ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴ ՍԻՐՈՅ ԵՐԳԻՉԸ

Հայկոն իմ պատանեկութեան տարիներու սիրոյ, հայրենասիրութեան, կեանքի երգիչն էր: Իմ բոլոր օրերը կը սկսէին ու կ՚աւարտէին սիրասուն երգիչիս կատարումներով: Երկար տարիներ զմայլած էի շատերու սիրտեր գերած սիրոյ երգիչի ստեղծագործութիւններով: Քանզի ես շատ կը սիրեմ լողալ հոսանքին հակառակ՝ Հայկոն գերած էր ո՛չ թէ իմ սիրտը, այլ՝ հոգին: Երիտասարդ երգիչի մէջ ես նախ կը գնահատէի անոր ազնուութիւնը, բարութիւնն ու պարզութիւնը: Միշտ համեստ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ շքեղ տեսքն ու թովիչ ձայնը:

Իմ սիրելի երգիչը տարին քանի մը անգամ կը ժամանէր Արցախ: Ոչ մէկ տօնական համերգ կ՚անցնէր առանց անոր ներկայութեան: Իր քաղցր ու ջերմ ձայնային ելեւէջներով ան կը ջերմացնէր արցախահայոց սիրտերը: Ամէն տարի մայիսի 9-ին ու սեպտեմբերի 2-ին ան իր արուեստագէտ գործընկերներու հետ կը կիսէր մայրաքաղաք Ստեփանակերտիս հրապարակի կեդրոնական հատուածին տեղադրուած բեմը:

Տասնհինգ կամ տասնվեց տարեկան էի, երբ որոշեցի ինքնակամ մկրտուիլ: Եւ ինքզինքիս համար կնքահայր ընտրեցի իմ սիրելի երգիչը: Այդ մասին գիտէր Հայկոն: Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին նըուիրուած հերթական համերգի ընթացքին, մեծ դժուարութեամբ կրցայ հասնիլ իմ սիրելի երիգչին եւ խնդրել, որպէսզի ան դառնայ իմ կնքահայրը: Մեծանուն երգիչը սիրով ընդառաջեց ու յաւելեց, որ ունի ժամանակի խնդիր: Անոր ժամանակը շատ սուղ էր: Յաջորդ առտու կանուխ պիտի վերադառնար Երեւան եւ յայտնի չէր, թէ միւս անգամ ե՛րբ պիտի կարենար ժամանել Արցախ. թերեւս մայիսի 9-ին:

Հոգ չէ: Ես ունէի բաւականաչափ ժամանակ եւ կրնայի սպասել: Փոխանակուեցանք հեռախօսահամարներով ու ես սկսայ հետեւիլ անոր այցելութիւններուն: Մէկ տարուայ հոլովոյթին քանի մը անգամ ան ժամանեց երկիր դրախտավայր, սակայն ոչ մէկ անգամ կրցաւ ժամանակ յատկացնել ինծի: Ամէն անգամ կը հանդիպէինք ու ան կը խոստանար, որ յաջորդ անգամ անպայման պիտի փորձէ իր գործերը այնպէս մը դասաւորել, որ հասնինք եկեղեցի:

Աւա՜ղ այդ օրը այդպէս ալ չեկաւ: Ժամանակը ինծի համար նոյնպէս սկսաւ սուղնալ: Ես այլեւս չէի կրնար սպասել: Իմ բաղձալի մկրտութիւնը շատ կ՚երկարէր: Գրեթէ երկու տարի սպասեցի, ի վերջոյ քիչ մը վշտացած գացի եւ մկրտուեցայ:

Զիս մկրտող քահանայի՝ Տէր Մինասի խորհուրդով ընդունեցի Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Չըլդրան գիւղի եկեղեցւոյ սարկաւագը:

Անցան տարիներ...

Ջերմ ու բարի, անհոգ ու խաղաղ տարիները մնացին անցեալի մէջ: Հողմերն ու փոթորիկները կը շարունակեն հետապնդել հայը: Եւ իւրաքանչիւր պատեհ ու անպատեհ առիթ կը գործածեն մեր սիրտերը ա՛լ աւելի դառնացնելու համար: Այդպիսի բօթերէն մին է իմ սիրելի երգիչի անժամանակ մահը: Օրեր առաջ անժամանակ, ծանր հիւանդութեան պատճառաւ, աչքերը կեանքին փակեց հայազգի սիրոյ երգիչը: Հայկոն կեանքէն հեռացաւ այն պահուն, երբ Հայաստանի մէջ պակսեցաւ սէրը. թերեւս հայրենասէր վաստակաւոր գործիչի սիրտը չդիմացաւ համատարած տխրութեան ու սառնութեան: Վաստակաշատ տաղանդաւոր հայորդիի մահը խոր վիշտ պատճառեց համայն հայութեան: Ամէնուր կը հնչեն Հայկոյի կատարումները եւ ամէնուր տխուր դէմքեր են, տամուկ աչքեր:

Հայկոն հեռացաւ մինակ թողնելով իր տասնամեայ որդին: Արմանը տակաւին չի գիտեր իր հօր մահուան մասին: Մայրը ամէն կերպ կը փորձէ իր զաւկէն ծածուկ պահել ողբալի լուրը:

Հայկոյի մահուան բօթը առնելէն ի վեր իմ ականջներու մէջ կը հնչեն քանի մը տարի առաջ սիրուած երգիչի խօսքերը՝ նուիրած իր մինուճար զաւկին.

Ամէն բան խառն է:

Ես կ՚ուզեմ պատմել մէկ անգամէն: Չէ՛, աւելի ճիշդ, կ՚ուզեմ ըսել այն կարեւորը, զոր հասարակ օրերուն չեմ ալ համարձակիր:

Գիտես, ժամանակը մեր կեանքի ամենէն բարդ հանգոյցն է, ու ներէ զիս, որ երբեմն քեզ կը դարձնեմ իմ մեծական ցայտնոտի մասնակիցը: Ու չեմ թռնիր քու մանկական կարեւոր գործերուն: Թերեւս, երբ մեծնաս քու յիշողութեան մէջ պիտի մնան ինչ-որ բաներ, որոնք լսած էիր ականջիդ ծայրով:

Ես կ՚ուզեմ սորվեցնել քեզի մարդոց հետ շփուելու արուեստը կամ երբ իմ ականջակալները կը խլացնեն իրականութիւնը ու քեզ չեմ նկատեր իմ լռութեան մէջ, դուն սովոր ես լսելու: Լսել բոլոր մարդոց, քու լսածդ դիտարկել ճշմարտութեան տեսանկիւնէ ու տեսնել միայն լաւը: Ես կը շտապեմ քեզ սորվեցնել գնահատելու ժամանակը ու վստահ եմ, որ պիտի հասցնեմ:

Գիտես, ժամանակը ամէն բան իր տեղը կը դնէ: Չեմ կրնար ըսել, թէ ես ժամանակի տիրակալն եմ, սակայն հայր եմ՝ պիտի սորվեցնեմ՝ բարութիւնը, համբերութիւնն ու կարեկցանքը:

Ամբոխի հետ խօսած ատեն միշտ մնացիր մաքուր:

Արքաներու հետ քայլելով՝ մնացիր պարզ ու բաց:

Մարդիկ երբեք քեզ չեն վնասեր, եթէ հաշուի նստին քեզի հետ:

Կ՚ուզեմ, որ հիմա գիտնաս՝ տաղանդը, խելքը, ուժը կարելի է վաճառել, սակայն ոչ երբեք սիրտը, հոգին ու արժանապատուութիւնը։

 Կ՚ուզեմ սորվեցնել քեզ իյնալ, որ յետոյ դիւրին ոտքի կարենաս ելլել: Որ դժուար պահուն դուն կարենաս յենուլ քու ծունկին: Որ մէջքդ ըլլայ ուղիղ, միտքդ սուր ու երազանքդ աչքերուդ մէջ:

Կ՚ուզեմ, որ երազես: Երազանքները կ՚օգնեն ապրելու: Թեւեր կու տան եւ կը մղեն առաջ: Դուն իմ երազներու ցուցակին մէջ չեմ գիտեր ո՛ր տեղն էիր, սակայն կայիր հաստատ: Ու հիմա իրականութիւն ես:  Եւ ես ունիմ համարձակութիւն խօսելու քեզի հետ: Քու աչքերուն մէջ իմ երազը ունի նոր թեւեր:

Եթէ մէկ վայրկեանի անողոք վազքը սանձես ու դարձնես զայն վաթսուն գերխիտ իմաստալից ակնթարթ, հաւատայ, այդ պարագային քուկդ պիտի ըլլայ աշխարհը: Իսկ իմ աշխարհը դուն ես: Ու այս բարդ խորհուրդներէն զատ կայ պարզ ճշմարտութիւն մը՝ ես քեզ կը սիրեմ, որդիս:

Թող Աստուած լուսաւորէ հոգիդ, յաւերժի ճամբորդ դարձած մեր բոլորի սիրոյ երգիչը:

Հանգչէ խաղաղութեամբ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021