ՀԱՅՈՑ ՀԱՐՑԻ ԹՆՃՈՒԿՆ ՈՒ ԼՈՒԾՈՒՄԸ

Բոլորս ալ անհանգստացած ենք հայու ու Հայաստանի ներկայով, առաւել եւս ապագայով: Իսկ օրացոյցը հետզհետէ կը պղտորի: Օրերը կը մնան մշուշի թանձրացող քօղին տակ: Ժամանակ առ ժամանակ ալ մեր քիթերուն կը հասնի արեան հոտը, որ չէ հասցուցած ցամքիլ. անդադար կը նորոգուի, եւ անխօս՝ ունի խոստմնալից ապագայ:

Անխտիր ամէն հայ մտահոգ է իր երկրի ներկայի ծանրագոյն վիճակով: Յիրաւի, երկիրը ունի փրկութեան հնարաւորութիւն: Երբեք ուշ չէ: Կարեւորը սթափութիւնն է, որ, աւա՜ղ, կը բացակայի այս հինաւուրց ժողովուրդի մէջէն: Հայը կրնայ ապաւինիլ միմիայն ինքզինքին ու իր Տէր Աստուծոյ: Մենք ուրիշ փրկութիւն չունինք: Մեր յոյսը Աստուած է ու մենք: Մենք պէտք չէ, որ մեր յոյսը դնենք, նստինք ու սպասենք, թէ ո՞ր բարեկամ կամ դրացի ժողովուրդը ձեռք պիտի մեկնէ մեզի:

Այստեղ կ՚ուզեմ յիշել մեր հոգեւոր հայրերէն՝ Տ. Ռուբէն Վարդապետ Զարգարեանի խօսքը: Ես՝ նուաստս, ամբողջութեամբ կը կիսեմ յարգարժան վարդապետի աստուածահաճոյ միտքը: Ան կարծես իմ հոգիէն բխած ըլլայ.

«“Ով սուր վերցնէ՝ սուրէն ալ կ՚իյնայ”: Այս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքն է, արտասանուած Իր ձերբակալութեան պահուն: Այս միտքը շատ յաճախ տեղի տուած է թիւրըմբռնումի. քրիստոնէութիւնը ներկայացնելով որպէս պատերազմը ամբողջութեամբ ժխտող երեւոյթ: Մինչդեռ կայ այս մտքի երկրորդ կողմը: Յիսուս կը հաստատէ պարզ ճշմարտութիւն մը, երբ մէկ կողմը սուր կը բարձրացնէ, միւս կողմը կը պատասխանէ սուր բարձրացնելով: Մէկ կողմը կը յարձակի, միւս կողմը կը պատասխանէ: Եւ այս միտքը ուղղուած է ոչ թէ արգիլելու՝ յարձակման պարագային պաշտպանուողի սուր վերցնելու իրաւունքը, ընդհակառակը, այս միտքը կը վերաբերի սուր վերցնողին, որ ունի նախայարձակ, անարդար տրամադրութիւն եւ նպատակներ:

Քրիստոնէութեան մէջ՝ արտայայտուած Հին ու Նոր կտակարաններով, ինչպէս նաեւ եկեղեցիի պատմութեամբ փաստուած եւ սուրբգրային ճշմարտութիւնները կեանքի մէջ մեկնաբանուած:

Եւ այսպէս, որո՞նք են այս ճշմարտութիւնները: Խաղաղութիւն կայ, որ հնարաւոր չէ հաստատել առանց պատերազմի: Եւ այստեղ մեծապէս կարեւոր է խաղաղութեան ու արդարութեան փոխկապակցուած ըլլալը: Ի՞նչ իմաստով: Բոլոր մակարդակներու վրայ, երբ տեղի կ՚ունենայ արդարութեան խախտում, մասնաւորապէս երբ կ՚արձանագրուի աղաղակող անարդարութիւն, այնտեղ չի կրնար խաղաղութիւն ըլլալ: Ես կ՚ուզեմ յիշել օրինակ մը. Ափրիկէի ազատագրական շարժումի առաջնորդներէն մէկուն հարցում մը կը յղեն. «Երկար տարիներ կռիւ կը մղէք. բազում մարդկային տառապանքներ, արիւնահեղութիւն, զոհեր, աւերածութիւններ... Ինչո՞ւ չէք հաշտուիր ձեր հակառակորդին հետ եւ հաշտ ու համերաշխ ապրիր»: Եւ ան կը պատասխանէ. «Այդ ի՞նչ հաշտութիւն պէտք է ըլլայ: Անոր տակ անընդհատ դրուած պէտք է ըլլայ ծխացող պատերազմի վտանգը, լեցուն առաւել տառապանքներով ու ողբերգութիւններով: Խաղաղութիւն կը հաստատուի այն պարագային, երբ վերացուի այս պատերազմի հիմքին մէջ ինկած անարդարութեան խնդիրը»:

Ուրեմն, մենք՝ որպէս հաւաքականութիւն, յստակ էթնիք պատկանելիութեամբ, այս պահին, յստակ այս աշխարհագրական դիրքին մէջ ապրող ու հնագոյն քաղաքակրթութիւն ունեցող ազգ, ունինք պատգամ՝ տրուած մեզի Աստուծմէ: Այն նոյն պատգամը, ինչ որ տրուեցաւ մարդուն՝ պահպանելու ու մշակելու այն, ինչ որ տրուած է քեզի: Մեր պատմութեան հոլովոյթին, աւա՜ղ, մեր անհամար սխալներու պատճառաւ, մենք չկրցանք մեզի աւադ ձգուած ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ, անխախտ պահել ու պահպանել: Եւ այսօր հասած ենք իրավիճակի մը, որ, նոյնիսկ մեր աշխարհագրական դիրքը նպաստաւոր չէ մշտական խաղաղութիւն պարտադրելու՝ երկու կողմէն մեզ աքցանի մէջ վերցուցած հակառակորդներու նկատմամբ: Ուրեմն, անբնական բնագիծերու մէջ ենք մենք: Եւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ տեւական այն ժամանակ, երբ մենք կը վերադառնանք մեր բնական աշխարհագրական դիրքը: Սակայն, ասոր հասնելու համար շատ կարեւոր է մեր պահպանելու միւս կարեւոր յատկութիւնը, որ արդէն կը վերաբերի մեր ժողովուրդի միասնականութեան, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան, մեր տնտեսական հզօրութեան, մեր պաշտպանական հզօրութեան: Եթէ Աստուած տուած է մեզի այս բոլորը, մենք իրաւունք չունինք սա չպաշտպանելու: Մենք իրաւունք չունինք սա չպահպանելու: Այս մեր առաքելութիւնն է: Քանզի պատերազմի ժամանակ կը հասկցուի, որ անձ մը, կը նշանակէ նաեւ մէկ էթնիք, մէկ ժողովուրդ: Երբ պատերազմի կ՚ելլեն ժողովուրդի դէմ, այդ կը նշանակէ, որ պատերազմի կ՚ելլեն ժողովուրդի, այդ ազգի հաւաքականութիւնը կազմող իւրաքանչիւր անհատի դէմ: Հետեւաբար մենք պէտք է ունենանք համայնակա՛ն մտածողութիւն, ազգայի՛ն մտածողութիւն: Իսկ ազգային մտածողութիւն ունենալու համար մեր մէջէն պէտք է նախ եւ առաջ հանենք այն բոլոր թիւր ընկալումները, որոնք կը վերաբերին կեղծ հաշտութեան օրակարգին: Ատոնք կը վերաբերին եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու, որոնք տասնամեակներ շարունակ պատերազմ չտեսան: Իրենց պէս ապրելու այս գայթակղութիւնը պէտք է վերացնենք մեզմէ: Մեր այսօրուայ սեպուհ պարտականութիւնն է՝ ծնիլ, ապրիլ, գործել՝ մեկնակէտ ունենալով մեր անվտանգութեան ներկայ իրավիճակը:

Պատմութիւնը մեր դաժան ուսուցիչն է: Սակայն մենք, երբ պզտիկ խաղաղութիւն մը տիրէ մեր կեանքերուն, մեր երկրի մէջ, մենք անմիջապէս կը մոռնանք այդ դաժան դասը: Մեզի կարելի չէ խաբուիլ: Մենք չունինք հերոսներու պակաս եւ պիտի չունենանք: Մենք ունինք իմաստութեան պակաս: Մենք ունինք այդ խաբուելու յատկութիւնը: Ի՞նչ կը նշանակէ հաշտութեան օրակարգ հարեւանի մը, կամ հարեւաններու հետ, որոնց օրակարգին մէջ չկայ այդ հաշտութիւնը:

Ի վերջոյ՝ հաշտուելու ենք, սակայն հաշտուինք պարտադրանքով: Հաշտութիւնը պէտք է պարտադրել, հնարաւոր չէ հաշտութիւն մուրալ: Մուրացուած հաշտութեամբ չես կրնար ունենալ արժանապատիւ կեանք մը: Չես կրնար ունենալ ազատ կեանք մը: Մենք պէտք է շարունակենք ապրիլ այս տրամաբանութեամբ ու մտայնութեամբ: Մակաբայեցիներու գիրքերը, որոնք մեծ ներշնչանքի առարկայ դարձած են նաեւ մեր Վարդանանց պատերազմի համար: Վարդանանց պատերազմը Սարդարապատի պատերազմի համար: Սարդարապատը՝ Արցախի համար: Կ՚արձանագրէ շատ յստակ՝ մենք զէնք կը վերցնենք պաշտպանելու մեր քաղաքը, տունը, տաճարը, եւ օրէնքները: Եւ վերջապէս, քանիցս խօսեցանք այս մասին՝ մենք իրաւունք չունինք չպաշտպանելու նաեւ մեր Աստուծոյ իրաւունքները այս տարածաշրջանին մէջ: Ուշադիր նայեցէք քարտէսը, այս մեր քաղաքակրթութեան վերջին կէտն է՝ քրիստոնէական: Եւ պէտք չէ անդադար յոյսը դնել ասոր կամ անոր օգնութեան վրայ: Այդ համագործակցութիւնը պարզ է, որ անհրաժեշտութիւն է: Մասնաւորապէս, թիւով սակաւ եւ հողով փոքրածաւալ ազգերը, որոնք կը գտնուին հակառակորդներով շրջապատած տարածաշրջանի մէջ՝ միշտ բարեկամներ, միութիւններ, ռազմական դաշինքներ ունենալու իմաստութիւնը պէտք է ունենան: Սակայն կը յարգեն անոր, որ կրնայ պաշտպանել իր իրաւունքները: Եւ Աստուած նաեւ այդ մարդոց հետ է՝ եթէ կ՚ուզէք գիտնալ: Եթէ մէկը իւր կեանքի գնով պատրաստ չէ իր ընտանիքը, իր հայրենիքը, իր սրբութիւնները, իր տաճարները պաշտպանելու, Աստուած ինչո՞ւ ներկայ պիտի ըլլայ այդտեղ: Այստեղ ալ կայ հիմքը՝ ազատութեան, քրիստոնէական ընկալումի: Դուն կ՚երթաս պաշտպանելու քու իրաւունքը, չես ընկրկիր, չունիս վախ, եւ քու հետ է Աստուած:

Այսօր՝ կան ընտանիքներ, որոնք ունին զաւակներ, զինուորագրուած են հայոց բանակին: Եւ կողքին ունինք բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք ոչ միայն չունին ընտանիք, չեն ամուսնանար, այլեւ նոյնիսկ անոնց միտքէն չ՚անցնիր... Ի վերջոյ, մենք ունինք դեմոգրաֆիական խնդիր մը: Ի վերջոյ մեր հզօրութեան առաջին գրաւականը հզօր ընտանիքներ ունենալն է: Հզօր գերդաստաններ ունենալն է: Շատ զաւակներ ունենալն է: Ասոնք պէտք են թէ՛ պաշտպանելու, թէ մշակելու համար: Մեր երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը ունէր իւր կարգախօսը. «Մարդն է, որ գործէ զերկիր»: Այսինքն՝ մարդն է, որ կը մշակէ երկիրը, հողը: Առանց մարդու ի՞նչ երկիր... Առանց մարդու ի՞նչ պաշտպանութիւն... Եւ շարունակելով այս միտքը, մենք իւրաքանչիւրս՝ մեր տեսակի մէջ թանկ ենք: Ես չեմ ուզեր ըսել առաւել ենք այս կամ այն ազգէն, այս կամ այն ժողովուրդէն: Այս խտրականութեան կամ սին պարծանքի, ազգային փառամոլութեան հարց մը չէ: Սակայն այս եօթ միլիառնոց երկրագունդի վրայ մենք՝ որպէս տեսակ, մենք որպէս քաղաքակրթութիւն ներկայացնող հնագոյն ազգ՝ շատ չենք թիւով: Հետեւապէս, մեզմէ իւրաքանչիւրը արժէք մըն է, ո՛չ միայն որպէս մարդ, այլեւ որպէս հայ: Եւ այս արժէքը պէտք է գնահատէ մեզմէ իւրաքանչիւրը:

Մի՛ սպաններ պատուիրանը, մի՛ գողնար պատուիրանը ո՛չ միայն պէտք է վերաբերի՝ մարդը մի՛ սպաններ, մարդոցմէ մի՛ գողնար, այլ առաւել, մասնայատուկ կերպով՝ հայը մի՛ սպաններ, հայէն մի՛ գողնար: Սիրէ՛ քու նմանը: Այո՛, առաջինը սիրէ՛ հայը»:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022