ԿԱՐՕՏԻ ԹԱՐԳՄԱՆ…

Երեւանի Օփերային մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած յոբելենական համերգը։ Հանդիսաւոր երեկոյթի պատուոյ հիւրերն էին՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ներկայ էր նաեւ Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։

80-ամեայ յոբելեանին առթիւ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց այս խումբի շարք մը ներկայացուցիչները եւ արուեստի բնագաւառէ ներս ներդրուած աւանդի համար պետական բարձր պարգեւներու կոչումներ յանձնեց անոնց։ Սերժ Սարգսեան երեկոյթի ընթացքին ըսաւ հետեւեալը.

«Ես անգամ մը եւս սրտանց կը շնորհաւորեմ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի հիմնադրման 80-ամեակը։ Կը փափաքիմ անոնց նաեւ անոնց նախորդներուն շնորհակալութիւն յայտնել՝ 80 տարի մեր ժողովուրդի ծառայած ըլլալուն համար։ Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մաէսթրօ Չեքիճեանին եւ շնորհաւորել իր վաստակաշատ աշխատանքը. անոր համար, որ 56 տարին մաէսթրոն այսպիսի եռանդով ու սիրով կը ղեկավարէ այս ներդաշնակ կազմը։ Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլորիդ, այն հանդիսատեսին, որ այս 80 տարիներու ընթացքին հաճոյքով ըմբոշխնած է այս փառահեղ կազմի կատարումները։ Կը շնորհաւորեմ բոլորս եւ կը մաղթեմ, որ երգչախումբը իր գործունէութիւնը շատ երկար շարունակէ մաէսթրօ եւ ձեր 56-57 տարիներուն գումարուին եւս տասնամեակներ։ Շնորհակալ եմ ձեզի»։

Իր կարգին, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանն ալ շեշտեց, որ մեծ պատիւ է ներկայ գտնուիլ այս փառահեղ երգչախումբի 80-ամեակին նուիրուած յոբելենական երեկոյթին։ Ան ըսաւ. «Երգչախումբը, որ իր գոյութեան 80 տարիներու ընթացքին կարողացաւ աշխարհին պատմել մեր հաւատքի, մեր սիրոյ, մեր կարօտի եւ մեր հայրենիքի երազանքներու մասին, երգչախումբը, որ կարողացաւ միաւորել, համախմբել, ներդաշնակել ո՛չ միայն հայ երաժշտութիւնը, կատարողական արուեստը, այլեւ միաւորել ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած համայն հայութիւնը՝ իրաւամբ համարուած է համահայկական երգչախումբ»։

Յոբելենական համերգի մասնակիցները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին Յովհաննէս Չեքիճեանն ու խումբը։ Երեկոյթի աւարտին Յովհաննէս Չեքիճեան յուզուած վիճակի մէջ արտասանեց սրտի խօսք մը։ «Շատ շնորհակալ եմ, հրճուանք կ՚ապրիմ, շատ զգացուած եմ, երախտապարտ։ Կը փափաքիմ, որ մենք ապրինք խաղաղ երկնքի տակ», ըսաւ ան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017