«ԶՕՐԱՒՈՐ ՔԱՑԱԽԸ ԻՐ ԻՍԿ ԿՈՒԺԸ ԿԸ ՃԱԹԵՑՆԷ»

Ժողովրդային բարբառին մէջ տեղ գտած ասոյթները, առածները, պատկերները եւ օրինակները որքա՜ն դիպուկ են ու խօսուն, կարծես իրենց մէջ ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կը պարփակեն։ Ասոյթներ «ստեղծող»ները ընդհանրապէս ժողովուրդի համեստ խաւի մարդիկը, այս պարագային գիւղացիներն են եղած, որոնք իրենց պարզութեամբ ու հեզութեամբ եւ առանց շահադէտ նպատակի ու հասցէագրումի արտաբերած են զարմանազան ու սրտախօսիկ առածներ, որոնք առ այսօր մեր կենսընթացին իրենց այժմէականութիւնը եւ ուժգնութիւնը պահած են։

«Զօրաւոր քացախը իր իսկ կուժը կը ճաթեցնէ» խօսքը ամենէն շատ օգտագործուած առածներու շարքին կարելի է դասել։ Երբ կը տեսնուի անձ մը, որ նախանձով, եսապաշտութեամբ, ինքնահաւանութեամբ, ինքնասիրութեամբ, յաչաղանքով, դժկամութեամբ ու յոռետեսութեամբ լեցուն է՝ անմիջապէս քացախի առածը կը մտաբերուի ու կ՚արտասանուի, պարզապէս տուեալ անձին նկարագրային ախտաւոր կէտը ցոյց տալու համար։

Դարերու ընթացքին մարդիկ քացախը օգտագործած են թէ՛ որպէս համեմ՝ կերակուրը աւելի համեղ դարձնելու համար եւ թէ որպէս դեղամիջոց։ Միջին դարերուն քացախը կը գործածուէր մանրէազերծման գործողութեան ժամանակ։ Օրինակ՝ բժիշկներ ո՛չ մէկ հիւանդի քով կ՚երթային՝ առանց իրենց ձեռքերը քացախով մաքրելու։ Մանաւանդ Հին Չինաստանի եւ Ճաբոնի մէջ տեղւոյն բժշկագէտները գիտէին քացախի առողջարար յատկութիւնները եւ լայնօրէն կը կիրառէին զայն իրենց բժշկութեան ընթացքին։ Իսկ այսօր, գիտութիւնը քացախի օգտաշատ արդիւնքները կը տեսնէ մարսողական, կազմախօսական, բնախօսական, սրտանօթային համակարգերու եւ այլ հիւանդութեանց բժշկութեան մէջ։ Սակայն քացախը երբ շատ կ՚օգտագործես, երբ քու ծայրայեղ գործածութեամբդ անոր դրական ազդեցութիւնը աւելի ուժեղ կը դարձնես, այն ատեն կազմախօսական բոլոր օրկաններդ կրնաս վնասել եւ տեղի տալ բազում անդարման հիւանդութեանց։

Պարզունակ գիւղացին այս օրինակէն մեկնելով՝ զայն աղերսած է մարդուն հոգիին, նկարագրային գիծերուն եւ նմանակած մարդուն վարուելակերպին, առանձնական ու համայնական կեանքին։ Մարդն ալ քացախի պէս կրնայ չարազդեցիկ վտանգներ պատճառել իր չորսդին, սակայն իր քաղցրանուշ խօսքերով ու օրինակելի ապրելաձեւով կրնայ խարխափող մտքին, շուարած կամքին, մթագնած հոգիին յոյս ներշնչող դառնալ, չարախինդ մոլութեանց մէջ տուայտողին համար՝ առաքինութիւն սերմանող, սրտակեղեք թշուառականներուն համար՝ առկայծող լոյս, յուսալքուած անհատին համար՝ ամոքիչ սպեղանի։

Քացախանման նկարագիր ունեցողները իրենց թերութիւններով եւ չարախոհ մտածումներով նախքան ուրիշը վնասելը, իրենց անձն է որ կը կործանեն ու կը դառնան գործիք Սատանային։ Նմանօրինակ անձնաւորութիւններ իրենց յոռետեսութեան (pessimism) պատճառով, դժուարութեան, յուսախաբութեան ու դժբախտութեան հագուստները հագած՝ իրենք իրենց մութ աշխարհ մը ստեղծած են եւ «Ամէն ինչ սեւ է» իրենց կողմէ նիւթուած նշանախօսը պատրուակելով, դադրած են իրենց կեանքը ապրիլ՝ հեռու մարդավայել արժեւորեալ չափանիշներէ։

Հոգեբանական պրիսմակէն դիտած յոռետեսութիւնը ունի թէ՛ դրական, թէ՛ ժխտական կողմեր, որոնք պատճառ դարձած են շարք մը տարակարծութիւններու եւ վարկածներու։ Հոգեբաններու խումբ մը յայտնած է այն կարծիքը, թէ անոնք՝ որոնք կ՚երեւակայեն իրենց նպատակներն ու երազները իրագործել, բայց հնարաւորութիւնը կամ կարելիութիւնը չունին զանոնք կեանքի կոչելու, նախընտրած են յոռետեսութիւնը, որպէսզի ոեւէ մէկը յանկարծակի հիասթափումի վիճակին մէջ չգտնուի։ Ասոր դիմաց, երկրորդ խումբի հոգեբաններ յոռետեսութիւնը հիւանդագին վիճակ համարած են, որ կրնայ իր կարգին բազում հոգեկան հիւանդութիւններ պատճառել եւ բարդոյթներ առաջացնել, որոնց հետեւանքներն ու ազդեցութիւնները ապագային կրնան երեւան գալ։ Հէթըր Պէրի Քէփս (Heather Barry Kappes) եւ Կապրիէլ Էօթինկըն (Gabriele Oettingen) հանրայայտ հոգեբանները երկար ուսումնասիրութենէ ետք տարբեր տեսակէտ մը յայտնած են եւ ապա ցուցանշած յոռետեսութեան ձախաւեր ազդեցութիւնը մարդ արարածին հոգեկանութեան վրայ՝ ըսելով. «Այն անձերը, որոնք անորոշ ապագայով կը յուսադրուին եւ կամ անհասանելի բարձունքներ նուաճելու յոյսեր ունին, եւ միշտ լաւատեսութեամբ կը դիտեն իրենց ապագան, շատ աւելի դիւրութեամբ կը հասնին իրենց դժուարահաս թուացող երազներուն, որովհետեւ ա՛յդ համոզումներով տոգորած եւ զսպանակած են իրենց անձերը։ Իսկ այն մարդիկը, որոնք «իտէալականացած» ապագայ մը կերտած են իրենց իսկ հայեցակէտով եւ օրինաչափութիւններով` ժամանակի ընթացքին այդ գոյացած եռանդը կը խամրի եւ ապա կը չքանայ»։

Եթէ յոռետես ես կամ ինքնավստահութեան պակասէն կը տառապիս, եթէ երբեք յուսալքուած ես կամ ընկերոջդ ունեցածին կը ցանկաս, եթէ կը կարծես կեանքիդ մէջ որեւէ մէկ ձեռնարկած գործդ ձախողութեան պիտի մատնուի կամ յաջողութեամբ պիտի չպսակուի, ամբողջապէս սխալ ընթացքի մէջ ես։ Յոռետեսութեամբդ դուն քեզ կ՚իրաւազրկես, գիտակցաբար ցեխին մէջ կը նետես Աստուծոյ կողմէ քեզի ընծայուած կեանքը, ուրիշներու դատարկ հարցերով ամբողջ միտքդ կը չարչրկես, այլոց բարձրացումով դուն քեզ կը տանջես, փոխանակ դուն ինքդ բարձրանալու։ Երբեմն բարեպատեհ առիթներ կ՚ընձեռուին քեզի, որոնք կրնան ամբողջ կեանքիդ ընթացքը բարեփոխել, դէպի լաւը ուղղել եւ բոլորովին նոր կեանք մը պարգեւել քեզի, բայց դուն յոռետեսութեանդ իբրեւ հետեւանք՝ այդ բոլոր առիթներուն անտարբերութեամբ կը վերաբերիս եւ դուն քեզ այդ հին կեանքովդ կը սահմանափակես։ 

Յոռետեսութեան հականիշն է լաւատեսութիւնը (optimism)։ Լաւատեսութեամբ կրնաս համակ կեանքդ փոխակերպել եւ գերերջանկութեամբ ողողել քու, ընկերոջդ եւ շրջապատիդ կեանքը։ Չմոռնաս, որ մարդ արարածը բանականութեամբ օժտուած արարած է եւ կրնայ իր ներքին վատ զգացումները հակակշռել։ Դիւրազգած, դիւրաբորբոք եւ ընդհարնապէս ջղային կազմուածք ունեցող մարդիկ երբ կը տեսնեն, որ իրենց ուզածը չի կատարուիր, իրենց նպատակները իրագործելու ժամանակ անդադար նեղութեանց, արգելքներու կը հանդիպին, անմիջապէս կը յուսալքուին եւ «անբախտ» վանկարկումը իրենց կեանքին նշանաբանը դարձնելով՝ մաքառելէ կը դադրին եւ պատճառ կը դառնան, որ իրենց զաւակները այդ «յուսալքուած» կեանքով ապրին ու մեծնան։

«Մելամաղձոտութեան հիւանդութենէն» տառապող յոռետեսներու համար ամէն ինչ, ամէն երեւոյթ եւ ամէն բան մռայլ է, տխուր ու անկատար եւ ինքնաբերաբար ըստ իրենց՝ ամէն ինչ սկիզբէն իսկ ձախողութեան մատնուած է։ Յոռետեսները իրենց նեղմիտ հայեցողութեամբ, մտքի սահմանափակութեամբ, յուսահատութեամբ, ողբերով ու մրմունջներով իրենց մէջ յառաջ եկած «յոռետեսութեամբ» ոչ միայն իրենց կեանքը դառն «քացախ»ի կը վերածեն, այլեւ իրենց ընկերոջ եւ բարեկամին կը նախանձին, անոնց յաջողակ գնացքը կը խաթարեն ու կը խոչընդոտեն։ Լաւատես մարդը «չըլլալ», «յուսահատիլ», «չփորձել» ու «յանձնուիլ» բայերը իր մտքի անդաստանէն վաղուց արմատախիլ ըրած կ՚ըլլայ եւ յարատեւ կը պայքարի՝ ստեղծագործելու, իր կեանքին նպատակին հասնելու եւ երջանիկ ու բարօր կեանք մը ապրելու համար։ Մինչդեռ յոռետես մարդը անտարբերութեամբ եւ ծուլութեամբ ինքզինք տոչորելով՝ իր կեանքը կը թշուառացնէ, ապերջանիկ կը դառնայ ու իր կեանքի կանթեղը՝ լոյսը կը մթագնէ։

Տակաւին այս չէ ցաւալին։ Զօրաւոր քացախի համանման նկարագիր ունեցողները ո՛չ միայն յոռետեսութեան հոգեհիւանդութեամբ կը տառապին, այլեւ՝ յանձնապաստանութեան, ինքնատեսութեան, եսակուրութեան եւ մանաւանդ հպարտութեան մոլութեամբ հետզհետէ աւելի եւս կը տագնապին ու կը տագնապեցնեն իրենց նմանակիցները։ Այդպիսիք կը սիրեն ուրիշներու թերութիւնները մատնացոյց ընել, եւ սակայն իրենք չեն ուզեր, որ մէկը ցոյց տայ իրենց սխալները։ Կ՚ուզեն, որ իրենց եղբայրը խստութեամբ յանդիմանուի, խայտառակուի ու պախարակուի, բայց չեն ուզեր յանդիմանութիւն լսել կամ գէթ իրենց «մաքրամաքուր» անունը արատաւորել։ Զգայուն կը ձեւանան, չեն կրնար համբերել ու դիմադրել իրենց անձին դէմ կատարուած յերիւրածոյ բամբասանքները, զրաբանութիւններն ու զրպարտութիւնները, բայց չեն մտաբերեր իրենց դրացիին հասցէին կատարած ստայօդ դատարկախօսութիւններն ու ցեխարձակումները։ Աւետարանի խօսքը կ՚ըսէ, թէ ինչ որ կ՚ուզես, որ մարդիկ քեզի ընեն՝ դուն ալ նոյնը ըրէ անոնց (Հմմտ. Մտ 7.12։ Ղկ 6.31)։ Ճի՛գ թափէ համբերութեամբ տանելու եղբօրդ աննկատ թերութիւններն ու տկարութիւնները, ինչ որ ալ ըլլան անոնք, որովհետեւ դուն ալ նոյնատիպ թերութիւններ ունիս։ Դուն քեզ մի՛ տեսներ, այլ ինքզինքդ դիտէ ներքին հայելիիդ՝ խղճիդ դիմաց, որպէսզի գիտնաս քու մեղանչականութիւնդ եւ անկատարութիւնդ։

Ճշմարիտ քրիստոնեան լաւատես կ՚ըլլայ, նեղութեանց ընթացքին երբեք չի՛ յանձնուիր, յոռետեսութեան գերին չի՛ դառնար եւ իր կեանքը խաւարակուռ չի՛ դարձներ։ Աստուած քու մէջդ դրած է գերագոյն լոյսը՝ յոյսը, որ լաւատեսութեան ամենամեծ երաշխիքն է։ Ահա այդ աստուածադիր լոյսն է, որ քեզի տոկալու, համբերելու եւ հանդուրժելու ուժ կու տայ։ Եթէ այդ լոյսը չըլլայ, յոյսը կը կորսնցնէ իր էութիւնը եւ խաւարը անորոշութիւն, յուսալքութիւն եւ վախկոտութիւն կոչուած իր արբանեակներով բոյն կը դնէ քու ներսիդիդ։ Մարդ արարածը կոչուած է երկրի վրայ իր Արարչին գործակիցը, գործակատարը դառնալու։ Երկնաւոր Հայրդ քեզ պատահաբար չստեղծեց եւ այս երկրի վրայ զուր տեղ քեզ իր մշակը չդրաւ։ Ան քեզ բազմաթիւ շնորհներով եւ կարողութիւններով օժտած է, որպէսզի զանոնք օգտագործես, արարես, ստեղծագործես եւ քու իսկ նմանակիցներուդ օգտակատար դառնաս։ Պօղոս առաքեալի խօսքը մտաբերէ, որ կ՚ըսէ. «Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք…» (Հռ 12.12)։

Հնդիկ ծեր գործատէր մը իր գործաւորին դժգոհութիւնները լսելէն ձանձրացած էր։ Գործաւորը իր կեանքին մէջ շարունակ նեղութեանց եւ դժուարութեանց հանդիպած էր, որոնց պատճառաւ ալ յուսահատ եւ յոռետես անձ մը դարձած էր։ Օր մը, ծերունի վարպետը զինք աղ գնելու կը ղրկէ։ Երբ գործաւորը կը վերադառնայ, վարպետը անոր կ՚ըսէ. «Մէկ ափ աղ առ եւ մէկ գաւաթ ջուրի մէջ դիր ու խմէ»։ Գործաւորը ծերուկ վարպետին պահանջը կը կատարէ, բայց հազիւ կը խմէ՝ թքելու կը սկսի։

«Ինչպէ՞ս է համը»,- կը հարցնէ վարպետը։ Գործաւորը բարկութեամբ կը պատասխանէ. «Լեղի»։ Վարպետը քիթին տակէն խնդալով՝ գործաւորին թեւէն կը բռնէ եւ դուրս կը հանէ։ Անխօս հեռուն գտնուող լիճին քով կը տանի զինք եւ այս անգամ անոր կ՚ըսէ. «Նոյն չափով աղ առ եւ լիճին մէջ թափելով խմէ»։ Գործաւորը առանց առարկելու իր վարպետին թելադրանքը կը կատարէ։ Վարպետը դարձեալ նոյն հարցումը կ՚ուղղէ իրեն.

-Ինչպէ՞ս է համը։

-Հիանալի,- կը պատասխանէ երիտասարդը։

-Աղին համը առի՞ր,- կը հարցնէ ծերուկը։

-Ո՛չ,- կը պատասխանէ գործաւորը։

Վարպետը ջուրին քով նստած գործաւորին մօտենալով՝ կ՚ըսէ.

-Կեանքի տառապանքները աղի նման են, իսկ անոնց չափերը երբեք նոյնը չեն։ Սակայն անոնց դառնութիւնը ինչի մէջ դրուած ըլլալէն կախեալ է։ Տառապած ժամանակ միակ ընելիքդ այն է, որ ցաւ պատճառող եւ քեզ տառապեցնող երեւոյթին հետ կապ ունեցող զգացումներդ ընդլայնես, որպէսզի այդ դառնութիւնը թեթեւնայ։ Այսպէսով դուն ո՛չ կը յուսահատիս, ո՛չ կը յանձնուիս, ո՛չ կ՚ընկրկիս եւ ոչ ալ յոռետես կը դառնաս։ Հետեւաբար, դուն ալ այլեւս «գաւաթ» մի՛ ըլլար, այլ աշխատէ՛ «լիճ» դառնալ։

Սիրելի՛ ընթերցող, կեանքը մրցապայքար մըն է, որուն մէջ մենամարտողները տարբեր նկարագրի տէր մարդիկ են։ Մրցապայքարին մասնակցողները կարելի է երկու խումբի տարանջատել։ Առաջին խումբը յոռետեսներն են, որոնք մրցապայքարը կորսնցնելու մտավախութենէն տարուած, չեն կրնար թատերաբեմին վրայ կանգնիլ եւ ոչ իսկ մաքառիլ իրենց թշնամիին դէմ։ Իսկ երկրորդ խումբին պատկանողները՝ լաւատեսներն են, որոնք նպատակակէտ ու նշաւակ ունենալով, ոգի ի բռին մինչեւ մահ կը կռուին՝ ի խնդիր իրենց յաղթանակին ձեռքբերման։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մրցադաշտին վրայ վազքի մասնակցողներուն օրինակը գիտէք, չէ՞։ Վազելը՝ բոլորն ալ կը վազեն, բայց մրցանակը մէկ հոգի կը շահի։ Դուք ալ, այնպէս վազեցէք՝ որ մրցանակին հասնիք» (Ա.Կր 9.24)։

Յոռետեսութիւնդ զօրաւոր քացախի նման վնասներ կը պատճառէ թէ՛ քեզի եւ թէ շրջապատիդ, քեզ մտակորոյս կ՚ընէ եւ սիրտդ կը վրդովեցնէ, այնպէս ինչպէս թանձրացեալ քացախը։ Ըսուած խօսք է, թէ «Յոռետեսը այն անձն է, որ իր իսկ ձեռքով իր կեանքին խաչմերուկներուն դժուարութիւններ կը բարդէ, մինչ լաւատեսը ելք մը կը փնտռէ՝ դուրս գալու համար այդ վաղանցուկ դժուարութիւններէն»։ Առ այդ, լաւատե՛ս եղիր, որովհետեւ կեանքը լի է նորանոր միջադէպերով, հնարաւորութիւններով, յաջողութիւններով եւ բարիքներով։ Յուսա՛, որովհետեւ յոյսը ամօթով չի ձգեր (Հմմտ. Հռ 5.5)։ Երազէ՛, հետապնդէ՛ եւ իրագործէ՛ զանոնք, որովհետեւ քու խրոխտ կեցուածքովդ, յարադէտ եւ նպատակասլաց ընթացքովդ կրնաս դիմակայել կեանքիդ մէջ յայտնուող բոլոր արգելակումներն ու խոչընդոտները։ Ժամանակ մը ետք, երբ յետադարձ ակնարկով մը նայիս դէպի քու անցեալդ, պիտի տեսնես, որ անիրագործելի երազներդ կեանքի կոչուած են եւ վերածուած իրականութեան։

Քացախի՞ նման կ՚ուզես կեանքդ ապրիլ, թէ՞ ոչ կեանքդ քաղցրաբարութեամբ ու լաւատեսութեամբ դրսեւորել։ Եթէ այո, ուրեմն ժպտա՛ եւ կեանքը քեզի պիտի ժպտայ…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018