ՏՐՏՈՒՄ ՕՐԵՐ…

Ամբողջ գիշերը կ՚անձրեւէր: Անձրեւին խոշոր ու ծանր կաթիլները կ՚իյնային պատշգամի թիթեղեայ ծածկին վրայ եւ անտանելի աղմուկ կը ստեղծէին: Պատուհանը գոցես, տօթ է, բանաս՝ աղմուկը ականջներդ կը ներխուժէ. լարուած օրէն ետք քնանալը անկարելի կը դառնայ: Առաւօտեան կ՚անիծես անձրեւն ալ, անոր ձայնն ալ, որ չգձեց քնանալ, բայց այդ տրտունջը մէկ երկվայրկեան կը տեւէ, անմիջապէս կը յիշես պատերազմին դաշտը, դիրքերուն վրայ անձրեւին, ցուրտին թշնամիի կրակին տակ կեցած զինուորները եւ կը մոռնաս ամէն բան… Պատերազմ է, եւ ամէն ինչ քաղքենիութիւն կը թուի՝ թէ՛ լաւ քնանալը, թէ՛ կանոնաւոր սնուիլը, թէ՛ կոկիկ դասաւորուած պահարանը եւ ամենայն ինչ, որ բարեկեցիկ կեանքին կ՚առընչուի: Կարծես այդ ամէնը այս կեանքին չի վերաբերիր, կարծես անոնք ուրիշ եւ հեռաւոր կեանքի մը մաս կազմած են: Պատերազմ է իր բոլոր օրէնքներով, եւ պատերազմը միայն առաջնագիծի վրայ չէ, սողոսկած է ամէն մէկուս կեանքէն ներս, ծանր նստած մեզ շրջապատող բոլոր անկիւններուն վրայ:

Պաղ քամին եւ աշնանային տկար արեւը իրարու հետ կը մրցին, օրերը այլեւս առաջուայ տաքութիւնը չունին, արեւը շուտ կը զիջի, երկինքը հիմնականօրէն ամպերով ծածկուած է, ամայի հով մը կայ անընդհատ, եւ ամէն վայրկեան կը մտածես լեռներուն մէջ, անտառներուն բերանը կռուող տղաներուն մասին… Կը մսի՞ն արդեօք, կը վախնա՞ն, կը քնանա՞ն, ինչպէ՞ս կը տանին իրենց զինակիցին մահը, ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան, ի՞նչ հոգեկան աշխարհ պիտի բերեն իրենց հետ: Ամէն օր յուղարկաւորութիւն կայ. սռաջնագիծէն զոհուածները տուն կը վերադառնան հերոսի մահով եւ հայկական դրօշով ծածկուած հողին կը յանձնուին: Կարծես 1990-ականներու օրերը ըլլան: Մեծ ճանապարհներու վրայ կան սեւ ժապաւէններ, որոնց վրայ տղոց անունները եւ տարիքը գրուած է… Բազմաթիւ շէնքերու շքամուտքերուն լոյսերը վառ կը մնան ամբողջ գիշեր: Ասիկա Հայաստանի մէջ ընդունուած սովորոյթ է, եթէ շէնքին մէջ մահ կայ, շքամուտքին լոյսը վառ կը ձգեն…

Գերեզման տարուած մեխակներու, ծաղկեպսակներու թարմ թերթիկներ թափուած են հոս ու հոն… Ասիկա միայն Երեւանի պատկերն է, բայց զգալի թիւով զոհեր կան նաեւ մարզերուն մէջ եւ հոն ալ, վստահ, նոյն ամայի քամին է, որ կը սուրայ…

Ամէն օր լուրերուն մէջ, զոհերէն բացի կը կարդանք նաեւ կորսուած զինուորներուն մասին: Ծնողքը, հարազատները խելագարի պէս կը փնտռեն իրենց որդիները եւ չեն գտներ… Պատերազմի ցաւերէն է այս մէկը: Անոնք, որոնք յուղարկաւորեցին իրենց զաւակները, ձեւով մը մխիթարուեցան, մանաւանդ, որ հերոսի մահ վերագրուեցաւ անոնց, բայց կան շատեր, որոնք չգտան իրենց զաւակները այս խառնիճաղանճ պատերազմին մէջ:

Օրեր առաջ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարեց, որ ունինք զոհեր, որոնց մարմինները հակառակորդին կողմն են… Հաւանաբար հոն են այդ կորսուած տղաքը, կամ ալ հետակորոյս անհետացան օդանաւին անողոք հարուածներուն ներքոյ… Կորսուածներուն համար կազմուած է նկարներու պատ մը, ուր կը զետեղուին անոնց լուսանկարները, ծնողքը, քոյրը, եղբայրը մանրամասնօրէն կը նկարագրեն իրենց զաւակը եւ կ՚աղաչեն գտնել եւ յանձնել, նոյնիսկ մահացած… Անտանելի ցաւ է, անդիմանալի… …Երբեք չէիր մտածեր, որ կիրակի առաւօտ մը, խաղաղ աւետիսի մը, ուրախ լուրի մը փոխարէն, ռմբակոծութեամբ պիտի բացուի: Պատկերները սարսափելի են: Զոհուած տղոց մասին լուրերը այլեւս սովորական դարձած են, քանդուած տուներուն, փողոցներուն պատկերները ցոյց կու տան պատերազմին դէմքը, որ ծանօթ է, բայց մոռացութեան տուած էինք…

Երեւանը լեցուն է Արցախէն եկածներով: Ամէն քայլափոխի արցախցի երեխաներու համով խօսքը կը լսենք, կը ժպտինք այդ անմեղ մանուկներուն եւ կը ջանանք բանով մը օգտակար ըլլալ: Խանութներուն, շէնքերուն առջեւը կան ուտելիքի, հագուստի, դեղերու արկղեր, որոնց մէջ սնունդ եւ անհրաժեշտ ամէն բան կը հաւաքուի թէ՛ սահման ղրկելու եւ թէ՛ Երեւանի ու Հայաստանի մէջ ապաստանած արցախցիներուն հասցնելու համար: Մարդիկ կը փութան արկղերը լեցնել, անոնք արագ կը ղրկուին, նոր արկղեր կը դրուին…

Երէկ Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ տունը պատրաստուած վիրակապերու արկղ մը դրուած էր եւ կը հաւաքուէին բժշկական վիրակապերէն զատ նաեւ դաշտային վիրակապեր, զորս կիները իրենց տուներուն մէջ չիթով եւ քաթանով՝ մաքուր լաթերով ձեւած եւ պատրաստած են… Վիրակապեր հաւաքող խումբին հետ բոյժքոյր մը կար, ըսաւ, չիթով եւ քաթանով վիրակապերը յաճախ աւելի արագ կը կեցնեն արիւնը, կրնաս անոնցմով ամուր կապել: Այսպիսի վիրակապերու հաւաքումը նորութիւն էր մեր անցնող տարիներու պատերազմական կեանքին մէջ, ես ալ սորվեցայ կտորով վիրակապեր ձեւել, արդուկել եւ զանոնք իբրեւ վիրակապ առաքել ռազմաճակատ: Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն ընդարձակած է պատերազմը, ինչպիսի՛ մոռցուած եւ աննախադէպ քայլեր գործի կը դրուին… Դաշտային վիրակապերուն հետ կամաւորները նաեւ նամակներ եւ գրութիւններ կը ղրկեն զինուորներուն: Ամէն մէկ եռանկիւնաձեւ ծալլուած լաթի մէջ երկտող մը կը զետեղեն, կը գրեն, որ կը սպասեն, ըսելով, թէ շուտ տուն վերադարձէք: Երկտողերն ու նամակները շատ են նաեւ ուտելիքի, տուրմերու տուփերուն վրայ, կը քաջալերեն զինուորները, ժպիտներ եւ սիրտեր կը նկարեն անոնց վրայ: Քաջալերանքները ամէնուր են, ոգին ամուր է, բայց միտքը, թէ արդեօք քանի՞ տարի ետ տարաւ այս պատերազմը Արցախն ու Հայաստանը, տանջալի է: Միտք մը, որ ուղեղին մէկ անկիւնը բոյն դրած է եւ չի լքեր, այլ այս օրերուն մերթ ընդ մերթ կը թարմանայ:

Աւելի քան քսան տարիէն կառուցուած, գեղեցիկ եւ ծաղկուն դարձած Ստեփանակերտը աւերակի վերածուած է, ամէնուր փոսեր, փլած ու այրած շէնքեր, սեւցած ու մոխրացած շինութիւններ, կոտրուած ինքնաշարժներ… Նորէն ամէն ինչի պէտք է զերոյէն սկսիլ, նորէն պիտի թեւակոխենք կառուցելու, աւելի ամուր կառուցելու, կառուցուածը պաշտպանելու փուլը…

Նորէն պիտի թեւակոխենք սեւազգեստ մայրերը մխիթարելու, անոնց հոգերով ապրելու կեանքը: Կրկին մեր փողոցներուն մէջ պիտի տեսնենք հաշմուած զինուորներ, օրակարգը կրկին պիտի փոխուի եւ յետպատերազմական օրերը նորէն պիտի այցելեն՝ իրենց ողջ դժուարութիւններով… Մենք այլեւս նոր կեանքի մէջ մտած ենք: Նոր ու դժուար…

ՀԻՄԱ ՈՒՐԻՇ ԵՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

ԼԵՒՈՆ ԽԵՉՈՅԵԱՆ

Ահա տիեզերքի յաւերժ խաղաղութեան մէջ փքուած, կլոր փորի նմանող երկրագունդը, անոր պորտը՝ պիպլիական Անդրկովկասը կը ցնցուի, կը թփռտայ, այդ պորտին բաց վէրքին վրայ մշտապէս կը ցանուի աղը:

Չոր հողին երեսը առատօրէն թրջած, պղպջացող արիւնը Կովկասի բնակիչին համար բնաջնջման սարսափ սփռող անասնական վախ դարձած է:

Հիմա հոս պատերազմները եւ դիպուածները այնպէս չեն, երբ կու գան արգոնաւորդները՝ ոսկեայ գեղմը տանելու: (Արգոնաւորդներ-Արգօ նաւով նաւարկողներ, յոյն հերոսներ որոնք արշաւած են Կոլխիս՝ կախարդական խոյի ոսկեայ գեղմին ետեւէն):

Եթէ պատահէր, որ զինուորը նետէին կամ սուրէն խոցուած իյնար, պատահականօրէն այդ կողմերէն թռչող հրեշտակ մը տեսնելով զայն՝ կ՚իջնէր երկինքէն, խոտի տերեւ կամ փետուր քսելով վէրքին՝ փրկութեան լոյսը կը վառէր:

Հայկական աւանդապատումներուն մէջ պահպանուած տեղեկութիւնները կ՚ըսեն, թէ վիրաւոր մարտիկը, երբ հայրենի հողէն պտղունց մը բերանին մէջ ծամելով՝ շաղախ սարքած դնէր կտրուածին վրայ, կը դադրէր արիւնահոսութիւնը, վէրքին բացուածքէն կը հեռանար մահը…

Պիպլիական աշխարհը կողմնակից էր մարդուն ապրելուն:

Հիմա ուրիշ են պատերազմները Անդրկովկասի մէջ: Այստեղի կապոյտ, պսպղուն երկինքէն անցնող հրեշտակները այլեւս ի զօրու չեն այրող հողին վրայ իջնելու կամ եթէ իջնեն, իրենք ալ զինուորին հետ կը մեռնին անօգնական:

Որպէս այդ պատերազմին ականատեսը, գիտեմ եւ շատ անգամ լսած եմ Աստուծոյ ձայնը ե՛ւ թիկունքէս, ե՛ւ դէմէս, թէ ինչպէս կը կանչէր երկրագունդի երեսէն գիշերուայ մէկ ակնթարթին մէջ կորսուած իր լեռը, իր լիճը, իր քաղաքը, խնձորի այգին, իր մարդը, կորսուած իր հրեշտակը:

Այս մղձաւանջին, մենութեան ու քաոսին խորքէն ամէն մէկ պետութեան եւ ցեղի առաջնորդ իր երաժշտութիւնը կը հնչեցնէ, ժողովուրդներ կը նետեն հրդեհներուն մէջ եւ կը պարեցնեն իրենց իսկ յօրինած մեղեդիին տակ:

Մարդկային միտքը այսպէս մոլոր, կոյր, թափառական, դարեր շարունակ յանձնուած կարմրածուփ սատանային ճշդապահ խաղի օրէնքին, նորէն ու նորէն կը վերադառնայ եւ իր վերադարձով դարձեալ ետ կու գայ եւ կը կանգնի իր սկիզբին վրայ. դարեր շարունակ պատահած նոյն պատերազմներն ու նոյն խաղաղութիւնը, այս կրկնութենէն, ինքն իրմէ չի փրկուիր այս մարդը...

Անդրկովկասը, աշխարհագրական դիրքին պատճառով, հազարամեակներէ ի վեր դէպի ճրագակրակը նետուող գիշերային թիթեռի նման կը թռչկոտի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Եւ այս հանգամանքով է, որ չստեղծուցաւ Անդրկովկասի միաբանութիւնը: Տակաւին այդպէս է:

Բերնին մէջ ծամուած, շախաղ դարձած, վէրքին դրուող հայրենի հողն ալ այլեւս չի փրկեր այս պատերազմներէն:

Հիմա գրողին հարցը, հայրենիքին կառոյցը անառիկ պահելու համար ըլլալու է, ոչ թէ յուզական ոճով հերոսական վէպեր գրելով՝ զինուոր դաստիարակելու, այլ մէկ ազգի, մէկ պետութեան ոչնչանալը երկրագունդին կործանումը դիտարկելը: Գրականութիւնը կարենալու հնարաւորութիւն է՝ պատերազմը ատել տալու, առանց նշանակութեան, թէ որո՞ւ, ո՞ր երկրի, ո՞ր գերտէրութեան պատերազմն է: Այս մոլորակին, այս մարդուն փրկութեան ճանապարհը կ՚անցնի այն երկրին մէջէն, ուրկէ անոր բնակիչը տուն կը կառուցէ, ուր կը պահէ իր արուեստագէտը, իր գործարանները, իր կինը, իր զաւակները, ուր կը բազմանան դրամատուները, կը ծաղկի առաքինութիւնը, ուր բորբ արեւին տակ կը ծփան ցորենի դաշտերը, լիճերուն մէջ կը խայտան ձուկերը, առատութենէն շունը կտուրին՝ խոտի դէզին տակ, կատուն պատուհանի գոգին կռնակը ուռեցնելով կ՚ուրախանայ, երբ զաւակները կ՚ուսանին ցնծութեամբ, կոյսը կը հրճուի, օճախին վրայ կրակը չի մարիր եւ կեանքի օրհնութիւնը կը թափի մշտապէս:

2000 թ.

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020