«ԱՄՕԹ ՉԷ՛ ՄՆԱՑԱԾ…»

Սիրտը իրեն յատուկ տրամախոհելու ձեւերը ունի, զորս բանականութիւնը չի կրնար ըմբռնել։ Սրտին կապուած զգացումները նոյնպէս ունին իրենց յոյզերն ու ամենատկար տեղերը, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով կ՚ազդուին, կը խախտուին եւ մարդը կ՚առաջնորդեն դէպի ամօթալի կենցաղակերպ եւ տուեալ անձին կատարել կու տան  տարաբնոյթ ու անմարդկային արարքներ։  Անամօթը անդիմակ կը գործէ եւ բազմաթիւ զոհեր կը կլանէ՝ իր մագիլներու միջոցաւ մարդու արժանապատուութիւնը, անունը, սրբութիւնը, նկարագիրը գերելով…։ Աներես-անամօթը երես չունենալով հանդերձ՝ մարդ արարածի աչքին գեղեցիկ, հրապուրիչ կը թուի եւ իր ոսկեզօծ բաժակով «որս» համարուող մարդուն թոյն կը հրամցնէ։ Իսկ «անմեղ» զոհը՝ մարդը անգիտակցաբար այդ մաղձը խմելով՝ կը սկսի իր մէջ ջլատել մարդս մարդ դարձնող սկզբունքները եւ յետս կոչել իր նպատակը, պատասխանատուութիւններն ու մարդկային իսկական կոչումը։

Անամօթութիւնը անզգամութեան ազգակիցն է։ Այս երկու ազգակիցները իրարու հետ ծնունդ կ՚առնեն, կը ծրագրեն ու կը գծագրեն, կ՚որոշեն եւ ըստ այնմ կը գործեն։ Կը գործեն՝ այրելով ու փշրելով, կը քանդեն՝ ոխակալութեամբ եւ ոսոխաբար, առանց մտածելու, որ մարդը կործանելով՝ աշխարհը իր բուն իմաստէն դատարկած կ՚ըլլան։ Համաշխարհայնացած 21-րդ դարը անամօթութիւնը «նորարարութիւն» կը համարէ։ «Նորարարութիւն», որուն պատճառով մարդկային արժեհամակարգն ու աշխարհահայեացքը ամբողջապէս եղափոխուած են։ Իսկ դուն, 21-րդ դարուն մէջ ապրող արարածդ, ուզես կամ չուզես, պէտք է քայլ պահես «նորարարութեանց» հետ՝ միտքդ, նկարագիրդ, հոգիդ միախառնելով այս հոգեմաշեցեալ ու հոգեքանդ  «նորարարութեան» հետ։

Ամօթխածութիւնը իր քօղով անամօթութիւնը փակող միակ առաքինութիւնն է։ Շարք մը հոգեբաններ դիտել տուած են, որ մարդ ամօթխածութեամբ ինքնագիտակցութեան եւ ինքնակառավարման բարձրացում կ՚ունենայ։ Տարուին կ՚ըսէ. «Ամօթահարուած մարդը իր հոգւոյն առկայութիւնը կորսնուցած կ՚ըլլայ եւ անդադար անապահով վիճակի մէջ կը գտնուի»։ Թոմկինս ամօթը. զարմանքը եւ վախը կը դիտարկէ որպէս մէկ զգացում, զոր նեարդային մեխանիզմին հետ սերտ առընչութիւն ունի։ Հելէն Լեւիս խօսելով ամօթի զգացման մասին՝ կ՚ըսէ. «Ամօթի զգացում ունեցող մարդը ինքզինք պզտիկ. ծիծաղելի եւ նուաստացած կը զգայ։ Իսկ երբ կ՚ուզէ իրավիճակը իմաստաւորել՝ անօգնականութեան. անընդունակութեան եւ անձեռնհասութեան վիճակի մէջ կը յայտնուի։ Ամօթը կրնայ արցունք եւ կարմրութիւն առաջ բերել. որոնք իրենց հերթին ամօթի զգացումը կը խորացնեն»։

Մանկավարժներ երիտասարդ ծնողներուն խորհուրդ կու տան երեխան դաստիարակելու ժամանակ անոր գիտակցութեան եւ սրտին մէջ ամօթխածութեան զգացումը դաջել ու ներդնել, որպէսզի իր համակ կեանքի ընթացքին բարոյական արժէքներով առաջնորդուի եւ ապրի։ Ամօթխած զաւակ դաստիարակել չի՛ նշանակեր երեխան ընկճուած եւ անինքնավստահ դարձնել։ Ծնողներ կան, որոնք կ՚ուզեն իրենց զաւակը լաւ դաստիարակել, սակայն եւ այնպէս երբեմն դաստիարակութեան միջին եզրը կ՚անդրանցնին՝ «շինելու փոխարէն՝ քանդելով» եւ թերարժէքութեան բարդութաւորման հոգեվիճակ ստեղծելով։ Մանկավարժական հետազօտական ուսումնասիրութեանց տուեալներու վրայ հիմնուելով, փաստուած է, որ ամօթխած մանուկները ընկերային շրջանակներէ կը խուսափին ու կը մեկուսանան, հազուադէպ զրոյցի մէջ կը մտնեն, աւելի շատ կը լսեն, քան՝ կը խօսին, չեն կրնար իրենց կարծիքը բացայայտ ներկայացնել, իրադրութիւնը համարժէք ընկալել, տրամաբանօրէն մտածել եւ որոշում կայացնել։

Մանկավարժ-հոգեբան Նարցին խօսելով ամօթխածութեան ծայրայեղութեան մասին, կը  բացատրէ, թէ իւրաքանչիւր ամօթխած մարդ իր վերահսկողը ունի. որուն ազդեցութեամբ հոգեպէս ու մտապէս կը շարժի եւ կը գործէ։ Այս վերահսկիչը կրնայ իր ծնողքը, ուսուցիչը, ընկերը եւ կամ վստահելի ու գիտակից մարդ մը ըլլալ: «Ամօթխած անձը միշտ այդ քննողի ներկայութիւնը կը զգայ: Եւ քանի որ վերահսկողը մշտապէս կրնայ քննադատել զինք. ապա անոր համար որեւէ մէկ խօսակցութիւն, որոշում եւ ընտրութիւն կատարելը «տառապանք» մըն է։ Այսպիսի մարդիկ իրենց բոլոր բառերը, մտածումներն ու արարքները կասկածի տակ կ՚առնեն եւ չխայտառակուելու համար՝ կը նախընտրեն ընդմիշտ լուռ մնալ», կը շեշտադրէ Նարցին։ Եթէ մայր ես կամ հայր, յիշէ՛, որ անհամարժէք գնահատականի մշտական առկայութիւնը երեխայիդ ինքնագնահատականին վրայ բացասաբար ազդեցութիւն կրնայ գործել եւ պատճառ դառնալ անլիարժէքութեան բարդոյթի ձեւաւորման։ Զաւկիդ յարգանքի եւ ամօթխածութեան գծերը ցոյց տալով՝ ապագայ քաղաքակիրթ եւ մտաւոր մա՛րդն է, որ պատրաստած կ՚ըլլաս։ Իսկ անտեղի դիտողութիւններ կատարելով եւ անոր այս կամ այն սխալ արարքը մատնանշելով՝ անմեղ մանուկիդ հոգեկանը եւ ինքնագնահատականը քայքայած կ՚ըլլաս։ Միշտ գովէ զինք, ձիրքերը գնահատէ եւ գնահատելու միջոցին՝ անոր սխալները մեղմութեամբ ուղղէ։

«Ամօթ չէ՛ մնացած…»։ Ամօթի տեսակները բազմաշերտ են եւ բազմերես։ Տարիներ առաջ ամօթ համարուած երեւոյթները, այսօր բնական կը նկատուին, իսկ զանոնք ամօթ կոչելը՝ այլախոհութիւն եւ յետամնաց պիտակաւորում։ Նախապէս աղքատութիւնը սովորական երեւոյթ էր, իսկ այսօր ան կը դիտարկուի որպէս անճարակութիւն եւ ծուլութիւն։ Ամօթխածութիւնը առաքինի մարդու յարիր երեւոյթ էր, իսկ այսօրեայ աշխարհին մէջ ան կ՚ընկալուի որպէս բարդոյթի դրսեւորում։ Անկեղծութիւնն ու ազնուութիւնը կը գնահատուէին որպէս ընկերութեան կորիզը կազմող յատկութիւն, իսկ այսօր այս բառերը ամօթի իմաստ կը զգենուն։ Հին ժամանակ գեղագիտական վիրահատութիւնները ամօթ կը պատճառէին, իսկ այսօր նման միջոցներու չդիմելը յետամնացութիւն եւ սահմանափակ մտածելակերպ է։ Ժամանակին բջիջային հեռախօս ունենալը սովորական երեւոյթ էր, իսկ այսօր արար աշխարհին երկրպագութեան առարկան դարձած «iPhone» չունենալը ամօ՛թ է եւ ընկերութիւն կազմելու «գրաւականներէն» մէկն է։ Երեսուն տարիներ առաջ դաջուածքը ամօթի ցուցանիշ էր, իսկ այսօր գեղեցիկ երեւնալու պարտադիր պայման է…։ Յոռեշրջուա՛ծ մտայնութիւն։

Երբ կատարելութեան ձգտումը եւ կատարուած արարքներու ինքնագիտակցութիւնը մարդուն մէջ կը սկսին ի յայտ գալ, այն ատեն ամօթը կը փորձէ իրեն համար թաքստոց փնտռել, իսկ չգտնելու պարագային՝ քեզ ամէնուր կը պախարակէ եւ տկարութիւններդ մատնացոյց կ՚ընէ։ Ամօթը կը բացագանչէ, բայց ամօթխածութիւնը կը յուշէ մարդկային կոչումդ եւ կը յորդորէ ներսիդիդ ընդոծին դրուած բարոյական արժէքները վերարթնացնել։ Ամօթը տարբեր մոլուցքներով կը փոթորկէ քեզ, իսկ ամօթխածութիւնը կը խրատէ, որ այդ ախտերէն հեռու մնաս։ Ամօթը կը վիրաւորէ, իսկ ամօթխածութիւնը անձանձրոյթ կ՚ուսուցանէ։ Ամօթը կը տապալէ, բայց ամօթխածութիւնը դարձեալ կը կառուցէ՝ միտքդ ու հոգիդ լուսաւորելով եւ ոգեզինելով։ Ամօթը կը փորձէ ճշմարտութիւնը սուտով ծածկել, իսկ ամօթխածութիւնը քեզ ճշմարտութեան հետ կ՚առերեսէ։ Ամօթը հաճոյքներով եւ մեղքով կը մոխրապատէ, իսկ ամօթխածութիւնը քեզ մաքրութեան քուրայէն անցընելով՝ կը մաքրազարդէ։ 

Այսօր, հայ կնոջ կերպարը դժբախտաբար դիմափոխուած է։ Հեզութիւնը, համեստութիւնը, պարկեշտութիւնը, ամօթխածութիւնը, արժանապատուութիւնը, սրբութիւնը, յարգանքը եւ մայրական կոչումը վերացած են եւ անոնց փոխարէն արմատ դրած են երեւութապաշտութիւնը, ուրիշին հաճոյանալու, ամուսինը դաւաճանելու բազմապիսի երեւոյթները…։ Այս բոլորը ո՛չ միայն մարդկային կոչումը աղարտող ցեխաթաթաւ ախտեր են, այլեւ՝ զաւկիդ հոգին ու միտքը կազմալուծող եւ անջիտող գլխաւորագոյն պատճառներ։ Եթէ փորձես գեղագիտական վիրահատութեանց շնորհիւ գեղեցկանալ, մարդուս աչքը շլացնող եւ գայթակղեցնող զգեստներ հագնիլ, «գեղեցիկ ես, հմայիչ ես» խօսքերով դիւթուիլ, ամուսնական ուխտդ խափանել ու դաւաճանել, վստահ գիտցիր, որ երբեք չես կրնար ընտանիքդ կայուն պահել եւ սրբութեամբ պահպանել, այլ ընդհակառակը՝ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՍ։ Ուրախութիւնը ընտանիքէդ դուրս մի՛ փնտռեր։ Այդ ցանկայարոյց կեանքդ անցողիկ եւ մակերեսային է։ Փարէ ընտանիքիդ, փորձէ ընտանիքիդ ուրախութեան կանթեղը սիրովդ, ամօթխածութեամբդ եւ զոհողութեամբդ մշտավառ պահել։

Սուրբ Կոյսը՝ Աստուածածինը մեծ մօրդ եւ նախնիներուդ համար դարձաւ իրաւ մայրութեան խորհրդանի՛շ, վաւերական, ճշմարիտ մայրութեան տիպա՛ր՝ իր զեղուն սիրով, ամբողջական նուիրումով եւ անարատ սրբութեամբ։ Հայ մայրեր ջանացին նմանիլ Աստուածամօր՝ իրենց պարզութեամբ, պարկեշտութեամբ, նուիրումով ու սրբութեամբ։ Եւ հայ ընտանիքը շնորհիւ հայ մօր եղաւ սիրոյ բոյն, խաղաղութեան յարկ, սրբութեան տաճար, ազգային հոգիի ու շունչի խորան, ազգային աւանդութեանց վառ օճախ, հայ հաւատքի եւ աստուածային երկիւղի սրբարան։ Առ այդ, քեզմէ դուրս վանէ օտարածին եւ ապազգայնացուցիչ սովորոյթները եւ դարձիր Աստուածամօր նման ճշմարիտ մայր մը։ Միշտ մտաբերէ, որ Աստուածածնի առաքինութիւններով իր կեանքը շաղախած հայ մայրն է, որ հայ ժողովուրդին տուաւ հաւատքը խաւարէն լոյսին նայելու եւ ուժը մահէն կեանքին ձգտելու ու գոյատեւելու որպէս ինքնուրոյն ազգ։ Դարերու ընթացքին որքան ալ ուժգին փոթորիկներ ու դառն աղէտներ շարունակ հարուածեցին հայ ժողովուրդը, ան մնաց կանգուն ու կենսայորդ, մնաց կորովի եւ աճեցաւ, բազմացաւ, ստեղծագործեց յաւերժութեա՛ն տենչով ու վճռականութեամբ։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ հայ ընտանիքը առողջ էր եւ ամրակառոյց՝ հայ մօր շունչով տաք, հայ մօր սրբութեամբ արեւոտ, հայ մօր սիրով առլցուն, հաւատքով ու անսասան, նուիրաբերութեամբ շէն ու պայծառ։

Պօղոս առաքեալ խօսելով այր եւ կնոջ յարաբերութեան մասին կ՚ըսէ. «Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է։ Ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր աձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը» (Եփ 5.22-23, 28, 33)։ Առաքեալը անդրադարձած է նաեւ կիներու հագուստին, զարդարանքին՝ ըսելով. «Ձեր զարդը արտաքին թող չըլլայ, ո՛չ մազերուն յարդարանքը, ո՛չ ոսկեղէնները եւ ո՛չ ալ զարդարուն հագուստները, այլ՝ սրտին մէջ ծածկուած, հեզ եւ խաղաղ հոգիի մը անկորնչելի գեղեցկութիւնը. եւ ա՛յդ է թանկագինը Աստուծոյ համար» (Ա.Պտ 3.3-4)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Նոյնպէս կ՚ուզեմ որ կիներ իրենք զիրենք զարդարեն խոնարհութեան զարդերով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» (Ա.Տմ 2.9)։

Սիրելի՛ ընթերցող, նաւաբեկեալ կեանքիդ մէջ ամօթի զգացում անտարակոյս ունեցած ես եւ տարիներ շարունակ զայն ապրած։ Ամօթահարման զգացումներ կան, որոնք ո՛րքան ալ փորձես բուժել՝ իրենց հետքը անպայման կը թողուն հոգւոյդ վրայ։ Ամօթի զգացումներ ալ կան, զորս քեզ աւելի կը յղկեն, կը կռանեն եւ կեանքի դաս կու տան։ Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Մարդուն աչքը թող ելլէ, անունը թող չելլէ»։ Արժանապատուութիւնդ, ընտանեկան սրբութիւնդ, ընկերներուդ նկատմամբ ցուցաբերած յարգանքդ ու անկեղծութիւնդ կեանքիդ ամենանուիրական հիմնասիւներն են։ Հիմնասիւներ, որոնք անզգամութեանդ, եսասիրութեանդ, ցանկութիւններուդ եւ նամանաւանդ անամօթութեանդ պատճառով կրնան կործանուիլ եւ խախտուիլ։

Ապրէ՛ կեանքդ յարաբերաբար Աստուծոյ եւ ո՛չ՝ մարդոց։ Աստուծմո՛վ ապրիլդ՝ կեանքդ կ՚երջանկացնէ, կը խաղաղեցնէ եւ կ՚իմաստաւորէ. մինչդեռ աշխարհապատկան եւ մարդահաճ կեանքովդ ժամանակդ վասն ոչինչի վատնած կ՚ըլլաս եւ ապրելու սիրոյն՝ ապրած։ Ամօթխածութեան զգացումը «մշտարծարծ» պահէ, խղճիդ ընկերը դարձուր զայն եւ իւրաքանչիւր քայլափոխիդ անոնց ձայնը լսէ։ Լսէ, որպէսզի անամօթ աշխարհին մէջ չամօթահարուիս…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017