ՀԱՅ ԳՐՉՈՒՀԻՆԵՐԸ

Հայ գրչուհիներուն մասին առաջին անգամ գրուած է միջնադարեան ձեռագրերուն մէջ, այնուհետեւ արեւմտահայ մամուլը իր սկզբնաւորման օրերուն անդրադարձած է այս շատ ինքնատիպ կիներուն, որոնք տղամարդոց հետ հաւասար ծաղկած են մեր անգին մատեանները: Միջնադարեան հայկական ձեռագիր գանձերը իրենց նկարազարդումներով կը թուին կատարեալ ըլլալ եւ այդ մէկը ոչ միայն տղամարդոց, այլ նաեւ՝ կիներուն շնորհիւ:

Գրչութեան մէջ ունեցած հայ կնոջ ներդրման մասին յօդուածներ գրուած են նաեւ խորհրդային տարիներուն: Սփիւռքի մամուլը նոյնպէս անդրադարձած է այդ խոնարհ կիներուն, որոնք վանքերու կամ մենաստաններու մէջ զբաղած են գրչութեամբ:

Արեւմտահայ, սփիւռքահայ եւ խորհրդային մամուլէն քաղելով, կը ներկայացնենք հայ գրչուհիներուն մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ: Անշուշտ, բոլոր հետազօտողները այն միտքը կը յայտնեն, որ ոչ բոլոր հայ գրչուհիներուն մասին մեզի տեղեկութիւններ հասած են, բայց կան աւելի քան քսան գրչուհիներ, որոնց անունները մնացած են պատմութեան մէջ եւ որոնք սերունդներուն ձգած են իրենց ընդօրինակած չքնաղ էջերը: Անոնք ընդօրինակած են ձեռագրեր, նկարազարդած են զանոնք եւ մասնակցած՝ հայ ձեռագիր արուեստը պահելու, պահպանելու սրբազան գործին: Գրչուհիներուն մէկ մասը իրենց կեանքը վանքին նուիրած կոյսեր ու միանձնուհիներ եղած են:

Ալիծ կոյսը ապրած ու ստեղծագործած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ։ Լեւոն Գ. թագաւորի (1236-1289) ժամանակակիցն էր եւ իր ժամանակի լաւագոյն վայելչագիր գրչուհիներէն: Կոյս մնացած է, քանի որ ինչպէս պատմական տուեալները կը վկայեն, փորձած է ամուսնանալ իրեն նման գեղեցիկ ձեռագիր ունեցող տղամարդու հետ: Ան յայտարարած է այդ մասին, բայց չէ գտնուած այն տղամարդը, որուն ձեռագիրը գոհունակութիւն կը պատճառէր գրչուհիին եւ կը դառնար անոր կեանքի եւ գործի ընկերը:

Կիլիկեան դպրոցին կը պատկանէր նաեւ Զապէլ գրչուհին, որ ապրած եւ ստեղծագործած է 13-րդ դարուն: Եղած է բարձրաբերդցի Կոստանդին քահանային դուստրը, սակայն գրչուհիին մասին միայն պատմական տեղեկութիւններ կան եւ անոր ընդօրինակած էջերը մեզի չեն հասած:

Ուստիանէ գրչուհիին մասին կը յիշատակուի 1356 թուականին ընդօրինակուած Ճաշոցի յիշատակարանին մէջ, առ այն, որ Ճաշոցին գրուելուն օգնած է նաեւ Ուստիանէն։ Ան ապրած է 14-րդ դարու կէսերուն։ Ձեռագրի գրիչ Աստուածատուրը Ճաշոցի յիշատակարանին մէջ գալիք սերունդներուն յորդորած է Ճաշոցէն օգտուելու ընթացքին յիշել նաեւ Ուստիանէն:

Գրչուհի Գոհար ապրած է 15-րդ դարու երկրորդ կէսին։ 1484-1486 թուականներուն ան Կեսարիոյ մէջ օգնած է հօրեղբօրը՝ Յովհաննէս Երզնկացի գրիչին, միասին ընդօրինակած են Ճաշոց մը եւ Աւետարան մը։ Գոհար մասնաւորապէս գործածուած մագաղաթները պատրաստած է նոր ընդօրինակուող ձեռագրերուն համար եւ նաեւ էջերուն վրայ տողեր քաշած է:

15-րդ դարու երկրորդ կէսին ապրած է նաեւ Ազիզմելիք գրչուհին, որ կինն էր Յովսէփ անունով քահանայի մը։ 1486-ին ան Արքայի վանքէն ներս ընդօրինակած է Աւետարան մը եւ հոգեւոր գիտելիքներ փոխանցած է իր որդւոյն: Մօրմէն ստացած գիտելիքներն ալ Ալեքսիանոսին օգնած են յետագային եպիսկոպոս դառնալու։

Գոհար անունով ուրիշ գրչուհի մը ունեցած ենք 17-րդ դարու առաջին կէսին, որ ըստ տեղեկութիւններուն, դուստրն էր Կիրակոս վարպետին եւ Մրուաթին: Գոհար գրիչը իր յիշատակարանին մէջ կը գրէ, թէ ծնողքը իրեն գրչութեան արուեստը սորվեցուցած է։ 1630 թուականին Գոհարը ընդօրինակած է Կանոնագիրք մը, որուն մէջ նիւթեր կան Նիկիոյ ժողովին մասին, կանոններ՝ Եզնիկ Կողբացիէն, Գրիգոր Լուսաւորիչէն, Սահակ Հայրապետէն։ Գոհար գրիչը կը յայտնէ, թէ ինք յոյժ ծանր պայմաններու մէջ աշխատած է: Հռիփսիմէ անունով գրչուհին ապրած է 17-րդ դարու կէսերուն, ստեղծագործած է Հալիձորի Սուրբ Աստուածածին վանքի կուսանոցէն ներս։ 1653 թուականին ան վանքի կամարներուն տակ ընդօրինակած է Խոսրով Անձեւացիի «Մեկնութիւն ժամագրոց» աշխատանքը։ Տեղեկութիւններուն համաձայն, ընդօրինակած է նաեւ Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» եւ «Խոսրով Մեծ» երկերը։

Գրիչ Մարիանէն ապրած է 17-րդ դարու կէսերուն։ 1650 թուականին ան Արկոչ գիւղին մէջ արտագրած է «Վարք Հարանց անապատականաց» ձեռագիրը։

Միանձնուհի Շուշան գրչուհին ապրած ու ստեղծագործած է 17-րդ դարու կէսերուն։ 1664-1666 թուականներուն Շուշան Երնջակ գաւառի Շոռոթ գիւղի Սուրբ Աստուածածին վանքի կուսանոցին մէջ արտագրած է Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէի եւ ուրիշ պատմիչներու երկերը։ 1666 թուականին Շուշան գրչուհին ընդօրինակած է Սողոմոնի առակները։

Ձեռագիրներու յիշատակարաններէն մէկուն մէջ ան գրած է. «Յոյժ անպիտանս կրօնս ապաշխարութեան եւ տգէտ եմ խիստ գրչարհեստութեան»։ Այս մէկը կը մեկնաբանուի իբրեւ համեստութեան նշան:

17-րդ դարու երկրորդ կէսին Երնջակ գաւառի Շոռոթ գիւղի Սուրբ Աստուածածին վանքի կուսանոցին մէջ ապրած ու ստեղծագործած է միջնադարու վաստակաշատ գրչուհիներէն մէկը եւս՝ Գոհարը։ 1667-1668 թուականներուն ընդօրինակած «Աղօթագիրս Նարեկացւոյ» ձեռագրի յիշատակարանին մէջ այս գրչուհին գրած է. «Ես՝ կոյսակրօն Գոհարս եղէ ցանկացող եւ եռափափաք սիրով ստացող այս հոգիաշունչ մատենիս, որ ջերմեռանդ սիրով զսա գրեցի»։

Ումրբէկի դուստր Մարգարիտ Ալեքսանեան ծնած է 1833 թուականին, Շուշի։ Երիտասարդ հասակէն Մարգարիտը զբաղած է նախ ձեռագործով, ապա՝ ձեռագրերու ընդօրինակութեամբ։ 1862 թուականին գրչուհին իր ընդօրինակած գեղագիր Աւետարանը ղրկած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հայրերուն։

Միջնադարեան հայ նշանաւոր գրչօճախներէն էր Ջուղան, ուր Մարիամ գրչուհի-մանրանկարչուհին ընդօրինակած է ձեռագրեր: Անոր ընդօրինակութիւններէն մէկը յայտնաբերուած է 1946 թուականին. արուեստաբան եւ գրականագէտ Արամ Երեմեան Պարսկաստանի Սպահան գաւառի Մամուռան գիւղին մէջ գտած է Գրիգոր Վարդապետ Տաթեւացիի «Գիրք քարոզութեան» գեղարուեստական երկի ձեռագիր նմոյշ մը, զոր արտագրած ու նկարազարդած է Մարիամ անունով ջուղայեցի նկարչուհին: Արամ Երեմեան յօդուած մը տպագրած է Մայր Աթոռի «Էջմիածին» ամսագրին մէջ, գրելով. «Սակայն գրչագրի գեղեցկութիւնը կը կազմեն մէկը միւսէն տարբեր ոճերով եւ բովանդակութեամբ վրձնուած մանրանկարներ, որոնցմէ յատուկ ուշադրութեան արժանի է 16-րդ էջի խորանը: Այդ մէկը նկարչական արուեստի գեղեցիկ ստեղծագործութիւն մըն է, որ կը գրաւէ իր նրբութեամբ եւ բանաստեղծական պատկերաւորութեամբ: Ընդգծենք նաեւ որոշ լուսանցքներու վրայ ճոխ երանգներով նկարուած գեղեցիկ զարդանկարները, թռչնազարդերը եւ գեղագրերը, որոնք իրենց ինքնուրոյն ոճով, գոյներու ներդաշնակութեամբ եւ գեղարուեստական որոշ նրբութեամբ ձեռագրին զատ գրաւչութիւն կու տան, միաժամանակ կը պարզեն 15-րդ դարու Հին Ջուղայի նկարչական դպրոցի էութիւնը: Այդ մանրանկարները այսօր առանձին արժէք ունին անով, որ կը պատկերեն նաեւ հայ նկարչական դպրոցի պատմութեան մինչեւ օրս անծանօթ նկարչուհիի մը պայծառ դիմագիծը»: Այդ ձեռագիրը այժմ կը գտնուի Էջմիածնի Մատենադարանին մէջ:

Շաքար հաւատաւորը հոգեւոր դուստրը եղած է Վարդիշխան քահանային: Երկուքը միասին նշանաւոր գրիչ Ստեփանոս Երկայնին Աւետարան մը օրինակել կու տան Երուսաղէմի մէջ՝ 1321-ին, եւ կը նուիրեն զայն նոյն քաղաքի Ս. Հրեշտակապետաց վանքին: Շաքար հաւատաւորը շատ աշխատած է թուղթը կոկելու վրայ:

Խապիպ խաթուն գրչուհին, ըստ վկայութիւններուն, եղած է գրիչ Կարապետ Քահանային հարսը, որ 1451-ին Վանի մէջ, օրինակած է Աւետարան մը, իսկ Խապիպ Խաթուն աշխատած է թուղթը կոկելու վրայ:

Վարդենի ապաշխարողը 1607 թուականին օրինակած է բոլորգիրով մէկ «Սանդուղք» գիրք:

ԲՐԱԲԻՈՆ ՊՈԼՍԵՑԻ ԳՐՉՈՒՀԻՆ

Հայ գրչուհիներէն ամենէն նշանաւորը եղած է Բրաբիոն նօտարը, զոր կոչած են նաեւ Բրաբիոն Պոլսեցի, Բրաբիոն Պալաթեցի եւ այլ անուններով: Ծնած է 1750 թուականին՝ Կոստանդնուպոլիս։ Գրչուհին բնակած է Կ.Պոլսոյ Պալաթ թաղի Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ առընթեր կացարաններէն մէկուն մէջ, ուր տեղաւորուած էր իր եղբօր ընտանիքը, եւ ձեռագիր ընդօրինակելու արուեստն ալ սորված է իր եղբօր՝ Մատթէոս դպիրի օգնութեամբ:

Քսան տարեկանէն ան նետուած է ձեռագրեր եւ գիրքեր ընդօրինակելու ասպարէզ, ունեցած է գեղեցիկ դպրագիր ձեռագիր: Պալաթի Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դպրանոցին մէջ ալ ընդօրինակած է ձեռագրերուն մեծ մասը: Նիւթական ծանր պայմաններու բերումով նոյնիսկ գիշերները աշխատած է՝ լամբի աղոտ լոյսին տակ, մինչեւ նոյնիսկ 65 տարեկան, որ այն տարիներուն կը նկատուէր զառամեալ ծերունական տարիք:

Բրաբիոն վերջին ձեռագիրը արտագրած է 1815 թուականին: Ան նաեւ մանկավարժ եղած է, իր հացը վաստակած է նաեւ տունին մէջ դպրոց բանալով եւ աշակերտներու կրթութիւն տալով: Մեզի հասած են Բրաբիոն գրչուհիին ընդօրինակած ու ծաղկած ձեռագրերէն 17-ը, որոնցմէ ինն սփռուած են աշխարհի զանազան անկիւնները, մասնաւորապէս Պոլիս:

Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ կարելի է տեսնել այս մտաւորական կնոջ ընդօրինակած ձեռագրերէն:

Բրաբիոնը հայ կիներէն նաեւ աոաջինն է, որ զբաղած է տպագրական գործով, այս գործին մէջ նոյնպէս աջակցած է եղբօրը: Մահացած է 85 տարեկանին՝ 1835 թուականին եւ թաղուած է Պոլսոյ Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ, եղբօր՝ Մատթէոսին քով:

Հրանդ Ասատուր «Ծաղիկ» թերթին մէջ (Պոլիս, 1906) Բրաբիոն գրչուհիին մասին կը գրէ. «Այս կինը, որ իր եղբօր հետ մանկատուն մը կը վարէր Պալաթ՝ ԺԸ. դարուն վերջերը եւ ԺԹ.-ի սկիզբները, ընդօրինակած է բաւական թիւով ձեռագրեր, որոնցմէ երկուքը Վիեննայի վանքը կը գտնուին, մէկ քանին ալ Արմաշու վանքը եւ Պալաթիոյ եկեղեցին։ Ես առիթ ունեցած եմ տեսնել Պալաթիոյ Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ գանձարանին մէջ Բրաբիոն նօտարի խղճամիտ կանոնաւորութեամբ ընդօրինակուած մէկ գրչագիրը, որուն ձեւաւոր տառերը շատ նպաստաւոր գաղափար կու տան անոր գեղագրական ճաշակին վրայ»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021