի մէջ....: Հագուէ՛ զայն եւ հպարտացիր անով որպէս թագ»:

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը այսպէս կը գրէ խաչի մասին. «Խաչը յաղթանա՛կ է, երբ սիրով կը տարուի. տառապա՛նք կը դառնայ այն ատեն, երբ սէրն անոր մէջ ցամքի ինչպէս ծառը փայտ կը դառնայ, երբ աւիշն անոր մէջ սպառի կամ չորնայ»:

ե. Խաչը մեզի համար պարծենկոտութի՞ւն է, թէ՞ կեանք. այսօրուան նիւթականացած մարդուն համար խաչը եւս նիւթականացած է, այսինքն, ամէն մէկը կերպով մը կը մօտենայ խաչին:

Այսօր, մեր միջավայրին մէջ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք իրենց վիզերէն մեծ-մեծ խաչեր կախած կ՚ըլլան՝ ոսկիէ, արծաթէ կամ ադամանդէ, կամ ինքնաշարժներուն մէջ, կամ տուներէն ներս: Անդին, ոմանք իրենց մարմինին վրայ խաչին նշանը կը դաջեն՝ տարբեր-տարբեր արդարացումներով ու պատճառաբանութիւններով: Ոմանք ալ երբ եկեղեցիի մը, գերեզմանատան մը, խաչքարի մը կամ մատուռի մը դիմացէն անցած ժամանակ կը խաչակնքեն, մէկ, երկու կամ երեք անգամ… Առաջին հայեացքով այս բոլորին մէջ տարօրինակ բան պէտք չէ նկատել (բացի դաջուածքէն, որ ո՛չ մէկ արդարացում ունի եւ սխալ է). սակայն, երբ այդ մարդոց մօտենաս ու խաչին մասին հարցնես, թերեւս անոնցմէ ո՛չ ոք կարենայ տրամաբանական պատասխան մը տալ քեզի… Առ այդ հարցնենք. լաւ, այս մարդոց խաչ կրելը կամ խաչակնքելը ի՛նչ կու տայ իրենց… Ծնողներէն ժառանգած սովորութիւնները արդարեւ ո՛չինչով կրնան օգնել, կամ ծնողներուն տուած զգացական բացատրութիւնը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին, երբ խաչին իսկական իմաստը չենք գիտեր, եւ կամ խաչին զօրութիւնը չե՛նք զգացած մեր կեանքին մէջ:

Խաչը պարծենկոտութիւն չէ՛, խաչը կրելու համար խաչ կրելու պէտք չկայ, որովհետեւ այդպիսով աւելի մարդ դատապարտութեան կ՚արժանանայ, քան բան կը շահի: Պէտք է գիտնալ խաչը կրել, որովհետեւ ինչպէս երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Հայրապետը կ՚ըսէ՝ «Խաչը շալկել չգիտցող մարդուն ուսերուն վրայ մեղքին ընկճող բեռն է որ կապարի նման կը ծանրանայ։ Խաչակրութեան՝ զոհողութեան յանձնառումին մէջ պատիւ կայ, այսինքն՝ «արհամարհանքը ամօթ»ին։ Խաչը իր ուսին վրայ կամաւորապէս վերցնող անձը սիրոյ ուշք մըն է մարդկային կեանքին մէջ։ Խաչին մէջ չարչարանք, ամօթ տեսնող անձը, կեանքի գնացքին իսկ մէջ անշարժ գերեզման մըն է…»: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

30 ապրիլ 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023