ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը այցելեց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, որ հոգեւոր դաս-զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ։ Տէր հայրը դպրոցէն ներս հիւրընկալուեցաւ մեծ ջերմութեամբ։ Ան ամէն շաբաթ օր մը այս ձեւաչափով զրոյցներ կը նախատեսէ դպրոցի սաներուն հետ՝ Աստուածաշնչեան ընթերցումներով եւ մեկնաբանութիւններով հոգեւոր կրթութեան նկատմամբ կարեւորութեամբ։ Տէր հայրը կը լսէ նաեւ երեխաներու մտորումները։ Դպրոցի ուսուցչական կազմն ալ ոգեւորութեամբ մասնակցութիւն կը բերէ այս զրոյցներուն։

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի տնօրէնութիւնը այս առթիւ խորին երախտագիտութիւն կը յայտնէ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018