ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Խեր ըլլայ» թատերախաղի կալան։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն մասնակից թատերասէրները հաճելի ժամանց ունեցան այս զաւեշտով։ Խաղի բեմադրիչն է համակրելի անուն մը՝ Գրիգոր Տինչքայըքճը։ Դերակատարներն են՝ Նաթալի Տինչքայըքճը, Քրիս Տինչքայըքճը, Սելին Չավուշօղլու, Առէն Սէմէրճեան եւ Կարէն Նազարէթեան։ Ներկայացման մէջ Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու-Քալայճըն ալ ստանձնած է պատասխանատուութեան բաժին մը։

Կալայի աւարտին ներկաները ծափահարութիւններով ողջունեցին դերակատարներն ու բեմադրիչը, մինչ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019