ԵԹԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՉԸԼԼԱՐ...

Եթէ պատերազմ չըլլար՝ դժուար թէ գնահատէի ազատութեան գինը: Ազատութեան մէջ ազատութիւնը թափանցիկ է՝ աներեւոյթ:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ իմ մտքի ծայրէն երբեւէ անցնէր, որ կարելի է, օր մը աշխարհի ամենաանվտանգ ու ապահով անկիւնը դառնայ վտանգաւոր, անորոշ ու սարսափազդու:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ հայրենիքէն թանկ, քաղցր ու անուշ ոչինչ կայ աշխարհի երեսին:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հրաժարէի հայրենասիրական երգեր մտիկ ընելէ, Արցախի մէջ, Արցախի մասին պատմող ժապաւէններ դիտելէ, չէ՞ որ անոնք իմ ամենասիրելիներն էին:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ գիտնայի, որ հայենիքի նուիրեալ մըն է իմ եղբայրը, որ պատրաստ է իր կեանքը զոհել յանուն թիզ մը սրբացած հողի:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ ժողովուրդս հայոց բռնէր պառակտումի ուղին:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հայու մը հանդիպած ատեն խորհէի՝ արդեօք նիկոլակա՞ն է, թէ ոչ...

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հանդիպէի հողատու բառին:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ հայոց նեռը ծնած է ու զաւթած երկիրս հայոց:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ ամէն ինչի մէջ յանցաւոր ենք մենք՝ ժողովուրդս:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ մեր գործած ամէն մէկ սխալի, մեղքի ու յանցանքի համար Տէրը հաշիւ կը պահանջէ մեր երկրէն: Յստակ է, երբ երեխան սխալ մը կը գործէ եւ կը հրաժարի կամ ի զօրու չ՚ըլլար զայն ընկալելու, ծնողը վերջինս կը զրկէ իր սիրելի խաղալիքէն, զբաղումէն կամ ուրիշ մէկ բանէ: Նոյնպէս ալ Տէրը կը վարուի մեզի հետ:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ Աստուած ժողովուրդները պատժելու համար կ՚ամայացնէ, իրենց թշնամիներու ձեռքը կը մատնէ անոնց երկիրը:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ Աստուած մեզ կը պատժէ մեր իսկ բարօրութեան համար: այդ պատիժը ոչ թէ ցաւ է, այլ շտկուելու, սխալը գիտակցելու հնարաւորութիւն:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ բռնէի ապաշխարութեան ուղին, ընտանիքս ալ ինծի հետ տանէի:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ վերանայէի իմ ամենասիրելիներու ցուցակը: Իմ ընտանիքի պարագաներու փոխարէն՝ այժմ զայն կը գլխաւորեն Աստուած ու հայրենիքը:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ վճռէի մինչեւ իմ կեանքի վերջ ապրիլ ու արարել Հայաստանի մէջ: Իմ սուրբ հայրենիքէն բացակայիլ միայն ճամբորդութեան նպատակաւ: Դժուար թէ հասկնայի, որ հայրենիքը օրհասական պահուն կարելի չէ լքել: Այլ ընդհակառակը՝ պէտք է մնալ ու փայփայել, փորձելով ըլլալ օգտակար:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ պատերազմը մեծ փորձութիւն մըն է, գիտելիքներու հսկայական աղբիւր մը, մեծ ու իմաստուն ուսուցիչ մը: Որ պատերազմը երեւան կը հանէ պատմութեան քօղարկած էջերը: Որ պատերազմը հայոց պատմութեան մեծն ուսուցիչն է:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ իմ աչքերը բանայի աղօթքով:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ իմ ու իմ ընտանիքի կիրակիները սկսէին ծամապահութեամբ, եկեղեցի այցելելով, Սուրբ Պատարագին մասնակցելով ու հաղորդութիւն ստանալով:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ Աստուածաշունչը դառնար իմ ամէնօրեայ ընթերցանութեան գիրքը. Մինչ այդ, ես երբեք չէի կրնար ժամանակ գտնել Սուրբ Գիրքը կարդալու համար:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ կիրակի օրերը պէտք է հանգստանալ, սուրբ պահել: Հակառակ պարագային Տէրը խստագոյնս կը պատժէ:

Եթէ պատեարզմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ Հայաստանի ու Արցախի ապագան կախեալ է միայն ու միայն մեզմէ, այլ ոչ թէ պետական ծառայողներէ: Իսկ մենք մեր երկիրը կրնանք փրկել ապաշխարելով ու հաւատքի դառնալով:

Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ հասկնայի, որ ներքուստ Բարձրեալին հաւատալը բաւական չէ: Անհրաժեշտ է կարդալ Տիրոջ խօսքը, պահել պատուիրանները: Աւելի շատ խօսիլ Տիրոջ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, շաբաթ օրերը սուրբ պահել ու այցլել եկեղեցի:

Եթէ պատերազմ չըլլար, իմ զաւկին ռուսական կրթութեան պիտի տայի: Այժմ կը փնտռեմ հայրենասիրութեան ու հաւատքի սերմեր ցանող կրթօճախ մը: Իսկ ռուսերէն ու միւս լեզուները արտաժամ պարամունքներու ընթացքին ալ կրնայ սերտել:

Եթէ պատերազմ չըլլար...

Եթէ պատերազմ չըլլար...

Աղէ՞կ որ եղաւ... միանշանակ՝ ոչ:

Սակայն տուած դասերը բաւական արդիւնաւէտ եղան:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021