ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԹԻՒ

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք ձեզ՝ մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու կենսագործման առաքելութեան նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքէն ներս։ Հայրապետական այս դարաւոր Ս. Աթոռը կոչուած է «Տուն», որովհետեւ ան տունն է եղած, եւ է՛, ողջ հայութեան։ Ան կոչուած է նաեւ «Մեծ», ո՛չ իր արտաքին ծաւալին, այլ՝ իր հաւատքի առաքելութեան ու ազգաշէն ծառայութեան համար։

Մեր բարձր գնահատանքը կ՚ուզենք յայտնել ձեր բոլորին, որ ընդառաջելով Մեր հրաւէրին, եկաք Անթիլիաս՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի զանազան շրջաններէն, միասնաբա՛ր քննելու ու արժեւորելու մամուլին առանցքային տեղը հայ կեանքէն ներս, եւ՝ համագործակցութեան նոր ուղիներ ճշդելու միասնաբար։ Արդարեւ, հայ մամուլի ծառայութեան լծուած մշակներու համախումբ ու միատեղ ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է մամուլի ներկայացուցած համահայկական կարեւորութեան ու անոր վիճակուած ճշդորոշիչ դերին՝ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

2003 թուականէն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր ազգի կեանքին առընչուած արժէք մը, մտահոգութիւն մը կամ իտէալ մը լուսարձակի տակ բերելու Մեր նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, ինչպէս գիտէք, ներկայ տարին հռչակեցինք «Հայ մամուլի տարի»։ Այս առիթով, Մեր Հայրապետական գիրին մէջ ընդհանուր գիծերով պարզեցինք հայ մամուլի անցեալին ու մանաւանդ ներկային հետ աղերս ունեցող կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ, կարեւոր իրողութիւններ ու լուրջ մտահոգութիւններ։ Մեր սպասումն է, որ ներկայ տարուան ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուի հայ մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Այս գծով, ներկայ համագումարը կոչուած է իր կարեւոր խօսքը ըսելու։

Որպէս ընդհանուր ենթահող եւ ուղեգիծ համագումարին կողմէ կատարուելիք խորհրդածութիւններուն, խորհրդակցութիւններուն ու քննարկումներուն, պիտի ուզէինք կարգ մը յիշեցումներ ու մատնանշումներ կատարել՝ զանոնք աւելի լայն մաշտապով, խոր վերլուծումով ու իրապաշտ մօտեցումով համագումարին կողմէ քննարկուելու առաջադրութեամբ։

- Կ՚ապրինք համաշխարհայնացում պիտակով բնորոշուող աշխարհի մը մէջ, ուր նոր մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու արագասոյր ու անհակակշռելի հոսքը սկսած է քանդել ամէն տեսակ արժեհամակարգ ու արժեչափ, ցանկապատ ու ինքնութիւն, ստեղծելով զարմանազան կերպերով արտայայտուող ու բնութագրումներով ներկայացուող կլոպալ մշակոյթ մը։ Արդի արհեստագիտութեան ճամբով փաստօրէն աշխարհի բոլոր շրջանները ու ընկերութեան բոլոր բնագաւառները թափանցած այս համաշխարհային մշակոյթը, սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել նաե՛ւ հայ կեանքէն եւ բնականաբար՝ հայ մամուլէն ներս։

- Կլոպալ մշակոյթին ազդեցութիւնը մամուլին ու յատկապէս համացանցային մամուլին վրայ զօրեղ է ու տիրապետող։ Լուրերը բջիջային հեռաձայնի (ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համակարգիչը, լեպթոփը, այփետը եւ նմանօրինակ այլ լրատուական միջոցներ սկսած են դառնալ ժամանակավրէպ) փոքր պաստառին վրայ կը շրջին՝ լոյսի ու ձայնի արագութեամբ, եթէ ոչ աւելի...։ Լուրերու հետեւողներուն նախասիրութիւնը յստակօրէն դէպի համացանցն է եւ ընդհանրապէս դէպի կարճ, զգայացունց ու գրաւիչ լուրերը։ Լրատուական աշխարհէն ներս կարեւոր տեղ ունեցող New York Times-ի կամ Le Monde-ի համացանցային հետեւողներուն թիւը սկսած է գերազանցել նոյն ընկերութեանց տպագրուած թերթերուն բաժանորդներուն թիւը։ Նո՛յնն է պարագան բոլոր տպագրուած, ներառեալ հայ, թերթերուն։ Համացանցային լրատուութեան լեզուն, ոճը, որակը էական չեն. կարեւորը ընթերցողին կամ ունկնդիրին արագ հասնիլն է, զինք գրաւելն է, մեծաթիւ ընթերցող ունենալն է, մեծ թիւով այսպէս կոչուած like հաւաքելն է, երբեմն նոյնիսկ՝ գնելով...։ Էլէքտրոնային լրատուութիւնը եւ յատկապէս անհատական ցանցերը լեցուն են բռնութիւն հրահրող, վարկաբեկիչ խօսքեր քաջալերող, թշնամութիւն սերմանող եւ անորակ լուրերով ու մեկնաբանութիւններով։ Կայքէջերու ընձեռած անսահման դիւրութիւնները՝ աննախընթաց արագութենէն մինչեւ բացարձակ ազատութիւն, իրենց առջեւ լայնօրէն բացած են անպատասխանատու ու անմակարդակ լրատուութեան դռները՝ հետզհետէ մեկուսացնելով գրաւոր մամուլը։ Ներկայ աշխարհի կլոպալ մշակոյթին բացասական անդրադարձը հայ մամուլին վրայ, յատկապէս համացանցային, սկսած են դառնալ մտահոգիչ։

- Հայ մամուլ ըսելով կը հասկնանք ո՛չ միայն տպուած օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ, այլ նաեւ՝ էլէքտրոնային կամ համացանցային ու լսատեսողական մամուլը, պաշտօնական թէ անհատական։ Այս վերջինը ազդու ու անսանձ ներկայութիւն սկսած է դառնալ հայ կեանքէն ներս։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է լայն շրջագիծի մէջ դիտել այսօր հայ մամուլը՝ երբեմն զիրար ամբողջացնող ու երբեմն իրարու հետ մրցող եւ նոյնիսկ զիրար հակասող երկու տարածքներով, տպագրեալ մամուլը ունենալով միշտ մեր քննարկումներուն ու արժեւորումներուն կիզակէտը։

- Կ՚ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ ընդգծել, որ հայ մամուլը սոսկ տեղեկութիւն փոխանցող միջոց չէ, սովորական լրատու չէ, այլ առաքելութիւն է։ Այսպէ՛ս եղած է եւ այսպէս պէ՛տք է մնայ հայ մամուլը։ Առաքելութիւն ըլլալ կը նշանակէ յստակ տեսլական ունենալ։ Հայ մամուլին կոչումը՝ մարդակերտումի ու հայակերտումի դաստիարակչական դերէն անդին, սատարել է այն բոլոր արժէքներու ու իտէալներու պահպանման ու հարստացման, որոնք կը նպաստեն ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպան կանգնիլ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ ձգտումներուն։

- Հայ մամուլին առաքելութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել։ Պատճառները այլազան են ու բազմազան, ներքին թէ արտաքին, թէ՛ մամուլին եւ թէ ընթերցողին կապուած։ Չափանիշերու խախտում, արժէքներու նօսրացում, լեզուի ու ոճի խաթարում, ապատեղեկատուութիւն, այլ մտահոգիչ երեւոյթներու շարքին, սկսած են դառնալ բացայայտ։ Միւս կողմէ, թերթերուն տպաքանակի, սպառման քանակի եւ ընթերցողներու թիւի զգալի անկումը եւս դարձած է խորապէս մտահոգիչ։ Համացանցային անհատական մամուլը իր յոռի երեւոյթներով հարցականի տակ սկսած է դնել հայ մամուլի առաքելութիւնը։ Արդ, ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ հայ մամուլը վերստանձնէ իր նուիրական կոչումը։ Հայ մամուլին առողջ պահպանումը, անոր զարգացումը ու մանաւանդ անոր առաքելութեան վերաշեշտումը համազգային գերխնդիր է։

- Եթէ հայ մամուլը առաքելութիւն է, անոր խորք ու իմաստ, ուղղութիւն ու նպատակ տուողը լրագրողն է։ Հետեւաբար, մամուլի առաքելութիւնը իրագործելու կոչուած, վեհ արժէքներու ու իտէալներու ծառայութեան նուիրուած լրագրողը առաքեալ է բառին վաւերական նշանակութեամբ։ Ան պաշտպանն է ճշմարտութեան, ջատագովը՝ իրաւունքի, ձայնը՝ բարոյականութեան, ռահվիրան՝ արժանապատուութեան, անլռելի զանգակատունը՝ ազատութեան։ Երբ հայութեան էութիւնը կազմող համազգային արժէքները, ձգտումները ու սրբութիւնները վտանգուած են, մամուլը իր լրագրողին ճամբով պէտք է ըլլայ խիստ ու անխնայ՝ անխտիր բոլորի՛ն նկատմամբ, ըլլան անոնք անձեր, կառոյցներ կամ իշխանութիւններ։ Հո՛ս կը կայանայ լրագրողին իւրայատուկ դերը։ Ինչպէս անցեալին, ներկայ ժամանակներուն եւս, անկախ, անաչառ ու քաջ լրագրութիւնը ունեցած է իր զոհերը, որոնք ենթարկուած են հալածանքի, մեկուսացման, աքսորի, բանտարկութեան եւ նոյնիսկ սպանութեան։ Օրինակները բազմաթիւ են, նաե՛ւ հայ կեանքէն ներս։

- Մամուլի առաքելութեան հզօրացման մէջ կենսական է լրագրութեան որակը, իսկ լրագրութեան որակ տուողը նախ լրագրողն է։ Անցած են այն ժամանակները, երբ սահմանափակ կարողութեան տէր անձեր սիրողական ոգիով կը գործէին լրագրական ասպարէզին մէջ։ Լրագրողը պէտք է ըլլայ մասնագէտ իր մարզին մէջ, ատակ ոչ միայն լրագրութեան պահանջած լեզուամտածողութեան, մեթոտաբանութեան, ոճային դարձուածքներուն ու շեշտաւորումի նրբութիւններուն, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր պատմութեան, մշակոյթին ու լեզուին, մեր տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, իր ապրած միջավայրի իւրայատկութիւններուն եւ միջազգային զարգացումներուն։ Իրաւ լրագրողը լուրը վերլուծողն է, չոր իրողականութիւններէն անդին՝ երեւոյթները մեկնաբանողն է։ Այլապէս, ան կը դառնայ սոսկ լուր շարադրող կամ թարգմանող սովորական պաշտօնեայ։ Հայ մամուլը իր կարգին, պէտք չէ դառնայ առօրեայ ծանուցումներու, ժանգոտած կարծիքներու, ընթացիկ վերահրատարակութիւններու կամ մակերեսային բարոյախօսութեան հանդիսարան։ Արդարեւ, գրական, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, կրօնական ու մշակութային հարցերու, եւ ներկայ աշխարհը յուզող այժմէական խնդիրներու վերլուծական մօտեցումով ներկայացումը, ինչպէս նաեւ թերթօններու հրատարակութիւնը, մրցանակներու հաստատումը, մտաւորականներու յատուկ զրոյցներու ու բանավէճերու կազմակերպումը, կրնան մեծապէս նպաստել թերթի որակի ու հմայքի բարձրացման՝ միաժամանակ զայն վերածելով մշակութային եռուն ակումբի։

- Մամլոյ ազատութիւնը մարդկային իրաւունքներու հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Չկայ լուրջ ու վաւերական լրագրութիւն՝ առանց ազատ մտածող ու գրող լրագրողի եւ իր էջերուն վրայ լուրերը հարազատօրէն ու հարցերը ազատօրէն ներկայացնող մամուլին։ Մամուլի ու լրագրողի ազատութեան պաշտպանութիւնը անբեկանելի իրաւունք է։ Այս ծիրէն ներս, անհրաժեշտ է նաեւ կարեւորութեամբ անդրադառնալ մամուլի ու լրագրողի բարոյական պարտաւորութեան, ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ունեցած պատասխանատուութեան ու համարատուութեան։ Այլ խօսքով, մամլոյ ազատութիւնը պէտք է կիրարկուի կառուցողական մօտեցումով, շինիչ քննադատութեամբ, հեռու մնալով՝ մէկ կողմէն, անձեր փառաբանելու ու զանոնք անհպելի նկատելու, եւ միւս կողմէն, արժէքներն ու խորհրդանիշները նսեմացնելու փորձերէն։ Ընկերային համացանցի վրայ պարզուող այլանդակ մշակոյթը թափանցած է յատկապէս համացանցային մամուլէն ներս։ Հայ մամուլը կոչուած է գործելու պատասխանատո՛ւ ազատութեան մթնոլորտին մէջ։ Կը պակսին մեզի այսօր Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի նման մեր կեանքի յոռի երեւոյթները պատշաճ կերպով քննադատող եւ անհրաժեշտութեան պարագային, մեր ղեկավարները, հոգեւորական թէ աշխարհական, զգաստութեան ու պատասխանատուութեան եւ ժողովուրդը արթնութեան հրաւիրող հրապարակագիրներ ու լրագրողներ։ Այսօր կարծէք անմակարդակ արտայայտութիւնները ու ցեխարձակումները դարձած են հոմանիշ քաջութեան եւ հետաքրքրութիւն ստեղծող ազդու միջոցներ։ Հարկ է ըլլալ զգաստ ու խստապահանջ։

- Առարկայական կոչուած է ըլլալ լրագրողը, առաւելագոյն չափով զգոյշ ըլլալով ենթակայական, շահադիտական ու զգացական մօտեցումներէ՝ թէկուզ նման մօտեցում ու գործելաոճ զինք ենթակայ կրնայ դարձնել մեկուսացումի կամ քննադատութեան։ Սակայն, իր անկախ մտածողութեամբ, իրատես հայեցակէտով ու անաչառ մեկնաբանութեամբ լրագրողը որակ կ՚ապահովէ լրագրութեան ու միաժամանակ կ՚արժեւորէ իր աշխատակցած մամլոյ օրկանը։ Սպասելի է, որ նման լրագրողներու ու մամլոյ օրկաններու թիւը աճի։

- Մամուլը կը դառնայ անիմաստ երբ ընթերցող չունի։ Հետեւաբար լրագրող-ժողովուրդ յարաբերութիւնը հրամայական է։ Մամուլը կոչուած է հասնելու ժողովուրդին՝ զայն զգուշաւորութեան ու արթնութեան մղելու. իսկ ժողովուրդը, իր կարգին, պարտաւոր է հրաւիրել մամուլը ըլլալու անաչառ ու ուղղամիտ։ Եթէ թերթի պատասխանատու խմբագիրը անձի՝ ո՛չ գաղափարի, շահի՝ ո՛չ տեսլականի, կողմի՝ ո՛չ հաւաքականի հետամուտ դառնայ, եւ մամուլը դառնայ հարթակ ժամանակավրէպ, կողմնակալ, գովասանական լուրերու ու նկարագրականներու, թէ՛ մամուլը եւ թէ լրագրողը կը կորսնցնեն իրենց վստահելիութիւնը, հեռանալով ժողովուրդէն եւ բնականաբար ժողովուրդն ալ հեռացնելով մամուլէն։

- Դեղին լրատուութիւնը եւ նման տիպի լրագրական բազմաթիւ «դպրոց»ներ սկսած են հետեւորդներ ունենալ նաեւ հայ մամուլի շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, երբ նոյն լրագրողին գրիչին տակ կամ նոյն թերթի էջերուն վրայ խնդրոյ առարկայ անձ մը օր մը կը դառնայ հրեշտակ եւ ուրիշ օր սատանայ, եւ փոխադարձաբար, երբ մամուլին կամ լրագրողին միակ նպատակը մեղաւորներ փնտռել է, իր ստեղծած հետաքրքրութիւնը շուտով կը վերածուի պղպջակի։ Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել հայ մամուլին իւրայատկութիւնը կազմող հիմնական տարրերը, արժէքները, չափանիշները։ Ինչպէ՞ս կարելի է հայ մամուլին նկատմամբ յարգանքի ու վստահելիութեան մակարդակը բարձրացնել։ Սինկափուրի վարչապետը վերջերս որոշում առաւ պատիժի ենթարկել ապատեղեկութեան լծուած լրագրողները։ Նման մօտեցում չենք թելադրել Հայաստանի իշխանութեան։ Սակայն, կը դիմենք հայ լրագրողին ու մամուլին գիտակից պատասխանատուութեան՝ հեռու մնալու ապատեղեկատուութիւն սերմանող վտանգալից փորձերէ։

- Հայ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու շարքին հարկ է յիշել բազմակարծութեան պակասը։ Փաստօրէն կառոյցներու ծիրէն ներս գործող կամ անձի մը կողմէ հովանաւորուող մամուլը ենթակայ է անոնց գաղափարախօսական կամ անձնական ուղղութեան։ Արդարեւ, երբ մամուլը կը դառնայ սոսկ կողմի մը քարոզչութեան օրկան կամ անհատներու նկատմամբ շռայլուած աժան գովասանքներու թատերաբեմ, երբ մամուլը կը վարանի իր տեսակէտի ու համոզումի սահմաններէն դուրս գալ, կ՚ունենայ որակի անկում եւ ընթերցողի նուազում։ Մամուլը մեծ թիւով հետեւորդ կ՚ունենայ եւ իր ազգային առաքելութեան մեծապէս կը նպաստէ, երբ տարբեր կարծիքներու տեղ տայ իր էջերուն վրայ։ Բազմակարծութեան տեղ տալ կը նշանակէ հարցերուն մօտենալ լայն հայեցակէտով եւ զանոնք ենթարկել առարկայական ու քննական վերլուծումի։ Ա՛յս կը պահանջուի հայ մամուլէն։

- Անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ օտար լեզուով հայ մամուլին։ Անցեալին ունեցած ենք օտար լեզուով հայ մամուլ՝ թէեւ սահմանափակ։ Այսօր ան դարձած է անհրաժեշտութիւն։ Նկատի ունենալով յատկապէս սփիւռքեան պայմանները, անոր քանակը, ծաւալը ու ընթերցողներուն թիւը, կրնայ արագ ոստում արձանագրել ոչ հեռաւոր ապագային։ Օտար լեզուով հայ մամուլին եւս հարկ է մօտենալ նո՛յն չափանիշներով ու նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ, սակայն որոշ ճկունութեամբ՝ տեղական պայմաններու լոյսին տակ։

- Մամուլը, ներկայ ժամանակներուն մանաւանդ համացանցային մամուլը, հանրային կարծիք ձեւաւորող հսկայ ուժ է. ան նկատուած է չորրորդ իշխանութիւն։ Մամուլը կը դառնայ կառուցողական ուժ, երբ ան դրօշակիրը հանդիսանայ օրէնքի ու իրաւունքի, ճշմարտութեան ու արդարութեան։ Միաժամանակ մամուլը կը դառնայ ապականիչ ուժ, երբ ան տեղ կու տայ ապաբարոյ լուրերու ու երեւոյթներու։ Մամուլը նաեւ կը դառնայ քանդիչ ուժ, երբ ան շահագործուի որպէս միջոց անձեր արժեզրկելու, կառոյցներ վարկաբեկելու եւ մութ նպատակներ հետապնդելու։ Օրինակները բազմաթիւ են՝ անցեալին եւ ներկային։

- Հայ մամուլը ժողովուրդին ձայնն է՝ անոր կամքը, կեցուածքը, ընդվզումը ու սպասումը արտայայտող, ճակատագրական պահերուն ժողովուրդը արթնութեան մղող ու միասնականութեան առաջնորդող։ Մամուլը ժողովրդավարական սկզբունքներու անվերապահ ջատագովն է ու զօրեղ պաշտպանը։ Արդ, մամուլը կը շեղի իր ճշմարիտ առաքելութենէն, երբ՝ ծառայէ անձի՝ ոչ արժէքի, կառոյցի՝ ոչ գաղափարախօսութեան, իշխանութեան՝ ոչ պետութեան, մամոնային՝ ոչ ճշմարտութեան, կողմի՝ ոչ ժողովուրդին։ Հայ մամուլին վիճակուած համազգային պատասխանատուութիւնը զինք շարունակ պէտք է մղէ ինքնաքննութեան ու ինքնարժեւորման։

- Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ լուրջ խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ. այսպէս, Ղարաբաղի հարցը, Հայաստանի տնտեսական կացութիւնը, անոր միջազգային յարաբերութիւնները, հայու ինքնահասկացողութեան նոր մօտեցումները յատկապէս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը, ազգային պահանջատիրութիւնը, լեզուի ու մշակութային արժէքներու պահպանումը եւ հայ կեանքի այլազան մարզերուն հետ աղերս ունեցող համահայկական հիմնահարցեր, որոնց նկատմամբ մամուլը չի կրնար անտարբեր ու կրաւորական մնալ։ Ընթացիկ տեղեկատուութենէ անդին, հայ մամուլը իր էջերուն վրայ ոչ միայն լայն տեղ պէտք է յատկացնէ յիշեալ խնդիրներու քննարկման, այլ նաեւ ըսելիք պէտք է ունենայ համազգային հարցերու մէջ։

- Կարելի չէ անտեսել հայ մամուլի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները։ Հայ մամուլը երբեք ինքնաբաւ չէ եղած, որովհետեւ ան երբեք պիզնեսի մօտեցում չէ ունեցած։ Վերջին տասնամեակներուն սփիւռքի մէջ շարք մը մամլոյ դռներ սկսան փակուիլ եւ դեռ կրնան փակուիլ, առաւելաբար տնտեսական պատճառաւ։ Սփիւռքի մէջ մամուլը կը տառապի նաեւ մարդուժի պակասէն, որուն հետեւանքով կրկնութիւնը, լեզուի աղաւաղումը ու ծանուցումներու տիրապետող ներկայութիւնը սկսած են դառնալ անխուսափելի։ Յիշեալ մտահոգիչ երեւոյթները կրնան շուտով սփիւռքի մամուլը մատնել խոր տագնապի։ Պէտք է զայն ամէն գինով փրկել, որովհետեւ սփիւռքի մէջ հայապահպանման ամենակենսական հրամայական ազդու միջոցներէն մէկն է մամուլը։

- Արդ, ինչպէ՞ս կրնայ հայ մամուլը մէկ կողմէն քայլ պահել միջազգային մամուլին, տպագիր թէ համացանց, դրական զարգացումներուն հետ, եւ միւս կողմէն՝ մնալ հաւատարիմ իր ազգային առաքելութեան։ Ինչպէ՞ս կարելի է շինիչ ու օգտաշատ գործակցութիւն յառաջացնել մամլոյ օրկաններու միջեւ։ Բազմակարծութիւն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի իւրայատկութիւնները, պահելով հանդերձ, ինչպէ՞ս կարելի է համահայկական մտածողութեան ձեւաւորման նպաստել։ Ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակ ու հետեւողական կերպով, դէմ դնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակահայ քարոզչութեան համաշխարհային շրջագծէն ներս։ Ինչպէ՞ս կարելի է մամուլի եւ լրագրողներու յատուկ հիմնադրամներ ու մրցանակներ հաստատել։ Ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանի պետութեան, մեր կառոյցներուն եւ հայ մարդուն զօրակցութիւնը գործնապէս ապահովել՝ ի խնդիր հայ մամուլին առաւել զարգացման ու կազմակերպման, արդիականացման ու տարածման։ Ներկայ համագումարը առիթ է իրապաշտ մօտեցումով անդրադառնալու յիշեալ այժմէական ու հրատապ հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն։ Վերջապէս, համագումարէն անդին հրամայական կը նկատենք՝ Հայաստան, Արցախ ու սփիւռք համատեղ գործակցութեամբ շարունակելու հայ մամուլի համահայկական առաքելութեան վերարժեւորման ու վերահզօրացման նպաստող աշխատանքները։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019