ԱՇԽԱՐՀ ԱԿԱՄԱՅ Կ՚ԻՆՔՆԱՄԵԿՈՒՍԱՆԱՅ ԵՒ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԵՒ ԱՌՅԱՒԷՏ ՎԱԽՑԱԾ

Վերջերս հեռատեսիլով հայ բժիշկի մը հարցուցին. «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ կեանքը քորոնաժահրէն ետք»: Պատասխանեց. «Մարդիկ կը սկսին խուսափիլ իրարմէ: Քորոնա համաճարակին աւարտէն ետք մարդիկ դժուարութեամբ քով քովի կու գան, քանի որ համաճարակը կ՚աւարտի, բայց վարակը յաւէտ կը մնայ մարդկութեան մէջ: Աշխարհը ակամաօրէն կ՚ինքնամեկուսանայ եւ կը դառնայ զգուշաւոր եւ առյաւէտ վախցած…»:

Բժիշկը բացատրեց, որ մարդկութեան մէջ որեւէ ժահր յայտնուելէն ետք այլեւս չ՚անհետանար եւ մարդիկ, յիշելով համաճարակի օրերուն սարսափները, մահերը, կը խուսափին վարակուելէն, այնքան ատեն, որ բնական պաշտպանական միջոցներ ձեռք չեն ձգած: Նոյնիսկ ապացուցուած ալ չէ, թէ մէկ անգամ քորոնաժահրով վարակուելէն ետք, մարդը կայուն պաշտպանութիւն՝ ախտամերժութիւն կ՚ունենա՞յ, թէ՞ ոչ: Մինչ տասնեակ դեղագործական ընկերութիւններ լծուած են քորոնա վարակին պատուաստանիւթը ստանալու գործին, ուրիշ գիտական հաստատութիւններ ալ կը ջանան ապացուցել, թէ վարակուելէն ետք մարդը արդեօք վարակամերժութիւն կ՚ունենա՞յ:

Քորոնաժահրին մասին ամէն վայրկեան հակասական լուրեր կը հասնին: Նոյնիսկ քիչ մը հեքիաթի տեսակին սկսաւ պատկանիլ քորոնան: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ վարակը կ՚անցնի նաեւ օդի միջոցաւ, եթէ այդ տարածքին վարակակիր մը եղած է, սակայն օրերս հերքեց այդ պնդումը՝ նշելով, որ միայն կաթիլային ճանապարհով եւ վարակակիրի հետ անմիջական շփումի միջոցով է, որ մէկը վարակակիր կը դառնայ: Նոյն համաշխարհային կազմակերպութիւնը խորհուրդ կու տայ, որ երբ տեղեկութիւն մը յայտարարուի, շատ զգուշօրէն պէտք է զայն մեկնաբանել: Այլ մեծ ընկերութիւններ խորհուրդ կու տան քորոնայի վախէն տնական եւ ժողովրդական լսուած միջոցներ չգործածել, քանի որ անոնք յաճախ հակառակ ազդեցութիւն կ՚ունենան:

Քորոնաժահրով վարակին վախը մէկ կողմ, այսօր աշխարհը կարծես աւելի անհանգստացած է քորոնայի տագնապէն ետք սպասուող տնտեսական ճգնաժամին պատճառով: Արդէն յստակ է, որ աշխարհը նոր ճգնաժամ պիտի թեւակոխէ, որ ըստ կանխատեսումներուն, աւելի սուղ պիտի արժէ, քան 2009 թուականի տնտեսական ճգնաժամը:

Քորոնա վարակին համաճարակը բազմաթիւ երկիրներու մէջ առողջապահական համակարգի թերութիւնները, բացթողումները բացայայտեց, իսկ որոշ երկիրներու մէջ՝ ատոնց լիակատար տապալումը: Հսկայական ծախսեր կատարուեցան, նախ ժամանակաւոր հիւանդանոցներ կառուցեցին, սարքաւորումներ գնեցին, պաշտպանիչ միջոցներու եւ բուժաշխատողներու վրայ մեծ գումարներ ծախսուեցան եւ նոյնքան մեծ գումարներ տրամադրուեցան հիւանդներու բուժման: Երբ համաճարակի աւարտին մասին յայտարարուի, առողջապահական համակարգերուն մէջ դարձեալ մեծ գումարներ պիտի ծախսուին համաճարակի ժամանակ յայտնաբերուած թերութիւնները շտկելու համար: Առողջապահական համակարգերը այլեւս պիտի դառնան որեւէ երկրի գլխաւոր համակարգերը, իսկ բժիշկներն ու բուժանձնակազմը՝ ամենապահանջուած մասնագէտները: Անոնք միշտ կարեւոր եղած են պատերազմներու, հիւանդութիւններու եւ այլ արտակարգ դրութիւններու ժամանակ, բայց այս համաճարակը զանոնք դրաւ ամենաառաջին գիծին վրայ, եւ այլեւս անոնք են երկիրներու դերակատարները: Միայն առողջապահական համակարգը սնանելու համար անհրաժեշտ են տնտեսական մեծ յառաջընթացներ, որուն ուղղութեամբ այսօր գործի լծուած են երկիրներու ղեկավարներն ու համաշխարհային կազմակերպութիւնները: Գրեթէ բոլոր երկիրները անվերադարձ դրամաշնորհներ, աննախադէպ արտօնութիւններ, անտոկոս կամ ցած տոկոսով վարկեր կը խոստանան փոքր ձեռնարկատէրերուն, անհատ ձեռներէցներուն. գործի դրուած են հարկային արձակուրդներ, վճարներու յետաձգումներ. կարգ մը երկիրներու մէջ պետութիւնը իր վրայ վերցուցած է վճարներուն պատասխանատուութիւնը…

Առաջին տուժողներուն մէջ են օդագնացութեան եւ զբօսաշրջային ընկերութիւնները եւ առաջին օժանդակութիւնները յաճախ անոնց կ՚ուղղուին: Համաճարակը կը վերջանայ, մարդիկ քիչ մը դժուարութեամբ եւ վախով, բայց կը սկսին տեղաշարժիլ, աշխարհը առանց այդ տեղաշարժերուն, առանց զբօսաշրջութեան եւ առանց օդագնացութեան չի կրնար գոյատեւել: Ունիմ բազմաթիւ ծանօթներ, որոնք յառաջիկայ ամիսներուն համար ճամբորդական տոմսեր ապահոված են եւ զբօսաշրջային ընկերութիւններէն նամակներ կը ստանան, ուր կը խնդրուի ետ չուզել կանխավճարները կամ վճարուած գումարները: Այդ գումարներով անոնք կը պահեն ասպարէզը եւ տոմս գնողներուն վճարուած գումաներուն դիմաց հաւաստաթուղթեր կը ղրկեն, որպէսզի ամէն ինչ վերջանալէն ետք ճամբորդութիւնները շարունակելու համար այդ հաւաստաթուղթերը գործի դնեն:

Ընկերուհիս, որ յունիս ամսուան համար դէպի Իտալիա տոմս գնած էր, զբօսաշրջային ընկերութենէն այսպիսի յուզիչ նամակ մը ստացած էր. «Կը խնդրենք ամրագրուած կանխավճարը ետ չպահանջել, քանի որ այդ մէկը թէ՛ հոգեբանական եւ թէ՛ նիւթական պզտիկ օժանդակութիւն պիտի ըլլայ ամբողջ կեանքը զբօսաշրջութեամբ գոյատեւած մարդոց համար: Անոնք ամէն վայրկեան կ՚աղօթեն, որ այս մղձաւանջը վերջանայ եւ ձեր առջեւ կրկին բացուին Իտալիոյ կախարդական դռները»:

Վստահ եմ, որ այս օրերուն շատերը այսպիսի նամակներ ստացած են… Ուրիշներուն պատասխանը չեմ գիտեր, բայց ընկերուհիս անմիջապէս իտալական զբօսաշրջային ընկերութեան՝ «Սիրով», պատասխանեց եւ անմիջապէս վճարուած գումարին դիմաց ստացաւ արժեթուղթը:

ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒ՞Ն, ԹԷ՞ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ

Համաճարակը իրեն հետ բերաւ նոր երեւոյթ մը: Մարդիկ ստիպուած եղան ընտրութիւն կատարելու իրենց առողջութեան եւ կառավարութեան կողմէ հսկողութեան միջեւ: Այսինքն ընտրութեան հնարաւորութիւն առանձնապէս չտրուեցաւ ալ: Կառավարութիւնները սկսան հեռաձայնային հետախուզում յայտարարելով հսկել մարդոց տեղաշարժը, այդպէսով փորձելով նուազեցնել վարակուելու վտանգը: Հայաստանը նոյնպէս կը կիրարկէ այս միջոցը: Վարակի կասկած ունեցող կամ վարակակիրներու հետ հնարաւոր շփում ունեցող մարդկային խումբերը անմիջապէս հսկողութեան տակ վերցուեցան եւ անոնց տեղաշարժի պարագային սկսան միջոցներ կիրարկուիլ: Այս միջոցին առաջին դիմողը անշուշտ Չինաստանն էր, որ իր ունեցած արհեստագիտական միջոցները գործի դնելով կրցաւ կանխել համաճարակը եւ արդէն յայտարարուած է քորոնայի ծննդավայր Ուհանի մէջ համաճարակի աւարտին մասին:

Այսօր Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունին 300 միլիոն հեռատեսիլային պաստառներ, որոնք դէմքը ճանչնալու, մարդուն զգացական վիճակը, ներաշխարհը կարդալու հնարաւորութիւն ունին եւ շատ արագ կրնան գիտնալ, թէ ո՛վ է դիմացինը, անմիջապէս կը մտնեն անոր առցանց թղթապանակին մէջ, կը գտնեն անոր այցելած վայրերը, շփում ունեցած անձերը, անմիջապէս կը կազմեն անոր առողջապահական նկարագիրը եւ մարդը կ՚առնեն հսկողութեան տակ: Չինաստանի մէջ ամէն մարդ արդէն ունի իր QR քոտը (Արագ արձագանգումի քոտը): Այդ քոտին հիման վրայ չինական պետութիւնը քորոնաժահրը հսկելու համար մասնայատուկ գոյներ ընտրած է՝ կարմիր, կանաչ եւ դեղին: Որուն քով, որ «իրավիճակը» կանաչ է, հրաման կը ստանայ ազատ տեղաշարժելու. դեղինը կասկածի ենթակայ է, որոշ տեղեր չի կրնար մուտք գործել. իսկ կարմիրը ոչ մէկ տեղ կրնայ երթալ, անմիջապէս կ՚արգելափակուի եւ կը սկսի բուժուիլ: Մինչ այս ալ՝ համաճարակին սկիզբը, երբ Չինաստանի մէջ յայտարարուեցաւ արտակարգ դրութիւն, երկրին ղեկավարութիւնը կրցաւ տնային կալանքի տակ պահել մօտաւորապէս 60 միլիոն մարդ եւ այդ մարդիկը, առանց բողոքելու, ենթարկուեցան:

Համաճարակը պատճառ դարձաւ, որ աշխարհը տեսնէ Չինաստանի ողջ արհեստագիտական կարողութիւնը: Ի յայտ եկաւ, որ Չինաստանը ունի բազմաթիւ մարդամեքենաներ, որոնք բժիշկներու եւ ոստիկաններու պէս կրնան պայքարիլ հիւանդութեան դէմ: Չինաստանը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ նոր ժամանակներու պատերազմին յաղթանակը ոչ թէ զէնքերը, ռազմանաւերը եւ հրանօթները պիտի ապահովեն, այլեւ՝ արհեստագիտութեան միջոցները: Հաւաքուած, մշակուած մեծ տուեալները (Big Data) այսօր արդի զէնքերն են, որոնք թէ՛ պատերազմներու կը յաղթեն, թէ՛ համաճարակներու:

Այս առումով վերջին ուշագրաւ յօդուածը, որ միջազգային մամուլին մէջ հրապարակուեցաւ, իսրայէլացի պատմաբան Եուվալ Նոյ Հարարիի «Աշխարհը քորոնա վարակէն ետք» յօդուածի «Անդրմաշկային հսկողութիւն» (Under-the-skin surveillance) բաժինն է, զոր կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնով:

«ԱՆԴՐՄԱՇԿԱՅԻՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ»

Համաճարակին տարածումը դադրեցնելու համար Երկիր մոլորակին բնակչութիւնը պէտք է հետեւի որոշ ցուցումներու: Անոնց հասնելու համար երկու հիմնական ձեւ կայ: Առաջինը այն է, որ կառավարութիւնը վերահսկէ մարդիկը եւ պատժէ զանոնք, երբ շրջանցեն ցուցումները: Այսօր, մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, առաջին անգամ արհեստագիտական սարքերը հնարաւորութիւն կու տան մշտապէս վերահսկել ամէն մարդու: Յիսուն տարի առաջ, Պետական անվտանգութեան կոմիտէն չէր կրնար 24 ժամ հետեւիլ 240 միլիոն խորհրդային քաղաքացիներուն, ոչ ալ կրնար յոյս փայփայել, որ ի վիճակի է արդիւնաւէտ կերպով վերլուծել հաւաքած ողջ տեղեկութիւնը: Պետական անվտանգութեան կոմիտէն կ՚ապաւինէր մարդկային գործակալներուն ու վերլուծաբաններուն եւ չէր կրնար գործակալը կցել՝ հետեւելու իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Բայց ներկայիս կառավարութիւնները կարող են ապաւինիլ համատարած տեղադրուած զգայուն սարքերուն եւ արհեստական բանականութեան մշակած բանաձեւերուն:

Քորոնա համաճարակին դէմ պայքարի ժամանակ կարգ մը երկիրներու կառավարութիւնները արդէն իսկ տեղադրած են նոր հսկողութեան գործիքներ: Ամենաուշագրաւ օրինակը Չինաստանն է: Վերահսկելով մարդոց խելախօս հեռաձայները, գործածելով հարիւր միլիոնաւոր դէմքեր ճանչցող տեսախցիկներ եւ մարդիկը պարտադրելով ստուգուիլ եւ հաղորդել իրենց մարմնի ջերմաստիճանին եւ առողջական վիճակին մասին՝ Չինաստանի իշխանութիւնները կարող են ոչ միայն արագ յայտնաբերել հաւանական քորոնա կրողը, այլ հետեւիլ անոր գործողութիւններուն ու յայտնաբերել բոլոր անոնք, որոնց հետ հաղորդակից եղած է վարակակիրը:

Բջիջային խելախօսին մէջ դրուած կարգ մը յաւելուածներ քաղաքացիները կը նախազգուշացնեն, որ վարակակիր հիւանդները գտնուին իրենց մօտ տեղ մը:

Այս տեսակ արհեստագիտութեան կիրարկումը չի սահմանափակուկիր միայն Արեւելեան Ասիայով: Վերջերս Իսրայէլի վարչապետ Պենեամին Նեթանիյահուն Իսրայէլի Անվտանգութեան գործակալութեան արտօնեց, որ քորոնայով հիւանդներուն հետեւելու համար կիրարկուին հսկողութեան սարքեր, որոնք սովորաբար նախատեսուած են ահաբեկիչներու դէմ պայքարի համար: Երբ համապատասխան խոր-հըրդարանական ենթայանձնաժողովը հրաժարեցաւ այդ միջոցի կիրարկման արտօնութիւն տալէ, Նեթանիյահուն հաստատեց այդ մէկը «արտակարգ հրամանագրով»:

Դուք կրնաք ըսել, թէ այս ամէն ինչին մէջ ոչ մէկ նոր բան կայ: Վերջին տարիներուն կառավարութիւններն ու գերընկերութիւնները մարդիկը վերահսկելու եւ ձեռնավարութեան կամ խարդախութեան մը ենթարկելու համար կը գործածեն աւելի բարդ արհեստագիտական սարքեր, սակայն, եթէ ուշադիր չըլլանք, համաճարակը, այնուամենայնիւ, կրնայ կարեւոր ջրբաժան դառնալ մարդիկը հսկելու պատմութեան մէջ:

Ոչ միայն այն պատճառով, որ այդ մէկը կրնայ արտօնել զանգուածային հսկողութեան գործիքներու տեղակայումը այն երկիրներուն մէջ, որոնք մինչ այժմ մերժած են զանոնք, այլ աւելի՛ն՝ ատիկա կը նշանակէ կտրուկ անցում «մորթին վրայէն» դէպի «մորթին տակը» հսկողութեան: Մինչ այժմ, երբ ձեր մատը կը դպէր ձեր խելախօս բջիջային հեռաձայնի պաստառին եւ կը թերթէր զայն, կառավարութիւնը կ՚ուզէր գիտնալ, թէ ինչի՞ վրայ կը սեղմէք: Բայց քորոնաժահրով պայմանաւորուած հետաքրքրութիւններուն շրջանակը կը փոխուի: Այժմ կառավարութիւնը կ՚ուզէ գիտնալ ձեր մարմնին տաքութիւնը եւ մորթին տակ գտնուող արեան ճնշումը: Մեր առջեւ կեցած խնդիրներէն մէկն ալ այն է, որ մեզմէ ոչ ոք յստակօրէն տեղեակ է, թէ ինչպէ՛ս մեզ կը հսկեն, եւ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ տարիներուն: Հսկողութեան ձեւերը կը զարգանան քանդիչ արագութեամբ, եւ ինչ որ տասն տարի առաջ գիտական երեւակայութիւն կը թուէր, այսօր հին նորութիւն է: Պատկերացուցէք որպէս մտացածին փորձարկում, որ կառավարութիւնը իւրաքանչիւր բնակիչէն կը պահանջէ կրել կենսաչափական ձեռնաշղթայ մը, որ օրուան ընթացքին 24 ժամ վերահսկէ մարմինին ջերմաստիճանը եւ սիրտին կծկումներուն յաճախականութիւնը: Ստացուած տուեալները կը հաւաքուին եւ կառավարութեան հաշուարկային սարքերուն կողմէ վերլուծութեան կ՚ենթարկուին: Հաշուարկ կատարող սարքերը կը գիտնան, որ դուք հիւանդ էք, կը գիտնան այդ մէկը նոյնիսկ նախքան ձեր գիտնալը, եւ անոնք կը գիտնան, թէ ո՞ւր եղած էք, որո՞ւն հանդիպած էք: Վարակման շղթաները կրնան կտրականապէս կրճատուիլ եւ նոյնիսկ վերանալ: Այսպիսի համակարգը, ամենայն հաւանականութեամբ, կրնայ համաճարակին տարածումը, քանի մը օրուան ընթացքին, դադրեցնել: Հիանալի կը հնչէ, այնպէս չէ՞:

Թերութիւնը այն է, որ այս մէկը օրինական կը դարձնէ մարդոց հսկողութեան նոր, սարսափելի համակարգին ներդրումը: Եթէ, օրինակ, գիտէք, որ ես սեղմած եմ Fox News- ի յղումը, ոչ թէ CNN-ի յղումը, այդ մէկը կրնայ ձեզի որեւէ տեղեկութիւն յուշել քաղաքական հայեացքներուս եւ նոյնիսկ անձիս մասին: Բայց եթէ կարողանաք վերահսկել, թէ ինչ կը կատարուի իմ մարմնի ջերմաստիճանին, արեան ճնշումին եւ սրտի զարկերուն յաճախականութեան հետ, երբ ես կը դիտեմ որեւէ տեսանիւթ, կրնաք գիտնալ, թէ ինչը կը զուարճացնէ զիս, ինչը կը ստիպէ լալ, եւ վերջապէս, ինչը իրականութեան մէջ զիս կը զայրացնէ:

Կարեւոր է յիշել, որ զայրոյթը, ուրախութիւնը, ձանձրոյթը եւ սէրը կենսաբանական երեւոյթներ են՝ ինչպէս տաքութիւնն ու հազը: Նոյն սարքաւորումը, որ ի վիճակի է յայտնաբերել հազը, կրնայ նաեւ բացայայտել ծիծաղը: Եթէ մեծ ընկերութիւնները եւ կառավարութիւնները կարենան սկսիլ զանգուածաբար հաւաքել մեր կենսաչափական տուեալները, անոնք կրնան մեզ աւելի լաւ ճանչնալ, քան մենք մեզ կը ճանչնանք եւ այդ պարագային անոնք ոչ միայն կրնան կանխատեսել մեր զգացումները, այլ շահարկել զանոնք եւ մեզի վաճառել իրենց ուզածը՝ ըլլայ ատիկա ապրանք, թէ քաղաքական գործիչ:

Պատկերացուցէք Հիւսիսային Քորէան 2030 թուականին, երբ իւրաքանչիւր բնակիչ ստիպուած ըլլայ օրական 24 ժամ կրել կենսաչափական ձեռնաշղթան: Եթէ դուք կը լսէք Մեծ Առաջնորդին ելոյթը եւ ձեռնաշղթան յայտնաբերէ զայրոյթի նշաններ, ապա ձեզի համար ամէն ինչ վերջացած է…

…Մարդոցմէ խնդրել ընտրութիւն կատարել գաղտնիութեան եւ առողջութեան միջեւ: Այս է հարցին բուն էութիւնը: Ասիկա կեղծ ընտրութիւն է: Մենք կրնանք եւ պէ՛տք է ունենանք գաղտնիութիւն եւ առողջութիւն: Մենք կրնանք ընտրել մեր առողջութիւնը եւ դադրեցնել քորոնաժահրի համաճարակին տարածումը ոչ թէ ամբողջական հսկողութեան համակարգեր նախաձեռնելով, այլ քաղաքացիները հզօրացնելով:

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին քորոնաժահրի համաճարակին դէմ պայքարի ամենաարդիւնաւէտ ջանքերը գործադրուած են Հարաւային Քորէայի, Թայուանի եւ Սինկափուրի կողմէ: Հակառակ որ այս երկիրները օգտուած են մարդոց հետեւելու ծրագիրներէն, սակայն անոնք ապաւինած են զանգուածային փորձանակներու կիրարկման, ազնիւ տեղեկութիւն տրամադրելուն եւ իրազեկուած հասարակութեան հետ պատրաստակամ համագործակցութեան:

Կեդրոնացուած հսկողութիւնն ու կոշտ պատիժները միակ միջոցը չեն, որ մարդիկ հետեւին օգտակար ուղեցոյցներուն: Երբ մարդոց կը պատմեն գիտական փաստերուն մասին եւ երբ մարդիկը կը վստահին պետական մարմիններուն՝ այդ փաստերը ներկայացնելու համար, քաղաքացիները կրնան ճիշդ գործել նոյնիսկ առանց «Մեծ Եղբօր» վերահսկողութեան:

Նպատակ ու շարժառիթ ունեցող եւ լաւ իրազեկուած բնակչութիւնը սովորաբար շատ աւելի հզօր եւ արդիւնաւէտ է, քան ոստիկանական բնոյթի, անտեղեակ բնակչութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020