«ՓԵՐՍԵՓՈԼԻՍ»ԷՆ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ - Բ.

Իսլամական յեղափոխութեան ժամանակ Իրանի մէջ ապրող երիտասարդուհիի մը մասին կը պատմէ 2007 թուականին նկարահանուած «Փերսեփոլիս» շարժանկարը, որու մասին կը շարունակենք խորհրդածել։

գ.- Մի՛ խզէք ձեր կապը աշխարհին հետ

Մէկը կրնայ «Iron Maiden»ը չսիրել կամ «Metallica» չլսել, կրնայ «Netflix»ի հեռուստաշարերուն չհետեւիլ։ Սա բնական է։ Հիմա որքա՞ն տրամաբանական է ըսել, թէ «Ես չսիրեցի այս երաժշտութիւնը եւ այդ մէկը լսելը կ՚արգիլեմ տան բոլոր անդամներուն»։ Մէկը չի հարցնէ՞ր, թէ «Եղբայր, ինչո՞ւ դուն կ՚որոշես, թէ ես ինչ պիտի ունկնդրեմ»։

Այս հարցման յստակ պատասխանը չկայ, սակայն ճնշող վարչակարգերը կը շարունակեն պարտադրանքները։ Այս բանը ունի երկու պատճառ. առաջինը՝ նման վարչակարգերու գոյատեւման համար անհրաժեշտ են արտաքին թշնամիներ։ Հեռուստաշարերու կամ շարժանկարներու մէջ եթէ տեսնէք, որ այլ երկիրներու քաղաքացիներ եւս ունին ձեզի նման խնդիրներ, ապա արտաքին աշխարհին թշնամանալ աւելի դժուար կ՚ըլլայ։ Երկրորդը՝ եթէ տեսնէք Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպայի մարդոց կեանքը, աւելի շատ կը նկատէք վարչակազմի թերութիւնները։ Այս իսկ պատճառով կառավարութիւնը առաջնահրթօրէն կը յարձակի մշակոյթի ու արուեստի վրայ, քանի որ անոնք համընդհանուր են եւ անոնց պաշտպանուիլը կենսական նշանակութիւն ունի։

դ.- Ճնշող վարչակարգերու պայմաններու տակ ազատութիւնը իրական չէ

Երբ գիներու աճ ըլլայ, նախ կը բարձրանայ ոգելից ըմպելիներու կամ ծխախոտի գիները։ Երբ այս վիճակը սկսաւ, մարդիկ նախ իրենք զիրենք խաբեցին՝ ըսելով, որ տունը գարեջուր կամ օղի կը պատրաստեն հոպիի պէս։ Լաւ, եթէ կը սիրէք, պատրաստեցէք տան մէջ։ Սակայն ըմպելիներու գինը չափազանց աճած է։ Ի՞նչ ընեն մարդիկ, բոլորը տունը տակա՞ռ մաքրեն։

Ըսենք, որ ինչպէս երկրի զգալի մեծամասնութիւնը, այնպէս ալ դուք, բացի համացանցէն, այլ ժամանց չունիք։ Փողոցով քայլելու ժամանակ դուք կ՚ունկնդրէք «Spotify»ի երգերը, կը դիտէք «YouTube»ի տեսանիւթերը, երբ տուն գաք, քնանալէ առաջ կը դիտէք քանի մը «Netflix»ի շոուներ։ Այս բոլորը ընելու ժամանակ ձեր նպատակը անկարգութիւն կամ ապստամբութիւն չէ, այլ՝ պարզապէս ժամանց։ Բայց եւ այնպէս, «Spotify»ի եւ «YouTube»ի վրայ կան լրատուական ալիքներ եւ այս պատճառով պետական պաշտօնեայ մը կ՚ըսէ, թէ 72 երկիրներու կողմէ օգտագործուող այդ ծառայութիւնները այլեւս արգիլուած են ձեզի։ Ի՞նչ է պատճառը. պատճառը այն է, թէ անոնք անհանգստացան եւ որպէս լուծում՝ որոշեցին սահմանափակել ձեր ազատութիւնները։ ԼԱՒ։

ե.- Որեւէ հասարակութիւն, որուն կիները աշխուժօրէն ներգրաւուած չեն, կ՚այլասերին

«Փերսեփոլիս»ի մէջ կը դիտենք, թէ ինչպէս կիներ համակարգուած ձեւով «կը ջնջուին» հասարակութենէն։ Կայ պատճառ մը, թէ ինչո՞ւ կ՚ըսուի, որ կիներու սպանութիւնները գաղափարական են։ Կայ պատճառ մը, որ ինչո՞ւ անպատիժ կը մնան կամ ազատ կ՚արձակուին յանցագործները։ Այստեղ նպատակն է վախը տարածել կիներու վրայ եւ անոնք դուրս մղել հասարակութենէն։ Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ այս մէկը։ Երբ կիներ կը հեռանան հասարակութենէն, բնականաբար տղամարդիկ պիտի կարծեն, որ անոնք կը գերազանցեն հասարակութեան յիսուն տոկոսը։ Օրինակ՝ յետամնաց մը զինք աւելի բարձր կը համարէ կին փաստաբաններէն, քանի որ տղամարդ է։ Քանի որ վարչակարգը կ՚ապահովէ այս մտածելակերպը, ան թէ՛ շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ վարչակազմի բոլոր ըսածներուն եւ թէ ամենալարուած վիճակին փողոց դուրս պիտի գայ՝ փայտը ձեռքին։ Այսպէսով վարչակարգը կրնայ գոյատեւել վախով եւ ճնշումով։

Արդիւնքին, ես կը փափաքէի դիտել շարժանկար մը Նիւ Եորքի համալսարաններու մէջ ուսանող երիտասարդներու մասին եւ գտնել նմանութիւններ մեր հասարակութեան մէջ։ Սակայն համարժէքը գտայ «Փերսեփոլիս»ի մէջ։ Ի հարկէ, սա պարզապէս շարժանկար մըն է։ Այդ մէկը չունի իրականութիւնները փոխելու ներուժը, սակայն կը նպաստէ վերլուծել այն իրավիճակը, որու մէջ յայտնուած ենք մենք։ Չեմ կարծեր, որ սա քիչ բան է…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021