ԱՂԱՂԱԿՈՂ ՈՒ ՉՎԵՐՋԱՑՈՂ ՑԱՒ…

Սպիտակի կործանարար երկրաշարժէն երեսուներեք տարի ետք տակաւին անտուն մնացածներ կան աղէտի գօտիին մէջ: Ասիկա մեր բոլոր կառավարութիւններուն ամօթն ու խարանն է, որ այսօր՝ երկրաշարժէն երեսուներեք տարի անց, քաղաքակիրթ նկատուող 21-րդ դարուն, կրկին կ՚աղաղակէ:

Երեսուներեք տարուան մէջ միջազգային բազմատեսակ օգնութիւններ ուղղուեցան Հայաստան՝ աղէտի գօտի, կառավարական ծրագրերուն մէջ աղէտի գօտին վերականգնելու հազարաւոր թուղթեր ստորագրուեցան, սակայն Կիւմրիի, Վանաձորի, Սպիտակի եւ երկրաշարժէն տուժած յարակից բնակավայրերուն մէջ տակաւին տնակային աւաններ կան: Ձմրան այս ցուրտին մանաւանդ կը սրին ուշադրութիւնները դէպի այդ փայտաշէն կացարանները, ուր 33 տարի շարունակ տակաւին անտուն մնացած մարդիկ կը բնակին:

Ե՞րբ պիտի հասնի բնակարան ստանալու անոնց հերթը եւ ե՞րբ անոնք հրաժեշտ պիտի տան փայտեայ խրճիթներուն. այս հարցումներուն նոր իշխանութիւնն ալ պատասխան չունի, ինչպէս չունէին նախորդները: Շիրակի եւ Լոռիի մարզը Հայաստանի հիւսիսային շրջաններն են, ուր ձմեռը առանձնապէս ցուրտ եւ դաժան կ՚ըլլայ: Նոյեմբերի վերջէն ձիւն տեղացած է այդ մարզերուն մէջ, ճանապարհները գոցուած են, մերկասառոյցը խանգարած է բնակիչներուն, վարորդներուն եւ բոլորին կեանքը: Հայաստանի մէջ այդպէս է. ձիւն կը տեղայ եւ ամէն ինչ իսկոյն կը խանգարուի, իշխանութիւնները երբեք պատրաստ չեն ըլլար ձիւնին եւ ճանապարհները գոցող սառոյցին: Քանի մը օր պէտք է՝ մաքրելու, կարգի բերելու համար: Շիրակ եւ Լոռի տանող ճանապարհներուն ալ, անցնող օրերուն, մերկասառոյց կապած էր:

Այսօր, սակայն, ճանապարհները բաց են, քանի որ երկրաշարժի 33-րդ տարելիցին առթիւ իշխանաւորներ, զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր պիտի այցելեն աղէտի գօտի: Որքան ալ որ աղէտի գօտի արտայայտութիւնը փորձեն դուրս մղել մեր բառապաշարէն, Շիրակի եւ Լոռիի բազմաթիւ հատուածներ տակաւին այդ պատկերը ունին: Ամէն տարի, երկրաշարժին օրը, Կիւմրին, Սպիտակը, Վանաձորը, միւս գիւղերը աւելի տխուր կ՚երեւին: Երկրաշարժէն տուժածներուն յիշատակին կառուցուած յուշակոթողները լեցուն են այցելուներով, գերեզմանները՝ ուր յուղարկաւորուած են զոհերը, խունկի եւ մոմի ծուխերով կը պատուին այս օրը:

Կիւմրի քաղաքին մէջ «Շիրակ» կազմակերպութիւն մը կը գործէ: Անոր տնօրէնը՝ կիւմրեցի Վահան Թումասեանը, իր ամէնօրեայ գործը դարձուցած է այցելել տնակներուն մէջ բնակող մարդոց, արձանագրել անոնց կարիքները եւ փորձել գտնել մարդիկ, կազմակերպութիւններ, որոնք կարող են օգնել տունը կորսնցուցած աղէտեալներուն:

Ցաւալի է, բայց այդ մարդիկը այս եղանակին մէկ բան կ՚ուզեն միայն՝ փայտ, որպէսզի վառեն ինքնաշէն վառարաններուն մէջ եւ ձեւով մը տաքցնեն իրենց խրճիթները:

Վահան Թումասեան ամէն տարի մօտաւորապէս տասը հազար պարկ վառելափայտ կը բաժնէ: Ասիկա դարձած է իր ամէնօրեայ գործը: Փայտը կը գնեն, կը դասեն պարկերու մէջ եւ ինքնաշարժներով կը շրջին տնակային աւանները, ուր տարիքոտ մամիկներ, հաշմանդամներ, հիւանդ ու ծեր մարդիկ կը սպասեն շէն ու լի այս աշխարհէն իրենց բաժին հասնող միակ ուրախութիւնը՝ վառելափայտը:

Հայաստանի հայրաքաղաք նկատուող Կիւմրիին մէջ տակաւին խրճիթներ կան եւ այդ մէկը ցաւալիօրէն կ՚աղաւաղէ քաղաքին դիմագիծը, կը փճացնէ հոն այցելող մարդոց տրամադրութիւնները եւ իրենք՝ կիւմրեցիներն ալ, հաշտ աչքով չեն նայիր այդ ծուռումուռ տնակներուն, ուրկէ միշտ վառարանի ծուխ կ՚ելլէ: Եթէ ձմեռը հոն բնակողները վառարան կը վառեն տաքնալու համար, ապա ամառը ճաշ կ՚եփեն այդ վառարաններուն վրայ, քանի որ բնական կազը մուտք չէ գործած այդ ժամանակաւոր տնակներէն ներս:

Ոմանց համար ժամանակաւորը մշտական դարձած է: Այդ տնակները մարդոց տրուած են քանի մը ամսուան կամ մէկ տարուան համար, բայց ահաւասիկ, 33 տարիէ ի վեր իբրեւ կացարան կը ծառայեն: 33 տարին կեանք մըն է. այդքան տարիներուն ընթացքին մարդ կը ծնի, դպրոց ու համալսարան կ՚երթայ, կ՚ամուսնանայ, զաւակ կ՚ունենայ. կան մարդիկ ու ընտանիքներ, որոնք այդ կեանքը ապրած են տնակներուն մէջ:

Երբ երկրաշարժը պատահեցաւ, Կիւմրի քաղաքին անունը Լենինական էր, Վանաձորին անունը՝ Կիրովական: Խորհրդային համայնավար գործիչներուն անունով կոչուած այդ երկու քաղաքները նաեւ իրենց պատմական անունները ունին՝ Ալեքսանդրապոլ եւ Ղարաքիլիսա:

Կիւմրին, առհասարակ, ծանօթ է իբրեւ չորս անուններու քաղաք՝ Կումայրի, Ալեքսանդրապոլ, Լենինական, Կիւմրի: 1988 թուականի երկրաշարժը միակը չէ, որ տեսած է չորս անուններու քաղաք Կիւմրին: 1926 թուականին հոն նոյնպէս զօրեղ երկրաշարժ մը պատահած է: Ճիշդ է որ այնքան աւերիչ չէր, որքան՝ 1988 թուականինը, բայց բազմաթիւ կիւմրեցիներ մինչեւ 1988 թուականը տակաւին կը յիշէին նախորդ երկրաշարժին աւերները:

Ի դէպ, այն շէնքերը, որոնք դիմակայած են 1926 թուականի երկրաշարժին, քանդուած են 1988 թուականին: 1926 թուականի երկրաշարժի հետեւանքները շատ աւելի արագ վերացուած են եւ մինչեւ 1988 թուականը Կիւմրին կ՚ապրէր խաղաղ կեանքով, ան դարձած էր ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ տարածաշրջանի մեծագոյն արդիւնաբերական քաղաքներէն մէկը…

1988 թուականին ամէն ինչ գլխիվայր շրջեցաւ, ոչ միայն Կիւմրիի, Սպիտակի, Վանաձորի բնակիչներուն, այլեւ ողջ Հայաստանի եւ ողջ հայութեան կեանքը Սպիտակի երկրաշարժով նոր փուլ մտաւ…

ԻՄ ՀԱՅ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ

Երկրաշարժէն ետք բազմաթիւ տուժած երեխաներ Հայաստանէն դուրս հանգրուանեցան օտարներու յարկին տակ, շատերը ետ չեկան եւ իրենց կեանքը շարունակեցին այդ երկիրներուն մէջ: Բազմաթիւ երեխաներ արտասահման փոխադրուեցան բուժման եւ հոգեբանական աջակցութեան համար: Մոսկուայի Մանկական հանրապետական հիւանդանոցը մէկն էր այն հաստատութիւններէն, ուր տարուեցան բազմաթիւ հայ երեխաներ, որոնք այս կամ այն վնասուածքը, վիրաւորումը կամ ծանր հարուածը ստացած էին երկրաշարժի ժամանակ:

Գերմանա-ամերիկեան ծագումով գրող, լրագրող Լոիզ Ֆիշեր-Ռուգէ 7 դեկտեմբերի աղէտին մասին կը լսէ հեռատեսիլով: Ամբողջ աշխարհի լրատուամիջոցները իրենց առաջին լուրերը դարձուցած էին փոքրիկ Հայաստանին մէջ պատահած մեծ աղէտը, որ տասնեակ հազարներու կեանք խլեց:

Հայաստան ժամանած էին յառաջատար լրատուամիջոցներ, որոնք երկրաշարժի վայրերէն սրտաճմլիկ պատկերներ կը տարածէին: Լոիզ Ֆիշեր-Ռուգէ շատերու պէս կը յուզուի փլատակներու տակ մնացած մարդոց ճակատագրով, ինքն ալ, գումար կը փոխանցէ փրկուածներուն համար կազմուած ֆոնտին: Սակայն ան հանգիստ չէր իր տեղը, կը մտածէր, որ միայն գումար փոխանցելը բաւարար չէ եւ Գերմանիայէն Մոսկուա կը մեկնի, ուր Երեւանէն դուրս նախ կը տարուէին վիրաւոր երեխաները:

Ինչ որ կը տեսնէ Մոսկուայի հիւանդանոցին մէջ, կը խանգարէ նաեւ Լոիզ Ֆիշեր-Ռուգէի կեանքը, ան կը կորսնցնէ քունը եւ կ՚որոշէ մնալ այդ մանուկներուն քով եւ կրցածին չափ մխիթարել զանոնք: Ոմանք կորսնցուցած էին հարազատները, տունը, ընկերները եւ տակաւին չէին պատկերացներ, թէ ինչ աղէտի ենթարկուած էր իրենց սիրելի քաղաքը:

Լոիզ Ֆիշեր-Ռուգէ կը սկսի աջակցիլ պզտիկներուն թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ նիւթապէս: Իսկ գիշերները ան չի քնանար, այլ կը գրէ օրագիր, կ՚արձանագրէ այն սրտաճմլիկ պատմութիւնները, որոնք երեխաները կը պատմեն եւ նաեւ իր տպաւորութիւնները եւ զգացողութիւնները կը յանձնէ թուղթին:

Գերմանիա վերադառնալով, ան 1989 թուականին կը հրատարակէ գիրք մը՝ «Իմ հայ երեխաներս» խորագրով, որուն հերոսները Սպիտակի երկրաշարժէն փրկուած եւ Մոսկուայի Մանկական հանրապետական հիւանդանոցը հասած երեխաներէն վեցն են, որոնք գերմանացի լրագրողին կը դիմէին «Մօրաքոյր Լոիզ» անունով:

Գիրքը հրատարակումէն երեսուներեք տարի անց թարգմանուած է հայերէնի եւ մօրաքոյր Լոիզը ժամանած է Կիւմրի՝ գիրքին շնորհանդէսին: Անոր հետ Կիւմրի եկած են նաեւ իր ամուսինը եւ Մոսկուայի մէջ այդ ժամանակ հայ երեխաները բուժող բժիշկներ Օլկա Լայշեւան եւ Կուտրուն Միկը: Շնորհանդէսի կազմակերպիչները գտած են նաեւ գիրքին վեց հերոսներէն չորսը, որոնք ներկայ էին դահլիճին մէջ եւ վերապրեցան յուզմունքի, վիշտի, ուրախութեան պահեր:

Գիրքին հերոսները արդէն քառասունը անց մարդիկ են, անոնցմէ մէկը Կիւմրիի մէջ ճանչցուած բժիշկ, Կիւմրիի բժշկական կեդրոնի փոխ-տնօրէն Արմէն Խաչատրեանն է։ Բժիշկը տասնչորս տարեկան էր, երբ տեղի ունեցած է աւերիչ երկրաշարժը, զայն վիրաւոր վիճակի մէջ դպրոցէն մէկ անգամէն փոխադրած են Երեւան, ապա՝ Մոսկուայի Մանկական հիւանդանոց, ուր երկար բուժում ստացած է: Թերեւս բժիշկ դառնալու եւ ուրիշներուն օգնելու երազանքն ալ այդ տարիներէն ունեցած է: Արմէն Խաչատրեան շատ լաւ կը յիշէ մօրաքոյր Լոիզը, որ մէկ վայրկեան իսկ չէր ձգեր, որ մանուկները տխրէին:

Բոլոր հերոսները յուզուած էին, բայց ամենայուզուածը մօրաքոյր Լոիզն էր, որ երեսուներեք տարի ետք կը տեսնէ իր հայ երեխաները՝ առողջացած եւ ամէն մէկը՝ մէկ բնագաւառի մէջ յաջողութեան հասած:

Հիւանդանոցին մէջ մանուկներուն կեանքը նկարագրելէ զատ, օտար լրագրողը զուգահեռաբար պատմած է խորհրդային տարիներու նիստուկացին եւ հայերուն սովորութիւններուն մասին:

80-ը անց կինը երջանիկ էր Հայաստանի մէջ, երկրի մը, որուն մասին գրած էր երեսուներեք տարի առաջ եւ որուն մանուկներուն պատմութիւններով ապրած է ամբողջ տարիները: Գիրքին կողքին «Ուաշինկթըն Թայմզ»ի՝ աղէտը խորհրդանշող լուսանկարն է։ Գիրքը հայերէնի թարգմանած է հայագէտ Վանուհի Բաղմանեանը, հրատարակած է «Դարակ»ը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021