ԵՐԳԻԾԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ տպուած «Բժիշկ» ամսագիրը կրցաւ քառորդ դար գոյատեւել եւ կարեւոր հետք մը ձգել հայ բժշկական մամուլի պատմութեան մէջ: Ըստ ուսումնասիրութիւններու, Պէյրութի «Բժիշկ»ը ծնունդ առած է Փարիզի «Հայ Բոյժ» ամսագրի նմանողութեամբ, 1955 թուականին, իբրեւ բժշկագիտական եւ առողջապահական մամուլ՝ հայ ընթերցողին բժշկագիտական կարեւորագոյն տեղեկութիւններ փոխանցելու առաքելութեամբ: Տարբերութեամբ մը, որ Պէյրութի «Բժիշկ»ը հրատարակուելէն մօտաւորապէս տասն տարի ետք՝ 1964 թուականին դարձած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան պաշտօնական հրատարակութիւնը, իսկ Փարիզի «Հայ Բոյժ»ը լոյս կը տեսնէր պոլսահայ, ապա փարիզաբնակ գրող, մասնագիտութեամբ բժիշկ Շաւարշ Նարդունիի անձնական նախաձեռնութեամբ: Այս երկու ամսագրերը կը նկատուին հայ մամուլի պատմութեան ամենաերկարակեաց բժշկական պարբերականները: «Հայ Բոյժ»ը որոշ ընդհատումներով լոյս տեսած է 1934-1968 թուականներուն, մինչեւ Նարդունիի մահը, իսկ Պէյրութի «Բժիշկ»ը՝ 1955-1988 թուականներուն միջեւ:

Հակառակ որ ասոնք եղած են բժշկական ուղղուածութիւն ունեցող մամուլի ամենաերկարակեաց անունները, բայց անշուշտ, Պոլիսն է, որ կը նկատուի հայ բժշկական մամուլի կարեւորագոյն կեդրոնը, ուր զանազան բժշկագիտական թերթեր եւ ամսագրեր լոյս տեսած են եւ ձգած՝ հարուստ ժառանգութիւն:

Պոլսոյ, Տրապիզոնի եւ այլ քաղաքներու մէջ լոյս տեսած բժշկական թերթերուն յառաջիկայ գրութիւններով կ՚անդրադառնանք:

Այսօր, թերթելով Պէյրութի «Բժիշկ» ամսագիրը, 6-րդ թիւէն սկսեալ, բոլոր թիւերուն մէջ կը տեսնենք հայ գրող, երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանի «Երգիծաբուժութիւն» խորագիրը կրող շարքը, որ լոյս տեսած է նաեւ իր մահէն ետք: Այս մէկը զարմանալի երեւոյթ մըն է հայ մամուլի պատմութեան մէջ, երբ մարդուն մահէն ետք թերթը տակաւին կը պահէ անոր հեղինակային սիւնակը: Նշան Պէշիկթաշլեան մահացած է 1972 թուականին` Փարիզ, սակայն յետագայ տարիներուն, մինչեւ 1975 թուականը նոյնիսկ, «Բժիշկ» ամսագրին մէջ տակաւին կը հանդիպինք անոր «Երգիծաբուժութիւն» շարքին: Վստահաբար, ան յաւելեալ գրութիւններ ձգած է խմբագրութեան: Թէ՛ գրական ուրիշ սեռերու, թէ՛ հրապարակախօսութեան մէջ նշանակալի հետք ձգած Նշան Պէշիկթաշլեան, փայլած է մանաւանդ երգիծագրութեան մէջ եւ իր այս շարքը՝ «Երգիծաբուժութիւն», ատոր վառ ապացոյցներէն է: Այսօր ոչ միայն «Բժիշկ» ամսագրին, այլեւ սփիւռքահայ ուրիշ թերթերու մէջ ցրուած են անոր երգիծական գրութիւնները: «Բժիշկ» ամսագրէն առաջին անգամ կը թուայնացնենք Նշան Պէշիկթաշլեանի «Երգիծաբուժութիւն» սիւնակէն քանի մը գրութիւն։

ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ ՈՐՊԷՍ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ

Բժիշկին մէկը բերանացի եւ գրաւոր քանիցս ըսած էր.

-Պէտք չէ կարդալ ճաշելու ատեն: Ժամանակ կարդալու, ժամանակ ճաշելու: Կարդալը մտային սնունդ է, իսկ ուտելը՝ մարմնական սնունդ: Այդ երկու տարբեր տեսակի սննդառումները միաժամանակ կատարելը վնասակար է:

Անգամ մը, նոյն այդ բժիշկին այցելութիւն մը տուած էի ոչ բժշկական խնդրի մը համար: Թէեւ ճաշի ժամ չէր, սակայն ինծի ըսուեցաւ, թէ պարոն բժիշկը կը ճաշէ: Լսելով ներկայութիւնս զիս կանչեց իր քով մտերմաբար: Ճաշասեղանին վրայ ծռած, թերթ մը լափելով կը կարդար եւ միանգամայն կը ճաշէր: Գլուխը առաւելապէս թերթին վրայ էր, ու առանց հացին եւ ուտելիքին նայելու, երկուքէն ալ պատառներ կը թխմէր բերանը ու կը կարդար խոր հետաքրքրութեամբ: Աղաղակեցի.

-Բժիշկ, Ձեզ կը ձերբակալեմ հակասութեան մէջ:

Պատասխանեց.

-Ատ ի՞նչ հակասութիւն է…

-Դուք կը թելադրէք չկարդալ ճաշելու ատեն, իսկ դուք կը կարդաք եւ կը ճաշէք:

-Նախ, ճաշելու ատեն չէ որ կը կարդամ, այլ կարդալու ատեն է որ կը ճաշեմ: Ատկէ զատ, կէսօրին չճաշեցի՝ ախորժակ չունենալուս համար: Այս պարագային, աւելի լաւ է կարդալով ճաշել, քան բնաւ չճաշել: Ատկէ զատ ալ, կարդալու սովորութիւն չունիմ: Ճաշելու ատենս, սակայն, կրնամ կարդալ: Ու աւելի լաւ է ճաշել կարդալով, քան բնաւ չկարդալ:

Բժիշկը ինծի նայեցաւ ինքնագոհ, յաղթականօրէն:

Ըսի.

-Բժիշկ, շատ շիտակ ըսուած է, թէ «լեզուն ոսկոր չունի»:

-Նախ, սխալ է կարծել, թէ լեզուն ոսկոր չունի: Լեզուին ոսկորը թէեւ անտեսանելի, սակայն սրածայր է: Լեզուին ոսկորով կը շինուին դանակներ, դաշոյններ եւ այլ զէնքեր: Լեզուն տակաւին ոսկորէն աւելի տոկուն ու տիրական բաներ ունի: Եթէ նոյնիսկ պահ մը ընդունինք, թէ «լեզուն ոսկոր չունի», սակայն, ոսկորը ունի լեզու, ինչպէս ամէն բան ունի լեզու:

Բժիշկներէն շատերուն գիրն ու լեզուն լաբիւրինթոս են, եւ լաւագոյն է լաբիւրինթոսին մէջ շատ չյառաջանալ:

Պէտք է նաեւ գիտնալ որ բժիշկներուն համար ամէն բան ունի լեզու, եւ ամէն լեզու հիւանդ է, բացի… իրենց լեզուէն:

***

Բժշկութիւնն ալ, քաղաքականութեան պէս, ունի գոյներ, ուղղութիւններ, սահմաններ ու հակամարտութիւններ: Հիւանդի մը, զանազան դեղեր յանձնարարելէ յետոյ, եւրոպական բժշկութեան հետեւող տոքթոր մը, ըսած է.

 -Պէտք է զօրաւոր սնունդ առնէք:

Նոյն հիւանդին, տարբեր դեղեր գրելով, ամերիկեան բժշկութեան հետեւող տոքթոր մը, ըսած է.

-Չափաւոր սնունդ:

Միեւնոյն հիւանդին, բուսական դեղեր տալէ յետոյ, հին եգիպտական բժշկութեան հետեւող նոր տոքթոր մը, յայտարարած է.

-Միայն ձէթ խմեցէք:

Դարձեալ ու միշտ նոյն հիւանդին չինական ասեղներ ընելէ յետոյ, չինական բժըշ-կութեան հետեւող տոքթոր մը, պատգամած է.

-Լոկ բրինձ ուտելու է:

-Իսկ ճաբոնական բժշկութեան հետեւող տոքթոր մըն ալ վճռած է.-Բացարձակապէս ծոմ պահեցէք: Հիւանդը, որ հիւանդութեան սկիզբը քիչ թէ շատ մարդու մը նմանէր, տրուած բոլոր խորհուրդներուն որոշ շրջաններ հետեւելով՝ հիմա կը նմանի մարդէ զատ ամէն բանի.- Ափրիկեան կապիկի, Եգիպտական կատուի, միջազգային գետնառիւծի, արեւելեան աւանակի եւ աշխարհաքաղաքացի աղուէսի: Պարզապէս զոհ մը բժշկական քաղաքականութեան:

Կ՚ուզէ՞ք ուրիշ հակասութիւններ ալ: Բժիշկներ կան, որոնք իրենց գրութիւններով կը յանձնարարեն ժպտիլ, ըսելով, որ մէկ ժպիտը մէկ կողիկ ճաշակելու չափ օգտակար է: (Կողիկ ուտողներուն ժպիտը կը հասկնամ, սակայն ժպտողներուն կողիկ ուտելը չեմ հասկնար): Ուրիշ բժիշկներ ալ, իրենց գրութիւններով, մանաւանդ խօսքը մասնաւորապէս կիներուն ուղղելով՝ կը յանձնարարեն չժպտիլ, մորթը չաւրելու՝ խորշոմներ չունենալու համար։ Կիներուն երեսը արդէն դժուար կը ժպտի, այդ պատուէրին վրայ բացարձակապէս չի ժպտիր ու այրերն են, որ կ՚ունենան կնճիռներ: Ասկէ առաջ, բժիշկները, իրենց գրութիւններով, կը յանձնարարէին ջղայնութենէ տառապող երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն՝ մէկ բան.-Ամուսնութիւն:

Վերջերս, հոգեբան բժիշկ մը յայտարարեց, որ ընդհակառակը, ամուսնութիւնը շատ աւելի կը ջղայնացնէ արդէն ջղային երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները:

Իսկ ես բժիշկ չըլլալով՝ կրնամ ապացուցանել, որ հին տեսակէտն ալ սխալ է, նորն ալ: Ջղայնութիւն ունեցող երիտասարդներուն համար ամուսնութիւնը աղէտ է, իսկ ջղայնութիւն ունեցող երիտասարդուհիներուն համար ալ ամուսնութիւնը հրաշալի, կատարեալ ու միակ դարմանն է: Եւ ճշմարտութիւնն ալ ա՛ս է:

Բայց հակասութիւնները թուելը վերջ չունի: Ըսենք միայն որ այդ հակասութիւնները բանաստեղծական չեն, այլ բժշկական, որով կեանքի հակասութիւններ ըլլալէ աւելի՝ մահու հակասութիւններ են: Բժշկութիւնը մահուան մասնագիտութիւնն է, տեսակ մը մահագիտութիւն: Ամէն մէկ բժիշկ՝ կենդանի ցանկ մըն է մահագրական, առանց «տխրունի»ի: Անոնք գիտեն տրտմութիւններէն ծաղկեցնել ցնծութիւններ:

***

Եթէ մարդ կարենայ հետեւիլ աշխարհի բոլոր թերթերու տուած լուրերուն, պիտի տեղեկանայ, որ օրական առնուազն կան տասն լուրեր՝ որոնք կը պատկանին բժշկական յառաջդիմութեան: Ուրեմն ամէն օր, բժշկութիւնը կը քալէ: Հակառակ ամէն օր քալելուն, դժբախտաբար, չի կրնար հասնիլ հիւանդութիւններուն, որոնք կը յառաջդիմեն թռչելով եւ մարդիկ թռցնելով:

***

Բժիշկներուն ետեւն ու առջեւը լեցուն են սխալներով, որոնք, բարեբախտաբար, անտեսանելի են: Իրենց ապագայ սխալները չեն երեւիր, քանի որ դեռ երկունքի մէջ են: Իրենց ներկայ սխալները դարձեալ չեն երեւիր, քանի որ քօղարկուած են խանձարուրներով: Իսկ իրենց անցեալ սխալները նոյնպէս չեն երեւիր, քանի որ խորունկ թողուած են: Տեսանելի է միայն իրենց հեղինակութիւնը, խորհուրդներու ճառագայթներով:

***

Ճանչցայ հարս մը, որ սաստիկ կ՚ատէր իր կեսուրը: Բայց երբ կեսուրը հիւանդացաւ, հարսը հակառակ իր բուռն ատելութեան, սկսաւ բժշկական բոլոր խորհուրդները կէտ առ կէտ գործադրել վայրկեանը վայրկեանին: Երբ իր հակասական վերաբերումին պատճառը հարցուցի՝ պատասխանեց.

-Չկան աւելի մահացու բաներ, որքան… բժշկական խորհուրդները:

1956, թիւ 9

ՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ՏԵՍԱԿԸ ԿԱՅ

Երիտասարդ մը կը ներկայանայ երիտասարդ բժշկի մը ու կը յայտնէ իր անհանգստութիւնները:

Բժիշկը յետ քննութեան, կ՚ըսէ.

-Բարեկամս, դուք պէտք է քալէք, նոյնիսկ արագ քալէք, մինչեւ անգամ վազէք…

-Բայց, տոքթոր, ես մարզիկ եմ ու կը մասնակցիմ վազքի մրցումներու:

-Օ՜… Խնդիրը փոխուեցաւ, հասկցուեցաւ: Այդ պարագային, պէտք է հանգչիք… Հանգիստը շատ կարեւոր է ձեզի համար: Քանի մը շաբաթ հանգիստ կը յանձնարարեմ:

-Բայց ամիս մըն է որ կը հանգչիմ ակամայ:

-Չեղա՛ւ, չեղա՛ւ: Քանի մը շաբաթ պէտք է հանգչիք կամաւորապէս: Հանգիստը ունի իր տեսակները…

-Տոքթոր, ես ոտքերով վազող մարզիկ մըն եմ, դուք ալ բերնով եւ մտքով վազող մարզիկ մըն էք: Եւ անմրցելի կ՚երեւիք:

-Շնորհակալ եմ ձեր գովեստին համար: Ամէն մարդ թէ՛ վազելու, թէ՛ հանգչելու է: Գոնէ մարդուս մէկ մասը վազելու է:

-Մանաւանդ երբ մարդ հեղուկ մասեր ունի, ջրոտած մասեր…

1963, 12

ՀԻՒԱՆԴ ԲԺԻՇԿ ՄԸ

Բժիշկ բարեկամ մը տկար ըլլալով՝ մէկ ամսուան համար մեկնած էր օդափոխութեան ընտանեօք (կինը եւ երկու զաւակները):

Մեկնած էր տկար, վերադարձած էր հիւանդ. սակայն, ոտքի վրայ կը պահէր ինքզինքը, կարենալ աշխատելու համար:

Գացի հիւանդտեսի:

Երբ իր որպիսութիւնը հարցուցի, եղերականօրէն պատասխանեց.

-Կործանած եմ թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛

 նիւթապէս, թէ՛ բարոյապէս:

-Խեր ըլլայ, ի՞նչ պատահեցաւ…

-Դուք չէք հասկնար, դուք չէք ուզեր հասկնալ ասանկ խնդիրները:

-Բայց ըսէք, թերեւս ըմբռնեմ, թերեւս ալ բարեկամական խորհուրդ մը կարենամ տալ:

-Ապարդիւն է: Խորհուրդով մորհուրդով լուծուելիք հարց չէ: Եղածը եղած է, ու եղածը սոսկալի է ու անդարմանելի:

Այդ միջոցին հիւանդ մը ներս մտաւ, որով ընդհատուեցաւ մեր խօսակցութիւնը:

Գացի տեսնել իր տիկինը, որ աւելի մօտ բարեկամ մըն է մեզի. հարցուցի իր ամուսինին ողբերգական վիճակին պատճառը:

Տիկինը պոռթկաց.

-Չեմ գիտեր միւսները, բայց մեր տոքթորը չափազանց նիւթապաշտ է: Տկար էր սրտէն: Գնաց մասնագէտի մը, որ յանձնարարեց օդափոխութիւն ու հանգիստ: Չորսս միասին գացինք գաւառ: Եւ որովհետեւ սուղի նստաւ այդ միամսեայ հանգիստը, այս իրողութիւնը աւելի ազդեց իր սրտին վրայ: Տակաւին ուրիշ բան. գաւառ մեկնելէ առաջ, ամուսինս իր գործը յանձնեց երիտասարդ բժիշկի մը, որ մէկ ամիս փոխանորդէ իրեն: Վերադարձին տեղեկանալով որ երիտասարդ բժիշկը իր տասնհինգ հարուստ հիւանդները հիմնապէս դարմանած է, մեր տոքթորը ըսաւ.- «Չէի կարծեր որ այդ նորելուկ շոշորթը՝ այդքան ապուշ ու այդքան վարպետ է: Կործանեց զիս նիւթապէս դարմանելով իմ հարուստ յաճախորդներս»: Ու հիմակ, սրտին վիճակը աւելի գէշ է…

-Բայց իր սիրտը անսիրտ է եղեր: Կ՚երեւի իր հարուստ յաճախորդները տանիլ բերելով՝ դրամ կը քաշէր…

-Ճիշդ այդպէս: Ու հիմակ կը յայտարարէ, թէ փճացած է ֆիզիքապէս, նիւթապէս ու բարոյապէս:

-Ֆիզիքապէսն ու նիւթապէսը բաւական հասկնալի են, բայց սա բարոյապէսը ի՞նչ է…

-Ան է՝ որ իր յաճախորդներուն առջեւ խայտառակուեցաւ: Իր հարուստ յաճախորդները հիմա պիտի մտածեն ու ըսեն.- «Աս տոքթորը կամ անկարող մըն է՝ որ մեզ չկրցաւ բուժել, եւ կամ դիտմամբ չէր բուժեր, մեզմէ դրամ քաշելու համար…», հիմա հասկցա՞ք…

-Հասկնալը հասկցայ, բայց մէկ բան անհասկնալի կը մնայ տակաւին…

-Ո՞ր մէկը…

-Բժիշկ մը՝ ամէն մարդէ աւելի լաւ գիտնալու է իր եւ ուրիշներուն առողջութեան յարգը: Բժիշկ մը՝ ամէն մարդէ աւելի լաւ գիտնալու է նիւթին ունայնութիւնը: Բժիշկ մը, ամէն մարդէ աւելի լաւ գիտնալու է որ շահը իրականը, առողջապահական է ու հոգեկան:

-Բայց մեր տոքթորը չի հաւատար հոգիի: Հոգի ըսուած բան մը չի ճանչնար:

-Հիմա կը հասկնամ: Պատճառը ան է, որ իր հոգին իր նիւթապաշտութեան ճնշումին տակ տափակցած, փոքրացած ու դարձած է անճանաչելի:

Մեկնեցաւ ու մտածեցի իբրեւ բարոյական.- Հարուստ հիւանդները լաւ կ՚ընեն, որ սպասեն իրենց բժիշկին օդափոխութեան մեկնելուն, որպէսզի երիտասարդ, անփորձ ու փոխանորդ բժիշկի մը կողմէ կարենան դարմանուիլ հիմնապէս:

1959, թիւ 4

Թուայնացուց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020