ՀԱԿԱԻՒԹՈՓԻԱ՝ ՈՐՊԷՍ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑՈԼԱՑՈՒՄ

Պատմութեան ուղղութիւն տուող ու կերտող գլխաւոր դերակատարն է մարդ արարածը, որ իր բաղձանքներով, յոյսերով, նաեւ սխալներով եւ թերութիւններով կը ձգտի աշխարհը իրեն յարմարեցնել եւ ա՛լ աւելի «գեղեցիկ» դարձնել: Այսպէս, մարդկային յոյսերը, վեհ գաղափարներն ու իտէալները կ՚ուրուագծեն քաղաքակրթութեան դարաւոր ուղին: 

Դարեր շարունակ մարդիկ որոնած են միջոցներ՝ իտէալ հասարակութիւն կառուցելու եւ արդար ու հաւասար աշխարհ մը ստեղծելու համար։ Իտէալին հասնելու ձգտող բազմաթիւ միջոցներէն մին կը համարուի իւթոփիան, որ կը լուսաւորէ ապագայ հասարակութեան կառուցման եւ կանոնակարգման «ճանապարհ»ը՝ նորի ընկալման եւ հաստատման համար մարդուն սորվեցնելով փափաքիլ լաւագոյնը եւ յուսալ։

Իւթոփիան գեղարուեստական գրականութեան տեսակ մըն է, ուր կը նկարագրուի հեղինակի տեսանկիւնէն կատարեալ հասարակութեան համակարգ մը: Իւթոփիա բառը առաջին անգամ օգտագործուած է անգլիացի մտածող, գրող, քաղաքական գործիչ եւ փիլիսոփայ Թոմաս Մորի կողմէ։ Իր ստեղծագործութիւնը անուանած է «Իւթոփիա», ուր նկարագրած է իր պատկերացումով իտէալ հասարակարգ՝ հիմնուած հաւասարութեան ու արդարութեան սկզբունքներու վրայ։ Իւթոփիական նախագիծերուն ի յայտ կու գան մարդու յոյսերն ու ակնկալութիւնները ընկերային յառաջընթացի նը-կատմամբ, սակայն սխալներու կամ թերութիւններու հետեւանքով աստիճանաբար այդ յոյսը կ՚անհետանայ եւ իւթոփիան կը վերածուի հակաիւթոփիայի: 

Հակաիւթոփիան իւթոփիայի տրամաբանական զարգացումն է, սակայն եթէ իւթոփիան կեդրոնացած է նկարագրուած հասարակական կառուցուածքի դրական երեսակներու վրայ, ապա հակաիւթոփիան կը ձգտի յայտնաբերել անոր բացասական գիծերը:

Հակաիւթոփիան եւ իւթոփիան կարծէք իրարու կապուած աշխարհներ են, որոնք ճանապարհի մը վրայ դէմ դիմաց կու գան, կը հերքեն զիրար, բայց յետագային կրկին զուգահեռուելով, կը բարձրաձայնեն հասարակաց խնդիրները, որոնք կրնան աղէտալի հետեւանքներ ունենալ ապագային: Հետեւաբար կարելի է ըսել, որ հակաիւթոփիան ընկերային իրականութեան «ախտորոշման» միջոց է, քանի որ այստեղ ծագած խնդիրները կը բխին ներկայի «թերութիւններ»էն։ Եթէ իւթոփիան մարդը կը մղէ երեւակայել իրականութեան սահմաններէն դուրս, որպէսզի ստեղծէ նորը, ապա հակաիւթոփիան ցոյց կու տայ անոր տագնապներով լի վիճակը: Եթէ իւթոփիան երազանքի դրսեւորումն է, ապա հակաիւթոփիան մղձաւանջի, որ կը մատնէ յուսահատութեան՝ ստիպելով մարդը ընդհանրապէս չերազել, քանի որ ան կրնայ չիրականանալ:

Արեւմտեան փիլիսոփայութիւնը կը բնորոշէր յոյսը՝ մարդու արդար աշխարհ ստեղծելու, իտէալ հասարակութիւն կառուցելու նկատմամբ, սակայն 20-րդ դարէն սկսեալ այսօրինակ տրամադրութիւնները «թօշնեցան» եւ շարունակեցին ա՛լ աւելի խորանալ՝ ականատես դառնալով աշխարհի զարգացման բացասական հետեւանքներուն։ Դարաշրջանի զարգացումները, որոնք նաեւ «նոր» մարդու ձեւաւորման, անոր կերպարի եւ բնոյթի փոփոխութեան պատճառ դարձան, կը քննարկուին հակաիւթոփիաներու մէջ, որոնց պայքարը մեքենայացած հասարակութեան եւ մարդկային արժէքներու անհետացման դէմ է։

Հակաիւթոփիաներու շնորհիւ հեղինակներ կը բարձրաձայնեն հարցեր, որոնք կը վերաբերին ինչպէս կառավարութիւններու, վարչակարգերու, տնտեսութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններու, այնպէս ալ հասարակութեան խորքային խնդիրներուն եւ անոնց մէջ տեղ գտած մարդու դերին: 

Հակաիւթոփիայի մէջ պատկերուած կերպարներու միջոցով հեղինակներ կը ներկայացնեն ապագայ հասարակութեան մէջ ապրող մարդու հոգեվիճակը, զգացումներն ու ապրելակերպը: Այստեղ կ՚արծարծուին մեքենայացած հասարակութեան, «անհատ»ի ոչնչացման եւ ազատութեան ոտնահարման հիմնախնդիրները ի տարբերութիւն իւթոփիայի, ուր կան հասարակութիւններու ներդաշնակ եւ խաղաղ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը: Իրենց ստեղծագործութիւններու միջոցով հեղինակներ ապագայի մարդու կերպարը կը նկարագրեն այնպէս, ինչպէս մարդը աստիճանաբար կը մոռնայ մարդկային արժէքները։ Այս իրավիճակի պատճառը այն է, որ մարդը կը գտնուի այնպիսի հսկողութեան մը ներքեւ, ուր շրջապատուած է իր անձը ստորադասող «մեծ եղբայր»ներու կողմէ։

Ի վերջոյ, հակաիւթոփիան ներկայի իրականութեան եւ ապագային դիմագրաւուելիք հաւանական խնդիրներու արտացոլացումն է, ինչ որ ներկայացուած է հեղինակի ապրած ժամանակաշրջանի պայմաններու, երեւակայութեան եւ գաղափարներու համադրումով։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2020