Կինը պէտք է երջանիկ ըլլայ, կնոջ աչքերը՝ ուրախ

Հայուհին Եւ Ներկայ Մարտահրաւէրները «Եր­ջան­կու­թիւն, ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, միայն ու­րախ եւ ան­հոգ պա­հեր, միշտ ըլ­լան գե­ղե­ցիկ, կա­նա­ցի, միայն ժպտա­ցող դէմ­քեր տես­նենք մեր շուր­ջը», տղա­մար­դիկ կը մաղ­թեն կա­նանց՝ չմոռ­նա­լով ա­ւելց­նել, որ այդ ա­մէ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար տղա­մար­դոց դե­րը մեծ է:

Կի­նը պէտք է եր­ջա­նիկ ըլ­լայ, քա­նի որ երբ կնոջ աչ­քե­րը ու­րախ են, կի­նը կը ժպտի, տղա­մարդն ալ ինք­զինք լաւ կը զգայ: Ճիշդ է՝ այ­սօր ա­մէ­նուրեք խնդիր­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ կան, բայց հայ կի­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ նրբա­գեղ, ա­մէն կեր­պով կը ջա­նայ պահ­պա­նել մեր հայ­կա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րը, դաս­տիա­րա­կել եւ մեծ­ցել լաւ ե­րա­խա­ներ:

Բայց… կի­նը պէտք է միշտ գե­ղե­ցիկ, խնա­մուած ըլ­լայ, պէտք է ու­րախ տրա­մադ­րու­թեամբ դի­մա­ւո­րէ իր ա­մու­սի­նը, ե­րա­խա­նե­րը: Բայց այ­սօ­րուան պայ­ման­նե­րը թոյլ չեն տար, որ այդ­պէս ըլ­լայ: Կինն ալ հա­ւա­սար կ՚աշ­խա­տի տղա­մար­դուն հետ, շատ-շատ պա­րա­գա­նե­րու ա­ռա­ւօտ տու­նէն դուրս կու գայ, միայն ե­րե­կո­յեան կը վե­րա­դառ­նայ: Աշ­խա­տան­քէն յոգ­նած կը վե­րա­դառ­նայ, այդ­քա­նէն ետք՝ այլեւս ինչպէս ունենայ ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւն: Թէեւ կանայք կը դի­մա­նան այդ ա­մէ­նուն, այդ ա­մէ­նով հան­դերձ կը կատարեն  նաեւ տնա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը, ե­րա­խա­նե­րուն խնամ­քը:

Մարտ 8-ին կը նշուի Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին տօ­նը: 1908 թուականի Մարտի 8-ին Նիւ Եոր­քի կա­րի գոր­ծա­րա­նին մէջ աշ­խա­տող կի­նե­րը ցոյ­ցի կ՚ել­լեն՝ պա­հան­ջե­լով աշ­խա­տա­ժա­մա­նա­կի կրճա­տում ու աշ­խա­տան­քի պայ­ման­նե­րու բա­րե­լա­ւում: Այդ ժա­մա­նակ տղա­մար­դիկ ստի­պուած զի­ջում­նե­րու կ՚եր­թան, եւ բա­նուո­րու­հի­նե­րու պա­հանջ­նե­րը կը կա­տա­րեն: Իսկ ա­հա 1910 թուականին Քո­փեն­հա­կըի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ըն­կեր­վար կա­նանց մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին գեր­մա­նու­հի ըն­կեր­վար Քլա­րա Ցեթ­կին կ՚ա­ռա­ջար­կէ տօ­նել Մարտ 8-ը որ­պէս կա­նանց ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան եւ տղա­մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րու հետ հա­ւա­սա­րու­թեան օր: Եւ ա­հա այդ ժա­մա­նակ­նե­րէն ի վեր Մարտ 8-ը կը նշուի որ­պէս Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին օր:

Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նի­կա կորսն­ցու­ցած է իր նախ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը, ուղ­ղա­կի կը տօ­նեն որ­պէս գար­նան ու կա­նանց տօն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017