ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահքի երրորդ կիրակին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը կոչած են «Անառակի կիրակի»: Եթէ հայերէն լեզուի բառարանները բանանք, հասկնալու համար «անառակ» բառին իմաստը, պիտի ունենանք հետեւեալը. ստահակ, փողոցային, անամօթ, աներես, խառնակեաց, անպարկեշտ, անկարգ, անբարոյական, մոլութիւններու անձնատուր եղած, եւ այլն: Ոմանք կրնան ըսել, այսքան բացասական իմաստներ պարունակող այս բառը ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ կիրակի օր մը՝ այդ անունով կոչուած ըլլայ: Այս հարցադրումին պատասախանը կը ստանանք, երբ Աւետարանին մէջ կարդանք Անառակ որդիին առակը (կարդա՛ Ղկ 15.11-32):

Վերոնշեալ բառերը եթէ ուշադրութեամբ ու հոգեւոր ակնոցներով քննենք, պիտի նկատենք, որ այդ բոլորը կը վերաբերին մեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը այսպէս կամ այնպէս անառակացած է Երկնաւոր մեր Հօր նկատատմամբ: Արդարեւ, անառակութիւնը շատ յաճախ կը հասկնանք որպէս անբարոյականութիւն, որը ճիշդ է, սակայն անառակութիւն է նաեւ՝

Ճշմարիտ Աստուածը ձգած՝ օտար աստուածները (կուռքերը) պաշտելը:

Քրիստոսի եղբայր ըլլալու հանգամանքը ձգած՝ դեւերու ընկերութիւնը ընտրելը:

Սուրբ Հոգիին անանցանելի պարգեւներն ու շնորհները ձգած՝ սատանային մեզի պարգեւած ժամանակաւոր հաճոյքները ընտրելը:

Երանական կեանքը ձգած՝ թշուառ կեանքով ապրիլը:

Յաւիտենական կեանքը ժառանգելու խոստումը ձգած՝ դժոխքին բնակիչ ըլլալը ընտրելը:

Աստուծոյ պատուիրանները ձգած՝ մարդահնար օրէնքներուն ետեւէն իյնալը:

Աստուծոյ մեզի շնորհած ճշմարիտ իրաւունքները ձգած՝ մարդկային սին ու փուճ եւ կորուստի մատնող իրաւունքներու ետեւէն իյնալը:

Աստուծոյ կողմէ մեր մէջ դրուած բարութիւնը ձգած՝ չարութեան հետամուտ ըլլալը:

Աստուածաշունչը ձգած՝ մարդկային փիլիսոփայութիւններու ետեւէն իյնալը:

Եկեղեցին ձգած՝ փողոցը, թատրոնը, խաղահրապարակները, ժամանցի վայրերը, եւ այլնը ընտրելը:

Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերուն գրականութիւնն ու հոգեւոր կեանքի խոր ապրումներն ու փորձառութիւնը ձգած՝ մերօրեայ սուտ մարգարէներու մարդհնար ուսմունքներուն հետեւիլը:

Մեր Փրկիչին մեզի աւանդած խոնարհութիւնը ձգած՝ հպարտութեան ետեւէ իյնալը:

Մեր Փրկիչին մեզի մեր նմանը սիրելու պատուէրը ձգած՝ ատելութեան ետեւէ իյնալը:

Մեր Փրկիչին մեզի իրարու ներելու պատուէրը ձգած՝ վրէժխնդրութեան ետեւէ իյնալը:

Տակաւին անառակութիւններու շարքը կարելի է երկարել: Հիմա տեսնենք, թէ այդ օր ի՛նչ Աստուածաշնչական ընթերցումներ կը կատարուին Սուրբ Պատարագի ընթացքին: Այսպէս, Սուրբ Հայրերու կարգադրութեամբ կը կատարուին հետեւեալ ընթերցումները. Եսայիի մարգարէութեան 54.11-55.13: Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 6.1-7.1: Եւ Ղուկասի Աւետարանէն 15.1-32:

«Անառակ որդիին առակը» կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանի 15-րդ գլուխի 11-32 համարներուն մէջ, այսպէս.

«Ապա շարունակեց.

-Մարդ մը երկու զաւակ ունէր։ Կրտսերը հօրը ըսաւ. “Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի ինկած բաժինը հիմա՛ տուր ինծի” ։ Եւ հայրը իր զաւակներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցածը։ Քանի մը օր ետք, կրտսեր զաւակը առաւ իր ամբողջ հարստութիւնը եւ հեռու երկիր մը գնաց։ Հոն անառակ կեանք մը ապրելով՝ մսխեց հարստութիւնը եւ սպառեց իր ամբողջ ունեցածը։

Պատահեցաւ որ այդ երկրին մէջ մեծ սով մը տիրեց, երբ արդէն ինք սկսած էր աղքատանալ։ Ուստի գնաց այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն քով ծառայ եղաւ, եւ անիկա իր ագարակը ղրկեց զինք՝ խոզ արածելու համար։ Նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը լեցնելու, սակայն ոչ ոք կու տար իրեն։ Երբ անդրադարձաւ իր վիճակին, ինքնիրեն ըսաւ. “Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ։ Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն. Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ”։ Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց։

Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց։ Որդին հօրը ըսաւ. “Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու”։ Հայրը իր ծառաներուն հրամայեց. “Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն։ Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախանանք։ Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ”։ Եւ սկսան խրախճանքի։

Մինչ այդ, երէց զաւակը ագարակ կը գտնուէր։ Վերադարձին, երբ տան մօտեցաւ, երգի ու պարի ձայներ լսեց։ Կանչեց ծառաներէն մէկը եւ հարցուց, թէ ի՛նչ կայ։ Ծառան ըսաւ իրեն. “Եղբայրդ եկաւ, եւ որովհետեւ ողջառողջ վերադարձաւ, հայրդ պարարտ հորթը մորթեց”։ Երէց եղբայրը զայրացաւ եւ չուզեց ներս մտնել։ Այս մասին իմանալով, հայրը դուրս ելաւ եւ աղաչեց որ ներս մտնէ։ Իսկ անիկա պատասխանեց. “Տարիներէ ի վեր քեզի կը ծառայեմ. ոեւէ մէկ հրահանգդ չանտեսեցի, եւ սակայն նոյնիսկ ուլ մը չտուիր ինծի, որ ուրախանայի բարեկամներուս հետ։ Մինչդեռ, երբ եկաւ այդ որդիդ, որ քու ստացուածքդ պոռնիկներուն հետ մսխեց, պարարտ հորթը մորթեցիր անոր համար”։ Հայրը ըսաւ. “Տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է։ Սակայն հիմա պէտք է ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ”»:

Քանի մը կէտերու անդրադառնանք:

Առաջին՝ կը տեսնենք, որ կրտսեր որդին իր հօրմէ կը պահանջէ իր բաժինը: Մենք բոլորս ալ՝ որպէս մարդիկ զաւականերն են Հօր Աստուծոյ: Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրս ստեղծած է Իր պատկերով ու նմանութեամբ, եւ մեզ բանականութեամբ եւ ազատութեամբ օժտած է: Այստեղ, կրտսեր որդին, իր ազատ մտածողութեան իրաւունքն է, որ կ՚օգտագործէ, իր հօրմէն խնդրելով իր բաժինը: Կը նկատենք նաեւ, որ հայրը չի՛ հակառակիր, այլ՝ իր կրտսեր որդիին կու տայ անոր բաժինը: Մեր Հայրը մեզի տուած է պատուիրաններ, օրէնքներ եւ ուսուցումներ, որոնց մէջ բացատրած ու պարզած է մեզի հանգիստ ու բարօր կեանք մը ունենալու բոլոր գաղտնիքներն ու միջոցները, իսկ ընտրութիւնը՝ ձգած է մեզմէ իւրաքանչիւրին: Կրտսեր որդին իր այդ ընտրութիւնն է, որ կատարեց նախընտրելով հօրմէն ու իր սեփական ընտանիքէն հեռու կեանքը:

Իր բաժինը առնելով կը տեսնենք, թէ կրտսեր որդին կը հեռանայ ու անառակ կեանք մը կ՚ապրի մսխելով իր հօրմէն ստացած ամբողջ հարստութիւնը: Այնպէս կը պատահի, որ այն երկիրը՝ ուր գացած էր սով կը տիրէ, ու ինք արդէն աղքատացած ըլլալով ու իր չորս կողմը ո՛չ ոք ունենալով կը ստիպուի աշխատելու խոզերու ագարակի մը մէջ: Այստեղ կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ զաւակի մը վիճակը՝ երբ իր Հօրմէն հեռանայ, անոր կեանքը կը դառնայ ամայի ու դժուար, ցաւերով ու նեղութիւններով լեցուն:

Կրտսեր որդին յիշելով իր նախկին փառաւոր վիճակը՝ երբ իր հօր տան մէջ էր, կ՚ափսոսայ իր ներկայ վիճակին, որովհետեւ նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն տրուած ուտելիքներէն ուտել, սակայն ինչպէս կը կարդանք Աւետարանին մէջ, նոյնիսկ այդ չէին տար իրեն, ուստի կը մտածէ. «Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ։ Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն. Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ»: Մարդու կեանքին ընթացքին առնուած ամենէն կարեւոր որոշումն է ասիկա՝ գիտակցիլ մեր ոչինչ ըլլալու հանգամանքին առանց Աստուծոյ, առանց Անոր օրհնութեան ու ապաւինութեան: Մարդ ինչքան Աստուծմէ հեռու կեանք մը ապրի, ա՛յնքան խեղճ ու ողորմելի կը դառնայ՝ ինչքան ալ առ երեւոյթ հարուստ, խաղաղ, հանգիստ, բարօր ու յաջողութիւններով լեցուն կեանք մը ունենայ, այդ բոլորը ո՛չինչ կու տան մարդ արարածին, եթէ Աստուած՝ իր Երկնաւոր Հայրը Իր հետ չէ՝ կամ ի՛նք իր Հօրմէն հեռացած է: Սակայն, երբ գիտակցի իր հեռացած ըլլալու փաստին, արդէն իսկ առաջին եւ ամենէն կարեւոր քայլը կատարած կ՚ըլլայ վերադառնալու իր իսկութեան, իր ճշմարիտ էութեան՝ որն է բարութիւնը եւ Հօր Աստուծոյ նմանութիւնն ու պատկեր ըլլալը: Բայց, այդ քայլին պէտք է դիմենք խոնարհութեամբ եւ խղճի խայթով, ինչպէս ըրաւ կրտսեր որդին՝ «զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ»: Ա՛յս պէտք է ըլլայ հիմքը մեր տունդարձին, մեր նախկին կարգաիճակին վերադառնալուն:

Որոշումը կայացնելէ ետք կը մնայ այդ որոշումը կեանքի կոչելը, որ շատ մեծ ջանք ու աշխատանք կը պահանջէ, որովհետեւ գիտակցիլը թէ անտեղի եւ առանց պատճառի վիրաւորած ենք մեր հօր, արդէն բաւարար է մեր ներքին աշխարհը իրար անցընելու, ուր մնաց երբ այդ վիրաւորանքը ուղղուած ըլլայ ո՛չ թէ մեր ֆիզիքական հօր, այլ՝ Երկնաւոր Հօր Աստուծոյ: Հետեւաբար մեր կայացուցած որոշումը իրականութիւն դարձնելու համար կարիք ունինք աշխատանքի, իսկ այդ աշխատանքը կ՚իրականանայ աղօթքով, ապաշխարութեամբ, պահեցողութեամբ, Աստուածաշունչի ընթերցումով, այլ խօսքով՝ առաքինի կեանք մը ապրելու սկիզբը դնելով:

Աւետարանական հատուածին մէջ կը կարդանք. «Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց...: Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»: Հօր այս սպասումին մէջ կու գանք այն եզրակացութեան, թէ հակառակ մեր անհնազանդութեան եւ Հօրմէն հեռանալուն, սակայն մեր Հայրը միշտ կը սպասէ մեր տունդարձին եւ միայն տեսնէ ու նկատէ, որ կը վերադառնանք, Ի՛նք մեզ դիմաւորելու կու գայ ու ո՛չ միայն մեր նախկին վիճակին կ՚արժանացնէ, այլեւ՝ աւելիին: Մեզի կը մնայ դարձեալ ու դարձեալ տունդարձի որոշումը կայացնելէն ետք այդ որոշումը կեանքի կոչելը:

Հետաքրքրական է աւագ եղբօր պահուածքը, երբ կ՚իմանայ իր կրտսեր եղբօր վերադարձի մասին. «Տարիներէ ի վեր քեզի կը ծառայեմ. որեւէ մէկ հրահանգդ չանտեսեցի, եւ սակայն նոյնիսկ ուլ մը չտուիր ինծի, որ ուրախանայի բարեկամներուս հետ։ Մինչդեռ, երբ եկաւ այդ որդիդ, որ քու ստացուածքդ պոռնիկներուն հետ մսխեց, պարարտ հորթը մորթեցիր անոր համար». մեզմէ ո՞վ հաշտ աչքով կը նայի այնպիսի երեւոյթի մը, երբ իմանալով որ մեր հարեւանը կամ ծանօթը, կամ ընկերը մեղքի կեանքով կ՚ապրի, յանկարծ իր կեանքին մէջ մեծ շրջադարձ մը կը կատարուի, մեծ օրհնութիւն՝ յաջողութիւն մը կ՚ունենայ, ու մենք կը սկսինք զարմանալ եւ նոյնիսկ երբեմն զԱստուած այպանել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ այս մեղաւոր մարդը այսքան բարօրութեան հասաւ... Առաջին հերթին մեզ ո՞վ դատաւոր կարգեց, որպէսզի մարդոց յաջողութիւնները կամ ձախողութիւնները, մեղքերը կամ արդարացումը քննենք ու դատենք, թէ՞ որ Միակ Ճշմարիտ Դատաւորը Քրիստոս է եւ Ի՛րն է դատելու իրաւունքը: Երկրորդ՝ եթէ մենք մեզ մեր Հօր ճշմարիտ զաւակները կը կարծենք ու կը համարենք, մեր Հայրը ե՞րբ մեզ արգիլած է որեւէ մէկ բանէ: Տեսանք, թէ ինչպէս երբ մեր կրտսեր եղբայրը որոշում կայացուց տունէն հեռանալու, չմիջամտեց ու չարգիլեց, նոյն այդ թոյլտուութիւնն ու ազատութիւնը մեզի շնորհած է, հետեւաբար մենք իրաւունք չունինք մեր նմանը դատելու: Երկրորդ՝ երբ տեսնենք մեր կրտսեր եղբօր տունդարձը տրտնջալու փոխարէն պէտք է ուրախանանք, ցնծանք, որովհետեւ՝ «այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»: Մեր նմանին ապաշխարութեամբ մի միայն պէտք է ուրախանանք ու ցնծանք, եւ ո՛չ միայն այդքանը, այլեւ՝ պէտք է մեր կարելին ընենք, որպէսզի օգտակար դառնանք մեր նը-մաններուն, որպէսզի տունդարձի ճանապարհը գտնեն ու միասին վայելենք մեր Հօր Աստուծոյ մեզի խոստացած յաւիտենական հանգիստն ու երանութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

29 փետրուար 2020

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 7, 2020