«ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՐՈԶԻՉԸ»

6 սեպտեմբեր 1831-ին ծնած բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն Խորէն Գալֆայեան նաեւ հոգեւոր հովիւ, կղերական, հայ մամուլի մշակ էր: Հայ մշակութային անդաստանին մէջ ան յայտնի է նաեւ Նար-Պէյ Լուսինեան անունով եւ իր ունեցած գնահատելի աւանդին հետ եղած է նաեւ հակասական կերպար մը, որուն անդրադարձած են իր ժամանակակիցները: 

Ծնած է Պոլիս,  փոքր հասակէն իր եղբօր՝ Ամպրոսիոս Գալֆայեանին հետ ղրկուած է Վենետիկ, Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար վանքը, ուր ստացած է իր կրթութիւնը: 1854-ին կը խզէ իր կապերը Ս. Ղազարի հետ ու կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետ։

Համայնագիտարանին տուած տեղեկութիւններէն կ՚իմանանք, որ անոր հետ միաբանութիւնն ու կաթոլիկ եկեղեցին լքած են նաեւ եղբայրը՝ Ամպրոսիոս Վրդ. Գալֆայեանը, «Բազմավէպ»ի առաջին խմբագիր եւ հիմնադիր Գաբրիէլ Եպսկ. Այվազովսքին եւ  Սարգիս Վրդ. Թէոդորեանը:

1855-ին Գաբրիէլ Վրդ. Այվազովսքին Փարիզի մէջ կը ձեռնարկէ «Մասեաց Աղաւնի-Աւետաբեր Հայաստանեայց» հանդէսի հրատարակութիւնը, աշխատակցութեամբ Վենետիկէն հեռացող իր ընկերներուն, որոնց մէջ էր նաեւ Նար-Պէյը։ Փարիզի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, ուսուցչական պաշտօնավարութեան օրերուն (պաշտօն՝ զոր իրեն վստահած էր Վենետիկի միաբանութիւնը), ծանօթութիւն հաստատած է ֆրանսացի բանաստեղծ, պատմաբան Ալֆոնս տը Լամարթինի հետ, որուն «Դաշնակք» (Harmonies) գործը կր թարգմանէ եւ կը հրատարակէ 1859-ին բարդագոյն գրաբարով:  Յաջորդաբար կ՚անցնի Թէոդոսիա, Էջմիածին, ապա Երուսաղէմ՝ ուր եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 1867-ին:

Շրջան մը կր վարէ Ռումանահայոց առաջնորդութիւնը, սակայն շուտով կ՚անցնի Պոլիս, ուր պիտի ապրէր իր կեանքին ամենէն բեղուն ու նոյնքան ողբերգական տարիները։ Ժամանակակիցներու վկայութեան համաձայն, Խորէն Գալֆայեան պերճասէր ու պերճաբան եկեղեցական մր եղած է իր հռետորական շնորհներով եւ սիրուած՝ Պոլսոյ որոշ շրջանակներու մէջ, ունենալով «Պէշիկթաշի քարոզիչը» բնորոշումը: Ան գրականութեան զուգահեռ նաեւ թատերական շարժումով խանդավառուած է եւ աջակցած՝ թատրոնի զարգացման:

1878-ին մաս կազմած է Պերլինի վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան։ Անոր կենսագրութեան մէջ դրուագ մը կայ քաղաքական խորհրդաւոր անցքերու մասնակից ըլլալուն մասին, որուն պատճառով օրուան Աշըքեան Պատրիարքը կարգալոյծ կը հռչակէ Նար-Պէյը, որ շրջան մը կ՚ապրի իր քրոջ մօտ։ 4 նոյեմբեր 1892-ին, ոստիկանական կեդրոն կը հրաւիրուի սուլթանին կարգադրութեամբ եւ, կ՚ըսուի թէ,  թունաւոր սուրճով կը սպաննուի։

Նար-Պէյի գրական վաստակը կը ներկայանայ քերթուածներու երեք հատորներով՝ «Վարդենիք», «Քնար պանդուխտին» եւ «Ստուերք Հայկականք», յաջորդաբար հրատարակուած՝ 1863-ին, 1868-ին եւ 1874-ին։

Գրողները, վկայագիրներն ու մամուլը բազմիցս անդրադարձած են Նար-Պէյի կեանքին եւ վերլուծած անոր գրական երկերը, որոնք հայրենիքի, սիրոյ, ազգի վիշտերով համակուած ըլլալուն մասին են, բայց նաեւ իր անձնական, հոգեկան ապրումները կը նկարագրեն:

Նար-Պէյի մասին գրութիւններուն մէջ լաւագոյնը անվիճելիօրէն կը մնայ Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր»ու իրեն նուիրուած հատուածը, զոր իր ծննդեան 187-րդ տարուան առթիւ կը ներկայացնենք (Պարոնեանի գործածած ուղղագրութիւնը պահպանելով)  անգամ մը եւս յիշելով անցեալի դէմքերէն Խորէն Արք. Գալֆայեանը եւ երիցս համոզուելով, որ անմահ է Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր»ը եւ անգերազանցելի՝ հայ գրականութեան մէջ: Ինչպէս ազգային երեւելիներու միւս  կենսագրականներուն մէջ, Գալֆայեանի գրական  կենսագրականին մէջ նոյնպէս Յակոբ Պարոնեան ցոյց կու տայ գործիչը՝  իր առաւելութիւններով ու թերութիւններով եւ կը նախընտրէ սպառիչ ծաղրին ոճը, որ ամբողջ նկարագրութեան մէջ աշխոյժ կերպով կ՚ուղեկցի ընթերցողին:  Գրութեան սկիզբը Պարոնեան կը հեգնէ նախ Գալֆայեանի ունեցած երեք ծածկանունները, յետոյ կը հերքէ նաեւ  Լուսինեաններու արքայական տոհմէն սերելուն մասին Նար-Պէյի եւ անոր եղբօր՝ Ամպրոսիոս Գալֆայեանի հաւաստիացումները:

Իսկ Նար-Պէյի կարդացած դամբանականներուն եւ  պերճախօս մահախօսականներուն մասին  Պարոնեան կը գրէ, թէ այնպիսի սրտառուչ դամբանականներ կ՚արձակէր, այնպիսի պերճախօսութեամբ կը գովէր արքայութիւնը, որ ներկայ գտնուողները մեռնելու փափաք կ՚ունենային:

Ճակատագրի հեգնանքով, Գալֆայեանի դիմապատկերը կերտելէ տասներկու տարի ետք, Խորէն Գալֆայեան դամբանական կը կարդայ նաեւ Յակոբ Պարոնեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին:

*

ԱԶԳԱՅԻՆ ՋՈՋԵՐ

Խորէն եպիսկոպոս, աստուածաբան, կատակերգակ, ազգային երեսփոխան, բանաստեղծ, 1861-ին Գալֆայեան, 1870-ին Նար-Պէյ, 1879-ին Լուսինեան-մինչեւ նոր տնօրէնութիւն-ծնաւ Կ. Պոլիս Սամաթիոյ թաղին մէջ 1841 թուականին: Ծնած գիշերը երեք տեղ հրդեհ պատահեցաւ. Արնաւուտգեղ, Ախրգաբու եւ Գասըմբաշա:

Խորէն չուշացաւ յայտնել, թէ իւր ծնունդովն բանաստեղծ մ՚ալ աւելցաւ ազգին եւ ոչ թէ փորձանք, ինչպէս կը գուշակէին քանի մը հեռատես մարդեր. վասն զի երբ մանկաբարձն անոր ոտներուն վրայ դիտողութիւն կ՚ընէր, տասնեւվեցոտեան ոտանաւորներն միշտ այսպէս կը վերջանան, պատասխանեց երախայ բանաստեղծն, որ ազգային քերթող պիտի յորջորջուէր օր մը մեր ազգային համբակ… սափրիչներէն: Ութ օր վերջը կատարուեցաւ իւր մկրտութեան հանդէսը: Կնքահայրն Ամբակում դրաւ անոր անունը, սակայն երախան տուն երթալուն պէս փոխեց զայն ու Խորէն դրաւ:

Նախազգացմամբ գուշակեց կարծես, թէ ձեռք պիտի քաշէր օր մը այս աշխարհիս վաղանցուկ հաճոյքներէն, թէ իւր կեանքն Աստուծոյ ծառայութեան նուիրելով մեծ քաղցրութիւն պիտի զգար: Ուստի, օր մը աչերն վեր առնելով կնկան մը երես չէր նայեր… բազմութեան մէջ, փութանք աւելցնել, թէ մէկէ մը տեսնուելու կասկած կամ երկիւղ չունեցած ատենն ալ չէր նայեր կիներու… եթէ ծեր ըլլային. եւ հետեւապէս, կուսակրօն ըլլալու համար ամէն տրամադրութիւն ունէր: Հազիւ չորս տարեկան կար, դրացւոյն տղաներն իւր տունը կը հրաւիրէր եւ անոնց հետ կրօնական խաղեր կը խաղար, նման այն խաղերուն, զորս երբեմն խաղալու չմոռնար: Աթոռի մը վրայ բազմելով քարոզ խօսելու համար մեծ փափաք ունէր, իսկ երբ այդ աթոռը պատրիարքական ըլլար՝ հոգին կու տար:

Հայրը տեսնելով, որ տղան վարդապետ ըլլալու սիրով կը տոչորի, ինչպէս որ նոյն սիրով կը տոչորին միշտ եօթը տարու տղաներէն ոմանք, որոշեց Վենետիկի վանքը ղրկել զինք. եւ քիչ ատենէն այս որոշումը գործադրեց առագաստաւոր նաւու մը յանձնելով իւր զաւակն 1847-ին:

Երբ Վենետիկ հասաւ Խորէն ու վանահօր ներկայացաւ, վանահայրն, անոր շարժումները դիտելով, յայտնեց թէ անկարելի էր զայն դպրոցի մէջ առնելը. որովհետեւ, աւելցուց, վանքին տրամադրած օրէնքներուն հակառակ էր իգական սեռէն աշակերտ ընդունելը: Մեծ դժուարութիւն կրեցին համոզելու համար վանահայրն թէ աղջիկ չէր իրեն ներկայացուողը: Երկրորդ օրը վանքին դպրոցը ղրկուեցաւ Խորէն, ուր քիչ ժամանակի մէջ հսկայաքայլ յառաջ գնաց այն ամէն գիտութիւններու մէջ, որոնց շնորհիւ մարդս կը յաջողի սիրելի ընել զինք ռամիկներու: Մեր պաշտօնին հաւատարիմ մնալու համար պարտաւոր ենք հոս յիշել, որ այն ատեն որչափ սրամիտ, նոյնչափ ալ խառնակիչ էր Խորէն: Վանահօր ականջներն ա՛լ խուլցած ըլլալով այն տրտունջներէն, զորս Խորէնի դէմ կ՚ընէին իւր դասընկերները, որոշուեցաւ որ ի պատիժ իւր անվայել վարքին, վարդապետ ձեռնադրուի: Այս ըլլալու էր խելօք չկեցող աշակերտներուն համար վանքին սահմանած պատիժը:

Վանքին մէջ քանի մը տարիներ վարդապետութիւն ընելէն ետքը, սենեակ մը քաշուելով քարոզ տալու վարժութիւն ընելէն ետքը զգաց թէ վանքը խիստ անձուկ ասպարէզ մ՚էր համեմատօրէն իւր ընդարձակ հմտութիւններուն՝ որովք օր մը փայլ պիտի առնէր իւր անունն պճնասիրութեան աշխարհին մէջ: Փափաքեցաւ անանկ ընդարձակ ասպարէզ մ՚ընտրել, որուն մէջ կարող ըլլար ընդարձակօրէն ծառայել Աստուծոյ: Այս փափաքն գոհացնելու համար երկու ոտքով ցատկեց, մեր ազգային պատրիարքարանն ինկաւ: Յիշելու բարեբախտութիւնը չունինք այն թուականն՝ ուր Խորէն Էջմիածնայ հպատակեցաւ, սակայն լաւ յիշելու դժբախտութիւնն ունինք, թէ այն թուականէն ի վեր է, որ մեր կուսակրօնները ամէն պարզութիւն մէկդի դնելով՝ կիներու պէս հագուիլ, սգուիլ եւ կոտրտուիլ սկսան… աղէկ ծառայութիւն ընելու համար:

Այն ժամանակները մայրաքաղաքիս հարուստներէն ոմանք իրենց ձիերուն ապագայ պատրաստելու նպատակաւ, անոնց համար հոյակապ ախոռներ կառուցանելէն ետքը՝ իրենց զաւակներուն համար ալ դպրոց մը շինելու գաղափարն յղացան. բայց որովհետեւ Կ. Պոլսոյ մէջ դպրոցի յարմար տեղ մը գտնելն անկարելի էր, որոշեցին որ Բարիզի մէջ բանան այս դպրոցն՝ որուն մէջ պիտի դաստիարակուէին իրենց զաւակներն, եւ թերեւս, իրենց ձիերն ալ, եթէ հոս գործ չունենային: Իրենց այս որոշումին ծնունդ տուին Բարիզի մէջ դպրոց մը շինելով… աւազի վրայ: Այս դպրոցին, որու անուն Հայկազեան, տնօրէններն եղան 1856-ին հռոմէականութենէ հայոց եկեղեցին դարձած, կամ լաւ եւս, գերութենէ ազատութիւն դարձած երեք վարդապետներն, որոնց յարեցաւ նաեւ վերջէն Խորէն եպիսկոպոս: Յիշեալ տնօրէններն եթէ բան մը չսորվեցուցին աշակերտներուն, որոնք երբ մայրաքաղաքս դարձան բան մը չսորվելէն զատ, հայերէն լեզուն ալ կորուսած էին, գոնէ սա սորվեցուցին ազգին թէ՝ շատ լաւ բան է իրաւունք եւ պարտք ճանաչելն: Այս սկզբունքը մեզի սորվեցնելէն ետքը մաքուր սրտով, հանդարտ խղճով հարիւր հազար ֆրանկի պարտ թողլով, դպրոցին դռները գոցեցին: Խորէն եպիսկոպոս ամենէն աւելի օգուտ քաղեց այդ դպրոցէն. մեծ քայլեր առաւ հոն դէպի Պառնասայ գագաթ. հոն կատարելագործեց մուսաներու արուեստը: Սա ինքն է որ, իւր վկայութեանը նայելով, երկու ամիս աշխատելէն ետքը հետեւեալ գիւտն ըրաւ.

Զիւր անուան կոչ

Գիտե՞ս -ո՜հ, ոչ:

Թէպէտեւ պատմաբաններէն ոմանք Հոմերոսի կ՚ընծայեն այս երեւելի գիւտն, որ ժամանակագրութիւնք երեւելի անձիցին կարգը դրուելու մոռցուած է դժբախտաբար, սակայն մենք պնդելով կը պնդենք, որ այս գիւտին փառքը Խորէնի միայն կը պատկանի: Քաջ գիտենք, որ Խորէն եպիսկոպոս այս գիւտն ընելէն անմիջապէս ետքը հեւալով կը վազէ եղբօրը եւ անոր կ՚իմացնէ: Եղբայրն նախ չ՚ուզեր հաւատալ. ասանկ գիւտի մը, գիւտն անհնար կը թուի իրեն, բայց վերջապէս կը համոզուի եւ եղբօրը փաթտուելով, Խորէն, կ՚ըսէ, մեծ ծառայութիւն ըրիր ազգին այդ գիւտովդ. ազգը պարտաւոր է երախտագէտ մնալ քեզ յամենայն աւուրս կենաց իւրոց: Արդարեւ այդ գիւտը մեր ազգին համար աւելի մեծ նշանակութիւն ունի քան գիւտ նշխարացը, եւ կը զարմանանք թէ ինչու այդ գիւտին օրը կիրակի չեն բռներ… բանաստեղծները:

Հայկազեան դպրոցին փակումէն ետքը Կ. Պոլիս դարձաւ Խորէն: Քանի մը ատեն հոն մնալէն ետքը դասախօսութեան պաշտօնով Թէոդոսիոյ Խալիպեան ուսումնարանը մտաւ, ուր առաւօտէ մինչեւ երեկոյ դասախօսութիւն կ՚ընէր խմբագրութեան, պարապելով թերթի մը՝ որուն անունը կա՛մ Մասեաց աղաւնի կա՛մ Պոլսոյ աղաւնի: Աշակերտներն ալ իրենց վարժապետին յանգ կրելով կը զբաղէին, որպէսզի հայրենասիրական եռանդուն քերթուածներ շինէ ազգին: Չհասկցուեցաւ թէ ո՛ր գիտութեան կամ ուսման մէջ յառաջ գացին յիշեալ վարժարանի աշակերտները, միայն սա յայտնուեցաւ, որ երբ այդ աշակերտներն իրենց քաղաքները վերադարձան, պատուհաններուն առջեւէն չէին հեռանար, փողոցէն անցնող աղջիկներն դիտելու համար: Կը հրաժարինք մանրամասնօրէն պատմելէ այն կեանքն, զոր վարեց Խորէն Թէոդոսիոյ մէջ. այո՛, կը հրաժարինք, որովհետեւ դժբախտութիւնն այն եղանակաւ հալածեց զինք Թէոդոսիոյ մէջ, ինչ եղանակաւ որ կը հալածէ մէկն իւր սպասաւորն, որ տան տիկնոջ աչք կը տնկէ: Կրօնաւոր մը այսչափ հալածուելու չէր… կրօնաւորէ մը: Եւ միթէ հալածումը յաջողեցա՞ւ անոր սկզբունքն փոխելու. բնաւ երբեք. այլ, ընդհակառակն, աւելի եւս քաջալերեց զայն իւր սկզբունքին մէջ: Սկզբունքը, կ՚ըսէ Աղեքսանդր Տիւմայի որդին, բեւեռներու կը նմանին. որչափ զարնես անոնց գլխուն՝ նոյնչափ աւելի կը հաստատուին:

1864-ին դարձեալ ստիպուեցաւ Պոլիս դառնալ, ուր քանի մը ամիսէ ետքը Բերայի քարոզչութեան պաշտօնը ձեռք անցուց: Իրեն համար կրնանք ըսել ինչ որ կ՚ըսեն Պղատոնի համար, թէ մեղուները մեղր քսած էին անոր շուրթերուն, թէպէտեւ ուրիշներն ալ քիչ մը կարմիր քսած էին-այնչափ պերճախօս էր: Ժողովուրդը մինչեւ այսօր սիրով մտիկ կ՚ընէ անոր քարոզները մինչեւ վերջը, եւ առանց քրտինք թափելու: Իւր քարոզներն աւելի կը փայլին քան իւր մազերը: Ի՛նչ հարկ կայ երկարելու. կէտեր կան, որոնց մէջ Խորէն տեսականի մարդ է եւ գործնականի չգար. կէտեր ալ կան, որոնց մէջ միայն գործնական է: Դժբախտութիւնն հոն ալ վազեց քանի մը տարիէն, հոն ալ հալածեց զինքը. եւ Խորէն յօժար կամքով հրաժեշտ տուաւ իւր պաշտօնին… երբ թաղեցիները վար առին զինքը:

1867-ին եկեղեցական պատգամաւոր ընտրուելով՝ Վեհափառ Գէորգ կաթողիկոսին յուղարկաւորութեանը գնաց մինչեւ Էջմիածին, ուր եպիսկոպոսութեան աստիճան բարձրանալէն ետքը Պոլիս վերադարձաւ եւ Պէշիկթաշի քարոզիչ անուանուեցաւ: Յիշեալ թաղին վարժարաններու վերատեսչութիւնն ստանձնելով բարեկարգութեան ձեռք զարկաւ: Աշակերտներուն սիրտն ու միտքն մշակելու համար անոնց հագուստները հանել տուաւ եւ համաձեւ զգեստ շինել տալով հագցուց անոնց: Ահաւասիկ ըրած միակ բարենորոգումն, որ կրնայ ըսուիլ թէ աւելի դերձակներու համար եղաւ քան աշակերտներու համար:

Քանի մը ամիս այս պաշտօնը վարելէն ետքը հրաւիրուեցաւ հրաժարիլ անկէ. բնաւ դէմ չկեցաւ. հրաժարեցաւ եւ «Մասիս»ի խմբագրապետին տանն ապակիները խորտակել տուաւ: Քանի մը քաղաքներէ առաջնորդ ընտրուեցաւ, բայց ինքն իբրեւ նախանձ նկատելով այն ամէն առաջարկութիւն, որ կը ստիպէր զինք հեռանալ Պոլսէն՝ մերժեց գաւառներու մէջ առաջնորդութիւն ընելը: Զմիւռնիան ոչ միայն ընտրեց, այլ հրաւիրակներ ալ ղրկեց: Ընտրութիւնն ալ, հրաւիրակներն ալ քաղաքավարութեամբ վռնտեց: Տիգրանակերտն ալ ունեցաւ Զմիւռնիոյ յիմարութիւնը, եւ անոր պէս իւր պատիժը կրեց: Ամենէն վերջը Ռոտոսթոյէն հրաւիրուեցաւ, որ իբրեւ հովիւ հոգեւոր, արածէ զիրենք. Խորէն եպիսկոպոս ընդունեց Ռոտոսթոն, բայց ծանր պայմաններ առաջարկեց, որ Ռոտոսթոն չուզէ զինքը, օրինակի համար, այնպիսի ճամբու ծախք մը առաջարկեց, որով Ռոտոսթոյի բոլոր ազգայինները կրնային հոս փոխադրուիլ: Հարկ չէ ըսել թէ Ռոտոսթոն ալ ստիպուեցաւ, Զմիւռնիոյ եւ Տիգրանակերտին պէս, ուրիշ առաջնորդ ընտրել իրեն: Յիշեալ երեք քաղաքներն կը պարծին այսօր Խորէնն իրենց առաջնորդ չունենալուն վրայ:

Տեղեկանալու համար այն վաւերական աղբիւրներուն, որովք անժխտելի կերպով հաստատուած է այսօր թէ Խորէն Նար-Պէյ Լուսինեանէ սերած է, պէտք է ներկայ գտնուիլ այն գեղեցիկ արքայական երազին, որ պատիւ ունեցած է տեսնել Խորէն եպիսկոպոս 1870-ին: Այդ երազին մէջ Նար-Պէյ Լուսինեան կը ներկայանայ Խորէն եպիսկոպոսին եւ անոր կ՚ըսէ. «Ես եմ Նար-Պէյ Լուսինեան, որ 1798-ին Կիպրոսի տաճիկներու հարստահարութիւններէն փախչելով՝ Եգիպտոս գացի եւ Նաբոլէոնէն մեծ պատուով ընդունուեցայ: Դու ինէ սերած ես, շո՛ւտ ըրէ ե՛լ, հագուէ՛ եւ մականունդ փոխէ»: Մենք բնաւ կասկած չունինք ասոր ստուգութեանը վրայ: Շատերը արդէն այս երազին ներկայ գտնուած ըլլալով՝ իբրեւ ականատես վկայ կը պատմեն, մինչեւ իսկ կը նկարագրեն Նար-Պէյ Լուսինեանի կերպարանքն, որով երեւցած է, երազի մէջ, Խորէնին: Իբրեւ զօրաւոր փաստ ուրիշ ի՞նչ պահանջելու իրաւունք ունինք, միթէ Մասիս, Թերճիմանը-էֆքեար եւ Լրագիր օրագիրներն չհրատարակեցի՞ն զայն արժանահաւատ աղբիւրներէ քաղելով: Բայց ի՞նչ օգուտ, մարդիկ որչափ ալ բարձրանան, նորէն բարձրանալ կը փափաքին. Խորէն եպիսկոպոս ալ, իբրեւ մարդ, քանի մը տարիներ Նար-Պէյով շատանալէ վերջը ուզեց, որ Լուսինեան ալ յորջորջուի, նման այն աւազակին, որ ուրիշի մը գոյքը յափշտակելէն ետքը կը փափաքի անոր հայրերն ալ կողոպտելու: Այս չափազանց փափաքէ մղուելով է անշուշտ, որ Խորէն եպիսկոպոս ելաւ օր մը հետեւեալը հրատարակեց.

«Նկատելով, որ Ռուսաստանի մէջ Լուսինեան մը կայ, որ նամակով ինձի կ՚իմացունէ, թէ ես իրեն եղբօր որդին եմ.

«Նկատելով, որ բոլոր եղբայրներս Լուսինեան մականունը կը գործածեն.

«Նկատելով, որ հարազատ եղբայրներու մէջ տարբեր մականուններ գործածելն անտեղի է.

«Ես ալ որոշեցի, որ այսուհետեւ Լուսինեան գործածեմ»:

Փառք տանք Աստուծոյ, որ միտքը չէ ինկած հետեւեալն ալ գրելու.

«Նկատելով, որ եղբայրներս ամուսնացած են…»:

Ինչպէս յայտնի կ՚երեւայ, Խորէն եպիսկոպոս վերոյիշեալ նկատելով ներով բոլոր պատասխանատուութիւնն հօրեղբօրն ու եղբայրներուն վրայ կը ձգէ: Եթէ հօրեղբայրն բան մը գրած չըլլար իրեն, եթէ ներելի ըլլար հարազատ եղբայրներու մէջ տարբեր մականուններ գործածել՝ անշուշտ ինքն ալ չպիտի ստիպուէր փոխել իւր մականունը, օրինաւորութիւնն է, որ կը ստիպէ խեղճը Լուսինեան յորջորջուելու: Հարկ կը համարինք հոս յիշել, թէ Խորէն եպիսկոպոս իւր կարծիքներուն հետ ալ այնպէս կը վարուի, ինչպէս իւր մականուններուն հետ, միայն սա տարբերութեամբ, որ կարծիքներն ինն օրը անգամ մը կը փոխէ, մինչդեռ մականունները ինը տարին անգամ մը: Թո՛ղ աղօթք ընէ նորին գերապատուութիւնը, որ վաճառական չէ, եթէ վաճառական ըլլար եւ այսպէս յաճախ մականուն փոխէր՝ քիչ ատենուան մէջ վաճառատունը կը գոցէր:

1876-ին Կրօնական ժողովոյ ատենապետ ընտրուեցաւ շնորհիւ այն կուսակցութեան, որ իրեն հետ աշխատած էր Խրիմեանը պատրիարքական աթոռէն վար առնելու դիւցազնական գործին մէջ: Ատենապետ ընտրուելուն հետեւեալ օրը բանադրեց մէկն, որ բանաւոր պատճառներով առաջին կինն թողած ըլլալով՝ ուրիշ կնիկի մը հետ ամուսնացած էր: Այս բանադրանքը շատերը բաւական խնդացուց: Քանի մը օր ետքն ալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համաձայն հրատարակեց ճիշդ առջինին նման ամուսնութիւն մը՝ որով ուրիշ մէկն իւր կինը թողած՝ ուրիշ կնիկ մը առած էր: Աս համաձայնը շատ խնդացուց ժողովուրդն: Այս հակասական վճիռներն մինչեւ այսօր իրարու դէմ հրացան կը քաշեն Կրօն. ժողովոյ արձանագրութիւններու մէջ:

1878-ին իբրեւ ազգային նուիրակ Խրիմեանի հետ Պերլինի Աւագաժողովը ղրկուեցաւ: Թէպէտ եւ չգիտցուեցաւ թէ ինչո՛ւ չկրցին Աւագաժողովին ներկայանալ, սակայն շատերը պնդեցին այն ատեն, թէ ազգը մեծ օգուտ քաղեց անոնց ուղեւորութենէն, թէ ձայն հանելու չէ, այդ օգուտին ինչ ըլլալը վերջէն պիտի հասկցուի: Ասոր համար է, որ շատերն իրենց բերանը բացած՝ գործերուն վերջը դիտելու կը պատրաստուին: Եթէ այս օգուտներուն երեւակայականն մէկդի նետելով իրականին դառնանք՝ սա օգուտը կը գտնենք, որ առաջ գաւառներու մէջ եթէ տարին հարիւր հոգի կը սպաննուէին՝ այսօր հազար կը սպաննուին եւ այս ալ մեծ օգուտ է անշուշտ անո՛նց որք բազմութենէ չեն ախորժիր:

Պէտք չէ մոռնալ այն մեծ ծառայութիւններն, զորս մատուցած է ազգին երեսփոխանական ժողովոյ մէջ: Իւր ատենաբանութիւններն շատ ներդաշնակ էին, երաժշտական խումբ մը կը պակսէր զանոնք աւելի ազդու գործելու համար: Իւր ճառերն նոյն ազդեցութիւնը կ՚ընէին երեսփոխաններու վրայ, ինչ ազդեցութիւն որ կ՚ընեն հատընտիր քաղուածք դպրոցական աշակերտներու վրայ:

Չափազանցութիւն ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք թէ՝ իբրեւ մատենագիր աւելի ծառայած է ազգին քան իբրեւ կուսակրօն: Իւր աշխատասիրութիւններուն մէկ մասը 1879-ին Բերայի հրդեհին հրոյ ճարակ եղան, ինչպէս որ կ՚ըլլան դժբախտաբար այն ամէն երկասիրութիւններն, որք տպուած չեն… գրուած չեն: Այդ գործերու մոխիր դառնալն մեծ կորուստ մ՚է անշուշտ ազգին համար, բայց կրնանք մխիթարուիլ իւր հրատարակած գործերով, որոնք քիչ բացառութեամբ, արժանիք ունէին… մոխիր դառնալու: Խորէն եպիսկոպոս ունի այսօր տասներկու գործեր: Ասոնց մէջն է Ալաֆրանկա կատակերգութիւնն, որ կապիկի պէս ամէն բանի մէջ ուրիշի նմանելէ յառաջ եկած վնասները կը հարուածէ: Վարդենիք, անմեղ սէրէ ներշնչուած գողտրիկ ոտանաւորներ: Դաշնակք, Լամարթինի, անմահ բանաստեղծին ոտանաւորներուն գրաբար թարգմանութիւնը՝ զոր հասկնալու համար այն ատենները չորս հոգիէ բաղկացեալ մասնաժողով մը կազմուեցաւ, որն որ անկարող ըլլալով զայն լուծել, թարգմանիչին դիմեց, որ ներումն խնդրելով պատասխանեց թէ՝ վրայէն բաւական ժամանակ անցած ըլլալուն պատճառաւ ինք ալ չէր կարող հասկնալ: Քրիստոնէական, որ կը պատուիրէ էրիկներուն ներել իրենց կիներուն, որքան ալ անպարկեշտ ըլլան, որքան ալ մեծ ըլլայ անոնց սիրականներուն թիւը: Նախակրթարան ֆրանսերէն լեզուի, ի պէտս անոնց, որք փափաք չունին ֆրանսերէն սորվելու: Ստուերք հայկականք, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ զհայրենեաց ասա մեզ բան: Օտար լրագիրներու մէջ անդրալեռնականներու դէմ պաշտպանած է Հայաստանեայց եկեղեցին եւ ժողովրդեան համակրութիւնը գրաւած է:

Խորէն եպիսկոպոս անուշ բնաւորութիւն մ՚ունի. ամէնուն հետ այնպէս կը վարուի, ինչպէս որ խմբագիր մը կը վարուի այն մարդուն հետ, որ տարուան մը բաժանորդ կը գրուի եւ բաժանորդագինն ալ կանխիկ կը վճարէ: Վարքէն կրնանք գուշակել թէ իւր յարգած սկզբունքներն հետեւեալներն ըլլալու են.

«Սիրէ հայրդ ու մայրդ… եթէ հարուստ են.

«Սիրէ թշնամիներդ… երեսանց.

«Սուտ մի՛ խօսիր… եթէ շահ չունիս.

«Թող մի՛ տար կիրքերդ գերի ըլլան անձիդ.

«Դրացիներդ անձիդ պէս սիրէ»:

Մեռեալներուն գալով՝ անոնց հետ ա՛լ աւելի քաղցրութեամբ կը վարուի: Այնպիսի սրտառուչ դամբանականներ կ՚արձակէր, այնպիսի պերճախօսութեամբ կը գովէր արքայութիւնն, որ ներկայ գտնուողները մեռնելու փափաք կը զգային: Չմոռնանք սակայն ըսել թէ՝ երբեմն ալ մեռեալն արքայութենէն աւելի կը գովէր՝ որով ննջեցեալն նախապատիւ կը սեպէր դագաղին մէջ մնալ քան թէ արքայութեան մէջ: Ազգային հիւանդանոցին մոմերուն պէս կարգերու կը բաժնուէին իւր դամբանականները, մէկ ոսկի տուող մեռեալն բարեսիրտ կ՚ըլլար, երկու ղրկողը բարեսիրտ եւ քիչ մ՚ալ ազգասէր կը հռչակուէր, երեք նուիրողը ազնիւ սրտով եւ վսեմ զգացումներով կը զարդարուէր, չորս համրողը հանրածանօթ ազգասէր կը ծանուցուէր, հինգ տուողն կենդանութեանը ժամանակ այնքան գաղտնի ողորմութիւն տուած կ՚ըլլար աղքատներուն, որ մարդ տեսած չէր ըլլար, հայրենեաց բարերար կը յորջորջուէր, եւ ասանկներուն դագաղը ութը հոգի կը կրէր, որովհետեւ չորս հոգի բաւական չէին կրել այնչափ գովեստներով ծանրաբեռնեալ ննջեցեալն:

Դագաղն ալ երբեմն զգացման տէր եւ ազգասէր կ՚ըլլար, եթէ զայն շինող ատաղձագործը գերապատիւին մեճիտիէ մը ղրկէր: Իսկ անոնք, որ ժամանակ չունէին փրկանք վճարել դամբանախօսին՝ դամբանական լսելու իրաւունքէ կը զրկուէին, իրենց վերապահելով սակայն մեռնելու իրաւունքը: Խորէն եպիսկոպոս իւր պաշտօնակիցներուն պէս վարուելով՝ լռելեայն սա սկզբունքը կը քարոզէր թէ՝ չար եղէք որչափ կ՚ուզէք, բայց հարուստ եղէք, որչափ կրնաք: Ժողովուրդն, որ շատ անգամ ազգասէր, ողորմած, բարեսիրտ ածականներուն տրուիլը կը լսէր այնպիսի մարդերու՝ որոնք իրենց կենդանութեանը ժամանակ ազգը մատնած են իրենց շահուն համար, կամ եկեղեցւոյն գանձանակէն ստակ գողցած են, ինքնիրեն կ՚ըսէր. «Խորանի վրայ, բազմութեան մէջ, այսչափ սուտ ինչպէ՞ս կարելի է ըսել առանց կարմրելու»:

Խորէն եպիսկոպոս մեծ մարդ է. աւելի մեծ պիտի ըլլայ անշուշտ, եթէ յաջողի Կիպրոսի մէջ Լուսինեանէ մնացած կալուածներն Անգղիոյ ձեռքէն առնել. եւ աս ալ անհաւատալի բան մը չէ:

Խորէն եպիսկոպոս միջին հասակով, բարեձեւ կազմով գեղեցիկ մարդ մ՚է: Երբ փողոցն ելնէ՝ ընդհանրապէս այն դէմքը կ՚ունենայ երբ բազմութեան մէջ մէկն իւր սիրուհիին գաղտնի նշան ընելէն ետքը ուրիշ մը զայն տեսնէ եւ իրեն ըսէ. «Ըրածիդ հաւնեցա՞ր»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018