ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԱՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿԸ 94 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ ՄԱՀԱՑԱԾ Է «ՕՂԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐՔԱ»Ն

Ալպերթ Ազարեանը առասպել մըն էր…

Նշանաւոր հայազգի մարզիկը վայելեց մեծագոյն փառքը, որ կը վայելեն առասպել դարձած մարդիկ: Իր կեանքի օրօք Երեւանի մէջ դրուեցաւ իր կիսանդրին, մարմնամարզութեան մասնագիտական դպրոցը անուանակոչուեցաւ իր անունով եւ բազում պարգեւներ, շքանշաններ, կոչումներ ստացաւ ան՝ բոլոր ժամանակներու ամենանշանաւոր հայ մարզիկը:

Հայութիւնը մինչեւ վերջ պատուեց իր արժանաւոր զաւակը, որ հայութեան անունը բարձր պահած է աշխարհի ողիմպիական հարթակներու վրայ:

Ալպերթ Ազարեան մահացաւ սեպտեմբերի 5-ին՝ 94 տարեկան հասակին, հայութիւնը կը սգայ մեծ հայուն մահը, իսկ անոր անունը ոսկեայ տառերով գրուեցաւ պատմութեան մէջ:

Տակաւին անցեալ տարի մարմնամարզիկը ոտքի էր եւ անձամբ ներկայ էր մայրաքաղաք Երեւանի Մոսկովեան փողոցին վրայ դրուած իր արձանի բացումին:

Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէն անդրադարձ մը կատարած է Ալպերթ Ազարեանի մասնակցութեանը՝ Հռոմէական ողիմպիական խաղերուն:

Ինչպէս ծանօթ է՝ Հռոմի ողիմպիական խաղերուն Խորհրդային Միութեան հաւաքականի կազմին մէջ մասնակցած են նաեւ Հայաստանի պատուիրակները։ Անոնցմէ ախոյենական պատուանդանին կանգնած է հանճարեղ մարմնամարզիկ Ալպերթ Ազարեան։

Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէն, անդրադարձ կատարելով այդ օրերուն, կը նշէ, որ Ալպերթ Ազարեանի համար Հռոմի խաղերը երկրորդն էին։ Իտալացի մարզասէրները, սակայն, զայն ճանչցած են տակաւին 1954 թուականին՝ մարմնամարզութեան աշխարհի 13-րդ առաջնութեան ժամանակ, երբ խորհրդային մարզիկները առաջին անգամ ըլլալով մասնակցութիւն ունեցան աշխարհի առաջնութեան մը: Ի զարմանս շատերու, բացայայտ առաւելութեամբ Խորհրդային Միութեան պատուիրակները յաղթեցին ու նուաճեցին աշխարհի ախոյեանի կոչումը։ Ամենաջերմ համակրանքի արժանացաւ մեր հայրենակիցը՝ Ալպերթ Ազարեան։ Հանդիսականին գերեցին մանաւանդ մարզիկի գեղեցիկ կազմուածքը, օղակներու վրայ աներեւակայելի բարդ տարրերով համակցութիւնները, որ ան ցուցադրեց առաջնութեան ժամանակ: Դահլիճներու եւ ատեաններու մէջ չէին դադրեր հիացական բացագանչութիւնները։ Խորհրդային Միութեան լենինկրատեան առաջնութենէն յետոյ, մարզիկը համաշխարհային մարզասէրին առաջին անգամ ներկայացուց իր այցեքարտը՝ «ազարեանական խաչը», որ ուղղահայաց դիրքին մէջ մարմնի աջ եւ ձախ դարձումներն են:

Կրկին Հռոմ, ողիմպիական խաղեր, հնամենի բացօթեայ մրցասպարէզի հանդիսականներու շարքերը լեցուած են անթիւ-անհամար մարզասէրներով: Անոնց կարգին էր նաեւ Ազարեանի գեղեցկուհի կինը՝ Խորհրդային Միութեան մարմնամարզութեան վարպետ՝ Ելիզավեթա Ազարեան եւ մարզիկի անձնական մարզիչը՝ Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր մարզիչ՝ Սէմէոն Ղարակէօզեան։

Ազարեանին կը սպասէր համաշխարհային մարզասէրը, իսկ հայորդին ոսկի մետայլ նուաճելու յոյս կը փայփայէր։ Եւ սպասումները արդարացան. Ազարեան իր թիւով նուաճեց երրորդ ողիմպիական ոսկեայ մետայլը։ Ելոյթը աւարտելէ յետոյ «օղակներու արքայ» բնորոշումը ստացած մարզիկը իր կատարումներով կախարդուած մարզասէրներու լուռ հայեացքի ներքոյ, ցատկով մը «գամուեցաւ» հարթակին։ Մարզադաշտի մէջ պահ մը տիրեց քար լռութիւն եւ յետոյ միայն հիացած հանդիսականը գիտակցեցաւ, ընկալեց իրականութիւնը եւ ծափեր շռայլեց այնպէս մը, որ ողջ մարզադահլիճն ու շրջակայքը թնդացին: Մրցավարները ախոյեանը գնահատեցին ամենաբարձր՝ 10 միաւորով։ Մարզասէրը այդ մէկը քիչ նկատեց եւ պահանջեց բարձրացնել միաւորներուն քանակը։ Բայց կանոնադրութեան մէջ նման կէտ ու նման պայման չկար։

Համաշխարհային մամուլը հեղեղուեցաւ՝ Ազարեանին մասին պատմող հիացական յօդուածներով ու լուսանկարներով։ Հռոմը աւելցուց հայ մարզիկին ճանաչումն ու փառքը։ Բոլորին գերած էր քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած երկրի՝ Հայաստանի պատուիրակի՝ օղակներուն վրայ կատարած այդ հնարքը, զոր կոչեցին «հայկական խաչ»։ Մարզիկը իր մարմնով խաչի տեսք ընդունած էր:

Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի այս անդրադարձին մէջ կը նշուի, որ Ազարեանի յիշողութեան մէջ անջնջելի է սիրելի մարզիչ Սէմէոն Աբրահամի Ղարակէօզեանը։ Ամէն առիթով վարպետը իր յուշերէն պատառիկներ պատմած է սիրելի ուսուցիչի մասին եւ անպայման նշած, որ իր յաղթանակներուն համար պարտական է Հայաստանի մէջ մարզաձեւի տարածման ու զարգացման ջատագով այդ մարդուն:

Ալպերթ Ազարեան ծնած է 1929 թուականին: Քսան տարեկան էր, երբ իր ընտանիքը 1949 թուականին Վանաձորէն տեղափոխուած է Երեւան:

Հակառակ որ բաւականին ուշ սկսած է մարմնամարզութեան, բայց չափազանց կարճ ժամանակի ընթացքին անուանի դարձած է Հայաստանի, Խորհրդային Միութեան մէջ եւ աւելի քան տասնհինգ տարի եղած է անպարտելի իր ասպարէզին մէջ:

Ան հայաստանցի միակ մարզիկն է, որ տասնմէկ անգամ հռչակուած է Խորհրդային Միութեան ախոյեան (օղակներ, զուգափայտ, պտտաձող մրցաձեւերուն մէջ): Աշխարհի քառակի, Եւրոպայի բազմակի ոսկեայ մետայլի դափնեկիր է եւ աշխարհի միակ հայ մարզիկը, որ կը կրէր Ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեանի պատուաւոր կոչումը:

Ազարեանական առասպելը տարածուած է աշխարհով մէկ: Քրիստոնեայ հայ ժողովուրդը չափազանց բարձր կը գնահատէ իր ախոյեանին, քանզի ան առաջինը աշխարհի մէջ, արհեստավարժ մարզանքէն ներս, ցուցադրած է խաչը եւ զայն արձանագրած մարմնամարզութեան միջազգային անուանակոչութեան տարեգրութեան ախոյենական պատմագրքին մէջ:

Ինքնատիպ եւ տարբերուող էր նաեւ Ազարեանի ընտանիքը:

Հաւանաբար աշխարհի մէջ միակ ընտանիքն է, որ ունի միեւնոյն մարզաձեւին մէջ (մարմնամարզութիւն) Ողիմպիական խաղերու երկու ախոյեան, գումարած նաեւ ախոյենական ընտանիքի մայրը՝ վաստակաւոր մարզիչը, որուն հետ Ազարեան ծանօթացած է ուսանողական տարիներուն եւ որոշած է, որ իր կինը պէտք է ըլլայ: Անոնք ապրած են աղքատ տարիներ, չեն ունեցած տուն, ապրուստ, նոյնիսկ մատանի, որ պէտք է դրուէր նորահարսի մատին: Ամէն ինչ ստեղծած են միասին: Ալպերթ Ազարեան բախտաւորուած է երեք զաւակով՝ երկու աղջիկ եւ մէկ տղայ։ Տղան՝ Եդուարդ, հետեւած է հօրը եւ դարձած 1980 թուականին Մոսկուայի Ողիմպիական խաղերու մարմնամարզումի հաւաքական մրցումներուն ոսկեայ մետայլակիրը, իսկ 1978 թուականին Համաշխարհային ախոյենութեան խաղերուն անհատական ընդհանուր վարժութիւններուն պղինձէ մետայլակիր եւ հաւաքական ընդհանուր վարժութիւններուն՝ արծաթեայ մետայլակիր։ 1992 թուականէն ի վեր Եդուարդ Ազարեան կը բնակի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, հիմնած է մարմնամարզութեան դպրոց եւ կը զբաղի մարզական գործունէութեամբ։ Ցաւօք, վերջին տարիներուն, ճակատագիրը դաժան վարուած է Ալպերթ Ազարեանին հետ: 2021 թուականին, իրարմէ չորս օրուան տարբերութեամբ, քորոնա ժահրին զոհ գացած են անոր կինն ու դուստրը: Այս հանգամանքը ծանր ազդած է Ալպերթ Ազարեանին վրայ, իսկ ատկէ ետք ան ընկճուած հոգեվիճակներ կ՚ունենար…

ԴՐՈՒԱԳ ՈՐԴԻԻ ԿԵԱՆՔԷՆ

Եդուարդ Ազարեան նոյնպէս մարզիկի բուռն կեանք ունեցած է:

1974 թուականին, 16-ամեայ պատանի, Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ կը մեկնի Իրան: Այնտեղէն Եդուարդ Ազարեանը Հայաստան կը բերեն բժշկական պատգարակով: Բարձր մարզական զուգափայտերէն անակնկալ կերպով ինկած էր եւ կոտրած անրակոսկրը՝ ուսագօտիի զոյգ ոսկերներէն մէկը: Երեւանի մէջ բժիշկները ըսած են՝ պէտք է վիրահատել, բանալ կրծքավանդակը: Ընտանիքը չի համաձայնիր եւ հայրը որդին կը տանի Մոսկուա եւ իր վաղեմի թիմակցի՝ ողիմպիական ախոյեան Եուրի Թիթովի միջնորդութեամբ կը հանդիպի, կը զրուցէ նշանաւոր բժիշկ Ռէուտի հետ: Վերջինս իր նորաստեղծ սարքը առաջին անգամ կը գործածէ Եդուարդի համար: Մէկ ամսուան մէջ ան կ՚ապաքինի, նոյնիսկ կը վերադառնայ մարզական ասպարէզ, իսկ այս բուժման առթիւ բժիշկ Ռէուտին կը շնորհուի բժշկագիտութեան տոքթորի կոչում: Որոշ ժամանակ անց՝ մարզուելու ընթացքին կրկին անսպասելիօրէն կը կոտրուի պտտաձողի բռնակը եւ մարմնամարզիկը բերանքսիվայր կը փռուի յատակին: Դահլիճին մէջ գտնուող մարզիչ-մայրը կը կարծէ, թէ նորէն կոտրուած է ուսոսկրը եւ ճչալով կը վազէ դէպի զաւակը: Պառկած տեղէն Եդուարդը կը կանչէ՝ բան մը չկայ, ես լաւ եմ: Ու անտրտունջ, դժուարութեամբ ոտքի կը կանգնի: Մայրը միշտ հպարտութեամբ կը պատմէր, որ իրենց որդին մեծ ախոյեանին վայել կամք ունի:

ԿՈՉՈՒՄՆԵՐ, ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ, ԳՆԱՀԱՏՈՒՄՆԵՐ

Ալպերթ Ազարեան արժանացած է Խորհրդային Միութեան, Խորհրդային Հայաստանի եւ անկախ Հայաստանի բարձրագոյն պարգեւներուն եւ կոչումներուն: Այդ ամէնով հանդերձ, ան երբեւէ չէ տառապած աստղային հիւանդութեամբ ու մնացած է նոյն համեստ, հասարակ հայ մարդը:

Անոր համար կարեւորը իր հիմնադրած մարզադպրոցին մէջ մարզիկներու կողքին ըլլալն էր, փոքրիկներուն մարմնակրթութեան դասեր տալը, առնական տղամարդ ու հայ քաջարի զինուոր դաստիարակելը:

Համեստ, պարզ կեանք ապրած է նաեւ երիտասարդ տարիներուն: Հայրը արհեստաւոր էր:

1944 թուականին, հօր մահէն ետք, կը ստիպուի աշխատիլ իրեւ դարբինի աշկերտ, միաժամանակ երեկոյեան ժամերուն դպրոց կը յաճախէ:

1946 թուականին, կը սկսի զբաղիլ ըմբշամարտով եւ ծանրամարտով։

1948 թուականին, կ՚ընդունուի Մարմնակրթութեան հայկական պետական դպրոցը (Հայկական մարմնակրթութեան հիմնարկին մէջ), ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1952 թուականին։ Ուսման զուգահեռ, մարմնամարզութեամբ կը զբաղի։

1953 թուականին, Հայաստանի հաւաքականին հետ կը մասնակցի Լենինկրատի մէջ կայացած Խորհրդային Միութեան միջմարմնամարզական մրցումներուն եւ այդ ժամանակ էր, որ Խորհրդային Միութեան ախոյեան կը դառնայ օղակի վարժութեան մէջ։ Այնուհետեւ, Խորհրդային Միութեան հաւաքականին հետ կը մասնակցի բազմաթիւ ախոյենական մրցաշարքերու, որոնք տեղի ունեցած են 49 պետութիւններու մէջ՝ Ողիմպիական խաղեր, Համաշխարհային ախոյենութեան խաղեր, Ասիական խաղեր, Եւրոպայի ախոյենութեան մրցաշարքեր, Խորհրդային Միութեան միջերկիրներու ախոյենութեան խաղեր, Միջազգային մրցաշարքեր… Կը նուաճէ 45 ոսկեայ, 42 արծաթեայ եւ 10 պղինձէ մետայլներ։

Մարմնամարզումի օղակներու վարժութեան պատմութեան մէջ, Ազարեան երկու մարզիկներէն մէկն է, որ երկու Ողիմպականներու ոսկեայ մետայլակիր է։ Երկրորդը, ճաբոնցի Աքինորի Նաքայաման է, որ յաջողած է Ազարեանէն 12 տարի ետք՝ (1968, 1972)։

2012 թուականին, գլխաւորած է Հայաստանի մարմնամարզութեան եւ աքրոպաթիքի դաշնակցութիւնը:

2000 թուականին, կը հռչակուի Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի։

2000 թուականին, կ՚արժանանայ «Լոռուայ ասպետ» շքանշանին։

1964 թուականին, հիմնուած Երեւանի մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցը կը վերանուանուի «Ալպերթ Ազարեան» մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոց։

2000 թուականին, Հայաստանի Մարզական մամուլի լրագրողներու դաշնակցութեան կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ 20-րդ դարու Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը։

2007 թուականէն սկսեալ ամէն տարի կը կազմակերպուի «Ալպերթ Ազարեան մարմնամարզումի մրցաշարք»ը։

2009 թուականին, Ազարեանի ի պատիւ դրոշմաթուղթ կը հրատարակուի։

2013 թուականին, կ՚արժանանայ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Ա․ աստիճանի մետայլին։

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պատուոյ նախագահն էր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնամարզութեան դաշնակցութեան նախագահը։

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶ

1964 թուականին, կը քաշուի մարմնամարզումի մարզիկի գործունէութենէն եւ յանձն կ՚առնէ «Երեւանի քաղաքային ժողովրդական կրթութեան մարմնամարզութեան մասնագիտացած դպրոց»ին տնօրէնութիւնը։

1964-2000 թուականներուն ընթացքին կայացող Ողիմպիական խաղերուն պատուաւոր հիւրը կ՚ըլլայ։

2004-ի (Աթէնք) եւ 2008-ի (Փեքին) Ողիմպիական խաղերուն բացման շքերթին, Հայաստանի հաւաքականին դրօշակակիրն էր։

27 յուլիսին Լոնտոնի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած «Լոնտոն 2012»ի Ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսաւոր արարողութեան Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշակակիրը նոյնպէս ինքը կ՚ըլլայ:

ԱԶԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ԽԱՉ

1953 թուականին, Հայաստանի հաւաքականին հետ Լենինկրատի մէջ կայացած Խորհրդային Միութեան միջմարմնամարզական մրցումներուն մասնակցած ատեն, օղակներու վարժութեան ոսկեայ մետայլը կը նուաճէ։ Օղակներու վարժութեան ունեցած ներկայացման ընթացքին, անգիտակցաբար կը յաջողի անկարելին՝ «խաչի վարժութեան» ժամանակ կանգուն կը մնայ երեք վայրկեան եւ մարմինը կը շրջէ մէ՛կ դէպի աջ, մէ՛կ դէպի ձախ։ Այս երեք վայրկեանուան ընթացքին կատարած վարժութիւններուն ամբողջութիւնը, Մարմնամարզումի միջազգային դաշնակցութիւնը կ՚անուանէ «Ազարեանական խաչ», որ յետոյ կրկնուեցաւ Հռոմի մէջ;

1 դեկտեմբեր 2022 թուականին, Երեւանի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցին մէջ տեղադրուած է Ողիմպիական խաղերու եռակի, Աշխարհի, Ասիական խաղերու, Եւրոպայի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանին կիսանդրին:

Կիսանդրիին հեղինակը քանդակագործ, Նկարիչներու միութեան անդամ Գերասիմ Շահվերտեանն է:

(Ըստ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նիւթերու եւ Վիքիփետիայի)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023