ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ...

Իմ նշմարելի տարօրինակութիւններէն մին է մարդոց մասին առաջին իսկ հայեացքէն կարծիք կազմելը: Տակաւին ծանօթ-անծանօթը համակրել կամ չհամակրելը: Ակամայ կը թուի, թէ այստեղ ոչ մէկ տարօրինակութիւն կայ, սովորական երեւոյթ կամ արձագանգ մըն է: Սակայն իմ պարագային ամէն բան տարբեր է:

Այսօր յիշեցի Միքայէլը:

Ո՞վ է Միքայէլը: Միքայէլը իմ տասն տարուայ դասնըկերն է:

Նոր ուսումնական տարեմուտին, երբ առաջին անգամ ոտք դրի առաջին դասարան, դպրոցի բակին մէջ կազմակերուպած հանդիսութեան ընթացքին իմ քովը կը կենար՝ թմբլիկ, կարմրաթուշ ու գանգրահեր վեցամեայ մանչուկ մը՝ անունը Միքայէլ: Թէպէտ մազերը շատ կարճ էր կտրուած, սակայն գանգրահեր ըլլալը ակնբախ էր: Մաքուր ու կոկիկ հագուած Միքայէլի ոչինչ ըսող հայեացքը ես չհաւնեցայ: Խեղճ երեխան ինքն իրեն համար շուարած հայեացքով շուրջը կ՚ուսումնասիրէր, իսկ ես անհասկնալի պատճառով մը չսիրեցի վերջինս:

Կը յուսայի, թէ այլեւս պիտի չհանդիպիմ իրեն: Ի զարմանս ինձ, քանի մը վայրկեան վերջ մենք յայտնուեցանք նոյն դասարանի մէջ: Սա դեռ հերիք չէ՝ նոյն նստարանին: Աշխարհը փուլ եկաւ իմ գլուխին: Միքայէլի հետ միեւնոյն նստարան կիսելը մեծ փորձութիւն ու տանջանք էր ինծի համար: Անհամբեր կը սպասէի, թէ ե՛րբ պիտի երթամ տուն, ե՛րբ պիտի աւարտի այս մղձաւանջը, առանց պատկերացում ունենալու, որ իմ երեւակայական մղձաւանջը տակաւին նոր պիտի սկսի: Իսկ ան շատ հանգիստ էր: Ինքզինք լաւ կը զգար:

Սեպտեմբերի 1-ը մեծ դժուարութեամբ անցուցի: Սակայն ամէն բան տակաւին նոր կը սկսէր: Յաջորդ օրը, երբ գացի դպրոց մեր առաջին ուսուցչուհին՝ ընկեր Յարութիւնեանը, ըստ հասակի՝ աշակերտները նստեցուց քով քովի: Քանզի պզտիկ ատեն ես բարձրահասակ էի, ինծի բաժին հասաւ նախավերջին նստարանը, իսկ իմ կողքին նստեցուց Միշիկը՝ այն նոյն Միքայէլը...

Դպրոցը ինծի համար վերածուեցաւ իրական դժոխքի մը: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ այդպէս էր: Ախր այդ խեղճ երեխան ո՛չ մէկ վատութիւն ըրաւ ինծի, ո՛չ մէկ կծու խօսք ըսաւ: Թէ ուրկէ՞ կու գար այդ ատելութիւնը վերջինիս հանդէպ, մինչեւ այսօր չեմ կրցած բացայայտել: Այսօր ժպիտով կը յիշեմ Միքայէլը եւ կուշտուկուռ մը կը խնդամ իմ անմտութեան վրայ:

Միքայէլի հետ նոյն նստարանը կիսեցինք երեք տարի: Երեք տարի շարունակ ես դպրոց երթալ չէի ուզեր, Միշիկը տեսնել չէի ուզեր: Իմ կամ անոր բացակայութիւնները տօն էին ինծի համար: Եւ այս մասին ես ոչ մէկու հետ կիսուեցայ: Փոթորիկը իմ մէջ էր ու երբեք ներաշխարհէս դուրս չեկաւ:

Միքայէլը շատ կը սիրէր կուշտ սնուիլ: Զբօսանքներու ընթացքին բերանը երբեք դատարկ չէր մնար. անդադար բան մը կ՚ուտէր: Պայուսակն ալ լի էր տուրմերով ու տարատեսակ քաղցրաւենիքներով: Ամենէն շատ կը սիրէր ուտել հողկիթի խճողակով պատրաստած հացաբուլկեղէն, զոր մենք կարկանդակ կ՚անուանենք:

Օր մը Միքայէլը զրպարտեց զիս: Անոր տատիկը, որ ամէն օր թոռը դպրոց կը տանէր ու կը բերէր, մայրիկիս ըսաւ, թէ Արեւիկը Միքայէլի պայուսակէն առանց թոյլտուութեան «սնիքըրս» մը առած է: Միքայէլը ըսաւ, իմ «սնիքերս»ը չկայ, պէտք է որ Արեւիկը վերցուցած ըլլայ: Սա զրպարտութիւնը ես շատ ծանր ընդունեցի: Չէի կրնար զսպել իմ արցունքները, ախր ես անոր գրիչին, գիրքին անգամ ձեռք չեմ երկարեր, ախր ես կը քանիմ իրմէ, ինչպէս կրնամ ինծի համար այդքան տհաճ մէկու մը պայուսակը մտնել: Երբեւէ բառ մը անգամ չեմ փոխանակած իրեն հետ: Ինչեւէ, Միքայէլը շուտով մոռցաւ այդ պատմութիւնը, իսկ ես երբեք: Այդ օրուընէ անոր ներկայութիւնը ինծի համար դարձաւ ա՛լ աւելի անտանելի: Վեց տարի շարունակ Միքայէլի հետ չխօսեցայ: Նոյնիսկ երբ միջնակարգ դասարաններու մէջ մեր նստատեղերը փոխեցին, ես դէպի անոր կողմ չէի նայեր:

Վեցերորդ դասարանն էինք: Օր մը տեսայ, թէ դպրոցի բակին մէջ Միշիկը ինչպէս խումբ մը տղաներու հետ թաքուն կը ծխէ: Ան նոյնպէս նկատեց զիս: Այդ տարիներուն ծխելը մեծ ամօթ էր: Պատանիները ծածուկ կը ծխէին, որպէսզի ոչ մէկը իմանար: Կտրականապէս որոշած էի մեր դասղեկին յայտնել, այն ինչ-որ տեսայ: Յաջորդ զբօսանքի ընթացքին երբ ես միջանցքի մէջ կը սպասէի ուսուցչուհիիս, որպէսզի պատմեմ Միքայէլի մասին, Միշիկը մօտեցաւ ինծի ու սկսաւ աղերսել, որպէսզի չմատնեմ զինք: Նախապէս չէի ուզեր անոր լսել. կը պնդէի, թէ պիտի ըսեմ: Սակայն ան այնքան խնդրեց, անոր աչքերուն մէջ այնքան շատ վախ ու պաղատանք կար, որ ի վերջոյ իմ կարծրացած սիրտը սկսաւ փափկելու: Խոստացայ, որ ոչ մէկուն պիտի չյայտնեմ եւ պահեցի իմ խոստումը: Այդ օրուընէ ետք իմ վերաբերմունքը սկսաւ կամաց-կամաց փոխուիլ դասընկերոջս հանդէպ: Սառոյցը սկսաւ հալելու: Այլեւս անոր ներկայութենէն անհանգիստ չէի ըլլար, անոր հանդէպ նողկանք ու ատելութիւն չէի տածեր: Նոյնիսկ սկսանք միմեանց բարեւել, իրարու որպիսութեամբ հետաքրքրուիլ:

Միքայէլի նկատմամբ հիւսած իմ արհեստածին ու անիմաստ պատնէշը քակելէ վերջ, կարծես իմ հոգիէն ծանր քար մը ինկաւ: Այլեւս դպրոցի մէջ աւելի հանգիստ եւ ուրախ կը զգայի ինքզինքս: Ժամանակի ընթացքին ալ դարձանք լաւ՝ հաշտ ու համերաշխ դասընկերներ:

Ահաւասիկ տարօրինակութիւն, որ չունի հիմնաւորում մը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021