ԿԻ ՏԸ ՄՈՓԱՍԱՆ՝ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻ «ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ»Ը

Կի տը Մոփասան Ֆրանսայի առօրեայ կեանքը նկարագրող բազմաթիւ պատմուածքներու, վիպակներու եւ վէպերու հեղինակ է։ Ծնած է 1850-ին, Տիէփ քաղաքին մէջ։ Հայրը կը պատկանէր լոտարինկեաններու ազնուական ընտանիքին, սական ան ամուսնացած է Լաուրա լը Պուատուէնի հետ, որ խոնարհ խաւի ընտանիքէ սերած էր։

Ռուանի քոլէճի ուսանողանութեան տարիներուն Մոփասան կը ծանօթանայ բանաստեղծ Լուի Պուէիին, որ կը դառնայ երիտասարդ Մոփասանի ուսուցիչը։ 1869-ին, քոլէճը յաջողապէս կ՚աւարտէ եւ իր ծնողներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, կ՚ուղեւորուի Փարիզ՝ իրաւագիտութիւն ուսանելու, սակայն պատերազմը իր բոլոր ծրագիրներն ու նպատակները կը խախտեն։

Ֆրանսական բանակին մէջ որպէս շարքային զինուոր միանալով, Մոփասան իր ուսումը կարդալով ու ինքնազարգացումով կը լրացնէ։ Ընտանիքի սնանկացումը կը ստիպէ զինք ծովային նախարարութեան մէջ պաշտօնավարելու, ուր տասը տարի շարունակ կ՚աշխատի։ Աւելի քան վեց տարի կը ստեղծագործէ, իր գրութիւնները կը մշակէ, սակայն կատարելապաշտ ըլլալուն պատճառով՝ այդ ստեղծագործութիւնները դարձեալ կը պատռէ։ Իսկ երբ Կիւստաւ Ֆլոպէրը իր գրութիւնները աչքէ կ՚անցընէ, կ՚ապշի անոր հասուն գաղափարներուն եւ մտքի լայն հորիզոնին ի տես, եւ կը քաջալերէ երիտասարդ գրողը իր առաջին գիրքը տպելու համար։

Մոփասանի առաջին պատմուածքը կը հրապարակուի 1880-ին «Մետանի երեկոները» ժողովածոյին մէջ։ Սկսնակ գրողը շուտով կը հրատարակէ իր առաջին ստեղծագործութիւնը՝ «Որդեր» ժողովածոն, որ լայն ճանաչում կը բերէ իրեն։ Ծովային նախարարութեան մէջ իր գործը կը ձգէ եւ որպէս ժամանակագիր կ՚աշխատակցի «Կոլուա» թերթին մէջ։ Թէեւ Մոփասան իր գրական ասպարէզին սկսելու ընթացքին Զոլայի հետեւորդ ըլլալու համբաւը ունէր, բայց ան կտրականապէս կը մերժէր «նաթիւրալիստական» դպրոցի ուղղուածութիւնը՝ զայն նկատելով նեղ եւ միակողմանի։ «Փիէռ եւ Ժան» վէպի նախաբանին մէջ Մոփասան կը դատապարտէ նեղ գաղափարական իրատեսութիւնը եւ իր արուեստի հիմնական մասը կը համարէ այն արուեստը, որ ընթերցողին յստակ եւ համոզիչ կերպով կը վերարտադրէ իրականութեան նկատմամբ իր անձնական տեսակէտները։

Տանսմէկ տարուայ ընթացքին Մոփասան կը ստեղծէ փոքր պատմուածքներէ կազմուած ժողովածոներ (16 հատոր), որոնք կը վերնագրուէին այդ ժողովածոներու մէջ տեղադրուած առաջին պատմուածքի անունով։ Այս բոլորին առընթեր, վէպեր կը գրէ, ինչպիսիք են՝ «Կեանքը» (1883թ.), «Սիրելի բարեկամ» (1885թ.), «Մոն-Օրիոլ» (1887թ.), «Մահուան պէս հզօր» (1889թ.), «Մեր սիրտը» (1890թ.)…։ Այս ստեղծագործութիւնները հեղինակին թոյլ կու տան առաջնային դիրք ունենալ ֆրանսական ժամանակակից գրականութեան մէջ։ Ֆրանսացի լաւագոյն քննադատները կը հիանային Մոփասանի իւրայատուկ ոճին, գրչին եւ արտայայտաձեւերուն վրայ։ Իր ստեղծագործութիւնները մեծ յաջողութիւն ունէին։ Անոր շահոյթը կը հասնէր 60 հազար ֆրանքի։ Մօրն ու եղբօրը նիւթապէս ապահովելը Մոփասան իր ճիտին պարտքը կը համարէր եւ կը փորձէր հնարաւորինս անոնց բժշկութեան ծախսերը հոգալ։

Մոփասան ապրեցաւ այն դարաշրջանին, երբ բռնութիւնը, դաժանութիւնը եւ ամօթը կ՚իշխէին: Ազնուական խաւի աղէտաբեր, բարոյազերծ քաղաքականութիւնը մարդը կը ստիպէր անվերջ տառապիլ եւ այդ պատճառով ալ ան շարունակ դատապարտուած էր հոգեկան կամ ֆիզիքական կործանման։ Մոփասան մերժեց այդ հասարակութիւնը: Իր գրչի հանճարեղ վարպետութեամբ, վիթխարի ռէալիսթական ուժով բացայայտած է այդ ապականուած հասարակութեան ստոր, զայն արմատախլող արատները եւ զանոնք մեկնաբանած է իր անմահ վէպերուն մէջ:

1884-ին, Մոփասան նեարդային ջղագարութիւններ կ՚ունենայ։ Ուղեղի գերլարուածութիւնը գրողի առողջութիւնը կը քայքայէ, որուն պատճառով ալ մեծն գրողը անհանգիստ իտէալիզմի աշխարհի մէջ կ՚իյնայ։ Իր անհանգիստ տրամադրութիւնը բացորոշ կերպով արտայայտուած է «Օրլիա» պատմուածքին մէջ։ 1891 թուականին, Մոփասան մահափորձ մը կը կատարէ։ Հոգեբուժարանին մէջ շրջան մը անոր գիտակցութիւնը կը վերադառնայ, բայց ջղագարութիւնները յաճախակի կը դառնան։ 1893-ին, մեծանուն վիպագիրը ուղեղի կաթուածէ կը մահանայ։

Մոփասանի կեանքը մանկութեան օրէն իսկ անվերջ պայքար մըն էր. երբ երեխայ էր՝ ծնողներու ամուսնալուծում, անբուժելի հիւանդութեան դէմ պայքար, համաժողովրդական ճանաչում, սիրային պատմութիւններու խճանկար, ի վերջոյ՝ հրաժեշտ կեանքին` հոգեբուժարանի ցուրտ մահճակալին գամուած: Մոփասան 11 տարեկանին կը հիասթափուի, երբ իր հայրն ու մայրը կը բաժնուին, որուն պատճառաւ ալ կ՚որոշէ բնաւ չամուսնանալ։

Կի տը Մոփասան թէկուզ կարճատեւ կեանք մը ապրեցաւ, բայց իր ետին ձգեց անժամանցելի ստեղծագործութիւններ. անոր վիպակներէն են՝ «Ֆերմայի սպասուհիին պատմութիւնը», «Ընտանիքին մէջ», «Մատմուազէլ Ֆիֆի», «Տիկին Պաթիսթ», «Մահճակալը», «Խե՞նթ», «Սիրոյ խօսքեր», «Փարիզեան արկած», «Սիրոյ փորձը», «Երկու յայտնիներ», «Հնարք», «Երկու ընկեր», «Գողը», «Նորմանտական կատակ», «Վզնոցը», «Սիմոնի հայրը», «Անպիտան գեղեցկութիւն», «Փորձութիւնը», «Դիմակ», «Դիմանկար», «Տատիկի խորհուրդները», «Մենամարտ», «Սիրոյ փորձը», «Ամանօրեայ նուէր», «Յոգնութիւն», «Նաւահանգիստ», «Թափառաշրջիկը», «Սէր», «Գերիները», «Օժիտը», «Զբօսանքը», «Զղջում», «Պարանը», «Հայրը», «Ճանաչում», «Երջանկութիւն», «Ծերունին»…։ Իսկ պատմուածքներէն են՝ «Վախկոտը», «Հարբեցողը», «Վրիժառութիւն», «Ձեռքը», «Աղքատը», «Իրական պատմութիւն», «Յիշողութիւն», «Անիծուած հացը», «Ինքնասպանները», «Վերադարձը», «Լքուածը», «Պահակը», «Մկրտութիւն», «Միայնութիւն», «Զինուորիկը»…։

Ֆրանսական գրական պատմութեան մէջ Մոփասանի դերը շատ մեծ է։ Ան նոր հոսանք չստեղծեց, նոր ոճ չսահմանեց։ Մոփասան ընդունեց 19-րդ դարու դասական ռէալիզմի գաղափարները. օգտագործեց քանի մը ռոմանթիքական հնարքներ եւ ստեղծեց ինքնուրոյն, անկրկնելի ոճ: Յատկապէս մեծ է իր դերը ֆրանսական վէպերու զարգացման մէջ։ Վիպասանութեան մէջ Կի տը Մոփասան ստեղծեց իր յատուկ ոճը։ Ան եղաւ առաջին գրողը, որ իր ընթերցողներուն ցոյց տուաւ կերպարներու տարբեր հոգեբանական իրավիճակները, որոնք հազիւ նկատելի կ՚ըլլային մարդկային այլ զգացումներու մէջ։ Հեղինակի վէպերը տարբեր են իրենց ընկերային եւ գեղարուեստական նշանակութեամբ: Անոր ստեղծագործութեան թեմաները կապուած են իր ապրած դարաշրջանի առօրեայ եւ անձնական կեանքին հետ, որոնք միախառնուելով՝ անկրկնելի պատմութեամբ մարմնաւորուած են։ Մոփասան հոգեբանական վերլուծութեան մեծ վարպետ է: Անոր առաջին վէպերուն մէջ կը տեսնենք, որ Կի հերոսներուն բնաւորութիւնները եւ ապրումները յստակօրէն կը նկարագրէ, իսկ իր վերջին գործերուն մէջ ընթերցողը կը հանդիպի Մոփասանի յոռետես ու հիասթափուած վիճակին։

Մեր ընթերցողներուն Մոփասանի գրչին, մտահայեացքին եւ ստեղծագործութեանց հետ ծանօթացնելու համար, նախ համառօտ տողերու մէջ պիտի փորձենք «Մահուան պէս հզօր» խորագրեալ վէպի մէջ տեղ գտած եւ Մոփասանի կողմէ արտայայտուած սէր հասկացողութեան մասին խօսիլ, եւ ապա ֆրանսերէնէն թարգմանաբար այդ յայտնի վէպէն հատուածներ պիտի ներկայացնենք։

«Սիրել կարելի է միայն մէկ անգամ: Իսկ սիրտը կրնայ յաճախ յուզուիլ ոեւէ ուրիշ էակի հանդիպումէն, որովհետեւ մարդիկ իրարու նկատմամբ ունին կա՛մ ձգողական եւ կամ վանողական զգացումներ»:

Իւրաքանչյուր մարդ իւրովի կը փորձէ պատասխանել իր առջեւ ծառացած իւրաքանչիւր հարցերուն: Սէրը կ՚ենթադրէ ընտրեալի եզակիութին եւ, համապատասխանաբար, երեք ցանկութեանց՝ հոգիի, մտքի եւ մարմնի ներդաշնակ միաձուլում: Իսկ սիրահարուածութեան պարագային կան յուզական կապուածութիւն, յարգանք, բարեկամութիւն կամ ցանկութիւն: Մոփասան իր այս գործով ցոյց կու տայ, թէ սիրող անձը ուրախութիւն կը զգայ եւ իր սիրելին կ՚երջանկացնէ՝ բաւականութիւն պատճառելով իր սիրածին եւ իր տառապանքները նուազեցնելով: Այդպէսով, սիրոյ նպատակը եսասիրական բաւարարուածութիւն չէ: Ըստ Մոփասանի՝ սիրոյ բանաձեւը շատ պարզ է։ Սէրը ինքնին եսասիրութեան բացասումն է, յաղթահարումը, մարդկային յարաբերութեանց զարգացման բարձրագոյն աստիճանը:

«Եթէ ես ոեւէ մէկուն կարողանամ ըսել. «ես կը սիրեմ». այդ կը նշանակէ, որ ես պէտք է ընդունակ ըլլամ նաեւ ըսելու՝ «Ես քու ամէն ինչդ կը սիրեմ։ Ես քու շնորհիւդ ամբողջ աշխարհը կը սիրեմ…»։

Մոփասանի համաձայն՝ իսկական սէրը ստեղծագործականութեան արտայայտութիւնն է եւ ան կ՚ենթադրէ հոգատարութիւն, յարգանք, պատասխանատուութիւն եւ գիտելիք։ Սէրը ազդեցութիւն չէ, խաբկանք չէ, այլ սիրած մարդու զարգացման եւ երջանկութեան համար մղուող պայքար է, զոր կը բխի սիրելու ընդունակութենէն։ Սէրը սիրելի մարդու հանդէպ՝ սիրելու ընդունակութեան կեդրոնացումն ու իրագործումն է։ Սիրոյ մէջ պարունակուող հիմնական լիցքը, եռանդը ուղղուած է սիրած մարդու վրայ, որպէս էական անձնային որակներու մարմնաւորում։

***

Առաստաղի բաց պատուհանէն լոյսը ինկած էր ընդարձակ արուեստանոցին մէջ…։ Բայց հազիւ թափանցած բարձր, խստաշունչ եւ գորգապատ սենեակը, երեկոյի զուարթ լոյսը իսկոյն կը թուլանար, կը մեղմանար եւ կը հանգչէր պաստառներու վրայ, կը մարէր դրան վարագոյրի ծալքերուն մէջ։ Կը թուէր, թէ քունն ու անդորրը այստեղ ներփակուած էին, անդորրը՝ յատուկ արուեստագէտ տան, ուր ստեղծագործած է մարդկային հոգին։ Այս պատերուն մէջ, ուր միտքը կ՚ապրի, ուր միտքը կը յուզուի, կը սպառուի հզօր ճիգերու մէջ, ամէն ինչ պարտասած, ճնշուած կ՚երեւի…։ Կեանքի այդպիսի բռնկումներէ ետք կարծես ամէն ինչ կը մահանայ, ամէն ինչ կը հանգստանայ. թէ՛ կահ-կարասիները, թէ՛ օթոցները, կարծես ամբողջ բնակարանը տանջուած է տանտիրոջ յոգնութենէն, կարծես տքնած է անոր հետ, ամէն օր մասնակցելով անոր վերսկսուող պայքարին։ Ներկի եւ ծխախոտի ընդարմացուցիչ տարտամ բոյրը, ներթափանցելով գորգերու եւ բազկաթոռներու մէջ, օդին մէջ կը ծփար։ Ծանր լռութիւնը կը խզուէր միայն ծիծեռնակներու սուր ու կարճ ճիչերէն եւ տանիքներու վրայով հազիւ լսուող փարիզեան երկար ու շփոթ ժխորէն։ Ամէն ինչ անշարժ էր. միայն, ժամանակ առ ժամանակ, կապոյտ ծուխի ամպիկ մը դէպի առաստաղ կը բարձրանար։ Օլիւիէ Պերտէնը, բազմոցի վրայ տարածուած, դանդաղօրէն գլանիկ կը ծխէր։

Հայեացքը հեռաւոր երկինք սեւեռած, ան իր նոր նկարին համար նիւթ կը փնտռէր։ Ի՞նչ պիտի նկարէր։ Ան դեռ չէր գիտեր։ Պերտէնը վճռական, ինքնավստահ նկարիչ չէր։ Ան անհանգիստ բնաւորութեան տէր մարդ էր, որուն անկայուն ոգեշնչութիւնը անընդհատ կը տատանուէր արուեստի բոլոր արտայայտութիւններու միջեւ։ Ան հարուստ էր, նշանաւոր, արժանացած էր ամէն տեսակի պատիւներու, բայց մինչեւ հիմա, արդէն կեանքի զառիվայրին, չէր գիտեր, թէ ինչպիսի՛ իտէալով ընթացած էր։ Ան Հռոմի մրցանակը ստացած էր, վերստեղծած էր պատմական մեծ տեսարաններ։ Յետոյ, արդիականացնելով իր ձգտումները, բայց չմոռնալով դասական ձեւերը, սկսած էր նկարել կենդանի մարդիկը։ Խելացի, խանդավառ, յամառ աշխատող, թէեւ երազներով տարուած, իր արուեստը կը սիրէր, որուն կատարելապէս կը տիրապետէր, օժտուած նրբամտութեամբ, ան հասած էր ակնյայտ վարպետութեան եւ տաղանդի մեծ նրբութեան։ Տաղանդ, զոր մասամբ զարգացած էր իր տատանումներու եւ բոլոր ժանրերու մէջ աշխատելու իր փորձերու շնորհիւ։

Կար ժամանակ, երբ ան արուեստանոցներու մէջ իր ուժով մեծ անուն հանած էր, իսկ հասարակութեան մէջ՝ իր գեղեցկութեամբ։ Հիմա, տարիքը առնելով, ծանրացած էր։ Բարձրահասակ, լայնաթիկունք, ուժեղ կուրծքով, ան, ինչպէս հնադարեան մարտիկ մը, գերցած էր, չնայած որ ամէն օր յամառօրէն կը զբաղէր սրամարտութեամբ ու ձիավարութեամբ։ Սպիտակ, խիտ ու կարճ մազերը կը կենդանացնէին անոր սեւ աչքերը թաւ սպիտակ հոնքերու տակ։ Երկար պեխերը, որոնք հին զինուորի պեխերու նման էին, գրեթէ սեւ էին եւ իր դէմքի հզօրութեան ու հպարտութեան արտայայտութիւն կու տային։

Հայելիին առջեւ ուղիղ կանգնելով՝ կը մարզուէր եւ զանազան վարժութիւններ կը կատարէր։ Բայց յանկարծ հայելիին մէջ, ուր ամբողջ արուեստանոցը արտացոլուած էր, ան տեսաւ, թէ դրան վրայ վարագոյրը ինչպէս շարժեցաւ, յետոյ երեւցաւ կնոջ դէմք մը, որ իրեն կը նայէր։ Յանկարծ ձայն մը լսուեցաւ.

-Այստե՞ղ էք։

-Այո,- պատասխանեց նկարիչը։ Ապա մարզագունդը գորգի վրայ նետելով, դէպի դուռը վազեց։ Փայլուն հանդերձանքով կին մը ներս մտաւ։ Անոնք ձեռնուեցան։

-Մարմնամարզութի՞ւն կ՚ընէք,- հարցուց կինը։

-Այո,- ըսաւ նկարիչը, ես սիրամարգութիւն կ՚ընէի, եւ դուք ինծի յանկարծակիի բերիք։

Կինը ծիծաղեցաւ եւ ըսաւ.

-Դռնապանի սենեակին մէջ ոչ ոք կար։ Գիտեմ, որ դուք այս ժամուն միշտ մինակ կ՚ըլլաք եւ առանց ազդարարութեան ներս մտայ։

Նկարիչը անոր կը նայի։

-Ինչքա՜ն գեղեցիկ էք եւ ինչքա՜ն շքեղ։

- Այո, նոր զգեստ հագած եմ։ Ինչպէ՞ս է, գեղեցի՞կ է։

-Հիանալի, շատ ներդաշնակ։ Կարելի է ըսել, որ հիմա երանգներու զգացողութիւն ունիմ։

Նկարիչը կնոջ շուրջը կը դառնայ, գործուածքը կը շօշափէ, մատներու ծայրով ծալքերու դասաւորութիւնը կը շտկէ, կարծես դերձակ մը ըլլար, որ կանացի արդուզարդին գիտակ է։ Ի զուր չէ, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ան իր արուեստագէտ միտքը ու մարզիկի մկանները գործադրած է այն բանին վայ, որպէսզի վրձինի նուրբ մօրուքով փոփոխական ու քմահաճ նորաձեւութիւններ տար, բացայայտէր կանացի շնորհագեղութիւնը՝ մերթ ծածկուած թաւշեայ կամ մետաքսեայ զրահով, մերթ ժանեակներու ձիւնով։

Վերջապէս ան յայտարարեց.

-Շատ յաջող է։ Ձեզի շատ կը վայելէ։

Կինը նկարիչին թոյլ կու տայ, որ իր անձով հիանայ, գոհունակութիւն զգալով, որ ինքը գեղեցիկ է եւ անոր հաւանութեան արժանացած է։

Շիկահեր ըլլլալով, ան պահած էր փարիզուհիներու այն կայտառ ու երիտասարդական գեղեցկութիւնը, որոնք երբեք չեն ծերանար, որոնք ունենալով զարմանալի կենսական ուժ, դիմադրողականութեան անսպառ պաշար, քսան տարուայ ընթացքին նոյնը կը մնան, անխորտակելի ու անպարտելի, առաջին հերթին խնամելով իրենց մարմինը եւ պահպանելով իրենց առողջութիւնը։

Նկարիչը անոր հովանոցը վերցուց, գարնանային վերարկուն շատ արագ հանեց, այդ մտերմական ծառայութեան սովոր, վստահ շարժումներով։ Իսկ երբ կինը բազմոցի վրայ նստաւ, նկարիչը հարցուց.

- Ինչպէ՞ս է ձեր ամուսինը։

-Շատ լաւ։ Հիմա թերեւս պալատին մէջ ճառ կ՚արտասանէ։

-Օ՜, ինչի՞ մասին։

-Հաւանաբար ճակնդեղի կամ կանճրակի իւղի մասին, ինչպէս միշտ։

Կնոջ ամուսինը՝ կոմս տը Կիլռուան, պատգամաւոր էր եւ գիւղատնտեսութեան հարցերով կը զբաղէր։

Անկիւնին վրայ անծանօթ ուրուանկար մը նկատելով, կինը առաջացաւ ու հարցուց.

-Սա ի՞նչ է։

-Սկսած գործս է, իշխանուհի տը Պոնտեւի դիմանկարը։

-Գիտէք,- կինը լրջութեամբ կ՚ըսէ,- եթէ դուք դարձեալ սկսիք կիներու դիմանկարներ նկարել, այն ատեն ես ձեր արուեստանոցը կը փակեմ։ Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ այդպիսի աշխատանքը ուր կը տանի։

Կինը նկարիչին սկսած նկարը կը զննէ, կարծես արուեստի հարցերէն կը հասկնար։ Քիչ մը հեռացաւ, մօտեցաւ, ձեռքը աչքերուն վրայ տարաւ, տեղը փնռտեց, ուրկէ ուրուանկարը աւելի լուաւոր կ՚երեւար, եւ ապա իր գոհունակութիւնը յայտնեց.

-Շատ լաւ է։ Դուք շատ յաջող ընթացքի մէջ էք։

Նկարիչը շշնջաց.

-Կը կարծէ՞ք։

-Այո, այդ նուրբ արուեստ է, որուն համար պէտք է ձիրք ունենալ։ Այդ հասարակ նկարիչներու գործ չէ։

Կինը հարցուց.

-Իսկ ինչպիսի՞ն է այդ իշխանուհին։

Սկսելով արդուզարդի դիտողութիւններէն, նկարիչը անցաւ մտքի գնահատման եւ ամէն տեսակի մանրամասնութիւններ հաղորդեց, այնպիսի չնչին մանրամասնութիւններ, որոնք կը գոհացնեն, կանացի խանդոտ ու նրբազգաց հետաքրքրութիւնը…։

Կինը շշնջաց.

-Կը սիրէ՞ք զինք։

-Ո՛չ։

Կինը աւելցուց.

-Այնուամենայնիւ այդ զիս չ՚անհագստացներ։ Հիմա դուք արդէն բացի ինձմէ ուրիշ ո՛չ մէկը կը սիրէք։ Ո՛չ ոքի, վերջացաւ։ Արդէն շատ ուշ է, իմ խեղճ բարեկամ։

Անին Պերտէնի բազուկէն բռնեց եւ վերադառնալով դէպի բազմոց, զինք իր կողքը նստեցուց։

-Ինչի՞ մասին կը մտածէք։

-Նկարի համար նիւթ կը փնտռէի։

-Ի՞նչ տեսակի։

-Ես ալ չեմ գիտեր, կը փնտռեմ։

-Իսկ այս օրերուն ի՞նչ կ՚ընէիք։

Պերտէնը ստիպուեցաւ Անիին պատմել իր ընդունած բոլոր այցելութիւններու մասին, ճաշկերոյթներու ու երեկոյթներու, զրոյցներու եւ բամբասանքներու մասին։ Այնուամենայնիւ, երկուքին ալ աշխարհիկ կենցաղի բոլոր սնամէջ ու սովորական մանրուքները կը հետաքրքրէին։ Փոքրիկ մրցակցութիւնները, բացայայտ եւ կասկածելի կապերը նոյն դէմքերու, նոյն կարծիքներու մասին միանգամընդմիշտ հաստատուած, հազար անգամ կրկնուած, հազար անգամ լսուած դատողութիւնները անոնց մտքերը կը զբաղեցնեն եւ զանոնք կը քաշեն այն պղտոր ու ալեծուփ գետի մէջ, որ փարիզեան կեանք կ՚անուանեն։ Բոլորը ճանչնալով, ամէն տեղ ճանչցուելով, Պերտէնը իբրեւ նկարիչ, որուն առջեւ բոլոր դռները բաց էին, Անին՝ իբրեւ պահպանողական պատգամաւորի վայելչագեղ կին, անոնք վարժուած էին ֆրանսական շաղակրատանքի այդ մարզանքին, նուրբ, հասարակ, սիրալիօրէն չարեացակամ, գռեհիկօրէն նուրբ շաղակրատանքի, որ իւրատեսակ եւ շատ նախանձելի համբաւ կու տայ բոլորին, որոնց լեզուն նրբացած է այդ չարախօս դատարկաբանութեան մէջ…։

***

Մոփասանի ստեղծագործութիւնները ընթերցելով, ո՛չ միայն կը ծանօթանանք անոր լեզուամտածողութեան եւ գաղափարներուն, այլեւ կեանքի բազմերես երեւոյթներուն եւ նամանաւանդ այդ ժամանակաշրջանի փարիզեան կեանքի բոլո՛ր բարքերը մեր աչքերուն առջեւ կ՚ուրուագծուի։ Կ՚արժէ՛ կարդալ։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018