ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ՝ ԵՆՈՎՔ ԱՐՄԷՆԻՆ

Ենովք Արմէն եւ Վահրամ Փափազեան… արեւմտահայ երկու նշանաւոր գործիչներ, որոնք մեծագոյն հետք ձգած են թէ՛ արեւմտահայ, թէ՛ արեւելահայ եւ թէ սփիւռքահայ արուեստի եւ պատմութեան մէջ: Վահրամ Փափազեանը Պոլիս ծնած է, իսկ Ենովք Արմէն, ծնած ըլլալով Էֆքէրէ, Պոլիս փոխադրուած է շատ փոքր տարիքին։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղային վարժարաններուն մէջ։ 1896 թուականին յաճախած է Ազգային Կեդրոնական վարժարան, ապա Ռոպերթ քոլէճ, որուն շրջանը աւարտելէ ետք նուիրուած է գրականութեան։ «Բիւրակն» շաբաթաթերթի օգնական խմբագիր եղած է 1901-1905 թուականներուն, միեւնոյն ատեն աշխատակցելով «Արեւելք»ին, «Մասիս»ին եւ «Արեւելեան Մամուլ»ին։ 1906-1908 թուականներուն «Մասիս»ի խմբագրապետ եղած է, իսկ 1909 թուականին խմբագրած է «Չէզոք» շաբաթաթերթը։ 1909-1910 թուականներուն հրատարակած է «Առաւօտ» օրաթերթը:

Փափազեան նոյն այս տարիներուն Պոլիս էր, մինչ այդ ան (1913-ին) հրաւէր ստացած էր Թիֆլիզի Հայ դրամաթիքական ընկերութենէն։ Համարելով, որ Պոլսոյ մէջ գործելը անհեռանկար է, ան հեռացած էր հայրենի քաղաքէն դէպի իր դերասանական ապագան։ 1920 թուականին Փափազեան վերջին անգամ մը կը յայտնուի իր ծննդավայրին մէջ եւ այնուհետեւ կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան։

Սակայն Վահրամ Փափազեանի նամակներուն մեծ մասը Արմէն Ենովքին, կը վերագրուին ոչ թէ անոնց Պոլսոյ համատեղ շրջանին (կայ 1910-ականներու սկիզբի քանի մը նամակ), այլ աւելի ուշ շրջանի՝ 1950-ականներուն, երբ Փափազեան Խորհրդային Միութեան մէջ արդէն նշանաւոր անուն էր, իսկ Ենովք Արմէն նոյն շրջանին կը բնակէր Ֆրանսա: Կան նաեւ անթուակիր նամակներ: Իբր հրապարակագիր, խմբագիր, հրատարակիչ, Մարսէյլի մէջ առաջին հայկական տպարանի հիմնադիր, Մարսէյլի Ս. Թարգմանչաց Մայր եկեղեցիի կրօնական ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպիր, Ենովք Արմէն աշխոյժ նամակագրութիւն ունեցած է հայ նշանաւոր դէմքերու, գիտնականներու, գրողներու եւ հոգեւոր գործիչներէն շատերուն հետ:

Այդ նամակներէն շատերու պատճէնները կը պահուին Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Ենովք Արմէնի արխիւը Ֆրանսայէն Հայաստան բերելու համար մեծ ջանքեր թափած է հայ մշակոյթի նուիրեալ, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը:

Վահրամ Փափազեանի արխիւի մէկ մասն ալ կը գտնուի Հայաստանի Պետական արխիւին մէջ, իսկ միւս մասը՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Անոր արխիւը նոյնպէս հարուստ է նամակներով: Կը ներկայացնենք Փափազեանի՝ Ենովք Արմէնին ղրկուած քանի մը նամակը:

***

Իմ թանկագին Արմէն ճան,

Յուսամ մի քանի օրէն Պոլիս կ՚ըլլամ, եւ առաջին գործս կ՚ըլլայ մեծ եւ վերջին նպաստիս ձեռնարկել: Յուսամ դուն եւս պատրաստած կը լինես դեռատի սքեմաւորիդ պատկերը…

Քեզ մեծ ուրախութիւն պատճառելս գիտնալով, կ՚իմացնեմ, որ մեծ պահքի 1-էն սկսեալ ամբողջ տարուայ մը համար պայմանագրութիւն ստորագրեցի Հռովմի իտալական մնայուն խումբին հետ (նամակագրութեամբ): Կը տեսնես, որ այդ նպաստը շատ տեսակէտով ինձ անհրաժեշտ է, որուն յաջողութիւնը պիտի ապահովէ սիրահար վարդապետդ, ուստի չեմ կարծեր, որ զիս յուսախաբ թողուս:

Համբոյրներս կապոյտ աչուկներուդ։

Պոլիս, անթուակիր

***

Իմ ազնիւ բարեկամ,

Ահա նամակիս հետ կը ղրկեմ ամենալաւ օթեակի տոմս մը, ինչպէս որ խոստացայ։

Կրկին եւ կրկին կը խնդրեմ, որ ձեր օրիորդ քրոջ հետ (թէեւ զինքը ճանչնալու պատիւը չունիմ), ներկայ ըլլաք երեքշաբթի գիշեր: Ներկայացումէն օր մը առաջ ձեր պատուական թերթին մեջ իմ «Օթելլօ»ի լուսանկարս, մինչեւ հիմա իմ մասին գրուած յօդուածներուն հետ, տպաւորիչ մէկ ամփոփումովը միասին տեսնել իմ ամենամեծ փափաքս է, որուն գոհացումը պիտի տայ անշուշտ ինծի, իմ բարեկամ գանգրահեր Արմէնը։

Տպագրութեան ծախքը ես կը յանձնեմ խմբագրութեան։

Ձեզի սիրող ու բարեկամ Վահրամ:

1912, Պոլիս

***

Սիրելիս,

Անհրաժեշտ է, որ դուն, ի՛նչ ձեւով եւ ի՛նչ կերպով ալ որ ըլլայ Մաքրիգիւղի մէջ ինծի ներկայացում մը սարքելու մասին աշխատես։ Ըլլայ ատիկա ի նպաստ եւ թէ գործի կամ պարզապէս ինծի համար, միեւնոյնն է, ուրիշ ճար եւ ճանապարհ չիկայ։ Վաղը կ՚անցնիմ քեզ մօտ, իսկ մինչ այդ այսօր իսկ տես, խօսիր, դիմէ, կը խնդրեմ:

Քու Վահրամդ:
Անթուակիր

***

Իմ շատ ցանկալի բարեկամս Ենովք Արմէն,

Նամակդ ապշեցուց ու մխիթարեց ինծի, ահա թէ ինչի չէի սպասեր։

Բազում տարիներէ յետոյ լսել սիրելի արձագանգ այնքան հեռաւոր եւ այնքան անմոռաց ոսկի անցեալին։

Ճիշդ է, կ՚ենթադրեմ նոյնպէս, որեւէ մանրամասն հասցէ անհրաժեշտ չէ տողերդ հասցնելու համար ինծի, բայց նախընտրելի է, որ քու նամակներդ ուղղես իմ մշտական հասցէիս, որուն ներքոյ որովհետեւ թէեւ տարուան մեծ մասը կ՚ըլլամ Երեւան, բայց թղթակցութիւնս կը ստանամ Լենինկրատի իմ տանս հասցէով եւ ուրկէ անմիջապէս ինծի կը վերուղղուին այդ նամակները, ուր ալ որ ըլլամ այս ընդարձակ երկրին մէջ:

Սիրելի Ենովքս, քիչ անց կ՚ըլլամ Պուքրեշ եւ Սոֆիա, գուցէ քիչ անց եւս Ֆրանսա, ուր բացի, այլ գործերէ, կ՚այցելեմ եւ Մարսէյլ՝ հանդիպելու համար քոյրերուս հետ։

Օգտուելով առիթէն, կը խնդրեմ քեզի՝ տեսնել կրտսեր քրոջս՝ Էլիզային, որուն, կ՚ենթադրեմ, որ կը յիշես Պոլիսէն: Ժառանգութեան խնդիր մը կայ, որուն լուծումը բարեյաջող կարող է ըլլալ Ֆրանսայի մեր դեսպանութեան կից իրաւական օրկաններու միջամտութեամբ եւ որուն ես անպայման ընթացք կու տամ, երբ իրազեկ ըլլամ իրերու դրութեան, Մարսէյլ հասնելիս։ Բացատրէ այս բոլորը Էլիզային, որուն գրած եմ նոյնպէս եւ հորդորէ համբերութեամբ սպասել իմ ժամանման։

Սիրելի վաղեմի բարեկամս, շատ գրած ես իմ մասին հեռու անցեալին, երբ ապագայի խոստում մըն էր տակաւին քու այնքան սիրածդ Վահրամը եւ որպէսզի հիմա ալ գրես քու գրախօսականդ, կ՚ուղարկեմ հատոր մը իմ գիրքէս:

Առ այս կը վերջացնեմ նամակս եւ կը սեղմեմ քեզի կուրծքիս վրայ անանց կարօտով։

Քու Վահրամդ
1957, Յունուար

***

Աղուոր Ենովք Արմէնս,

Գիրքիս երկրորդ հատորի հրատարակման գործերով քիչ մը աւելի երկար մնացի Երեւան, քան կը կարծէի:

Երկու շաբաթէ մը կ՚ըլլամ Լենինկրատ՝ իմ տունս, ուր կ՚ենթադրեմ՝ քու նամակդ կը սպասէ ինծի։

Իսկ այժմ կը խնդրեմ անգամ մը եւս հոգս քաշել տեսնել քոյրերուս եւ անոնցմէ վերցնել մամայիս լուսանկարը եւ անոր յաջող reproduction-ը առանց յապաղումի ուղարկել ինծի Երեւան։

Հարցն այն է, Արմէնս, որ հրատարակչութիւնը, ինչպէս նաեւ ընթերցողները, կ՚ուզեն տեսնել մօրս նկարը գոնէ երկրորդ հատորին մէջ։ Իսկ դժբախտաբար այդ նկարր իմ քովս չկայ։

Ներիր քեզի պատճառած նեղութեանս համար, եւ եթէ իմ կարգիս կը գտնես, որ կարող եմ օգտակար ըլլալ քեզ, յայտնէ եւ հաճոյքով կը կատարեմ:

…Եթէ գրախօսական ունիս, կամ Պոլիս հրատարակուող ժամանակուայ օրինակներ իմ գիրքէս, ծալուած մասերով ղրկէ նոյնպէս։

Միշտ կարօտով, միշտ քեզ սիրող՝
Վահրամ
1957

***

Անուշիկ բարեկամս Ենովք,

Ուշացած կը պատասխանեմ քու նամակիդ, ճամբորդութեան մէջ էի:

Չեմ գիտեր ինչպէս շնորհակալ ըլլամ մօրս լուսանկարին համար։ Եւ կարծեմ ամիս մը չ՚անցնիր, կ՚ուղարկեմ երկրորդ հատորը եւս, որուն մէջ, ի թիւս այլ լուսանկարներու, կ՚ըլլայ նաեւ մամայիս նկարը շնորհիւ քու ջանքերուդ:

Ինչ ընեմ, աղուոր Ենովքս, եթէ ժամանակներու եւ կեանքիս պարագաներու բերմամբ խեղճ մայրս չկարողացաւ ծերանալ իմ յարկիս տակ, գոնէ կը մնայ իր եւ հօրս յիշատակը իմ տողերուս մէջ, դարձեալ քու շնորհիւ, իմ անուշիկ բարեկամս։

Չմոռնաս, որ միշտ կը սպասեմ քու գրախօսականիդ։ Գուցէ ես ատիկա կը գտնեմ Լենինկրատ, իմ տանս, ուր պիտի ըլլամ շուտով եւ այդ յոյսով ալ կը մխիթարուիմ։

Իսկ հիմա խնդիր մը եւս ունիմ քեզի, որուն իրականացումը հնարաւորութիւն կուտայ ինծի անգամ մը եւս «խըվըռ» մազերդ շոյել եւ կապոյտ աչքերուդ նայել, ինչպէս եւ լսել քու մեղմ եւ փափուկ ձայնդ, որ ականջիս մէջ է տակաւին, հակառակ տարիներու հոլովումին։

Ահա խնդիրքս. մեծ դերասան ըլլաը լաւ բան է, հեղինակ դառնալը՝ աւելի քան լաւ, բայց տարիներր կ՚անցնին Ենովք, եւ անզուսպ ցանկութիւն ունիմ տեսնել քոյրերս եւ քեզ։ Ատիկա հիմա հնարաւոր է, ինչպէս տեղեկացուցին այստեղ։ Այդ յոյսը իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է Ֆրանսա ապրող իմ հարազատներէս, այս պարագային՝ քոյրերէս՝ Էլիզէն կամ Սրբուհիէն հետեւեալ թուղթերը ղրկել ինծի Լենինկրատ, իմ մշտական հասցէիս: Քոյրերս կրնան դժուարութեամբ հասկնալ այս բոլորը, կը խնդրեմ կանչես իրենց քովդ, բացատրես եւ ընթացք տաս: Նոյնպէս մասնաւոր կերպով կը խնդրեմ քեզ, սիրելի Ենովքս, բացատրել երկուքին ալ, որ ոչ մէկ պայմանով անոնց վրայ ծանրութիւն չեմ ըլլար, այլ ընդհակառակը՝ այս միջոցով կարող եմ տեղւոյն վրայ նիւթական անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերել երկուքին ալ:

…Այդ թուղթերով ես իրաւունք կը ստանամ երեք ամիս մնալ Մարսէյլ եւ այդ ժամանակամիջոցին ոչ միայն կը կատարեմ իմ ուշացած պարտականութիւններս որպէս եղբայր, այլեւ աւելին:

Ահա աղուոր Ենովքս, ըրէ այս բանը եւ թող մտածենք, որ ինծի վիճակուած է սիրտս թեթեւցնել՝ տեսնելով ձեզ բոլորդ եւ հանգիստ գնալ այս աշխարհէն, ուր բազում երջանկութեան հետ անյատակ կարօտի ցաւ զգացած եմ:

Քու՝ Վահրամդ:
1957

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021