ԲՌՈՒՆՑՔ ՄԸ ԴԱՐՁԱԾ

Այս տխուր օրերուն խաւարի միջով հայ ազգը կ՚անցնի ձեռք ձեռքի բռնած: Մենք կը շտապենք դէպի լոյս: Իսկ լոյսը երբեմն կ՚առկայծէ, երբեմն ալ ի սպառ կը բացակայի: Ահասարսուռ մթութեան մէջ ոմանց կեանքի թելը կը կտրէ, մնացեալներն ալ տամուկ աչքերով կը շարունակեն շարժուիլ  յառաջ: Բան մը կայ, որ երբեք չէ լքած հայը ու կը ստիպէ հպարտ ու խիզախ անցնիլ դժոխքի մէջէն. հաւատքը:

Մարդասէրներն ու խաղաղասէրներն ալ իրենց հեռադիտակներով քովէն կը դիտեն ու կը զարմանան, թէ ինչպէս հերթական դժոխքի մէջէն հայը վեր կը հանէ իր գլուխը եւ կը շարունակէ յառաջանալ: Այդ ինչպէ՞ս, չէ որ անկարելի է, ոչ մէկը կայ անոնց կողքին…

Անկարելի բան մը չկայ, եթէ քեզի հետ է Աստուած: Իսկ մենք ամէն երկվայրկեան կը զգանք Տիրոջ շունչը: Հաւատքն է, որ փրկած է, կը փրկէ ու պիտի փրկէ մեզ:

Ամէն հայ քաջարի առիւծ մը, արծիւ մըն է: Ոչ միայն սահմանն է անառիկ, այլեւ թիկունքը: Ժրաջան մեղուներու պարսի մը կը նմանի ազգս հայոց: Ամէնուր հանգանակութիւններ են, օգնութիւններ: Երեւանի բոլոր փողոցներն ու թաղամասերը վերածուած են օգնութեան կէտերու:

Ամէն մէկ խոշոր խանութի դիմաց կեցած են քանի մը երիտասարդներ: Զինուորի համար... տարհանուած արցախցի բալիկներու ու ժողովուրդի համար... ապաստարաններու մէջ մնացեալներու համար... ամէն ինչ կը ժողվեն այդ ազգասէր ու սրտացաւ պատանիներն ու երիտասարդները՝ հագուելիք, դեղօրայք, սնունդ, հականեխիչ պարագաներ... Օրուայ աւարտին ամէնը կը տեսակաւորեն ու կը ղրկեն համապատասխան վայրեր:

Պատերազմի առաջին իսկ օրէն սկսեալ դէպի Հայաստան արցախցիներու հոսքը չի դադրիր: Մեծաւ մասամբ Արցախը կը լքեն տարեցներն ու երեխայ ունեցողները: Մարդիկ նոյնիսկ առիթը չեն ունենար իրենց հետ վերցնել առաջին անհրաժեշտութեան պարագաները: Զոյգ մը կօշիկով ու հագուստով մը կը շտապեն փրկել իրենց մանուկներու կեանքը:

Կը պատմեն, թէ արցախցի երեխայ մը, հրթիռակոծութեան տակ ժողվեց իր բոլոր գրքերը, բայց կօշիկները մոռցաւ: Եւ երբ ընդունուեցաւ Երեւանի դպրոցներէն մէկը, վարժարանի տնօրէնը կը հարցնէ, թէ ինչ գիրքի կարիք ունի տղան: Վերջինս ալ կը պատասխանէ. «Է՜հ, բոլոր գիրքերս քովս առի, բայց կօշիկներս մոռցայ, կօշիկ չունիմ»: Ինչպէս կը տեսնենք, հայոց պատմութիւնը կը կրկնուի: Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին հայը միշտ փրկած է իր գիրն ու գրականութիւնը: Այս երեխայի պէս, մեր նախնիները նոյնպէս շտապած են իրենց հետ առնել ու վերջնական կործանումէ փրկել հայոց պատմութեան ու գրականութեան գիրքերը:

Իսկ նոյն այդ հրթիռակոծութեան ընթացքին Արցախի մէկ այլ շրջանի մէջ 14-ամեայ պատանի մը փրկած է իր ընտանիքը: Սպայի մը խիզախ որդին, հօր ինքնաշարժով բարեյաջող կտրած ու անցած է 250 քիլօմեթր անվերջանալի ուղին: Ճանապարհային ոստիկանութիւնը քանի մը անգամ ճանապարհին կանգնեցուցած է ինքնաշարժը եւ փոխանակ տուգանելու՝ բարի ճանապարհ մաղթած է կտրիճ պատանիին:

Մայրուղիի վրայ ինքնաշարժն էր, իսկ ճիշդ անոր գլխավերեւը հակառակորդի անօդաչու թռչող սարքը, որու սխալ թիրախաւորման արդիւնքին արկը պայթեցաւ իրենցմէ քանի մը մեթր անդին՝ ձորին մէջ: Զինուորական հայրը ընտանիքի ղեկը յանձնած է որդիին, իսկ ինքը շտապած մարտի դաշտ: Անչափահաս պատանին կ՚երազէ մարտի դաշտ մեկնելու մասին, սակայն տարիքը չի ներեր:

Ահաւասիկ, համայն հայութիւնը բռունցք մը դարձած պատրաստ է օգնել սահմանը ամուր պահող զինուորին ու պատերազմէն տուժածներուն: Երեւանի փողոցներուն մէջ, ամէն քայլափոխի ականջիս կը հասնի արցախեան քաղցրահամ բարբառը: Բարբառ մը, որ աւելի հին է, քան գրաբարը:

Մեր յաղթանակը անխուսափելի է, սակայն վաղուայ օրը մշուշոտ: Պարզ չէ, թէ յաղթանակը երբ կ՚որոշէ բախել մեր դուռը: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանի մէջ ժամանակաւոր ապաստանած արցախցիները ստիպուած են կատարել խնայողութիւններ՝ չծախսելով իրենց մօտ եղած վերջին գումարները:

Անկարելի է առանց յուզմունքի ներկայանալ օգնութեան կէտեր: Կամաւոր երիտասարդներու քրտնաջան աշխատանքը, հոգատար վերաբերմունքն ու սիրալիրութիւնը ակամայ տեղի կու տան զգացմունքային պոռթկումի: Արցունքները հոնգուր-հոնգուր կը գլորուին աչքերէդ:

Օրեր առաջ ես նոյնպէս մեր տունը ապաստանած հիւրերու հետ միասին գացի օգնութիւն ստանալու: Տիկնիկային թատրոնը վերածուած էր պահեստի՝ մանկական մահճակալներ, մանկասայլակներ, անկողիններ, սնունդ, դեղօրայք, հականեխիչ պարագաներ... Մեզի մօտեցած լայն ժպիտով յայտնի դերասանուհին ամէն կերպ կը փորձէր մեր ցաւին դարման ըլլալ: Սակայն ամէն անգամ, երբ խօսք կը բացուէր Արցախի մասին, դերասանուհիի երեսին ժպիտն ու արցունքը իրարու կը խառնուէին, ան անկարող կ՚ըլլար կառավարելու իր զգացումները: Մեր տոպրակները լեցնելէ վերջ ալ իրենց իսկ մեքենաներով մեզ ճանապարհեցին մինչեւ տուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020