ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԸ՝ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆ

Պոլսեցի մեծ լեզուաբան, հայագէտ եւ մտաւորական Հրաչեայ Աճառեան իր յուշերուն մէջ բաժին մը յատկացուցած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի ուսումնառութեան տարիներուն: Հակառակ անոր, որ Աճառեան Կեդրոնականի մէջ երկար չէ ուսանած՝ 1889-1893 թուականներու միջեւ, սակայն անուանի գիտնականին յուշերը այդ մասին շատ ջերմ են ու մանրամասն. կը նկարագրէ այդ չորս յագեցած տարիները, որոնք մեծ դեր ունեցան իբրեւ բանասէր իր պատրաստութեան վրայ:

Կեդրոնականը աւարտելով է, որ Հրաչեայ Աճառեան իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է նախ Գատըգիւղի Արամեան դպրոցին, այնուհետեւ Կարինի Սանասարեան վարժարանին մէջ: Յետոյ եւրոպական համալսարանները աւարտելէ ետք կրկին ուսուցիչի պաշտօնով մեկնած է Վաղարշապատ, Շուշի, Նոր Պայազէտ, Նոր Նախիջեւան, Թեհրան, Թաւրիզ եւ ամէնուր։ Ան յիշած է մանաւանդ Կեդրոնականի իր ուսուցիչները եւ իբրեւ տիպար իր աչքին առջեւ միշտ ունեցած է զանոնք: Անշուշտ որ յուշերուն մէջ կարօտով եւ ակնածանքով կը յիշէ նաեւ Արամեանի եւ Սանասարեանի ուսուցիչներէն շատեր:

Կեդրոնականի մէջ ուսանելու տարիներուն, ըստ աճառեանագէտներուն, ձեւաւորուած են ապագայ ականաւոր լեզուաբանին գիտական հետաքրքրութիւնները: Կեդրոնականի սան ըլլալու առաջին տարիէն ան խանդավառուած է հնդեւրոպական լեզուաբանութեամբ: Կեդրոնականի մէջ Աճառեան արդէն կը տիրապետէր աւելի քան տասն լեզուներու, լեզուներէն զատ մասնաւոր սէր կը տածէր պատմութեան հանդէպ, անոր ընթերցած առաջին մեծ աշխատութիւններէն էր Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»ը, այդպէսով ան մէկընդմիշտ կապուեցաւ գրաբարին եւ ունեցաւ իր մեծ ու անկրկնելի ներդրումը նաեւ գրաբարի մէջ:

Պոլսոյ սովորական թաղէ մը, արհեստաւորի մը ընտանիքէն դուրս եկած տղան, անցնելով հայագիտութեան ու լեզուաբանութեան հայ եւ օտար կաճառներէն, նշանաւոր դարձաւ ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ՝ օտարներուն մէջ եւ յաւերժ մնաց հայերէնի անխոնջ մշակը: Մինչեւ հիմա հայագիտութեան մէջ անգերազանցելի է այն գործը, որ կատարած է Հրաչեայ Աճառեան:

Կեդրոնական վարժարանին կապուած է նաեւ Աճառեանի մականունին պատմութիւնը: Ի սկզբանէ ան գրուած է Հրաչեայ Յակոբ, ինչպէս ընդունուած էր այդ տարիներուն՝ հօր անունը գործածելով իբրեւ մականուն, երբեմն գրուած է Հրաչեայ Յակոբեան, յետոյ՝ Կռճիկեան, իսկ թէ ինչպէս Կռճիկեանը Աճառեան դարձած է, կը պատմէ ինք՝ Աճառեան.

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Սամաթիայի դպրոցը աւարտելէ ետք, կա՛մ ուսումս պիտի շարունակէի, կա՛մ արհեստի մտնէի: Հայրս ուսումը ընտրեց:

Սամաթիայի դպրոցը իր նմաններուն մէջ լաւագոյնն էր. անկէ աւելի բարձր նախակրթարան չկար: Բայց նոր բացուած էր երկրորդական դպրոց մը, որուն հիմնադիրը Ներսէս Պատրիարքն էր: Կային երկու երկրորդական վարժարաններ եւս՝ Պէրպէրեան եւ Մեզպուրեան, որոնք ինծի յարմար չէին. Պէրպէրեանը շատ հեռու էր մեր տունէն՝ Սկիւտարի մէջ, եւ մեծահարուստ ընտանիքներու զաւակներուն դպրոցն էր: Մեզպուրեանը մօտ էր՝ Գում-Գաբուի մէջ, բայց նոյնպէս սուղ էր: Սովորական լեզուներէն զատ, հոն կը սորվէին հին յունարէն, լատիներէն, պուլկարերէն, ոուսերէն, ըստ պահանջի: Բայց աշակերտը ամէն մէկ լեզուի համար առանձին գումար պէտք է վճարէր: Ես չէի կրնար: Որոշեցի Կեդրոնական երթալ:

Կեդրոնականի մէջ երկու կրթաթոշակ կար. հարուստներուն համար՝ տարեկան 12 ոսկի, միջակ դասակարգին համար՝ 6 ոսկի: Կային նաեւ ձրի ուսանողներ: Ես ընդունուեցայ իբրեւ ձրիավարժ աշակերտ:

Դպրոցի տնօրէնը նշանաւոր Մինաս Չերազն էր: Դասընկերս՝ Ներսէս Թիւլեանը եւ ես ուզեցինք անմիջապէս երկրորդ դասարան մտնել: Չերազը պատասխանեց, թէ այդպիսի բան եղած չէր տակաւին:

-Գո՛հ եղէք, եթէ առաջին դասարան կարենաք մտնել:

-Բայց մենք սամաթիացի ենք,- ըսի ես սամաթիական գոռոզութեամբ:

Չերազը խնդաց եւ որոշեց որ քննութենէն կախում ունենայ մեր դասարանը: Բայց անարդար կարգադրութիւն մը ըրաւ. զիս ժամանակաւոր կերպով նստեցուց առաջին դասարան, իսկ Ներսէսը՝ նոյնպէս ժամանակաւոր կերպով՝ երկրորդ դասարան: Ներսէսին հայրը իր լաւ բարեկամն էր: Քննութենէն ետք, երկուքս ալ ընդունուեցանք երկրորդ դասարան:

Մուտքի թուականէն ամէն աշակերտ թիւ մը կը ստանար Կեդրոնականին մէջ: Առաջին աշակերտը, որ 1885-ին մտած էր դպրոց, Գարեգին անունով սեբաստացի տղայ մըն էր եւ կը կրէր 1 թիւը: Ես ստացայ 150 թիւը, Ներսէսը՝ 151-ը: Օտար ուսուցիչներ կային, որոնք չէին կրնար մեր անունները արտասանել: Անոնք մեզ թիւերով դասի կը հանէին: Բոլորս ալ սեւ համազգեստ կը կրէինք՝ բարձր օձիքով եւ կարմիր երիզներով: Օձիքին երկու կողմերը ոսկետառ գրուած էր «Կեդր. Վարժ»: Գլուխնիս ֆէս կը դնէինք: Այս ձեւով մեր համազգեստը չէր զանազանուեր զինուորականէն, եւ յաճախ պետական շէնքերու առջեւ պահակ կեցած զինուորները բարեւ կու տային մեզի, մանաւանդ գիշերները: Դասարանին մէջ կը հագնէինք մոխրագոյն երկար շապիկ մը, որու կուրծքին գրուած էր մեր թիւը: Դասը չգիտցող աշակերտները իրենց շապիկը կը փոխէին գիտցող աշակերտի մը հետ եւ անոր լաւ նիշը իրենք կը ստանային։

Մէկ անգամէն երկրորդ դասարան մտնելս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ կեանքիս վրայ: Եթէ մէկ տարի ուշ աւարտէի Կեդրոնականը, Եւրոպա պիտի չկրնայի երթալ, Պոլիս պիտի մնայի կոտորածներու շրջանին եւ թերեւս բանտի կամ ջարդի զոհ ըլլայի, ինչպէս իմ ընկերներէս շատերը եղան:

Կեդրոնականին կապուած է նաեւ իմ մականունիս պատմութիւնը:

Թուրքերը մականուն չունէին առաջ. մարդիկ կը յիշուէին անունով եւ հայրանունով: Ինքնութեան թուղթերու մէջ այդ երկուքը կը գրուէին միայն: Դպրոցներու մէջ ալ այդպէս էր: Սամաթիայի դպրոցը ես Հրաչեայ Յակոբ էի: Երբեմն ալ կը գրէին Յակոբեան:

Օր մը հոգաբարձութիւնը պատուիրեց մեզի խորհրդակցիլ տնեցիներուն հետ եւ մականունով արձանագրուիլ: Շատեր մեծ հայրերու անունով կազմեցին մականունները: Իմ մեծ հօրս անունը Յարութիւն էր, հայրս առաջարկեց Յարութիւնեան գրել: Բայց ես անունով մականուն չէի սիրեր: Հօրս հարցուցի.

-Քեզի ի՞նչ ծաղրանուն կու տան շուկայի մէջ:

-Կռճին Ակոբ կ՚ըսեն: Ես հաւնեցայ այդ անունը եւ կազմեցի Կռճինեան մականունը: Բայց հոգաբարձուները ըսին թէ այդ տեսակի անուն չկայ եւ Ն գիրը Կ-ի փոխելով ըրին Կռճիկեան: Սամաթիայի մէջ նշանաւոր Կռճիկեան մը կար արդէն, պոլսեցի առաջին անգլիախօս հայը: Սամաթիայի ընկերներս մականունս խեղաթիւրելով կռճիկ կ՚ըսէին ինծի, պռճիկ, մռճիկ, տռճիկ: Երբ Կեդրոնական արձանագրուեցայ, Կռճիկեանը գրաբարի վերածեցի եւ դարձուցի Աճառեան, այսինքն «օճառեան»: Կեդրոնականի ընկերներս ալ «աճառ»ով ծաղրանուններ սկսան շինել. աճառ կ՚ըսէին, պաճար, վաճառ, տաճար, հանճար, կաճառ… Այս վերջին բառը հոմանիշ է «ակադեմիա»ի: Հետաքրքրական է որ իմ կեանքիս վերջին հանգրուանն է «Հայկական ակադեմիա»ն...

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԵԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ

Կեդրոնական մնացի չորս տարեշրջան. 1889-90-էն 1892-93: Այս չորս տարիներու ընթացքին ծանօթացայ շատերու, աշակերտ եւ ուսուցիչ: Յիշեմ մէկ քանին:

Արշակ Չօպանեանը առաջին շրջանաւարտներէն էր: Ան դպրոցական տարիներուն յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ կը տպէր «Ֆանթազիօ» ծածկանունով: Վերջին տարին հրատարակեց վիպակ մը՝ «Թուղթի Փառք» վերնագիրով, յետոյ բանաստեղծութիւններու տետրակ մը՝ «Թրթռումներ» եւ հատոր մը՝ «Արշալոյսի Ղօղանջներ»: Այնուհետեւ Փարիզ գնաց եւ սկսաւ հրատարակել «Անահիտ» գրական հանդէսը:

Երուանդ Մանուէլեանը նոյնպէս Փարիզ գնաց՝ համալսարանը ուսանելու: Անոր մասին հետաքրքրական դէպք մը կը պատմէին: Քիմիագիտութեան դասախօսը դաս կը բացատրէ եւ զանազան տարազներ կը գրէ գրատախտակին: Յանկարծ Մանուէլեանը կը ցատկէ տեղէն եւ կը պոռայ՝ «C՚est faux» (սխալ է): Դասախօսը իր քով կը կանչէ զինք եւ կը հարցնէ. «Ի՞նչը սխալ է»: Երուանդը բոլոր տարազները կը բացատրէ, կը կենայ տեղ մը եւ կ՚ըսէ.

«Ա՛յս է սխալը»: Դասախօսը երկար կը դիտէ գրատախտակը եւ կ՚ըսէ. «Ճիշդ է ձեր ըսածը: Դուք ո՞վ էք»: Երուանդը կը պատասխանէ՝ «Ես հայ եմ, Կեդրոնական վարժարանէն»: Դասախօսը իր խնամակալութեան տակ կ՚առնէ զինք:

Արմենակ Իփէքեանը դերասանական մեծ ընդունակութիւն ունէր: Երբ կովկասահայ խումբ մը Պոլիս եկաւ, Արմենակը միացաւ անոր: Հայրը, հին-գլուխ մարդ, արգիլեց տղուն իր մականունը կրել: Ան ալ Արմէնեան մականունը առաւ ըսելով՝ «Եթէ հայրս չ՚ընդունիր զիս, ազգս կ՚ընդունի»: Հետագային ան Կովկասի մէջ նշանաւոր դարձաւ Արմէն Արմէնեան անունով:

Աշակերտ չէր, ուսուցիչ չէր, բայց մեզի շատ օգտակար կ՚ըլլար մշեցի պանդուխտ մը, որ դպրոցին մէջ հաց, պանիր, խաղող եւլն. կը ծախէր ճաշ չբերող աշակերտներուն: Ան, իբրեւ մշեցի, անսխալ կը գործածէր զ-ով հայցականը: Մենք կը փորձէինք զինք, տեսնելու համար թէ կրնա՞ր պատահիլ որ սխալէր: Օրինակ կ՚ըսէինք՝ «զճրագ ինկաւ»: «Ո՛չ,- կը պատասխանէր, - զճրագ ձգեցի»: Այն աշակերտները, որոնք շատ վստահ չէին իրենց շարադրութիւններուն մէջ զ մասնիկի գործածութեան, այս մշեցիին օգնութեան կը դիմէին:

Մելքոն Կիւրճեանը Կեդրոնականի մէջ ալ ուսուցիչ էր: Իր մասին խօսած եմ արդէն: Եղիա Տէմիրճիպաշեանի մասին ալ դեռ առիթ կ՚ունենամ մանրամասն խօսելու: Ահաւասիկ քանի մը ուրիշ ուսուցիչներ:

Թովմաս Թերզեան բանաստեղծը մեր ֆրանսերէնի ուսուցիչն էր: Մոլեռանդ կաթոլիկ էր: Յետոյ գիտցանք որ ծագումով հայ ալ չէ: Հայրը, Մխիթարեաններու դպրոցի դերձակը, իտալացի է եղեր, իսկ մայրը՝ յոյն: Հօրը մահէն ետք, Մխիթարեանները պահեր են զինք եւ ուսում տուեր իրեն: Դասարան մտնելէ առաջ ան կ՚ըսէր. «Կարծես դդմենեաց անտառ կը մտնեմ: Այս ի՞նչ աշակերտներ էք դուք: Կաթոլիկ վարժարանի աշակերտները բարեկիրթ են»:

Յակոբ Պոյաճեանը ուսողութիւն կը սորվեցնէր մեզի: Շատ լաւ մասնագէտ էր եւ ուղղամիտ մարդ: Նիշ դնելու մէջ ժլատ էր, բայց լաւ սորվող աշակերտները լաւ կը գնահատէր: Օր մը զիս դասի հանեց եւ հարցուց, թէ ինչպէ՞ս կը չափեն տրապէզի մակերեսը: Ես իր սորվեցուցածէն տարբեր ձեւ մը գործածեցի, անկիւնէ անկիւն գիծ մը քաշելով երկու եռանկիւնի վերածեցի տրապէզը եւ այս ձեւով չափեցի: Սխալ չէր: Պոյաճեանը հարցուց.

-Տղա՛ս, այդ ձեւը ուրկէ՞ գիտես:

-Գիտէի՛,- պատասխանեցի:

-Մօրդ արգանդը եղած ժամանակէ՞դ գիտէիր,- ըսաւ:

Յակոբ Պարոնեանը հաշուապահութիւն կը դասաւանդէր: Բարձրահասակ, երկարավիզ, յունական քիթով մարդ մըն էր: Զափազանց լուրջ եւ ուղղամիտ: Նաեւ շատ բարի. ցած թուանշան դնել չէր գիտեր: Երբ աշակերտը դասը բնաւ չգիտնար, «Ա՛ռ քեզի 6 մը» կ՚ըսէր եւ տեղը կը ղրկէր: Վերջին անգամ զինք տեսանք այն օրը, երբ դիտողութիւն ըրաւ դասընկերոջը դաս յուշող աշակերտի մը.

«Ով որ ընկերոջ քովէն կ՚ըսէ, անոր տունը կը քանդէ»: Եւ երկար ճառ մը խօսեցաւ ընկերասիրութեան եւ պարկեշտութեան մասին: Վեց ամիս հիւանդ պառկելէ ետք մեռաւ Պարոնեանը:

Հիմա Կեդրոնականի տեսուչներուն մասին:

Մինաս Չերազը, որ տեսուչ էր երբ ես Կեդրոնական մտայ, տարին չաւարտած փախաւ Եւրոպա: Սուլթանը, վախցնելու համար հայերը, որոշած է եղեր կախաղան բարձրացնել զինք Պերլինի վեհաժողովին մասնակցած ըլլալուն համար: Չերազը Լոնտոնի մէջ սկսաւ հրատարակել L՚Armenie պարբերականը ֆրանսերէն լեզուով:

Չերազէն ետք տեսուչ եղաւ Գրիգոր Մարգարեանը, բայց միայն երեք ամիս: Անոր յաջորդեց զուիցերիացի մը, որուն անունը մոռցած եմ: Խնամակալութիւնը պատահաբար գտած էր զայն եւ առանց հարցուփորձի երեք տարուան պայմանագրութիւն կնքած հետը: Անպէտք մարդ էր, անիմաստօրէն խիստ, հարբեցող: Դպրոցը գինի կը պահէր: Աշակերտները օր մը գտան գինիի տակառը եւ խմեցին, պարպեցին: Այս զուիցերիացին երեք ամիս միայն մնաց Կեդրոնական: Խնամակալութիւնը ի վերջոյ դուրս դրաւ զինք՝ ստիպ-ւած վճարելով երեք տարուան թոշակը:

Յարութիւն Մոստիչեանը յաջորդեց զուիցերիացիին եւ պաշտօնի վրայ մնաց մինչեւ իմ շրջանաւարտ ըլլալս: Անկէ ետք քանի մը տարի ալ մնաց, յետոյ հաստատ-ւեցաւ Անգլիա: Ան լաւ տեսուչ էր՝ համեստ, պարտականութեանը գիտակից, մանկավարժական մօտեցումի տէր: Անիմաստ պատիժներ չէր տար, կը փորձէր խրատով ուղղել սխալ գործող աշակերտը: Օրինակ, իրիկունը իր քովը կը կանչէր, ժամ մը խրատ կու տար, եւ այդ ժամուան մը ուշացումը պատիժ կը նկատէր:

Դ. եւ Ե. դասարաններուն մէջ մեր ուսուցչական կազմը բոլորովին փոխուեցաւ, դասանիւթերն ալ շատցան եւ բարդացան: Այնպէս գիտութիւններ մտցուցին, որ համալսարաններու մէջ միայն կը սորվեցնեն:

Իբրեւ նոր լեզուներ կային պարսկերէնն ու արաբերէնը: Առաջինին ուսուցիչն էր Միհրան Աբիկեանը, որ նախապէս թրքերէն սորվեցուցած էր մեզի: Ան պարսկերէնի ուսուցման համար տետրակ մը պատրաստած էր եւ պարսկերէն քերականութիւն մը՝ թրքերէն լեզուով: Իր մեթոտը այնքան գեղեցիկ եւ դիւրին էր, որ առաջին դասէն իսկ մենք ըմբռնեցինք պարսկերէնի կառոյցը: Արաբերէնի ուսուցիչը թուրք մոլլա մըն էր, որմէ բան չսորվեցանք:

Գրաբարի մեր ուսուցիչն էր Անտոն Մատաթիա Գարագաշեանը, որ մենք պարզապէս Գարագաշ էֆէնտի կը կոչէինք: Շատ լաւ գրաբարագէտ էր. ամենէն անսովոր բառը գիտէր թէ քանի անգամ գործածուած է Եզնիկի այսինչ գլուխին մէջ, կամ Ոսկեբերանի այնինչ հատուածին: Աշխարհաբարը իրեն համար այլանդակութիւն էր. «Ի՞նչ ըսել է «իշխանութեան տակ», ըսէք՝ «ընդ իշխանութեան»: Շատ ծեր էր արդէն, բայց խելքը գլուխն էր դեռ: Չափազանց միամիտ էր: Օր մը իր ձախ կողմը կեցած աշակերտը ականջին փսփսաց, թէ աջ կողմը նստած աշակերտը գող է: Գարագաշը վախցած նայեցաւ անոր, յետոյ ժամացոյցը աջ գրպանէն հանելով դրաւ ձախ գրպանը:

Յովհաննէս Շահնազարը իրաւաբանութեան ուսուցիչ էր: Կաթոլիկ էր եւ լաւ հայերէն չէր գիտեր: Արփիարեանի հետ կը գլխաւորէր ազատական շարժումը եւ կը հրատարակէր «Հայրենիք» օրաթերթը: Դասագիրք չունէինք. ինք կը թելադրէր: Ամիսներ խօսելէ ետք, պահանջեց որ իր թելադրածները մաքուր տետրակի մը մէջ գրենք: Ընկերներս յիսուն էջնոց տետրակներ ներկայացուցին, ես՝ չորս թերթ: «Ա՞յս է մեր վեց ամսուան դասընթացքը», պոռաց Շահնազարը եւ մէկ կողմ նետեց թերթերս: Ես բացատրեցի, թէ ժամանակ շահելու համար սղագրած էի եւ համառօտագրած, երկար բառերուն տեղ կարճեր գործածած, կրկնութիւնները՝ զեղչած: «Բազմաթիւ» չէի գրեր, «շատ» կը գործածէի, յոգնակի ներ-ին տեղ՝ ք, եւլն.: Ան աւելի բարկացաւ: Դասի չէր հաներ զիս եւ միշտ միջինէն վար նիշ կը դնէր:

Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցը մեր կրօնի ուսուցիչն էր: Իր առանձին գիրքերը չէինք տեսած, բայց «Հատընտիր»ներու մէջ շատ բան կարդացած էինք իրմէ եւ կը սիրէինք զինք: Ան շուտով հիւանդացաւ ու մեռաւ:

Գարեգին եպիսկոպոսին տեղ մեզի ուսուցիչ եղաւ Մելքիսեդեկ Եպիսկոպոս Մուրատեանը, որ կաթողիկոսական առաջին թեկնածու եղած էր, բայց ռուս կայսրը չէր ուզած վաւերացնել անոր ընտրութիւնը: Մելքիսեդեկ սրբազանը արտասանութեան թերութիւն ունէր: Օրինակ, թրքերէն չէքիճ բառը, որ «մուրճ» կը նշանակէ, ինք վանեցիի պէս «չաքուճ» կ՚արտասանէր: Անունը դրած էինք «Չաքուճ»:

Շատ մը ուսուցիչներ իրենց դասը կը թելադրէին: Մենք ամէն ուսուցիչի համար նշանակած էինք աշակերտ մը, որ ուսուցիչին ըսածները արագօրէն կը գրէր. իրիկունը քիմիական մելանով մաքուրի կը քաշէր եւ յաջորդ օրը կը յանձնէր Ներսէս Թիւլեանին: Այս վերջինը, քիմիական աշխատանոցի օգնական, յատուկ խմոր մը պատրաստած էր, որով կը տպէր մեր գրութիւնները: Ես երկու դաս կը պատրաստէի. Գարագաշինը եւ Տէմիրճիպաշեանինը:

Օր մը Տէմիրճիպաշեանը գործածեց «կապտակապոյտ» բառը: Ես մատ բարձրացուցի եւ ըսի.

-Եղիա էֆէնտի, բառարանին մէջ «կապոյտ» իմաստով ուրիշ բառ մըն ալ կայ` «բիլ»: Չե՞նք կրնար «բլակապոյտ» գրել:

Ան դարձաւ աշակերտներուն եւ ըսաւ.

-Կապտակապոյտ-ը ջնջեցէ՛ք եւ գրեցէ՛ք բլակապոյտ: Քովն ալ փակագիծի մէջ գրեցէք՝ Աճառեան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020