«ՔԱԼՈՂ ՄԱՐԴԸ» ՔԱՆԴԱԿԸ

Երեւանի աւագանիին որոշումով, Հիւսիսային պողոտային վրայ, կը տեղադրուի «Քալող մարդը» արձանը, որ գանատահայ անուանի քանդակագործ, Գանատայի Գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ՝ Արթօ Չաքմաքճեանի նշանաւոր գործն է: Վարպետը երկար ժամանակէ ի վեր, կը փափաքէր զայն տեսնել Երեւանի մէջ… 2019 թուականի հոկտեմբերի 1-ին, 86 տարեկանին, Արթօ Չաքմաքճեան Գանատայի մէջ աւանդեց հոգին եւ չտեսաւ իր տարիներու փափաքը: Այս արձանը՝ «Քալող մարդը», Արթօ Չաքմաքճեան Հայաստանին նուիրած է անկախութենէն ետք, այն յոյսով, որ անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները կը գնահատեն իր աշխատանքը ու զայն կը զետեղեն Երեւանի մէջ: Խորհրդային իշխանութիւններէն հալածուած եւ այն ատեն հեռացած արուեստագէտը մեծ յոյսեր կը կապէր նորանկախ Հայաստանին: Անոր նուէրը ընդունուած է, նոյնիսկ որոշուած է արձանը տեղադրուելիք տեղը՝ Հիւսիսային պողոտան, սակայն խոստումները օդին մէջ կը մնային եւ Արթօ Չաքմաքճեան արդէն յոյսը կտրած էր եւ Գանատայէն Հայաստան իր ամէն այցին կը լսէր խոստումներ եւ յուսախաբ կ՚ըլլար զանոնք իրականացած չտեսնելով:

Բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու եւ շքանշաններու արժանացած արձանագործը սակայն ոչ մէկ դառն խօսք կ՚ըսէր Հայաստանի մասին: Ան գրեթէ ամէն տարի կ՚այցելէր, կը վայելէր հայրենի բնութիւնը, կ՚երթար հեռաւոր վանքերը, Երեւանի մէջ կը հանդիպէր մտաւորականութեան եւ իր մտածումները կը բաժնէր անոնց հետ: Նոյնիսկ գիրք մը պատրաստած էր այդ եկեղեցիներուն եւ սրբավայրերուն մասին, յանձնած էր տպագրութեան…

Գահիրէ ծնած եւ տասնհինգ տարեկանին իր ընտանիքի հետ Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձուած Արթօ Չաքմաքճեան մասնագիտական ուսումը ստացած էր Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական համալսարանին մէջ: Երբ ստիպուած եղաւ հեռանալ Հայաստանէն, արդէն իսկ ճանչ-ցըւած քանդակագործ մըն էր. իր ստեղծագործելու ոճը խորթ էր Խորհրդային Միութեան սկզբունքներուն, չնայած 1964 թուականին Մոսկուայի Խաղաղութեան կոմիտէի մրցանակաբաշխութեան ընթացքին իր «Հիրոշիմա» քանդակին շնորհիւ արժանացած էր առաջին մրցանակին, մինչ միեւնոյն ժամանակ Երեւանի մէջ զետեղուած իր «Կոմիտաս» քանդակը կոտրտած էին: Ատկէ ետք ան հեռացաւ եւ հաստատուեցաւ Մոնրէալ:

2014 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ան ըսած է. «Ես գացի Հայաստանէն, որպէսզի շարունակեմ սիրել Հայաստանը: Ոչ մէկ օր հոգիով հեռացած եմ Հայաստանէն: Իսկ ինչ որ ըրին, ինծի հանդէպ չէր, այլ՝ արուեստիս: Ես չէի կրնար ապրիլ տարածքի մը մէջ, ուր արուեստին հետ դաժանօրէն կը վարուին՝ կը ջարդեն գործը, այն ալ այնպիսի մարդու մը արձանը, որ մեր ազգին համար սուրբ է»:

Գանատայի կառավարութիւնը բազմիցս առաջարկած է քանդակագործին գնել իր երեք յարկանի տունը եւ դարձնել թանգարան, սակայն ան մերժած է, ըսելով որ այնտեղ պահուող իր բոլոր գործերը Հայաստանին համար են: Իր մահէն ետք տակաւին խօսք չկայ գործերը Հայաստան փոխադրելու մասին, կինն ու զաւակները կը տնօրինեն արուեստագէտին ժառանգութիւնը: Իսկ «Քալող մարդը», ահաւասիկ, պիտի զարդարէ Երեւանի կեդրոնը՝ Հիւսիսային պողոտայ-Աբովեան փողոց հատման վայրին մէջ: Քանդակին ձուլման եւ կազմութեան աշխատանքները պիտի կազմակերպէ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Այս արձանին տեղադրումը տարիներով ձգձգելու մասին Արթօ Չաքմաքչեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ըսած էր. «Փարիզի մէջ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնը, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հրաւէրով երեք մեծ դահլիճներու մէջ արձաններ եւ նկարներ դրած եմ, հայկական բառը գործածած եմ, շեշտած եմ հայ ըլլալս, Հայաստանէն ըլլալս, հազարաւոր մարդիկ կու գային այդ ցուցահանդէսին... Ես այնպիսի մարդ մը չեմ, որ իմ գործս ամչնան տեղադրել Երեւանի մէջ»:

Չաքմաքճեանի քանդակները կը զարդարեն աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու փողոցներն ու անուանի պատկերասրահները, իսկ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պիտի դրուի աշխարհահռչակ արուեստագէտին գործը, բայց ան իր կենդանութեան օրերուն, Երեւանի մէջ, բացուած տեսաւ իր ցուցահանդէսը, որ 2015 թուականին տեղի ունեցած էր՝ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի համալիրէն ներս՝ «Արթօ Չաքմաքճեան. վերածնունդ» խորագրով: Այդ օրերուն ցուցահանդէսը իրապէս մեծ ընդունելութիւն գտած եւ երկար ժամանակ ոգեւորութեան առիթ դարձած էր արուեստասէրներուն համար:

Գանատայի (1992-էն ի վեր) ու Բրիտանիոյ (2002-էն ի վեր) Արուեստից ակադեմիաներու անդամ Արթօ Չաքմաքճեան Հայաստանը ձգած է 1975 թուականին: Իր «Կոմիտաս» գործը, Կոմիտաս պողոտային վրայ դրուած, ոչ միայն կոտրտած են, այլ բերած ու նետած են իր արուեստանոցին առջեւ: Ստեղծագործողի մը համար չկայ աւելի դաժան տեսարան մը, քան իր արուեստի գործը իր դուռին առջեւ կոտրած տեսնելը... Պատճառը Կոմիտասի սքեմն էր, որ որոշ անձերու հաճելի չէր թուացած, հակառակ անոր, որ Չաքմաքճեան արտօնութիւն ստացած էր զայն քանդակելու եւ տեղադրելու: Քանդակագործը կանչած ու ըսած են՝ եթէ պաշտօնական հագուստ հագցնէք, կ՚ընդունինք ու ցոյց տուած են լուսանկար մը, ուր Կոմիտասը Գերմանիոյ մէջ պաշտօնական հագուստով նկարուած էր: Ան ալ ըսած է՝ սիրով կ՚ընէի ձեր ըսածը, բայց ես արձանագործ եմ, դերձակ չեմ:

Արթօ Չաքմաքճեան նաեւ ազատ ստեղծագործող էր, պաշտօն մը չունէր այդ տարիներուն, ասիկա այն տարիներուն նախընտրելի հանգամանք մըն էր արուեստագէտի մը համար: Կային մարդիկ, որ պաշտօն ունէին եւ շատ կ՚ուզէին Կոմիտաս քանդակել եւ Երեւանի մէջ Կոմիտաս Վարդապետի արձանը դնելու առիթը անոնց տրուեցաւ: Չաքմաքճեանը նորէն քանդակած է Կոմիտասը եւ այդ քանդակը այժմ Տիթրոյթի մէջ է:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ մերժած են նաեւ Չաքմաքճեանի «Հիրոշիմա» գործը, որ շահած է Մոսկուայի Խաղաղութեան յանձնախումբին կազմակերպած մրցանքի առաջնութիւնը եւ զետեղուած է ամերիկեան հիւլէական յարձակումի զոհ դարձած ճաբոնական Հիրոշիմա քաղաքի թանգարանին մէջ: Արուեստագէտին Ճաբոնէն նամակ մը գրած են, մէկ ամիսով հրաւիրած են զայն եւ փափաքած՝ այդ արձանին 15 մեթրնոց տարբերակը ունենալ իրենց երկրին մէջ, բայց Հայաստանի Պետական անվտանգութեան կոմիտէն կանչած է եւ ըսած՝ եթէ երթաս, լաւ չ՚ըլլար քեզի համար: Չաքմաքճեան հեռու մնացած է եւ ճաբոնցիներու նամակին ալ չէ պատասխանած: Տարիներ անց, ան իբրեւ Երեւանի մէջ դրուելիք քանդակ, ներկայացուցած է, ըսած են՝ այս ի՞նչ է՝ մէկ աչքը կայ, միւսը՝ չկայ…

Չաքմաքճեան այդ տարիներուն նաեւ հայկական ճատրակի արձան մը պատրաստած է, որպէսզի տեղադրուի այգիի մը մէջ. ճատրակը հայկական ոճ ունէր՝ թագաւորը, թագուհին, բերդը, իշխանը, հայկական բնաբանով յօրինուած էին: Երբ գործը կը քննարկուէր, քանդակագործ մը հարբած ներս մտած ու ըսած է՝ ի՞նչ է, ասիկա նորէն ծուռ բաներ ըրած է, եւ գործը չեն ընդունած: Այդ ճատրակը հիմա Մոսկուայի մէջ տեղադրուած է: Նոյնը եղած է Կոստան Զարեանի արձանին կապակցութեամբ: Չաքմաքճեան բախտն ունեցած է տեսնել Զարեանը եւ արձանն ալ պատրաստել՝ բնորդը իր աչքին առջեւ ունենալով: Զարեան շատ հաւնած է այդ գործը, բայց պետական յանձնախումբը մերժած է ըսելով, որ ընդունուած չափանիշներէն դուրս է: Արթօ Չաքմաքճեան Կոստան Զարեանի քանդակին մասին կ՚ըսէր. «Ամբողջութեամբ թրթիռ էր»: Ռուսաստանէն պատուիրակութիւն մը եկած է արձանագործին արուեստանոցը, տեսած, հաւնած, գնած եւ տարած է, բայց Չաքմաքճեան չէր գիտեր, թէ ո՞ւր տարած եւ տեղադրած են զայն:

Երբ 2014 թուականին Արթօ Չաքմաքճեանի հետ հարցազրոյց մը կատարեցինք, ան շատ կը խօսէր մանաւանդ Կոմիտասին անդրադառնալու եւ Կոմիտաս քանդակելու իր ձեռագրին մասին. «Ես հարիւրէ աւելի Կոմիտաս քանդակած եմ, բայց իմ Կոմիտասներէն մէկը չկայ Հայաստանի մէջ, մինչ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ցրուած են: Ժամանակին շատ կը փափաքէի, որ իմ մէկ Կոմիտասս դրուի Հայաստանի մէջ. ամէն տեղ կայ... այսօր անտարբեր դարձած եմ: Զաւեշտալի դէպքեր շատ կ՚ըլլային: Անգամ մը արձանի մրցոյթ յայտարարուեցաւ, ես Կոմիտաս ներկայացուցի, ինծի ըսին՝ ասիկա Կոմիտասը չէ, Տոն Քիշոթն է: Յաջորդ տարին նորէն մրցոյթ յայտարարուեցաւ, ես նոյն արձանը տարի, անունն ալ դրած էի Տոն Քիշոթ, ինծի ըսին՝ ասիկա Կոմիտասն է: Հիմա այդ գործս երկու անուն ունի՝ «Կոմիտա-Տոն-Քիշոթ»: Երբ հարցնեն՝ ինչո՞ւ, ամէն մարդու կը պատմեմ այս պատմութիւնը»:

Իր Կոմիտասներէն մէկը, որ պզտիկ կիսանդրի մըն է, Երեւանի պանդոկներէն մէկուն մէջն է եւ այնքան ալ հանրային վայր մը չէ, բայց պանդոկատէրերը գնահատած եւ տեղադրած են այդ գործը:

Իսկ 2010 թուականին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցուցահանդէսը իր կեանքի մեծագոյն ցուցահանդէսներէն կը նկատէր, քանի որ Շարլ Ազնաւուր բացումը կատարած էր. երգիչը երեք դահլիճները ժամերով շրջած, բոլոր արձաններուն եւ նկարներուն մասին մէկ-մէկ լսած եւ գովեստի խօսքեր շռայլած է… Ազնաւուրը նաեւ մօր նուիրուած արձան մը շատ փափաքած է ունենալ, բայց Չաքմաքճեան ըսած է, որ ցաւօք չի կրնար այդ գործը տալ կամ վաճառել, քանի որ ատիկա իր մայրիկի յիշատակին արձանն է եւ մանաւանդ՝ բնօրինակը: Չաքմաքճեան կ՚ըսէր՝ մօրը նուիրուած բնօրինակ այդ գործը միշտ իր քովը պիտի մնայ: Ազնաւուր նոյնպէս տկարութիւն ունէր մօր կերպարին հանդէպ, ուստի հասկնալի էր անոր փափաքը:

Իսկ «Քալող մարդը» նոր ժամանակներու մարդուն խորհրդանիշն է, քալող եւ միշտ առաջ գացող: Արձանագործը այդ ներշնչանքը ունեցած է Հայաստանի անկախութենէն ետք, երբ տեսած է զարթօնքը եւ այդ զարթօնքը առաջ տանող հայ մարդը: Այս քանդակը ուղղակի կապուած է հայ ժողովուրդին, սակայն նաեւ համամարդկային է, քանի որ քալող մարդուն կերպարը ազգութիւն չի ճանչնար:

Արձանագործին մահէն ետք՝ նոյեմբեր ամսուն, համերգ մըն ալ նուիրուեցաւ իր յիշատակին, որ Սենեկեային երաժշտութեան տան մէջ երգիչ Վահան Արծրունին կազմակերպած էր: Այդ համերգին նաեւ ցուցադրուեցան Արթօ Չաքմաքճեանի գծանկարչական գործերը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020