«ՍԻՐԹԱՔԻ»Ի ԱՆՄԱՀ ՅՕՐԻՆՈՂԸ

Յունաստանն ու աշխարհը հրաժեշտ կու տան Յունաստանի խորհրդանիշ դարձած երաժիշտին՝ համաշխարհային համբաւի տէր յօրինող եւ խմբավար, խաղաղութեան համար պայքարի մարտիկ Միքիս Թէոտորաքիսին, որ մահացաւ 96 տարեկան հասակին՝ 2 սեպտեմբեր 2021 թուականին:

Յունաստանի արդի պատմութիւնն ու մարդկութեան երաժշտական գանձարանը իր անմահ յօրինումներով հարստացուցած երաժիշտը նաեւ քաղաքական գործիչ էր, եղած էր նախարար եւ չորս անգամ ընտրուած՝ Յունաստանի խորհրդարանի անդամ: Դիմադրութեան զանազան շարժումներու մասնակցելով, բանտարկուելով եւ հալածանքներու ենթարկուելով նաեւ վտանգած է առողջութիւնը:

Իր մահուան առիթով մամուլը կը հաղորդէ, որ Թէոտորաքիս երկար ժամանակ հիւանդ էր, բայց նոյնիսկ յառաջացած տարիքին եւ տկար զգալով, զանազան զգայուն հարցերու շուրջ իր ձայնը կը հնչեցնէր:

Երաժիշտը, որ ստեղծագործած է երաժշտութեան գրեթէ բոլոր ժանրերով, համաշխարհային համբաւի արժանացած է «Յոյն Զոռպան» եռակի օսքարակիր շարժանկարի համար գրուած «Սիրթաքի» երաժշտութեամբ: Կրետէի աւանդական երաժշտութենէ սնուած այս եղանակը այսօր աշխարհի մէջ ամենէն ճանչցուած յունական մեղեդին է, իսկ «Սիրթաքի» երաժշտութեան ուղեկցութեամբ պարուող պարը, որ կը պարեն աշխարհի ամէն կողմ, Յունաստանի խորհրդանիշներէն մէկն է:

«Բրիտանական ժապաւէնի ակադեմիոյ մրցանակներ» եւ այլ պարգեւներու արժանացած Թէոտորաքիս նաեւ «Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման համար» միջազգային Լենինի մրցանակի դափնեկիր է, որ անոր շնորհուած է 1983 թուականին: 2013 թուականին Միքիս Թէոտորաքիս Յունաստանի Կաճառի պատուոյ անդամ կ՚ընտրուի, իսկ 2020 թուականի ապրիլին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանագրով կ՚արժանանայ «Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակ» շքանշանին:

Երաժիշտը դիմած է յունական ազգային եւ դասական երաժշտութեան բոլոր տեսակներուն, ստեղծած է օփերաներ, սենեկային երաժշտութիւն, եկեղեցական խմբերգեր, թատրոնի եւ շարժապատկերի մեղեդիներ եւ այլն, բայց առաւելաբար նշանաւոր են բանաստեղծութիւններու երաժշտական ձեւաւորումները, զորս ան կատարած է յոյն եւ օտար մրցանակակիր բանաստեղծներու քերթուածները գործածելով: Անոր յօրինումները մեկնաբանած են աշխարահռչակ արուեստագէտներ ու երաժշտական խումբեր. ինչպէս՝ «Պիտըլս», Շերլի Պեսի, Էտիթ Փիաֆ, Ալ Պանօ եւ այլք:

ՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՄԲԱՅ

17 տարեկանէն ստեղծագործել սկսելով, Միքիս Թէոտորաքիս այդ տարիքին արդէն ի ցոյց դրած է քաղաքական պայքարի եւ դիմադրութեան իր ջիղը, եւ համերգներուն զուգահեռ, 1940-ականներուն մաս կազմած է գերմանացի նուաճողներուն դէմ յունական դիմադրութեան։ 25 մարտ 1945 թուականին, գերմանացիներուն դէմ կազմակերպուած մեծ բողոքի ցոյցին ընթացքին կը ձերբակալուի, բանտ կը նետուի եւ չարչարանքներու կ՚ենթարկուի։ Կը յաջողի Աթէնք փախչիլ, ուր կ՚անդամագրուի «Յունական ժողովրդային ազատագրական բանակ»ին, կը ծանօթանայ Մանոս Խածիտաքիսին՝ նշանաւոր յոյն յօրինող, յետագային՝ օսքարակիր արուեստագէտ, եւ այս ծանօթութիւնն ու անոր հետ բարեկամութիւնը ազդեցութիւն կը ձգեն իրեն վրայ: Միաժամանակ «Դեկտեմբերեան բախումներ»ուն ընթացքին կը կռուի կառավարական եւ բրիտանական ուժերու կողքին։ Նոյն ժամանակամիջոցին կ՚ուսանի Աթէնքի երաժշտանոցին մէջ, բայց բախումներէն ետք ոստիկանութիւնը զինք կը հալածէ։ Թէոտորաքիս Աթէնք կը թաքնուի, կը յայտնաբերուի եւ 1947 թուականին կը ձերբակալուի զանգուածային կալանաւորումներու ընթացքին, ան կ՚աքսորեն Իքարիա կղզի:

1947 թուականի վերջերուն, Տեմիստոքլիս Սոֆուլիսի վարչապետութեան ընթացքին ընդհանուր ներում կը շնորհուի։ Թէոտորաքիս կը մասնակցի «Աթէնքի զինուորական բանակ»ի զէնքի ամրացման խումբերուն, կը հիւանդանայ, սակայն կրկին կը ձերբակալուի ու կ՚աքսորուի: Աքսորի մէջ կը գրէ «Եղերգութիւն եւ ողբ Վասիլիս Զանոյին համար» գործը, ի յիշատակ Վասիլիս Զանօ երիտասարդին, որ կը գնդակահարուի 1948 թուականին: Ապա կը ղրկուի Մաքրոնիսօ կղզիի բանակատեղին, ուր կը չարչարուի:

Շնորհիւ հօր եւ հօրեղբօր միջամտութիւններուն, իբրեւ հաշմանդամ ազատ կ՚արձակուի։

ՈՒՍՈՒՄ ԵՒ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

1949 թուականին ընտանիքը զայն Կրետէ կը ղրկէ՝ բուժումի։ 1950 թուականին Աթէնք կը վերադառնայ եւ մայրաքաղաքի երաժշտանոցը կ՚աւարտէ։ 1950 թուականին, երբ Յունաստանի զինեալ ուժերուն մէջ զինուորական ծառայութիւն կը կատարէր, միջանձնային դէպքի մը պատճառով ինքնասպանութեան փորձ կը կատարէ:

1954 թուականին կ՚արձանագրուի Փարիզի երաժշտանոցը, ուր կ՚ուսանի երաժշտութեան ուսումնասիրութիւն եւ խմբավարութիւն։

1957 թուականին արդէն կը սկսի անոր միջազգային համբաւը, երբ կարգ մը ներկայացումներու համար գրուած իր թատերապարերը ծափողջոյններով եւ մեծ գնահատանքով կը դիմաւորուին։ Մոսկուայի փառատօնին «Ոսկեայ մետայլ» մրցանակին կ՚արժանանայ․ մրցանակը կը ստանայ ձեռամբ 20-րդ դարու խոշորագոյն երաժիշտ Տմիթրի Շոսթաքովիչէն: Կը սկսի երաժիշտին միջազգային յաղթարշաւը, եւ Միքիս Թէոտորաքիս 1960 թուականին Յունաստան կը վերադառնայ։ Նոյն տարուան սեպտեմբերին կը ձայնագրուի անոր «Էփիթաֆիոս» գործը: Թէոտորաքիսի այս յօրինումը յունական երաժշտութեան նոր ճամբաներ կը բանայ, կը միաւորէ ժամանակակից յունական բանաստեղծութիւնը այդ օրերու ժողովրդային երաժշտութեան հետ, որ նորութիւն էր: «Էփիթաֆիոս»ը կը կատարեն նշանաւոր երգիչներ:

Նոյն տարին, Թէոտորաքիս կ՚աւարտէ Օտիսէաս Էլիթիսի մէկ բանաստեղծութեան նուագագրումը, բայց կը հրապարակէ 1964 թուականի վերջերուն, քանի որ հասարակութիւնը տակաւին պատրաստ չէր նորարարութիւններու:

1963 թուականին, լրագրող Լամպրաքիսի ահաբեկումէն անմիջապէս ետք, կը հիմնուի «Լամպրաքի երիտասարդական միութիւն»ը ու Թէոտորաքիս անոր առաջին նախագահը կ՚ընտրուի, առաջին օրէն կ՚անդամագրուին տասնեակ հազարներ: Նոյն ժամանակ, Յունաստանի ընտրութիւններուն «Ժողովրդավար ձախակողմեան միութիւն» կուսակցութեան երեսփոխան կ՚ընտրուի։

21 ապրիլ 1967 թուականին, երբ Յունաստանի մէջ զինուորական յեղաշրջման իբրեւ արդիւնք բռնատիրական վարչակարգ կը հաստատուի, Թէոտորաքիս պայքարի կ՚անցնի։ Ան բռնատիրութեան դէմ առաջին կոչը կ՚ուղղէ 23 ապրիլ 1967 թուականին։ 1967 թուականի մայիսին բազմաթիւներու հետ առաջին դիմադրական կազմակերպութիւնը՝ «Հայրենասիրական հակաբռնատիրական ճակատ»ը կը հիմնէ ու անոր նախագահը կ՚ընտրուի։ 1967 թուականի օգոստոսին Միքիս Թէոտորաքիս կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի, բանտէն կ՚արձակեն եւ տնային մեկուսացում կը նշանակեն: Կը յաջորդէ ընտանիքին՝ կնոջ եւ երկու զաւակներուն հետ աքսորուիլը Արքատիա նահանգի Զաթունա շրջանը եւ ապա իր բանտարկուիլը Օրոփոյի բանակավայրը։ Իր գործերուն մէկ մասը կը յաջողի զանազան ձեւերով ղրկել արտասահման, ուր կը մեկնաբանուին Մելինա Մերքիւրիի եւ Մարիա Ֆարանթուրիի կողմէ։ Օրոփոյի բանակավայրին մէջ Թէոտորաքիսին առողջութիւնը կը վատթարանայ։ Արտասահմանի մէջ ի աջակցութիւն անոր, բողոքի ձայներ կը բարձրանան։ Անձնաւորութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ Շոսթաքովիչ, Արթիւր Միլըր, Լորանս Օլիվիէ, Իվ Մոնթան եւ շատ ուրիշներ յանձնախումբեր կազմելով անոր ազատագրումը կը պահանջեն։ 1970 թուականի ապրիլին ազատ կ՚արձակուի ու Փարիզ կը հասնի։ Արտասահմանէն անգամ մը եւս կոչ կ՚ուղղէ բռնատիրութեան դէմ եւ Յունաստանի մէջ ժողովրդավար կարգերուն վերահաստատման համար։

1972 թուականին, Իսրայէլ կ՚այցելէ ու համերգներու շարք մը կու տայ։ Կը տեսակցի Եասէր Արաֆաթին հետ, որուն կը փոխանցէ Իսրայէլի կառավարութեան առաջարկը՝ երկկողմանի երկխօսութիւն սկսելու համար։

1974 թուականին ուրիշ համբաւաւոր անձնաւորութիւններու հետ կը մասնակցի «Փորձը» ժապաւէնին:

Բռնատէր վարչակարգին անկումով, Միքիս Թէոտորաքիս Յունաստան կը վերադառնայ։

1976 թուականին կը հիմնէ «Խաղաղութեան մշակոյթը» շարժումը։

1981 թուականին Յունաստան կ՚այցելէ Եասէր Արաֆաթ։ Իր Յունաստան կեցութեան ընթացքին կը հանդիպի Թէոտորաքիսին եւ իրմէ կը խնդրէ յօրինել Պաղեստինի քայլերգը: Ուրիշ քայլերգներ նոյնպէս յօրինած է:

Թէոտորաքիս Յունաստանի եւ արտասահմանի մէջ բազմաթիւ համերգներ կու տայ։ Միաժամանակ, Յունաստանի խորհրդարանին մէջ երեսփոխան կ՚ընտրուի՝ 1981-1986 եւ 1989-1992 թուականներուն, ինչպէս նաեւ պետական նախարարի պաշտօնը կը վարէ 1990-1992 թուականներու միջեւ։

1986 թուականին կը հիմնուին յոյն-թրքական բարեկամութեան յանձնախումբեր։ Թէոտորաքիս կ՚ընդառաջէ այս նախաձեռնութիւններուն եւ Թուրքիոյ մէջ համերգներու շարք մը կու տայ։ Նոյն տարին, Չերնոպիլի աթոմայականի աղէտէն ետք, աթոմական ուժանիւթի դէմ պայքարի համերգներու շարք մը կը կազմակերպէ Եւրոպայի տարածքին։

1988 թուականին, Թէոտորաքիսի նախաձեռնութեամբ, Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ՝ Թիպիկեն եւ Քոլոնիա, խաղաղութեան համար երկու համաժողովներ կը կազմակերպուին։ Այդ ժողովներուն կը մասնակցին ծանօթ անձնաւորութիւններ՝ քաղաքագէտներ Օսքար Լաֆոնթեն եւ Եոհաննէս Ռաու, իմաստասէրներ, գրագէտներ, արուետագէտներ։

1990 թուականին թիւով 36 համերգ կ՚ունենայ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ։ Արեւու ներուժին օգտագործման ի նպաստ համերգներ կը կազմակերպէ։ Միաժամանակ «Մարդու իրաւունքներ»ուն համար կը պայքարի՝ այցելելով Ալպանիա եւ Թուրքիա։

1993 թուականին Յունաստանի պետական ձայնասփիւռի երաժշտութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը ստանձնէ։

1994 թուականին Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքին մէջ մեծ շուքով կը տօնուի Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հաշտութեան համաձայնագրին ստորագրուիլը։ Կազմակերպիչները, նկատի առնելով Թէոտորաքիսի ներդրումը հաշտութեան գործընթացին մէջ, անոր կ՚առաջարկեն ներկայացնել իր երկու գործերը, այդ կարգին՝ Պաղեստինի քայլերգը։ Նոյն տարին Թէոտորաքիս կ՚այցելէ Ալճերիա, Եգիպտոս, Թունուզ եւ Լիբանան։ 1995 եւ 1999 թուականներուն յաջորդաբար կը ներկայացնէ երկու օփերաներ՝ «Էլեքթրա» եւ «Անտիղոնի»: Միաժամանակ աշխարհի տարածքին քաղաքական կարեւոր եղելութիւններուն շուրջ իր խօսքը կը հնչեցնէ: Այդ խօսքը կը վերաբերի յոյն-թրքական բարեկամութեան, Եուկոսլաւիոյ ռմբակոծումներուն, Աֆղանիստանի, Իրաքի պատերազմներուն եւ այլն։

Իր ողջ կեանքի ընթացքին Միքիս Թէոտորաքիս պայքարած է Յունաստանի մէջ համամարդկային արժէքներու եւ ժողովրդավարութեան հաստատման համար՝ թէ՛ անմիջապէս պայքարի դաշտ նետուելով եւ թէ՛ ստեղծելով համամարդկային նշանակութեամբ արուեստ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021